Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչո՞ւ Քրիստոսի Խաչը Այսօր Չ՛երեւիր

Մայիս 6, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

«Այսօր խաչը յաղթութեան նշան երեւալով երկրի վրայ`
պայծառացուց  տիեզերքը. Տէ՛ր, խաչդ յաղթութեան զէնք տուիր`
մեզ թշնամիին խաբէութիւններէն  ազատելու»
(Շարական)

Հասած ենք յարութեան կիրակիներուն ոսկեշղթային չորրորդ օղակը, որ կը կոչուի Երեւումն Սրբոյ Խաչին: Սուրբ խաչին երեւումը Հայ առաքելական ս.  եկեղեցւոյ Քրիստոսի Կենաց փայտին նուիրուած  չորս տօներէն առաջինն է:

Դ.-րդ դարուն քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր Հռոմէական կայսրութեան մէջ: Քրիստոնեաներուն մէջ ներքին պայքար սկսած էր: Արիոսականութիւն անունով ծանօթ աղանդաւորական շարժումը կը զօրանար, եւ Քրիստոսի արժէքը կը սկսէր «նուաստանալ»: Այս խառնակ վիճակին մէջ, 351-ին, տէրունի օրով` կիրակի, Քրիստոսի ս. խաչը երեւցաւ երկինքին մէջ, որ սկիզբ կ՛առնէր Տիրոջ խաչուած վայրէն` Գողգոթայէն եւ կ՛երկարէր մինչեւ համբարձման լեռը` Ձիթենեաց լեռ: Այսպէս լուսաճաճանչ խաչը ժամերով երկինքին մէջ մնաց: Քրիստոնեաները փութացին եկեղեցի, որպէսզի փառք տան Տիրոջ: Հոն կը գտնուէին նաեւ բազմաթիւ հրեաներ, հռոմայեցիներ եւ հեթանոսներ, որոնք Քրիստոսի խաչին զօրութիւնն ու լոյսը տեսնելէ ետք փութացին եկեղեցի եւ մկրտուեցան: Օրուան պատրիարքը`  Ս. Կիւրեղ Երուսաղէմացին, պատահածը գրի առաւ եւ իբրեւ նամակ` ուղարկեց Կոստանդիանոս կայսրին, որ իր կարգին ընդունեց քրիստոնէութիւնը եւ ս. խաչին երեւումը տարեկան տօնի վերածեց:

Երբ կեդրոնացումով կարդանք այս պատմութիւնը,  պիտի տեսնենք, թէ խաչը միշտ կ՛երեւի անոնց, որոնք անոր կարիքն ու պէտքը ունին: Պիտի տեսնենք, որ խաչը միայն քրիստոնեաներուն չ՛երեւիր, այլ` համայն մարդկութեան, որովհետեւ Քրիստոս եկաւ բոլորին փրկութեան համար: Առաւել, Քրիստոսի խաչը տեսնողները միշտ կը  հաւատան անոր: 351-ին այն հրեաները, որոնք  խաչը վախի ու սարսափի աղբիւր կը նկատէին, Քրիստոսի ս. խաչին երեւումով հաւատքի՛ աղբիւր նկատեցին: Այն հռոմայեցիները, որոնք խաչը  մահապատիժի՛ միջոց կը նկատէին, Քրիստոսի ս. խաչին երեւումով կեանքի՛ միջոց նկատեցին: Այն հեթանոսները, որոնք չէին հաւատար խաչին զօրութեան, Քրիստոսի խաչին երեւումով հաւատացին եւ մկրտուեցան:

Մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները  յաճախ հոգեւորականներուս կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ խաչը այսօր մեզի չ՛երեւիր: Պատասխանը յստակ է եւ պարզ: Քրիստոսի ս. խաչը պատմութեան ընթացքին ֆիզիքապէս երեւցաւ մարդոց, որովհետեւ անոնք տակաւին Քրիստոսի չէին հաւատացած: Այսօր մենք կը հաւատանք Քրիստոսի, կը դաւանինք զայն իբրեւ մեր կեանքին առաջնորդը, զինք կը նկատենք  եկեղեցւոյ գլուխը եւ կ՛ընդունինք անոր ուսուցումները, այդ իսկ պատճառով Քրիստոսի խաչը ֆիզիքապէս չենք տեսներ:

Անհերքելի իրականութիւն է, որ Քրիստոսի ս. խաչը այսօր եւս կ՛երեւի մարդոց, բայց ան չ՛երեւիր ֆիզիքապէս: Այսօր ս. խաչին երեւման վայրը փոխուած է: Այդ վայրը մե՛նք ենք, այսօրուան խաչին երեւման լեռը մե՛նք ենք, մեզմէ իւրաքանչի՛ւրը` ԱՆԽՏԻՐ: Ուրիշ խօսքով, ս. խաչին երեւման վայրերը մեր սիրտերն ու հոգիներն են:

Խաչեալ Քրիստոսին հաւատացողը ի՛նք պէտք է դառնայ խաչին երեւման վայրը: Խաչը մեր կեանքերուն մէջ ամէն օր կրնայ երեւիլ, երբ մենք ապրինք զայն: Քրիստոս կ՛ըսէ. «Ձեր լոյսը այնպէս թող շողայ, որ մարդիկ գիտնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք» (Մատթէոս 5. 16): Այսօր մենք կոչուած ենք այնպիսի՛ քրիստոնավայել կեանք մը ապրելու, որ մեր կեանքերուն մէջ Քրիստոսի ս. խաչին լոյսը շողայ, եւ մարդիկ մեզի տեսնելով` հաւատքի գան:

Երբ մենք մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ Քրիստոսի ս. խաչը ունենանք, մենք Քրիստոսին եւս կ՛ունենանք, որովհետեւ Ս. Գրիգոր Տաթեւացին կ՛ըսէ. «Ո՛ւր որ է խաչը, հոն է նաեւ Խաչեա՛լը»: Երբ Խաչեալը ներկայ ըլլայ մեր կեանքերուն մէջ, մեր կեանքերը կը պայծառակերպուին, կ՛այլակերպուին, կը փոխակերպուին, եւ մենք կը դառնանք Քրիստոսի ս. խաչին երեւման ճշմարի՛տ լեռները:

Հետեւաբար, սիրելի ընթերցող հաւատացեալներ,  այսօր մենք կոչուած ենք Քրիստոսի ս. խաչին երեւման վա՛յրը դառնալու: Չփնտռենք խաչը աշխարհին մէջ, այլ փնտռենք մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ: Քրիստոս այսօր կ՛ուզէ, որ իր խաչին երեւումը մեր մէջ կատարէ: Ուրեմն բարձրանանք մեր հոգիներուն ու սրտերուն լեռները եւ տեղ բանանք Քրիստոսի ս. խաչին համար, որպէսզի ան հո՛ն երեւի:

Չորեքշաբթի, 3 մայիս 2023
Անթիլիաս, Լիբանան

 

Նախորդը

Խաչիկ Տէտէեանին Երազը

Յաջորդը

Յինանց Կիրակիներ. Տօն Սուրբ Խաչի Երեւման

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?