Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 7 մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Համազգայինի «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը պիտի ներկայացնէ «Թումանեան` երէկ եւ այսօր» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Սիլվա Սողոմոնեանի:
Սոյն բեմադրութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ բեմադրիչին հետ, որ նկատել տուաւ, թէ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով ուզած են հայ հեղինակի մը գործերէն մէկը բեմադրել, եւ որովհետեւ այս տարի կը զուգադիպի Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 100-ամեակին, այս երկու առիթները միացուցած` ուզած են բեմադրել Թումանեանի հեքիաթներէն, որոնցմէ ընտրած են տասը հեքիաթ: Սողոմոնեան բացատրեց, որ Թումանեանի հեքիաթներուն մէջ կը տեսնենք` ընկերային արժէքներ, վեհանձնութիւն, հաւատարմութիւն, անկեղծութիւն, ընկերասիրութիւն, նաեւ ընկերային զգացական վիճակներ` ցաւ, ուրախութիւն, յուսախաբութիւն, վախ, աւելցնելով, որ այսօր տասնամեակներ անցած են Յ. Թումանեանի հեքիաթներէն, բայց մարդկային նոյն ցաւերը, պոռթկումները, արժէքները կան, եւ այս պատճառով մեզի հարազատ կը թուին այս հեքիաթները, սակայն մարդոց ընկալումը փոխուած է այդ հարցերուն նկատմամբ, որովհետեւ այսօր կ՛ապրինք արդիականացած աշխարհի մը մէջ, եւ այս պատճառով թատրոնը կոչած են «Թումանեան` երէկ եւ այսօր»: Ան ըսաւ, որ հեքիաթները, նաեւ հին երգերը պահած են նոյնպէս, սակայն նշանակած են երկու հոգի, որոնք իւրաքանչիւր հեքիաթի սկիզբը եւ վերջը զայն կը վերլուծեն եւ կը բացատրեն, որ տակաւին այդ բաները կան, սակայն ձեւը փոխուած է մեր ընկերութեան մէջ:
Անդրադառնալով «Արեգ» թատերախումբին` Սիլվա Սողոմոնեան ըսաւ, որ երեսուն հոգի բեմ պիտի բարձրանայ, անոնք 8-14 տարեկան են, որոնցմէ քսանը նախորդ տարի արդէն մաս կը կազմէին «Արեգ»-ին, իսկ տասը նոր միացած են: Դերասանները շատ հարազատ են նիւթին, որովհետեւ միասնաբար խօսած եւ վերլուծած են զայն: Փորձերը մեծ խանդավառութեամբ կ՛ընթանան: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ ունին օտար վարժարաններէ աշակերտներ, որոնք հայերէն գիրերը չեն ճանչնար եւ լատինատառ կը գրեն բառերը, որպէսզի սորվին, եւ այս մէկը քաջալերական է, որովհետեւ թատրոնը ամէնէն լաւ վայրերէն է լեզուն սորվելու եւ լաւ խօսելու:
«Թատրոնը այն տեղն է, ուր բարդոյթները, հանգոյցները կը քակուին, որովհետեւ դերասանը պատմուածքներուն մէջ կը սկսի տեսնել բաներ, որոնք իր մէջ կան եւ իր մէջ անոնք կը սկսին փոխուիլ: Դերասանն ալ հանդիսատես է ինծի համար, որովհետեւ ինքն իր կարգին կ՛ապրի ցաւերը, ուրախութիւնները` հանդիսատեսին նման», ըսաւ Սողոմոնեան եւ եզրափակելով զրոյցը` մաղթեց, որ ներկայ արդիականացած աշխարհին լաւ բաները առնենք, բայց անշուշտ` պահելով հին արժէքները, որովհետեւ երկուքին միացումէն շատ գեղեցիկ բան դուրս կու գայ: