Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Մայիս 28-ի Սպասումով

Մայիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

«Հետագայ դարերի հայ մարդը պիտի զարմանայ այն սերունդի վրայ, որ օրհասի տարիներին հերոսական վճռականութեամբ տէր կանգնեց իր անտէր հայրենիքին եւ իր անվարժ ու թոյլ ձեռքով, բայց եւ անվեհեր հոգով կարողացաւ աւերակների եւ սովի միջից նոր Հայաստան ստեղծել»:

Վկայութիւնը կը պատկանի Նիկոլ Աղբալեանին: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք, 1375-ին, բացի տեղական փոքր ու սահմանափակ իշխանութիւններէ, ամբողջ 543 տարի Հայաստան բաժնուած մնաց զանազան նուաճողներու իշխանութեան տակ: Հայութիւնը քսաներորդ դարը դիմաւորեց բաժնուած երկու մեծ կայսրութիւններու` Օսմանեանին եւ Ռուսականին միջեւ: 19-րդ դարու երկրորդ կէսերէն սկսեալ, երկու կայսրութիւններու մէջ ապրող գլխահակ ստրուկի նկարագիր զարգացուցած հայութեան մօտ երեւան եկան ազգային արժանապատուութեան վերականգնման տրամադրութիւններ, որոնք նախ զգուշաւոր, ապա հետզհետէ աւելի յախուռն, վերածուեցան ազգային ազատագրական պայքարի: Արիւնոտ այդ պայքարը, մերթ յաղթական եւ մերթ պարտուած, անցաւ ցեղասպանութեան արհաւիրքի բովէն, մարտնչեցաւ ու հանգրուանեց 1918-ի մայիսեան ճակատամարտներուն եւ վեց դարերու ստրկութենէն ետք` 28 մայիսի անկախութեան: Հայաստանի անկախութիւնը կը հռչակուէր 11.000 քառ. քմ տարածքի մը վրայ, կծկուած Երեւանի ու Սեւանայ լիճին միջեւ: «Անձեւ քաոս» կը կոչի Սիմոն Վրացեան այն երկիրը, որուն վրայ կը վերահաստատուէր հայոց գահը` հայկական պետականութիւնը: Գրեթէ կէս առ կէս բնակուած թուրքերով եւ հայերով, լեցուած արեւմտահայ գաղթականներով, բազմահազար որբերով, շրջափակուած թշնամիներով, աղքատ ու անօգնական այդ հողամասին վրայ ազատութեան ու անկախ պետականութեան տեսիլք ունեցող «արի արանց այրերու» խումբ մը կը յանդգնէր նոր Հայաստան ստեղծել:

Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտով, 1918-ի աշնան եւ Թուրքիոյ պարտութեամբ, փոքրիկ Հայաստանը ընդարձակուեցաւ, ընդգրկեց Ռուսահայաստանի ամբողջ տարածքը եւ յայտ ներկայացուց Թրքահայաստանի նկատմամբ` 18 մայիս 1919-ին հռչակելով միացեալ Հայաստանի գոյառումը:

Միացեալ Հայաստանը դադրած էր գոյութենէ 1045-ին Բագրատունեաց թագաւորութեան անկումով: 873 տարիներու ընթացքին, թէեւ ունեցած էինք բազմաթիւ իշխանական կիսանկախ կղզեակներ, նոյնիսկ թագաւորութիւն մը Կիլիկիոյ մէջ, փաստ է սակայն, որ Հայաստան շարունակ թատերաբեմ հանդիսացած էր յաջորդական նուաճումներու, վերածուելով աւերակուած երկիրի մը: Հայ ժողովուրդի փոքրաթիւ հատուածը, որ մնացեր էր կառչած հայրենի հողերուն, կորսնցուցած էր յիշողութիւնն անգամ հայ իշխողին, հայ կառավարիչին, հայ ազգային անկախ պետականութեան: Թէեւ Կիլիկիոյ թագաւորները կը համարուէին հայոց արքաներ, սակայն իրենց փաստական իշխանութիւնը Կիլիկիոյ փոփոխական սահմաններէն անդին չէր տարածուեր:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկար կեանք չունեցաւ. ան խորտակուեցաւ Թուրքիոյ եւ համայնավարացած Ռուսիոյ միացեալ հարուածներուն տակ: Խորհրդայնացած Հայաստանը գոյատեւեց եօթանասուն տարի, իր տեղը տալով վերանորոգ Հայաստանի Հանրապետութեան, որուն կողքին ունեցանք Արցախի Հանրապետութիւնը:

2020-ի քառասունչորսօրեայ պատերազմը անգամ մը եւս եկաւ գլխիվայր շրջելու ամէն բան: Պարտութիւնը վտանգեց ոչ միայն Արցախի պետութեան գոյութիւնը, այլ նաեւ Հայաստանի պետութիւնը: Արցախը ճանչնալով իբրեւ Ազրպէյճանի հողային ամբողջութեան մաս, Հայաստանի կառավարող իշխանութիւնը դրժեց իր բոլոր խոստումները եւ մեզ վերադարձուց 1920-ի աւարտի ողբերգական կացութեան:

Մայիս 28-ի նշումը յաղթանակի փառաւորում էր, հայկական պետականութեան վերածնունդի շեփորումը: Այսօր, պատմակշիռ այդ իրողութեան 105-րդ տարեդարձը կը նշենք անդոհանքով:

Անդոհանքը ներկայ էր նաեւ 1918 թուականի մայիսի 28-ի նախօրեակին: Շատերու մօտ կար այն համոզումը, որ ամէն բան կորսուած է ու Հայաստանը կրնայ դադրիլ գոյութիւն ունենալէ: Սակայն փոքրաթիւ հաւատաւորներու խումբ մը ծառացաւ վտանգին դէմ, կրցաւ ոտքի հանել ժողովուրդը եւ յաղթանակ կերտել: Եղաւ Հայաստանի Հանրապետութիւն:

Հիմա, վերահաս վտանգին դիմաց, իրաւունք ունինք ակնկալելու, որ հայ ժողովուրդը գիտակցութեան կու գայ, կը ծառանայ եւ կը կազմակերպէ նոր մայիս 28:

Սպասենք ուրեմն նոր Սարդարապատին ու նոր մայիս 28-ին:

 

Նախորդը

Մայիս 28-ը Ներկայ Է Եւ Ապագայ

Յաջորդը

Դժուար Օրերու Պատմութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?