Մայիսեան փառահեղ յաղթանակով կերտուած, հայոց պետականութեան հիմնադրութեան հարիւրհնգամեայ տարեդարձը կը դիմաւորենք խառն զգացումներով` Արցախի ճակատագրի տարաբախտ տնօրինումով: Մեր նոր պետութեան հանդէպ անփարատելի կասկածներով ու թերհաւատութեամբ, յոյսն ու հաւատքը կորսնցուցած անիմանալի հոգեխռովութիւններով: Մեր քաղաքական օրակարգը` առօրեայ դրութեամբ անկանխատեսելի նորութիւններով եւ անակնկալներով, մեզ ամէն օր պատրանթափ ու յուսախաբ կ՛ընէ` սարսափ եւ երկիւղ պատճառելով գալիքի անստուգութեան ահաւոր տեսութենէն, թէ հայրենիքը մեր ձեռքերէն կը սահի, կ՛երթայ մեր աչքերուն առջեւ: Բայց, բոլորս զարմանալի անտարբերութեամբ ու կրաւորականութեամբ կ՛ընդունինք կատարուածը եւ կը սպասենք… ի՞նչին, թէ ո՞վ պիտի փրկէ մեզ, չեմ գիտեր:
Հայոց առաջին պետականութիւնը շահուած է աներեւակայելի խիզախութեամբ` շնորհիւ յանդգնութեան մեր ժողովուրդի քաջարի զաւակներուն, որոնք կամաւորական գունդերով դիմադրեցին թրքական օրինաւոր բանակին եւ կարողացան օրհասական պահու վճիռը արձակել, ծառանալով թշնամիին դէմ, թէկուզ անհաւասար միջոցներով, եւ կերտեցին մեր փառքը` ազատ, անկախ Հայաստանը, կերտեցին մեր նոր պետութիւնը վեց հարիւր տարիներու ստրկութեան շղթաները քանդելով, փրկելով հայրենիքը կորուստէ, փրկելով հայուն արժանապատուութինը ոտնակոխուելէ: Փա՜ռք ու պատիւ Սարդարապատեան առիւծաբաշ հերոսներուն: Փա՜ռք ու պարծանք անոնց, որոնք պահու հրամայականին գիտակցութիւնը ունեցան` ցցուիլ թշնամիին դէմ եւ աննուաճելի ոգիով յաղթել անոր` փրկելով հայրենի հողը վերջնական կորուստէ եւ ունեցանք` ե՛ւ հայրենիք, ե՛ւ պետութիւն:
Ահա հայու ա՛յս տիպարն էր, որ եղաւ ուղեցոյցը ղարաբաղեան շարժումին եւ մեր երրորդ ու նոր պետականութեան, բուռ մը հաւատաւոր հայորդիներու, որոնք ամբողջ ժողովուրդը ոտքի հանեցին եւ ազատագրեցին Արցախը 1988-ին ու կերտեցին երրորդ` ազատ եւ անկախ հանրապետութիւնը` 1991-ին:
Բայց երրորդ հանրապետութեան պետական այրերուն ուղեցոյցը չեղաւ առաջինին խորհուրդը, եւ անով առաջնորդուեցան: Երբ հիմնական օրակարգը պիտի ըլլար` ապագաղութացնել Հայաստանը սովետական բարքերու կրած խոր ազդեցութենէն, մաքրազտել ժողովուրդի հոգեբանութիւնը, կրթական նոր համակարգով, կոփելով նոր հայը` թօթափելով, շրջելով այն բոլոր կարծրատիպերը, որոնք մեր ժողովուրդի համերաշխութեան, եւ ազգային միասնականութեան նպատակներուն արգելք կը հանդիսանային: Պիտի ամրացնէր ինքնութեան գործօնները, պիտի ուղղէր լեզուն մեր դարաւոր մեսրոպեանով, կերտէր գալիք սերունդները ազգային գաղափարախօսութեան նոր տեսլականով, որ պիտի համատեղէր համայն հայութիւնը սփիւռքի հեռաւոր անկիւններէն` դիմագրաւելու համար այսօրուան մարտահրաւէրները:
Կրնային ընել, բայց չըրին:
Այն ամէն ինչը, որ ուղեղալուացման ճամբով, վախի, գաղտնալսումի, չեկիստներու յատուկ մեթոտներով հաստատուած էր մեր երկրորդ հանրապետութեան եւ ժողովուրդին մէջ, եւ որոնց միջոցով բաժնած էին ժողովուրդը, պատմութեան տալով տարբեր մեկնաբանութիւններ, լեզուն աղաւաղելով ուղղագրութեամբ, եկեղեցական սուտ ու կեղծ տագնապներ հրահրելով, բաժնելով հայը` հայաստանահայու եւ սփիւռքահայու, ժողովուրդը դարձնելով անհաղորդ իրարու, երբեք չդարձաւ նոր հանրապետութեան ազգային լինելութեան օրակարգը:
Կարելի չէր չկանխատեսել գալիքը, որ չուշացաւ ահա եւ մեզ դրաւ ահաւոր կացութեան առջեւ: Երբ շրջապատուած ենք թշնամիներով, ինչպէ՞ս կարելի էր այդքան անտարբեր եւ անհոգ ըլլալ: Ինչպէ՞ս կարելի էր այդքան անհոգ նայիլ ապագային, երբ թշնամին ժանիքները սրած օր ու գիշեր ատելութիւն կը սերմանէ հայ ժողովուրդին դէմ, իսկ մեր դաշնակիցը, մեր թշնամիին հետ սիրաբանութիւն կ՛ընէ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս է, որ չվերծանեցին ժամանակի նշանները դիմագրաւելու համար այսօրը: Ազատ, անկախ պետականութիւն կերտողներու տեսիլքէն իրաւունք չունին վրիպելու երկրին անվտանգութեան եւ քաղաքացիին ապահովութեան հիմնահարցերը:
Հաւատացինք, որ կրնային, բայց չըրին:
Ճիշդ է, որ եօթանասուն տարուան գաղութացուած ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը խրթին ու անքակտելի հոգեմտաւոր թնճուկ մըն է, որ առկայ է թէ՛ հայու ենթագիտակիցին, եւ թէ կառոյցներուն մէջ, սակայն կազմաքանդումն ու դարձը հայու իսկութեան, առաջնային կարեւորութիւն է նոր պետութեան կրթական համակարգին համար: Այս կարեւոր փուլը պետութեան անկախացումէն, պետութեան առաջին գործը պիտի ըլլար, եւ պետութիւնը խարսխուած պիտի ըլլար ինքնութեան կերտումին` ազգային, մշակութային մաքրազտման, պատմութեան վերանայման եւ հասանելիութեան` ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ գիտական միջազգային մակարդակներով ընդունուած համակարգին վրայ:
Տեղի չունեցաւ:
Ա՛յս էր պատգամը Սարդարապատով կերտուած Հայոց առաջին պետականութեան խորհուրդին, այսօրուան նորաստեղծ պետութեան, որ վրիպեցաւ կամ անտեսեցին գիտութեամբ եւ բանիւ նովին:
Չեղաւ, որովհետեւ պետութեան ղեկավարման պաշտօնին եկան ոչնչատեսիլ անձնաւորութիւններ, որոնք յօշոտեցին հայրենիքը, եւ իրենց պահուածքը դարձաւ պետական վարքագիծ, յաջորդական պետական պաշտօնեաներ ներքաշելով նոյն տիղմին մէջ, շարունակելով հերձատել ինչ որ պետական էր` հող, բնական հարստութիւն եւ պետական եկամուտներ: Ունեցանք խեղճութիւն, անգործութիւն, յուսահատութիւն, արտագաղթ, կրկին արտագաղթ ու անվերջ արտագաղթ: Ունեցանք թաւիշի մէջ փաթաթուած դարանակալ յեղափոխութիւն, ունեցանք 44-օրեայ պատերազմ, նուաստացուցիչ պարտութիւն, դաւադրութիւն, հազարաւոր անմեղ զոհեր` վասն ապիկարութեան, չբացայայտուած պայմանագիրներ եւ զիջումներ, ո՛չ մէկ հաշուետութեան հրամանագիր պատերազմի յանցագործներուն, հրամանատարներուն կամ «հինգերորդ շարասիւնի» պատկանողներուն: Ո՛չ հաշուեյարդար եւ ո՛չ պատիժ: Արդարադատութիւնը ծառայեց եւ կը շարունակէ ծառայել պետական անձանց անձեռնմխելիութեան:
Զիջումներ, ընկրկում եւ նահանջ բոլոր ճակատներու վրայ, քաղաքական, աշխարահագրական, մշակութային եւ ազգային արժէքներու, վասն «խաղաղութեան», վասն տնտեսական «բարգաւաճումի»: Երէկ` Արցախը, այսօր` Սիւնիքը, վաղը` Կոմիտասը, Նեմեսիսի արձանի կամ Ծիծեռնակաբերդի կազմաքանդումը, ինչո՞ւ չէ նաեւ` դասագիրքերէն վերցնել Ցեղասպանութեան յիշատակումն ու հայոց պատմութիւնը: Չէ՞ որ Ցեղասպանութիւնը սփիւռքի հարցն է: Խաղաղութեան եւ տնտեսական երեւակայածին բարօրութեան դիմաց` ստրկութիւն, տնտեսական դրամաշնորհներու դիմաց` ազգային մշակութային արժէքներու ոտնակոխում, ազգային արժանապատուութեան նուաստացում: Քաղաքական ապիկար որոշումները ծածկելու եւ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար, Ազգային ժողովի խօսնակի հրաժարականի պահանջներ, կամ վարչապետի որդւոյն «առեւանգում», կամ նահատակուած զինուորի մօր բանտարկութիւն, Ազգային ժողովի մէջ ատելավառ ելոյթներ, անհանդուրժողութիւն: Այս բոլորը եղան եւ կ՛ըլլան ժողովրդային ցասումը զսպելու համար, մտքերը ցրող դիւանագիտական արհեստագիտութեան կիրարկման ձեւ է, պարզապէս, ժողովուրդը անհեթեթութեամբ զբաղեցնել, ազգային լինելութեան սպառնացող որոշումները թաքցնելու:
Ահագնացող իրավիճակ եւ զարմանալի կրաւորականութիւն:
Ահա եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք ունինք` բզքտուած պետութիւն, հեղինակազրկուած պետական այրեր, հայը հայէն օտարուած հաւաքականութիւն, լուսանցքաւորուած եկեղեցի ու հեղինակազրկուած կղեր եւ մեր բարքերուն անյարիր կենցաղով հասարակութիւն մը: Ահա ազատ, անկախ մեր երրորդ հանրապետութեան նուաճումները:
Ա՞յս էր մեր կարողութիւնը 1991-ի մեզի ի վերուստ պարգեւուած ոսկեայ առիթին` անկախութիւն ու պետականութիւն կառուցելու: Երբ ունէինք տաղանդաւոր ժողովուրդ, բազմահազար գիտնականներ, բերրի հող ու հարուստ ընդերք, եւ դեռ պատրաստակամ սփիւռք` հայրենիքին կողքին ու հայրենիքին համար: Ա՞յս էր մեր կառուցելիք արժանապատիւ պետութիւնը: Երբ մեր անմահները պատգամած էին`
Քեզ հարուածողին որպէսզի զարկես
Եւ ունեցուածքդ ու կեանքդ փրկես
Պիտի զարկողին իր զարկից զրկես:
Ի՞նչ կրնայ պատգամել երէկուան Սարդարապատը այսօրուան պետութեան ղեկավարներուն , երբ երեսուն տարի երէկուան եւ այսօրուա՛ն իշխանները, բոլորը՛ անխտիր, այսօրուան պարտութեան հիմերը դրին` ճնշելով եւ կեղեքելով ժողովուրդը, փոխարինելով ազգային արժէքները բարոյազուրկ եւ աժան ու ախտավարակ նորութիւններով, ամբողջ Հայաստանը վերածելով խաղատունի մը, կտրելով հայը իր արմատներէն եւ այս բոլորը` յանուն «բարգաւաճումի», յանուն, «տնտեսական զարգացումների»: Անտեսեցին եւ արհամարհեցին Առաջին հանրապետութեան խորհուրդը, որովհետեւ հայրենիքը պետական գործիքակազմ մըն էր, զոր կարելի էր շահագործել:
Այս ջարդ կոտորածը, նախճիր-եղեռնը
Երէկ չսկսուեց…
5000 տարուայ
500 տարուայ
50 տարուայ
Պատմութիւն ունի
Որ չի աւարտուել, չի աւարտւում.
Կարմիր էր, հիմա ճերմակ է դարձել,
Եւ հիմա արդէն նա զանգ չի հատում,
այլ գրաւում է,
Չի կտրում ձեռքեր այլ վարձում ընդմիշտ,
Չի առեւանգում այլ հմայում է,
Չի հեղում արիւն այլ ծախ է առնում,
Եւ միացնելով երակ երակի
Իր ամենակուլ արեանն է խառնում:
Հասած ենք տեղ մը, ուր անիրաւութիւնն ու զրկանքը անհանդուրժելի են, վնասը` անչափելի, կորուստները` անվերադարձ, թշնամիին ամէնօրեայ սպառնալիքները` նուաստացուցիչ, իսկ ժողովուրդին բարկութիւնը` անզսպելի:
Պիտի ժայթքի՞ աշխարհով մէկ ցրուած, Սարդարապատեան ոգին` Արամի, Նժդեհի, Անդրանիկի ու պետականութիւն հիմնած անմահ հերոսներու փաղանգին, որ հարիւրամեակ մը ամբողջ դարձաւ մեր գոյութեան մղիչ ուժը եւ աշխարհասփիւռ հայեր` հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, բոլորը միասին միահամուռ ու բոլորանուէր ոտքի պիտի կանգնի՞ն դուրս շպրտելու մեր պետութիւնն ու հայրենիքը կրծող վարձկաններն , թէ՞ այսպէս անհոգ ու անտարբեր պիտի դառնանք մեղկ վկաները մեր պետութեանն ու հայրենիքին առյաւէտ ոչնչացման:
Մայիսեան այս հրաշափառ տօնին խորհուրդը կը նսեմանայ Արցախի համար ստորագրուած նուաստացուցիչ համաձայնագիրով եւ Արցախը իր ժողովուրդով թշնամիին կը յանձնուի սկուտեղի վրայ: Մինչ մայիսեան յաղթանակի մեր կերտիչները հողին տակ անհանգիստ ու ահագնացած, ցասումով Սարդարապատէն ահագնագոռ կը ղօղանջեն զանգերը` «կոչելով ապրողաց»`
«Ժամ է, ե՛լ նորից իմ ծիրանավառ,
Զրահաւորուիր խանդով խնդագին,
Վառիր երկունքի գիշերում խաւար
Հրով մկրտուած նայիրեան հոգին»:
………………………………………………………
«Արիացի՛ր սի՛րտ իմ, ե՛լ հաւատով տոկուն,
Կանգնիր հպարտ որպէս լոյս լեռն է մեր կանգուն»: