Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Մայիս 25, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ 

Սուրիա

Համբարձման Տօնին Առիթով Հանդիսաւոր Սուրբ Եւ Անմահ Պատարագ Եւ Ս. Յակոբոս Առաքեալի Մասունքի Նուիրում

Նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 19 մայիսին, Համբարձման տօնին առիթով Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ:

Հանդիսաւոր թափօրով սրբազան հայրը, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան Ս. Յակոբոս առաքեալի մասունքը բռնած` մուտք գործեցին եկեղեցի:

Առաջնորդական փոխանորդը բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր` յայտնելով, որ Ս. Յակոբոս առաքեալը բարեխօս սուրբ է ժողովուրդին համար, եւ այսօր առաքեալին մասունքը որպէս օրհնութիւն կու գայ Ճեզիրէի հայութիւնը հաւատքի մէջ առաւել եւս գօտեպնդելու: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր` հովուական այցելութեան եւ մասունքը նուիրելուն համար, ապա հրաւիրեց զայն յղելու իր պատգամը:

Սրբազան հայրը նախ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ երկրորդ անգամ ըլլալով առիթը շնորհեց ներկայ գտնուելու Ճեզիրէի տարածքէն ներս, մանաւանդ Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ` միասնաբար աղօթելու:

Սրբազանը անդրադառնալով Համբարձման տօնի խորհուրդին` հրաւիրեց հաւատացեալները, որ առաքեալներու օրինակին համաձայն, հնազանդ ըլլան Աստուծոյ կամքին ու հաւատարիմ` իրենց կոչումին, եւ հրաւիրեց ժողովուրդը մէկ կողմ դնելու ամէն տեսակ տարակարծութիւնները, անձնական շահերը, աշխատիլ ընդհանուրի շահին եւ բարօրութեան համար, նաեւ` գործել իրար սիրելով, եղբայրասիրութեամբ, մարդասիրութեամբ եւ աստուածասիրութեամբ:

Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդը` իր ծառայութեան, աշխուժ գործունէութեան եւ կազմակերպուած գեղեցիկ ընդունելութեան համար, մաղթելով ուժ, կորով, յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն իր աշխատանքներուն:

Աւարտին թափօրը ուղղուեցաւ դէպի փոխանորդարան, ուր Ս. Յակոբոս առաքեալի, Ս. Գէորգ զօրավարի եւ ապրիլեան սրբոց նահատակաց մասունքներով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր անդաստան: Սրբազան հայրը ընդառաջելով Լեւոն վրդ. Եղիայեանի խնդրանքին` տեղւոյն Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի 14-ամեայ անխոնջ, անդուլ, հաւատքով եւ անշահախնդիր ծառայութեան համար զայն պատուեց լանջախաչով մը:

Լաթաքիոյ 100-Ամեայ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց Վարժարանի Յոբելենական Հանդիսութիւնը

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, 12 մայիսին տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի 100-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը:

Վարժարանի տնօրէնուհի Հուրի Տէյիրմենճեան-Գարամարտեան նախ ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Սուրիոյ եւ Հայաստանի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա շեշտեց, որ վարժարանը իր հիմնադրութեան օրէն յոյսի եւ լոյսի ջահը փոխանցած է լաթաքիահայ սերունդներուն` կերտելով ուսեալ, գիտակից, հայրենասէր ազգայիններ: Ան կոչ ուղղեց վարժարանի շրջանաւարտներուն առողջ ու կանգուն պահելու դպրոցը, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ պարտաւորութիւն ունի ազգին միջնաբերդին` հայ դպրոցին նկատմամբ:

Այնուհետեւ1983-ի շրջանաւարտ, անգլերէն լեզուի մասնագէտ, թարգմանիչ Գոհար Ներսէսեան եւ 1985-ի շրջանաւարտ երկրաչափ Թովմաս Մանճեան ներկայացուցին վարժարանի շրջանաւարտներու խօսքը: Անոնք անդրադարձան վերապրած հայերու համեստ պայմաններուն մէջ հիմնուած այս վարժարանի հիմնադրութեան եւ գոյատեւման լուսաւոր ուղիին` խոստանայով միշտ հաւատարիմ մնալ անոր:

Վարժարանի պետական տնօրէնուհի Պատրիէ Խըտըր ալ-Սալեմ ելոյթ ունենալով յայտնեց, որ հայերը գրկաբաց ընդունուեցան սուրիացի ժողովուրդին կողմէ ու որպէս լիիրաւ քաղաքացիներ` մասնակցեցան Սուրիոյ բարգաւաճման աշխատանքներուն, միեւնոյն ատեն պահելով իրենց լեզուն, դպրութիւնն ու մշակոյթը:

Օրուան բանախօս, պատմաբան, վարժարանի հարիւրամեայ պատմութեան` «Յուշամատեան»-ի հեղինակ դոկտ. Շողիկ Աշըգեան անդրադարձաւ վարժարանի գործունէութեան, արժեւորեց անոր հայապահպանման ու հայակերտման վաստակաշատ աշխատանքը, որ տարած են կրթական ասպարէզին նուիրուած բազում ուսուցիչ- ուսուցչուհիներ եւ տնօրէններ:

Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Մեղրիկ Ապահունի-Մանճեան խօսք առնելով` նկատել տուաւ, որ վարժարանի մը հարիւրամեայ երթը կ՛ենթադրէ պողպատեայ կամք: Անոր առաքելութեան հաւատացողներէն կը պահանջէ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պայծառատեսութիւն, իսկ հաւատաւոր եւ ժիր մտքի մշակներէն` գերագոյն ճիգ եւ ծանրակշիռ աշխատանք: Հայապահպանում, ազգապահպանում, մարդակերտում եւ հայեցի դաստիարակութիւն. վսեմ այս նպատակներուն կառչած մնալու հայու հաւատքն է, որ դար մը ամբողջ անխախտ պահած է մտքի այս ամրակուռ տաճարը:

Հանդիսութեան աւարտին Մանուկ վրդ.  Պարիխանեան կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը` վարժարանի 100-ամեակին առիթով:

Այս առիթով հոգաբարձութիւնը խորհրդանշական յուշանուէրով մը պարգեւատրեց վարժարանի տնօրէն Հուրի Տէյիրմենճեան-Գարամարտեանը ` վարժարանէն ներս իր երկարամեայ ծառայութեան համար, ապա տեղի ունեցաւ Ազգ. Սրբոց Նահատակաց վարժարանի այս առիթով հրատարակուած «Յուշամատեան»-ին գինեձօնը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը, որ հրաւիրեց ներկաները գուրգուրալու հայ դպրոցին, կարդալու հայերէն գիրք ու խօսելու հայերէն եւ մաղթեց, որ 100-ամեակը Ազգ. Սրբ. Նահատակաց վարժարանին համար նոր սկիզբ մը ըլլայ` յաջողութենէ յաջողութիւն եւ փառքէ փառք բարձրանալու:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ վարժարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը, ներկայացնող տեսերիզ մը: Մերթ ընդ մերթ կարդացուեցան նաեւ այս առիթով առաքուած շնորհաւորագրերը:

Նոյն օրը, յետմիջօրէին «Գանձասար» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ վարժարանի 100-ամեակին նուիրուած վաւերագրական ցուցահանդէսին, ուր ցուցադրուած էին վարժարանի հիմնադրութեան տարիներէն` 1922-էն սկսեալ մինչեւ ներկայ ժամանակներ վարժարանի արխիւները, լուսանկարները, աշակերտներու ցանկեր, վկայագրեր, փաստաթուղթեր եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած սրբատառ կոնդակը` վարժարանի 100-ամեակին առիթով:

* 13 մայիսին, Մակար եպս. Աշգարեան պատուիրակութեամբ ժամանեց Քեսապ:

Այցելութեան ընթացքին Քեսապի հայ կաթողիկէ համայնքի Ս. Միքայէլ վանքի ժողովրդապետ  Նարեկ վրդ. Լուիսեան եւ Քեսապի Հայ աւետարանական համայնքի հովիւ պատուելի Շանթ Ակիշեան բարի գալուստի խօսք արտասանեցին` յայտնելով, որ սրբազան հօր օրհնաբեր այցելութիւնն ու ներկայութիւնը հոգեկան ցնծութիւն եւ հրճուանք պարգեւեց քեսապահայութեան:

Զոյգ եկեղեցիներուն մէջ սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքներու հոգեւորականներուն` իրենց ջերմ ընդունելութեան համար եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` անոնց մաղթելով եղբայրական սիրով լեցուն օրհնաբեր ծառայութիւն, հեզասահ եւ բարեյաջող երթ:

* 13 մայիսի երեկոյեան Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ սրբազան հօր: Հայ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու կոչուած վեց դպիր-դպրուհիներ եւ չորս կիսասարկաւագներ ձեռնադրուեցան:

Սրբազան հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց քեսապահայութեան` անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան: Ան պարզեց ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորելու կերպերուն` հրաւիրելով ներկաները ծառայութեան ո՛չ թէ խօսքով, այլ` գործով եւ օրինակելի ապրելակերպով:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ձեռնադրեալներուն նուիրեց Նոր կտակարան Աստուածաշունչը:

* 14 մայիսին Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս ս. պատարագին, տեղի ունեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն` ձեռամբ եւ օրհնութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի:Սարկաւագ ձեռնադրուեցան Արամ սրկ. Քորթմոսեան եւ Անդրանիկ սրկ. Հանէսքէհեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ սարկաւագի արժանիքներուն` մատնանշելով յատկապէս ծառայութեան եւ հեզութեան կարեւորութիւնը, որ կ՛արտայայտուի ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործնական եւ առաքինի կեանքով: Պատարագի աւարտին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ նոր ձեռնադրեալ սարկաւագներուն Նոր կտակարան Աստուածաշունչը նուիրուեցաւ:

Աւարտին սրբազան հայրը այցելեց նաեւ Քեսապի Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոց, ուր հանդիպում ունեցաւ դպրոցի ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն հետ, զրուցեց անոնց հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս տարուած առաքելութեան:

* 19 մայիսին Մակար ապս. Աշգարեան,  ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեանի եւ Կրօնական ժողովի անդամ Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի,  հովուական այցելութեամբ ժամանեց Գամիշլի, ուր արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:

Սրբազան հայրը հովուական այցելութեամբ, մէկ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Ճեզիրէի բոլոր շրջանները եւ իր հայրական յորդորներն ու օրհնութիւնները պիտի տայ ժողովուրդին:

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Նորընտիր Վարչութիւնը Այցելեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր

17 մայիսին Մակար եպս. Աշգարեան, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամ Փիեր Մուսալլիի, Ազգ. առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Սուրիոյ նորընտիր Շրջանային վարչութեան:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Համազգայինի Սուրիոյ մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն տարած մշակութային բազմաբեղուն գործունէութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց նորընտիր Շրջանային վարչութիւնը եւ իր հայրական օրհնութիւնը տալով ու զօրակցութիւն յայտնելով` հայ մշակոյթի պահպանման եւ վերելքին նպաստող աշխոյժ գործունէութիւն մաղթեց անոր:

Անդրանիկ այցելութեան առիթով Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեան սրբազան հօր նուիրեց միութեան նշանակը կրող յուշանուէր:

Երկրաշարժի Արտակարգ Իրավիճակի Մարմինը Ընթացք Տուաւ Երկրաշարժի Պատճառով Վնասուած Բնակարաններու Վերաշինութեան Աշխատանքին

Մակար եպս. Աշգարեանի օրհնութեամբ, անցնող շաբաթներուն Բերիոյ հայոց թեմի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինը, երկրաշարժին պատճառով բնակարաններուն կրած վնասները սերտելով` ընթացք տուաւ բնակարաններու վերանորոգութեան աշխատանքին:

Միացեալ Նահանգներ

Լոս Անճըլըսի Մէջ Արցախի Հանրապետութեան Անունով Հրապարակ

Վերջերս Լոս Անճըլըսի մէջ Քաղաքային խորհուրդը որոշած է Ուիլշիր եւ Կրենուիլ պողոտաներու խաչմերուկը անուանակոչել Արցախի Հանրապետութեան հրապարակ:

Նման որոշումը, ըստ Քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Փոլ Գրիգորեանի գրասենեակին, լոսանճըլըսցիներու համերաշխութեան ընդառաջում է Արցախի ժողովուրդին:

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Եւ Ի՞նչ Յաճախականութեամբ Լուալ Երեխային «Տուտուն»

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 9, 2025
Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Տօնակատարութիւն Քուէյթի Մէջ

Հոկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?