20-րդ դարը զարմանալի շաղկապով մը խտացուց իր մէջ հայ ժողովուրդի երկար դարերու պատմութիւնը, որուն փառահեղ էջերէն մէկը հանդիսացաւ 1918-ի մայիս 28-ն:
Անցնող դարասկիզբին, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերէն միայն երեք տարի ետք, ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ 1918-ի մայիս 28-ին պիտի ծագէր հայ անկախ պետականութեան արեւը հայոց մթագնած երկնակամարին վրայ, ո՞վ կրնար պատկերացնել, թէ աւերակներէն ու մոխիրներէն յարութիւն պիտի առնէր մերօրեայ հայոց անկախ հայրենիքը:
Պատմութիւնը կը վկայէ, որ օրհասական էր պահը: Հրաշքի համազօր` Երեւանէն ահազանգ մը հնչեց` «Ամէն բան ու ամէն ոք դէպի ճակատ». Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յայտարարութիւնը ընկալուեցաւ իբրեւ մարտահրաւէր, որ դարձաւ ամէն հայու կարգախօսը, որուն մոգական ազդեցութեան տակ «Ամէն բան ու ամէն ոք» այլակերպուեցան, ու նահանջը վերածուեցաւ գրոհի: Շնորհիւ Արամ Մանուկեանի, Դրոյի, Սիլիկեանի, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, զօր. Նազարբէկեանի, Նժդեհի եւ այլ հսկաներու խիզախումներուն, պարտութիւնը փոխուեցաւ յաղթանակի` իրագործելով անկախացման փառապանծ հրաշքը:
Այո՛, մայիս 28-ին կը հռչակուի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որ Պաթումի դաշնագրով, յունիս 4-ին, այլ երկիրներու կողքին, զայն պաշտօնապէս նաեւ ճանչցաւ մեր դարաւոր թշնամին` Թուրքիան:
Յարգա՜նք մեր խիզախացած յեղափոխական սերունդին ու անոր յայտնի եւ անյայտ բոլոր հերոսներուն, որոնք իրենց թանկագին կեանքը զոհաբերեցին հայրենիքի ազատութեան սրբազան բագինին, որպէսզի հայ ժողովուրդը յարութիւն առնէ մայիսեան արշալոյսով ապրելու ազատ եւ անկախ իր սեփական հողին վրայ:
Թէեւ հայոց Ա. հանրապետութեան անկախութիւնը եղաւ կարճատեւ, սակայն ազատ եւ հայավայել ապրելու ոգին ու կամքը միշտ վառ մնացին տարասփիւռ եւ հայրենի հայորդիներու հոգիներուն մէջ, եւ պատահականութիւն չէր, որ 1988 թուականի փետրուարեան օրերուն հայրենի ժողովուրդը, ականջալուր Արամ Մանուկեաններու վաւերական կտակին, քաջութիւնը ունեցաւ փշրելու զինք շղթայած եւ ազատութիւնը բռնաբարած համայնավար բռնապետական կապանքները` ստեղծելով անկախ հանրապետութիւն Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան հռչակումէն ետք եւ առաջին անգամ ըլլալով, հայ մարդը, եւ յատկապէս սփիւռքահայը ինքզինք զգաց հայրենիքին մէկ անբաժան մասնիկը: Ճիշդ է, որ վերանկախութեան յաջորդող տարիներուն համատարած վայրէջք ապրեցանք ներազգային ճակատներու վրայ, սակայն անցնող 32 տարիներուն, հայրենիքի պետականութեան ամրապնդումին ի խնդիր, համայն հայութիւնը անգամ մը եւս հայավայել վճռակամութեամբ առաջ տարաւ իրեն բաժին ինկած սրբազան աշխատանքը` առանց ընկրկումի, հայ ժողովուրդին գոյատեւումը յաւիտենականացնելու հաստատ համոզումով: Հայ ժողովուրդը ամէնուրեք հաւատաց, որ հայրենիքով, Արցախով եւ սփիւռքով առիթը պիտի ունենայ յոյսով եւ հաւատքով առաջնորդուելու երազներու իրականացման ճանապարհէն` մինչեւ ամբողջական յաղթանակ:
Այսօր, անկախութենէն 105 տարի ետք, Հայաստան դարձեալ կը մնայ կիզակէտը այն սրբազան ու անբացատրելի զոհաբերութիւններուն, զորս երէկ հայ մարդը գիտցաւ ստեղծել ու փիւնիկի նման մոխիրներէն ոտքի կանգնելով` քալեց դէպի անկախութիւն, քալեց փշոտ ճանապարհներէն ու քալեց աննկուն հաւատքով եւ անխորտակ կամքով:
Վերանկախացած Հայաստանն ու Արցախ հայաշխարհը բաբախող սիրտ դարձան ե՛ւ հայրենիքի ե՛ւ սփիւռքի հայութեան համար:
Արցախեան գոյամարտի թէժ օրերուն ինկած հերոս մեր նահատակներուն անարատ արեան կանչը, 44-օրեայ աննախադէպ ու պարտադրուած պարտութիւնը խորտակեց հայուն հոգեկան ներաշխարհը եւ բեկբեկեց անկախ հայրենիքին շուրջ համախմբուած համահայկական միասնութիւնը եւ աւելին:
Արցախ հայաշխարհի 72 տոկոսը դաւադրութեամբ յանձնելու Հայաստանի Հանրապետութեան տխրահռչակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած կործանարար պարտուողական համաձայնագիրը ցասումի եւ անհանդուրժողութեան հսկայ ալիք մը բարձրացուց Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի բազմահազար հայորդիներու հոգիներուն մէջ:
Ինչպէս անցեալին, 1918 թուականի սարսափազդու եւ օրհասական օրերուն Հայաստանի Հանրապետութեան ծնունդ տուած ՀՅ Դաշնակցութիւնը այսօր եւս պատնէշի վրայ է, դարձեալ եւ հաւաքաբար այսօրուընէ լծուած է մեր վաղուան յաղթանակը կերտելու դժուար գործին` յանուն Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի մեր ժողովուրդին քաղաքական, ազգային-կազմակերպչական, մշակութային, կրթական եւ առողջապահական իրավիճակներու անյետաձգելի խնդիրներու դիմագրաւման:
Այո՛, կը հաւատանք, որ ցարդ իր արդար լուծումին չյանգած Հայ դատի անժամանցելի պահանջատիրութիւնը պիտի սկսի հայրենիքէն` զուգահեռաբար սփիւռքի ներուժին ու Հայ դատի յանձնախումբերուն, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակեն իրենց ամբողջ ուժականութեամբ գործել մեր արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ձեռքբերումին համար, այս է եւ պէտք է ըլլայ նաեւ անկախ եւ հզօր Հայաստանի գոյութեան երաշխիքը, բայց, ափսո՜ս, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն ու զինք շրջապատող տհաս վարչախումբը զայն կը սահմանափակեն իբրեւ սփիւռքի մարտահրաւէր եւ ոչ` հայոց պետականութեան առաջնահերթ խնդիր: Առանց հաւաքական այս համոզումին` մեր հայրենիքը եւ իւրաքանչիւր հայ դատապարտուած է աստիճանաբար կորսնցնելու իր ազգային ինքնութիւնը, եւ ամէն անգամ, որ հայ ազգի զաւակ մը կորսնցնէ զայն, կը նշանակէ, որ 1915-ին գործադրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը թրքաբարոյ նոր տարազով կը շարունակէ իր ջարդարար քաղաքականութիւնը` մեր հարեւան թշնամիին հետ եղբայրացած ազերիին ախորժակներուն յագուրդ տալով: Այսօր, 21-րդ դարու երրորդ տասնամեակի նախամուտին կանգնած, երբ իբրեւ անհատ հայեր ու հաւաքականութիւն` կը դիմագրաւենք բազմատեսակ եւ աննախադէպ մարտահրաւէրներ, Արցախի ինքնորոշման եւ Հայ դատի հանդէպ մեր յանձնառութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական ու նուիրումը` անսակարկ:
Ազատութիւնն ու անկախութիւնը ցնորք չեն, այլ` աշխատանքի, պայքարի եւ արեան զոհաբերութեամբ ձեռք բերուած նուաճումներ: Այս վերջինը յատկապէս կը վերաբերի 1918-ին արեան գնով ձեռք բերուած ու 1920-ին անկախութիւնը կորսնցուցած եւ, վերջապէս, 1991 թուականին վերանկախացած Հայաստանին: Հայ ժողովուրդը ամէնուրեք, գօտեպնդուած անկախ հայրենիքի պետականութեան ստեղծումով, շարունակեց կազմակերպել արցախեան գոյապայքարն ու հետապնդել Հայ դատի աշխատանքները` համախմբուած Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց եռագոյն դրօշներուն ներքոյ:
Դարադարձը նոր պարտաւորութիւններ կը դնէր նաեւ մեր վրայ` զսպանակելու մեր ճիգերը, միասնականութեամբ զօրավիգ կանգնելու վերանկախացած Հայաստանի պետականութեան, Արցախ հայաշխարհին ու մեր խիզախ ժողովուրդին: Երկու տասնամեակ առաջ 21-րդ դար մուտք գործեցինք այն լուսաշող տեսլականով, որ հայ ժողովուրդը արժանի է յաւերժական ազատութեան եւ մշտական անկախութեան, արժանի է ապրելու ազատ ու անկախ, իրաւունքի եւ յարգանքի սկզբունքներու վրայ կերտուած իր սեփակա՛ն հողին` մայր հայրենիքին` Հայաստանի մէջ, որուն սահմանները դեռ չեն պարփակած Արցախ հայաշխարհի ամբողջականութիւնն ու ամբողջական Հայաստանը` ամբողջական հայութեամբ:
Իւրաքանչիւր հայ հաստատ կ’անդրադառնայ, որ կ’ապրինք յարափոփոխ եւ անկիւնադարձային օրեր: Հայ ժողովուրդի ներկան, յոյսն ու ապագան ազգային գիտակցութիւն ունեցող եւ քաղաքականացած մեր երիտասարդութիւնն է: Ամէն պարագայի եւ միշտ զգուշ պէտք է ըլլալ մերօրեայ ազգակործան պայմաններէն, ամենայն լրջութեամբ պէտք է տեսնել մեր ազգին սպառնացող ամէնօրեայ վտանգները, համաշխարհային քաղաքական բեմին վրայ քաղաքակիրթ կոչուած երկիրներու սադրանքները ու մերօրեայ մոլեցնող պայմաններէն եւ գիտութեան դաւադիր քարոզչութիւններէն հեռու մնանք, չկորսնցնենք մեր ինքնութիւնը, ազգային գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը: Չմոռնա՛ք, որ հազարամեակներու մեր պատմութիւնը եւ մեր բիւրաւոր նահատակներն ու հերոս նախահայրերը մեր ուսերուն դրած են մեծ պարտաւորութիւններ: Չմոռնա՛ք, որ հայրենի հողին վրայ նորօրեայ մեր ազատամարտիկները, մեր հերոս երիտասարդները իրենց արեան գնով մարտի մէջ մտան վայրագ ու բարբարոս ազերիին ու զայն հովանաւորող արիւնարբու թուրքին դէմ:
Յարգա՜նք հայ ժողովուրդի անցեալի եւ մերօրեայ առիւծասիրտ բոլոր զաւակներուն, որոնք մայիս 28-ի ոգիով եւ Արցախի ազատագրական պայքարով լիցքաւորուած, մահուան աչքերուն խորը շեշտակի նայելով` նետուեցան անհաւասար կռիւներու մէջ, դիմագրաւելով վայրագ թշնամին, հասնելու համար անվախճան ու վարդահեղեղ արշալոյսին, ամբողջականօրէն հայ եւ յաւիտենապէս միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի տեսլականին:
Ժամանակն է մէկ մարդու պէս համախմբուելու ամբողջական եւ անկախ հայրենիքի տեսլականին շուրջ` ի խնդիր հայրենիքի հզօրացման ու հայկական բոլոր բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման: Մեր ժողովուրդի միասնական ոգին ու յարատեւ պայքարի աննկուն կամքը հրաշքներ կրնան գործել, ինչպէս որ գործեցին Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի, Ղարաբաղի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ:
Ժամանակը հասած է ազգովին ցոյց տալու մեր միասնական ոգին, ցոյց տալու յարատեւելու մեր վճռականութիւնը, եւ հաւատա՛, որ հայուն բռունցքը պիտի դառնայ անյաղթ` ընդմիշտ յեղաշրջելու Արցախ հայաշխարհը ազերիին յանձնելու Փաշինեանի դաւաճանատիպ ծրագրերը: Ու վերջապէս, Հայ դատը լիարժէք պիտի յանգի իր արդար լուծումին:
Փա՜ռք, հազա՛ր փառք` 1918-ի մայիս 28-ը կերտող հերոսներուն, հայ ազգի ազատութեան ճանապարհին մարտնչած ու հերոսական մահով նահատակուած բիւրաւոր հայորդիներուն, անկախութեան բագինին նուիրաբերուած հազարաւոր ազատամարտիկներուն, որոնք իրենց կեանքի միակ նպատակը դարձուցած էին ծառայել հայրենիքին եւ արեան ու մահուան գնով հասնիլ հայ ժողովուրդի վեհ նպատակներուն` ազատ, անկախ, ամբողջականօրէն հայ ու ամբողջականօրէն միացեալ Հայաստանին: