Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արարատն Ալ, Արագածն Ալ, Թէ՛ Տեսլական, Թէ՛ Ալ Հիմք

Մայիս 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ

«Մեր բոլոր խնդիրները գտնւում են Արագածի ու Արարատի` երազանքի ու իրականութեան մէջ». Նիկոլ Փաշինեան:

Վերոյիշեալ արտայայտութիւնը Հայաստանի վարչապետը ունեցած է նախորդ շաբաթներուն Արագածոտնի մարզի Ներքին Բազմաբերդ համայնքի դպրոցականներուն հետ հանդիպումի ընթացքին. կը կրկնեմ` դպրոցականներուն…

Այս արտայայտութեան մէջ ամփոփուած է Փաշինեանի արտաքին, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրթական եւ այլ ոլորտներու մէջ վարած քաղաքականութիւնը: Հոն կ՛երեւին 2018-էն սկսեալ հայ ազգային հիմնական սկզբունքներու եւ կառոյցներու քանդումի ծրագրաւորուած աշխատանքը, 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի աղէտալի հետեւանքին սկզբնաղբիւրը եւ հետագային այլեւս չվերականգնելու, չվերակազմակերպուելու եւ չվերազինուելու կեցուածքը:

Հայաստանը, հայրենիքը (ներկայ թէ պատմական) եւ պետականութիւնը (այսինքն այս պարագային` Արարա՛տը եւ Արագածը) չեն նոյնանար Հայաստանի որեւէ կառավարութեան հետ: Իշխանութիւնները, փա՛ռք Աստուծոյ, գնայուն են, հայրենիքն ու պետականութիւնը` մնայուն, բացի եթէ «Հազարազանգ» (Յովհաննէս Շիրազի բնորոշումով) Անիին նման դաւաճանուին եւ ոտնակոխուելով տրուին թշնամիներուն:

Դպրոցականները, ամէն տարիքի, կը ներկայացնեն մեր ազգի ապագան, անոնք մեր գուգուրանքի առարկան են, ազգային տեսակի շեշտը, հերոսութեան աղբիւրը, հարուածող ուժը, պարտուողականութեան բեկումը. մենք կ՛որոշենք այս ածուին մէջ սնուցանել զանոնք կամ հակառակը` «Արարատը չէ՛ մեր բարձր լեռը», «սրբեցէ՛ք հայոց հերոսապատումը», «մոռցէ՛ք Հայոց ցեղասպանութիւնը», «նայեցէ՛ք առաջ, որ թշնամին մեզ նորէն ջարդէ»…

Այսօր ո՛չ միայն հազարաւոր հերոսներու արեան գնով կերտուած Արցախի Հանրապետութեան տարածքին մեծամասնութիւնը գրաւուած է, այլ նաեւ նոյնինքն Հայաստանի մէկ մասն ու գոյութիւնը սպառնալիքի տակ են: Այդքան կորուստէ եւ վտանգէ ետք տակաւին փորձ կը կատարուի այլասերել դպրոցականները` փոխանակ անոնց մօտ զօրացնելու սեփական ուժերուն վստահելու պատրաստակամութիւնը: «Չի կարելի օգնել այն ընկածին, եթէ նրան պակասում է ինքնօգնութեամբ ոտքի կանգնելու կամքը», կ՛ըսէ զօրավար Գարեգին Նժդեհ:

Այլ օրինակ մըն ալ` մատղաշ սերունդը այլասերելու. վերջերս հոլովոյթ մը սկսաւ դպրոցներէն վերցնելու ազգային հերոսներու նկարներն ու անոնց մասին գրութիւնները, որպէսզի պատանիները անոնց տիպարով չդաստիարակուին, անոնց ճանապարհով չընթանան:

Չմոռնանք նաեւ, որ ՔՊ-ականները (Հայաստանի ներկայ իշխանաւորները) երկրին ղեկին տիրանալէ կարճ ժամանակ ետք ծրագրեցին կրթական ծրագիրներէն վերցնել հայագիտական կարգ մը նիւթերու պարտադիր պահանջը: Վասն ինչի՞…

«Արցախը տանք, որ Հայաստանը հանգիստ ապրի»-ի մտածողութեան գահավէժ ձախողութենէն, «խաղաղութեան դարաշրջան»-ին «պատերազմներու եւ շարունակական զոհեր»-ու վերածուելէն ետք, «արագածն է մեր ամէնէն բարձր լեռը» քարոզչական խաբէութիւնն ալ օր մը կը վերածուի «Արա լեռը բարձրը սեպենք»-ի. չէ՞ որ` «Ես հպարտ եմ, որ պարտուեցանք», «Մենք յաղթած ենք, նոյնիսկ եթէ պարտուինք», «սեւ լիճին համար պատերա՞զմ պիտի ընենք», «այդ դիրքերը արդէն տարուան մեծ մասը ձիւնածածկ են, ինչո՞ւ պահենք» (ան)տրամաբանութեան տէրը տակաւին իշխանութեան աթոռին վրայ է եւ սպառնալիքի ու վարձատրութեան տակ ցարդ լսարան ունի… Այս բոլորով հանդերձ Փաշինեան տակաւին կը փորձէ թափուած «արիւնը ուրիշի դրան քսել»:

Հայաստանի ազգային հիմքերը այլափոխելու համար արտասահմանէն (իմա` մեր թշնամիներէն) ներմուծուած մեծ գումարները յաջողեցան եւ տակաւին կը շարունակեն իրենց աւերը գործել մեր յաղթական հայրենիքը դարձնելու սուտի, բաժանարարութեան, անհաւատութեան եւ իր սեփական ուժին նկատմամբ անվստահութեան ստրուկը` յօգուտ մեր ոսոխներուն:

Մեր թշնամիները, շատ լաւ ուսումնասիրելէ ետք հայ հասարակութիւնը եւ «բերդը ներսէն գրաւել»-ու ռազմավարութիւնը, Հայաստանի եւ հայկական սփիւռքին համար նախ պատրաստեցին, ապա ղեկին տեղաւորեցին իրենց հակահայ նպատակները իրագործելու յարմար անձեր, որոնց մէկ մասն ալ իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Թուրքիոյ` հայկական պահանջատիրութեան ժխտումի կրթական ոստաններու մէջ, ուր հակառակորդին վարքն ու բարքը, մտածելակերպը իբր թէ ուսումնասիրելը կը վերածուի ազգայինը մոռնալուն, նպատակի շեղումին, իսկ արդիւնքը կ՛ըլլայ ուղեղալուացք, հետեւաբար նաեւ` դաւաճանութիւն, ինչ որ բացայայտ է Հայաստանի ներկայ իշխանութեան վարքագիծին մէջ: Այս անձերը իրաւունք չունին հայոց պատմութիւնը եւ հայ ապագայ սերունդը այլասերելու իրենց` նիւթականին նկատմամբ գերի դառնալու եւ հայրենադաւութեան մտածելակերպով:

Մեր բոլոր հարցերը կը գտնուին Արարատը Արագածին հետ Հայաստանի սահմաններուն մէջ չներառելուն մէջ:

17 մայիս 2023

ՀՐԱՇՔ

Երազիս մէջ հօրս տեսայ`
Մօրս նման յայտնուեց,
Խինդ ու վախով գիրկը հասայ,
Շիրիմից ելաւ ինձ գրկեց:
Հեկեկացինք դառն ու անուշ,
Հայրս նայեց իր չորս դին,
Արագածին նայեց քնքուշ,
Ասաց` կ՛ապրի իմ որդին…
Բայց երբ նայեց Արարատին`
Ինձ խէթ նայեց հայրս ծեր,
– Էլ ինչո՞վ ես դու իմ որդին,
Երբ կիսատ է տունը մեր:
Վշտից նորից մեռաւ հայրս,
Ասաց` «որդիս, թէ կ՛ուզես
Հողը թեթեւ լինի վրաս
Տունս կիսատ չթողնես…»

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Նախորդը

Գաղութէ-Գաղութ

Յաջորդը

Յուշեր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանէն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?