Մայիս ենք: Հայաստանի բեկոր հանրապետութիւնը եւ մորմոք դարձած Արցախը հայուն ամէնօրեայ հոգեբարոյական տագնապն են: Անցեալի երախտաւորներու մասին չենք մտածեր: Անմիջականը կը կլանէ մեզ: Կան անուններ եւ դէպքեր, որոնք դեռ ոչ հեռու անցեալին մեր շնչառութիւնն էին, անոնք իմաստ կու տային կեանքին:
Քանի մը շաբաթէն օրացոյցը պիտի յիշեցնէ, որ հասած ենք մայիսի վերջը, թերթեր եւ լրատուամիջոցներ պիտի խօսին առաջին անկախ հանրապետութեան մասին, որուն թուականը դարձած է ֆեթիշ: Չենք անդրադառնար, որ անոր ետին կան, եղած են անուններ, մարդիկ, «մեր պատմութիւնը»:
Հայ ժողովուրդի տագնապալի ներկային մէջ, իրարու յաջորդող ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին քանի՞ անգամ կը յիշենք Սեւրի դաշնագիրը, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքի միջազգային ճանաչումն է: Անիկա ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի կողմէ:
Հայաստան եւ սփիւռք, տարուան ընթացքին քանի՞ հոգի, կամ քանի՞ լրատուամիջոց կը յիշեն զինք, քանի՞ հոգի գիտեն, որ հայ ազատագրութեան եւ տառապանքին նուիրուած հսկայ գրականութիւն կտակած է ան, որ` անոր շիրիմը կը գտնուի Փարիզի Փեր Լաշեզ գերեզմանատունը, ուր կը հանգչի նաեւ նոյն անդրանիկ հանրապետութեան վարչապետ Ալեքսանդր Խատիսեանը:
Իմացա՞ծ էք բնաւ, որ վերանկախացած Հայաստանի Փարիզի ճամբան լաւ գիտցող պետական այրերը եւ ամէն բնոյթի կարեւոր-անկարեւոր հայ այցելուներ, Հայաստանէն եւ սփիւռք(ներ)էն, հանգամանաւոր կամ զբօսաշրջիկ, քանի՞ հոգի, օր մը ծաղկեփունջ մը առնելով, այցի երթան Ահարոնեանի եւ Խատիսեանի շիրիմներուն: Դեռ անցեալ յիշողներով քանի մը անգամ անոնց գացած ենք «այց»-ի: Հսկայ գերեզմանատան մէջ հայատառ արձանագրութեամբ տապանաքար մը, չեմ գիտեր թէ տարին քանի՛ «այցելու» կանգ կ’առնէ անոր առջեւ, կը կարդայ իրեն բան չըսող արձանագրութիւնը եւ կը շարունակէ թափառիլ պատմութեան բաց գիրքի նմանող խօսուն եւ լռած անցքերուն մէջ:
Տարիներ կ’անցնին, եւ այդ շիրիմները հայ այցելու եւ խնամող չեն ունենար: Կարծէք անոնք հայուն չեն պատկանիր:
Այս մասին մտածեցի, քանի որ դեռ անցեալ յիշող եւ արժեւորող հաւատաւոր մը ընդվզումով եւ յուզումով հեռաձայնեց… Մարսէյէն: Բոլոր իրաւ հայրենասէրներուն պէս, ան ալ մազոխական է, masochiste: Գացած է Սեն Փիեր գերեզմանատունը, ուր կողք կողքի կը հանգչին երկու ուրիշ երախտաւորներ` Շաւարշ Նարդունի եւ անդրանիկ հանրապետութեան դեսպան, մտաւորական եւ քաղաքական-գաղափարական հսկայ գրականութիւն կտակած Միքայէլ Վարանդեան: Մաքրած է լքուած շիրմաքարերը:
Այդ շիրմաքարերը, անոնք ըլլան Փարիզ, Մարսէյ, Սոֆիա, թէ այլուր, կը վկայեն, յիշողութիւն են: Կը պատգամեն: Մեր ներկան կ’աղքատանայ, երբ անոնցմով շարունակութիւն չենք ըլլար:
Տէր ունի՞ն այդ շիրիմները: Ոչ ոք պիտի իմանայ, եթէ գերեզմանափորներ քանդեն զանոնք, ուրիշներ թաղուին հոն, նոր տապանաքարերու վրայ յայտնուին նոր օտարահունչ անուններ:
Մէկ օդանաւէ միւսը ցատկող երեւելիներէն, էջ մրոտողներէն, մեծ ու պզտիկ ժողովներու մասնակցողներէն եւ խօսափող գրկողներէն ո՞վ եւ որո՞նք կը յիշեն, որ այդ շիրմաքարերուն տակ գտնուողներու յաջորդներն են իրենք: Բայց ժառանգո՞րդ են: Ժառանգութիւն կը պահե՞ն:
Բարեմտօրէն մտածած եմ, թէ ինչո՞ւ մեր պետութեան աւագները, անոնք ըլլան իշխանութիւն թէ ընդդիմութիւն, ակադեմական աւագանի, Գրողներու միութիւն, արժանին չեն մատուցեր անոնց` յիշելով եւ յիշեցնելով, որ անոնք ծառայած են մեր ժողովուրդի մշակոյթին, իրաւունքի դատին: Ֆրանսայի մեծաթիւ հայկական համայնքը` իր միութիւններով, կուսակցութիւններով, երեւելիներով եւ մտաւորականներով չի յիշեր եւ արժանին չի մատուցեր: Ճիշդ է, որ շատեր չեն գիտեր, չեն լսած, բայց չեմ ուզեր հաւատալ եւ ենթադրել, որ քանի մը հարիւր հազար անդամ հաշուող հայկական համայնք(ներ)ը զանգուածային կերպով յիշողութեան կորուստ ունի, բժիշկը պիտի ըսէր` «ալցայմըր» ունի, մանաւանդ անոնք, որոնք ամէն քայլափոխի «Հայաստան» եւ «Արցախ» կը հոլովեն: Այս անտեսումը եւ մոռացումը մի՞թէ ենթադրել կու տան, որ օր մը, տեղ մը «ԱՐՑԱԽ ԽԱՉՔԱՐ» կամ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԽԱՉՔԱՐ» պիտի կանգնեցնենք եւ զանոնք աւելցնենք մոռցուած-մոռցուող տապանաքարերու ցանկին վրայ եւ կտակենք ներկայ սերունդներու օրինակով հասնող սերունդներուն:
Առաջին անգամը չէ որ կ’անդրադառնամ այս անտէր շիրիմներուն:
Երբ Հալէպի Քարէն Եփփէ հայ Ճեմարանի աշակերտ էի, հետագային` ուսուցիչ, ամէն տարի դպրոցի խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները, համախումբ, ուխտի երթալու պէս, գերեզմանատուն կ’երթային յիշողութեան եւ յարգանքի տուրք մատուցելու հայ գրականութեան անշրջելի մեծերէն Յակոբ Օշականի եւ անզուգական եւ հայութեան հանդէպ համակ նուիրում եղած դանիացի կնոջ` Քարէն Եփփէի շիրիմներուն: Արեւելեան այդ դեռ չքաղքենիացած հայ համայնքի մարդիկ գիտէին անցեալ եւ արժէք գնահատել, չէին մոռցած այն պատմութիւնը եւ մշակոյթը, որուն ծնունդն էին, շարունակութիւնը:
80-ականներուն, Մարսէյի Համազգայինի ճեմարանի առաջին տարիներուն, դպրոցին շուրջ հաւաքուածներով եւ ընկեր-բարեկամներով այցի կ’երթայինք Շաւարշ Նարդունիի եւ Միքայէլ Վարանդեանի շիրիմներուն: Երկու խօսք կ’ըսէինք, խունկ կը ծխէինք: Կիրակի օր, հոգեհանգիստներէ ետք, չփորձուիք հարցնել, թէ ո՞վ էր Նարդունի, ո՞վ էր Վարանդեան, կամ` Ահարոնեան, Խատիսեան:
Մարսէյ բնակող եւ դեռ մեր պատմութենէն եւ մշակոյթէն չանջատուած վերջին մոհիկաններէն էր զիս հոգեպէս անհանգստացուցած, անցեալի արժէքներուն մէջ իր ինքնութիւնը պահող հայը: Ի հարկէ աս հայերէն տողերը չտեսնողները եւ չընթերցողները պիտի չանհանգստանան, ոմանք ալ պիտի ըսեն, թէ ինչո՞ւ հայերէնով կ’ըլլայ այս յիշեցումը:
Մի՞թէ լուսանկարուող, տիտղոսներու տէր, դիրքեր զբաղեցնող էսթեպլիշմընթները, Եւրոպաներ, Ամերիկաներ, ազգին տիրութիւն ընելու համար յիշեցման կարիք ունին… Ի՞նչ եզրակացնել, եթէ ունին:
Եթէ միջոց ունենայի հարցախոյզեր կը կատարէի եկեղեցիներու, հանրաժողովներու ելքին եւ ցոյցերու ընթացքին` գիտնալու, թէ կը յիշէի՞ն Ահարոնեանը, Նարդունին ու Վարանդեանը եւ տարին գէթ մէկ էջ կ’ընթերցէի՞ն անոնց խօսքերէն:
Եւ ես ինծի կ’ուղղեմ չար հարցումը. ի՞նչ բանի շարունակութիւն ենք, ինչպէ՞ս շարունակութիւն ըլլալ:
Հայկական կոչուած, հայութեան անունով խօսող գերաճող էսթեպլիշմընթները կը պատասխանե՞ն հարցումին…
Ինքնամխիթարութիւն էր… Քանի տարի առաջ, Մայիս 28-ին քանի մը հոգիով եւ հայ արքեպիսկոպոսի մը հետ գացած էինք Փեր Լաշեզ:
Այդ այցելութիւնը մոռացման դէմ ուխտի օր-ժամ էր, չէր միտեր մեծանունի մը ձեռք թօթուելու կամ անոր հետ լուսանկարուիլ:
Ներկայի մէջ ի՞նչ կը կառուցուի` առանց անցեալի հանդէպ հաւատարմութեան, որ չըլլայ, կը փոխարինուի օտարումով, ինչպէս սովորութիւն է ըսել` aliénation-ով:
8 մայիս 2023, Վիլլեր-սիւր-մեր