Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութենէ Հանրապետութիւն, Տարբեր Ժամանակներ` Նման Ճգնաժամեր

Մայիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՀԱՅԿ ՊԱԹԹԱԼԵԱՆ

Ազգի մը պատմութեան մէջ տակաւին չկայ աւելի յիշատակելի եւ խորհրդանշական ձեռքբերում, քան անոր անկախութիւնն ու ինքնուրոյն պետութեան կերտումը, քանզի այդ պահէն ետք ազգը կը վերածուի քաղաքացիացած ժողովուրդի, տարածքը` հայրենի հողի, աւանդութիւնները, սովորութիւնները եւ համոզումները` արժեհամակարգի, եւ այդ ամբողջը իրարու հետ միասին` ինքնավար եւ գերիշխան պետութեան, որ կը վայելէ միջազգային ընտանիքի ճանաչումը:

Նոյնպէս եղած է պարագան հայ ազգին, որուն ժամանակակից պատմութեան մէջ չեղաւ աւելի ծանրակշիռ իրողութիւն եւ հաւաքական ճիգերով ձեռք բերուած յաղթանակ, քան Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, որուն կարճատեւ պատմութիւնը, թէեւ դժուար եւ դաժան իրադարձութիւններով բնորոշուեցաւ, սակայն միաժամանակ անիկա սկիզբ հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի վերամիացման արդի քաղաքական աշխարհին հետ, ապա հիմնաքար դարձաւ հետագայ քաղաքական ձեռքբերումներուն (Խորհրդային Հայաստան, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացում եւ Արցախի Հանրապետութիւն):

Այսօր, 105 տարիներ ետք, անկախութեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յիշատակութիւնը տարբեր իմաստներ ու խորհուրդներ մէջտեղ կը բերէ: Անցեալը ներկային հետ կապելով` ոմանք նմանութիւններ կը նկատեն ներկայ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ Ա. Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին միջեւ, առաւելաբար բաղդատութիւններ կը կատարեն 44-օրուայ պատերազմին եւ 1920-ի թրքական արշաւանքին, Շուշիի գրաւման ու Կարսի անկման եւ 9 նոյեմբերի զինադադարի ու Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրին միջեւ եւ այլ դէպքերու ու դէմքերու միջեւ:

Շրջանառութեան մէջ դրուած այս թեզը իրապէս հետաքրքրական է եւ ձեւով մը կը վկայէ այն, ինչ որ ընդհանրացած համոզում է քաղաքականութեան մէջ, թէ` «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», սակայն, արդեօք գիտականօրէն ու տրամաբանականօրէն կարելի՞ է համեմատութիւն կատարելը, մանաւանդ նկատի առնելով աշխարհագրական, պատմական, աշխարհաքաղաքական եւ զանազան այլ տուեալներու նկատելի տարբերութիւնը առաջին եւ ներկայ հանրապետութիւններուն միջեւ: Համեմատութիւն կատարելու կարելիութիւնը վիճելի նիւթ մըն է, որուն կ՛արժէ ժամանակ տրամադրել` անոր մասին մտածելու եւ ուսումնասիրելու համար, բայց վիճելի չէ այն առումով, որ անցեալի եւ ներկայի պայմանները կը նմանին իրարու, թէպէտ տարբեր նախնական դրդապատճառներու բերումով:

Իբրեւ վերջաբան, այսօրուան պայմաններուն մէջ մայիս 28-ը ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ յիշատակելէ աւելի պէտք է խոր գիտակցութեամբ ու լրջութեամբ յիշենք: Չափազանցութիւն չէ այն մտահոգութիւնը, որ վերոյիշեալ թեզերը ներկայացնողները կը կիսեն` նշելով, որ եթէ ներկայ իշխանութիւնը շարունակէ իր ընտրած արկածախնդրական ճանապարհը, ամենայն հաւանութեամբ պիտի կրկնուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նոյն ճակատագիրը: Ելքեր կա՞ն` հաստատ, իսկ ճարերը կեանքի կոչողնե՞ր…

 

 

Նախորդը

Կենա՛ցդ, Հայրենի՛ք

Յաջորդը

Փա՜ռք 1918-ի Մայիս 28-ը Կերտող Հերոսներուն

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?