Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Ակնարկ. Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի Եւ Ղարաքիլիսայի Հերոսամարտերը

Մայիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ռուսիոյ մէջ 1917-ի Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք ռուսական զօրքերը լքեցին կովկասեան ռազմաճակատը: Թրքական զօրքերուն դիմադրելու համար կազմաւորուեցան հայկական զօրամասեր:

Թրքական զօրքերը 10 փետրուար 1918-ին յարձակման անցան եւ մայիս 15-ին շարժեցան դէպի Ղարաքիլիսա (այժմ` Վանաձոր) եւ Արարատեան դաշտ` Երեւան ներխուժելու նպատակով:

Հայաստան, արտաքին աշխարհէն ամբողջովին կտրուած, չորս կողմէն շրջապատուած էր թշնամի ուժերով:

Երեւանի զօրախումբի հրամանատար զօրավար Մովսէս Սիլիկեան մայիս 18-ին ընդհանուր հրամանատարութեան տեղեկացուց, որ դրութիւնը ողբերգական է: Հայութեան գլխուն կախուած էր ի սպառ բնաջնջման վտանգը: Կացութիւնը աւելի քան օրհասական էր:

Յատուկ կոմիտէն Երեւանի նահանգի գերագոյն իշխանութիւնն էր` Երեւանի Ազգային խորհուրդի ղեկավար Արամ Մանուկեանի գլխաւորութեամբ: Արամ 1918 մարտին տիքթաթոր հռչակուած էր: Ան բազմաթիւ կոչերով ու հրամաններով դիմեց ժողովուրդին` սեփական ուժերուն վստահելու, կազմակերպուելու, պայքարելու եւ կենաց մահու կռիւ մղելու համար:

Արամի հրահանգով Երեւանի մատոյցները պաշտպանական ամրութիւններով ապահովելու աշխատանքներ սկսան, մինչ  կամաւորներ խումբ-խումբ կը հաւաքագրուէին եւ ճակատ կ՛ուղարկուէին:

Մայիս 19-ին թրքական ուժեր գրաւեցին Ախուրեանի մերձակայ Ղարաղուլա կայարանը (այժմ` Գետափ գիւղ) եւ շարժեցան դէպի Երեւան:

Զօրավար Սիլիկեան որոշեց իր ուժերը կեդրոնացնել Էջմիածնի շրջանին մէջ եւ հակայարձակման միջոցով կանխել թուրքերու յարձակումը Երեւանի վրայ:

Մայիս 20-ին հայկական յառաջապահ ուժերը նահանջեցին եւ կեդրոնացան Սարդարապատի դաշտին մէջ:

Գէորգ Ե. կաթողիկոս  հայոց զօրքին կոչ ուղղեց` վճռական դիմադրութիւն ցոյց տալու անարգ թշնամիին:

Գէորգ Ե.ի հրամանով, Էջմիածնի եւ շրջակայքին`  Արագածի լանջերէն մինչեւ Արաքս, Սարդարապատէն մինչեւ Սեւան, գիշեր-ցերեկ անընդհատ ղօղանջեցին բոլոր եկեղեցիներու զանգերը, զէնքի կանչելով ժողովուրդը: Մայիս 21-ին թրքական հետեւակ, հեծեալ եւ հրետանային ստորաբաժանումները Արաքս կայարանէն շարունակեցին յարձակումը: Երեկոյեան դէմ հայկական ուժերը նահանջեցին: Թուրքերը երկաթուղագիծի ուղղութեամբ գրաւեցին Սարդարապատ կայարանը եւ համանուն գիւղը:

Մայիս 22-ին հայկական ուժերը` գնդապետ Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի հրամանատարութեամբ, հակայարձակման անցան եւ վերագրաւեցին Սարդարապատ կայարանը եւ գիւղը, Գեչրլուն եւ  Մոլլապայազէտը (այժմ` Բամպակաշատ): Թրքական յառաջապահ ուժերը ջախջախուեցան եւ նահանջեցին Արաքս կայարանի ուղղութեամբ:

Մայիս 23-ին հայկական ուժերը վերախմբուեցան: Յառաջապահ զօրամասերը դիրքաւորուեցան Սարդարապատ-Թալին ճանապարհին եւ Սարդարապատ կայարանէն արեւմուտք:

Մայիս 24-ին թուրքերը յարձակման անցան, բայց հայկական հրետանիի կրակին տակ ետ քաշուեցան: Դիրքերը մնացին անփոփոխ:

Մայիս 25-ին, զօրավար Սիլիկեանի հրամանով, ուժերու նոր վերախմբաւորում կատարուեցաւ: Հայկական ուժերը յարձակման անցան, բայց թրքական դիրքերը մնացին անխոցելի:

Մայիս 26-ի առաւօտուն հայկական հրաձգային հինգերորդ գունդի առաջին գումարտակը յարձակման անցաւ, բայց ծանր կորուստներ տալէ ետք ետ քաշուեցաւ:

Մայիս 26-էն 27 լուսցող գիշերուան ընթացքին զօրավար Սիլիկեան պատրաստեց ռազմական նոր ծրագիր, որուն համաձայն, Խզնաուզի (այժմ` Արագած գիւղ) եւ Կոշի մէջ տեղակայուած ջոկատները արագ շրջանց-զօրաշարժ պիտի կատարէին եւ բարձունքները գրաւած թրքական ուժերը թիկունքէն հարուածելով պիտի աջակցէին ճակատային գրոհներուն: Մայիս 27-ի արեւածագին Խզնաուզի ջոկատը (Երզնկայի գունդը) յարձակման անցաւ եւ մինչեւ կէսօր շրջանցեց թրքական յառաջապահ ուժերու ձախ թեւը: Նոյն ժամանակ Կոշի ջոկատը, չկարենալով յաղթահարել թրքական զօրքերու դիմադրութիւնը Ներքին Կալակուտ գիւղին մօտ, կանգ առաւ:

Երզնկայի գունդը, գնդապետ Կարապետ Հասան Փաշայեանի հրամանատարութեան տակ, այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի հարաւ` ճնշելով թրքական հրետանիի եւ գնդացիրներու կրակը:

Մարտավարական այս փայլուն յաղթանակէն ետք յարձակման անցան Սարդարապատի ջոկատի երկու զօրասիւները: Դանիէլ Բէկ Փիրումեան անձամբ ղեկավարեց մարտը:

Թրքական զօրքերը, հայկական զօրքերու թեւային եւ ճակատային շեշտակի հարուածներուն տակ նահանջեցին դէպի Ղարաբուրուն կայարան-Ղարաբուրուն լեռ գիծը: Անոնց գումակները քաշուեցան Ախուրեանի արեւմտեան ափը: Խուճապային նահանջին պատճառով թշնամի խմբաւորումներուն միջեւ կապը խզուեցաւ:

Մայիս 27-էն 28 լուսցող գիշերուան ընթացքին հայկական ուժերը յառաջանալով հասան Ղարաբուրուն կայարան, Ղզըլ-թափա լեռ գիծը:

Մայիս 28-ին թուրքեր խուճապահար փախուստի սկսան դիմել:

Մայիս 29-ին, նոր ուժերով համալրուելով, թուրքերը հակայարձակման անցան Արագած կայարանին վրայ: Հայկական յառաջապահ ուժերը, թրքական հրետանիի կրակին տակ եւ թրքական հեծելազօրքին կողմէ իրենց ձախ թեւի շրջանցման վտանգին տակ` նահանջեցին դէպի Ղարաբուրուն:

Զօրավար Մովսէս Սիլիկեան դիմեց ժողովուրդին եւ զօրքին` շարունակելու դէպի Ալեքսանդրապոլ յառաջխաղացքը:

Սակայն Պաթումի մէջ հայկական պատուիրակութեան կողմէ թրքական եռօրեայ  ժամկէտով վերջնագիրի ընդունման հիմամբ զինադադար հաստատուեցաւ: Զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի մայիս 29-ի հրամանով հայկական զօրքերը յարձակումը դադրեցուցին:

* * *

Բաշ Ապարանի գաւառին մէջ ծանր բախումները սկսան մայիս 22-ին, Դաւաբոյինի բարձունքներուն, Քասաղ գետի բլուրներուն եւ Արագածի լեռնալանջերուն: Թրքական յառաջապահ ջոկատները, որոնք լուրջ դիմադրութիւն չէին սպասեր, կորուստներ տալով կանգ առին:

Մայիս 23-ին թուրքերը հրետանային ու գնդացիրային ուժեղ կրակի տակ առին հայկական դիրքերը: Յամառ դիմադրութենէ եւ ծանր կորուստներէ ետք, Արսէն Տէր Պօղոսեանի հրամանով հայկական ուժերը նահանջեցին պաշտպանական երկրորդ գիծ:

Շրջանցելով Ապարանը եւ յարձակման անցնելով երկու ուղղութիւններով, թուրքեր փորձեցին թեւերէն տեղացող հարուածներով ընկճել հայ մարտիկներուն դիմադրութիւնը:

Թրքական հրամանատարութեան նպատակն էր հիւսիսէն արշաւել Երեւանի վրայ, անցնիլ Սարդարապատի մէջ կեդրոնացած հայկական զօրքերու թիկունքը եւ զանոնք կտրել Երեւանէն:

Բաշ Ապարանի ռազմաճակատին վրայ հայկական զօրագունդերու հրամանատարութիւնը վստահուեցաւ Դրոյին: Դրօ իր զօրախումբով Բաշ Ապարան հասաւ մայիս 23-ի երեկոյեան:

Դրօ իր ուժերով յարձակման անցաւ, Ապարանի երկայնքին ետ շպրտեց թուրքերը եւ շարժեցաւ դէպի Դանագիրմազ եւ Ղոնդաղսազ:

Մայիս 25-ին թուրքերը լայնածաւալ յարձակման անցան: Կէսօրին, անձրեւի տակ, անոնք Սարալանջ գիւղէն արեւելք փորձեցին անցնիլ յորդացած Քասաղ գետը, դուրս գալ հայկական ուժերու թիկունքը եւ խորտակել ապարանցիներու դիմադրութիւնը: Բայց հայկական ուժերը գրաւեցին Քասաղի երկու ափերու բարձունքները, կրակի տակ առին թուրքերը եւ ստիպեցին անոնց նահանջել:

Յետմիջօրէին թուրքերը գրոհի անցան Արագածի լանջերուն, ճեղքեցին հայոց պաշտպանութիւնը եւ թափանցեցին հայկական ուժերու թիկունքը, բայց հայկական ուժերը յաջողեցան կասեցնել անոնց յառաջխաղացքը եւ երկու կրակի տակ առին զանոնք: Մայիս 26-ին թուրքեր քանի մը ուղղութիւններով փորձեցին յառաջանալ, բայց կասեցուեցան:

Մայիս 27-ին հայկական նոր ուժեր հասան Ապարան: Հայկական ուժերուն միացած էին նաեւ եզիտի կռուող ուժեր` Ջհանգիր աղայի գլխաւորութեամբ:

Հայկական ուժերը յարձակման անցան ճակատի երկայնքին: Բուռն բախումներէ ետք թուրքեր նահանջեցին Նիգաւանէն եւ Մելիք գիւղէն եւ շրջակայ բարձունքներուն վրայ կեդրոնացան:

Մայիս 28-ին Դրօ անձնապէս գրոհի առաջնորդեց իր ուժերը: Թրքական դիրքերը գրաւուեցան մէկը միւսին ետեւէն: Հերոսաբար զոհուեցան շարք մը քաջորդիներ:

Հայկական ուժերը գրոհը շարունակեցին ամբողջ գիշերը:

Մայիս 29-ին հայկական ուժերու յարձակումները շարունակուեցան: Թրքական զօրքերը` ցիրուցան, սկսան փախուստ տալ դէպի Համամլու: Երեկոյեան թուրքերը սպիտակ դրօշակ բարձրացուցին: Թուրք բռնագնացներ բանակցութեան մէջ մտան Դրոյի հետ եւ յայտարարեցին, որ Պաթումի մէջ զինադադար ստորագրուած է, ուստի պէտք է դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները:

* * *

Դէպի Ղարաքիլիսա (այժմ` Վանաձոր) շարժող թրքական զօրքերը առանց դիմադրութեան հանդիպելու մայիս 21-ին գրաւեցին ճանապարհային կարեւոր հանգոյց Համամլուն եւ Վորոնցովկան (այժմ` Տաշիր):

Հայկական ուժերը սկսան նահանջել դէպի Ղարաքիլիսա: Անոնք հրաման ստացան ետ քաշուիլ դէպի Դիլիջան: Ջալալօղլիի (այժմ` Ստեփանաւան) շուրջ կեդրոնացած Անդրանիկի ջոկատը կռուի բռնուեցաւ թուրքերուն հետ:

Մայիս 22-ին թրքական յառաջապահ ուժերը հասան Ղշլաղ (այժմ` Վանաձորի Տաւրոս թաղամաս): Երկօրեայ կռիւներէ ետք Անդրանիկի ջոկատը Ջալալօղլիէն քաշուեցաւ եւ նահանջեց դէպի Դսեղ, ուր հասաւ մայիս 23-ին:

Մայիս 24-ին զօրավար Նազարբէկեանի հրամանով Դիլիջան ժամանեց Ղազախի տարածքային գունդը` համալրելու համար Ղարաքիլիսայի ջոկատը: Ղարաքիլիսայի ջոկատը վերակազմակերպուեցաւ եւ մարտական կարգով վերագրաւեց իր կողմէ լքուած Ղարաքիլիսան:

Մայիս 25-ին հայկական ուժերը յարձակման անցան եւ գրաւեցին Ղշլաղը եւ Դարբասը: Կատաղի կռիւներ մղուեցան Արջուտ կիսակայարան – 750 բ. 1010 բ.- Հաջիղարա (այժմ` Լեռնապատ գիւղ) գիծին վրայ: Գնդապետ Նիկոլայ Ղորղանեան հեծելագունդը գրոհի նետեց Արջուտ կիսակայարանին վրայ, որ սակայն թրքական հրետանային կրակին տակ կանգնուեցաւ: Հաջիղարայի արիւնահեղ գօտեմարտին հերոսաբար զոհուեցաւ չորրորդ հրետանային մարտկոցի հրամանատար գնդապետ Գուրգէն Մովսէսեանց:

Մայիս 26-ին գնդապետ Աթաբէկ բէյ Մամիկոնեան յարձակման հրաման տուաւ: Գնդապետ Ղորղանեանի ուժերը մինչեւ երեկոյ գրաւեցին 962 եւ 750 բարձունքները: Հայկական հեծելագունդի երկու վաշտեր հետապնդեցին նահանջող թշնամին:

Գիշերը թուրքեր ամրացան Արջուտ-904 բ. դիրքերուն վրայ, իսկ Ղորղանեանի ուժերը բռնեցին Իրխանլի-750 բ.-962 բ. գիծը:

Հայկական ուժերը յարձակման անցան Գեադա-Մայմեխ լերան վրայէն: Թուրքերը նահանջեցին եւ քաշուեցան 1010 բ.էն եւ Հաջիղարայէն:

Մայիս 27-ին գնդապետ Ղորղանեանի հրամանով Արջուտ գիւղի ուղղութեամբ յարձակման անցաւ Էրզրումի գունդը: Գրեթէ ամբողջ օրը տեւած անյաջող յարձակումը կասեցուեցաւ թուրքերու հրետանային ուժեղ կրակի եւ անոնց կողմէ հայկական աջ ու ձախ թեւերու շրջանցման պայմաններուն տակ:

Թրքական ուժերը բուռն հակայարձակման անցան եւ խոր կերպով շրջանցեցին հայկական ձախ թեւին մէջ գործող երրորդ հրացանաձիգ գունդին ձախ թեւը. կատաղի կռիւներէ ետք թուրքեր գրաւեցին Գեադա-Մայմեխ լեռը:

Թուրքերը վճռական յարձակման անցան նաեւ հայկական աջ թեւին վրայ: Հայկական ուժերը նահանջեցին դէպի Ահմէտաղիւրտ լեռ եւ Ղշլաղ:

Մայիս 28-ի առաւօտուն թուրքեր վերսկսան յարձակման, գրաւեցին Շորա-տաղ լեռը եւ խոր կերպով շրջանցեցին հայկական պաշտպանութեան աջ թեւը: Հարաւային թեւին վրայ Գեադա-Մայմեխէն հասցուած հարուածով թուրքեր ընկճեցին հայկական ձախ թեւի դիմադրութիւնը եւ խոր շրջանցումով դուրս եկան Ղարաքիլիսայի թիկունքը, Դիլիջանի խճուղիին վրայ գտնուող Վարդանլու գիւղը` այդպիսով փակելով դէպի Դիլիջան հայկական զօրքերու նահանջի ճամբան:

Ստեղծուած ճգնաժամային կացութեան պայմաններուն տակ գնդապետ Աթաբէկ Մամիկոնեան նահանջի հրաման տուաւ:

Գնդապետ Ղորղանեան իր եւ այլ զօրամասերու մնացորդներուն հետ երկաթուղագիծով նահանջեց դէպի հիւսիս` Շահալի: Ղարաքիլիսայէն դէպի Շահալի (այժմ` Վահագնի գիւղ) նահանջէն ետք երկաթուղագիծը կտրուեցաւ թշնամիին կողմէ, եւ Ղարաքիլիսա ամբողջովին շրջափակուեցաւ: Շրջապատման մէջ մնացած հայ զինուորներն ու սպաները, քանի մը ժամուան կատաղի  դիմադրութենէ ետք, ոմանք զոհուեցան, եւ երբ զինամթերքը սպառեցաւ, մնացողները անձնատուր եղան եւ գերի ինկան: Մայիս 28-ի երեկոյեան թուրքեր մտան Ղարաքիլիսա:

Յաջորդող օրերուն Ղարաքիլիսայի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ թուրք ջարդարարները կոտորեցին հազարաւոր հայեր: Փամբակի եւ Լոռիի գրաւեալ մասի հայկական գիւղերը ամայացան:

Զօրավար Անդրանիկ բազմահազար գաղթականութեան հետ Դսեղէն անցաւ Դիլիջան եւ զօրավար Նազարբէկեանի հրամանով ստանձնեց Դիլիջանի շրջանի պաշտպանութիւնը:

Ղարաքիլիսայի ճակատամարտին հայկական զօրքերը թէեւ ծանր պարտութիւն կրեցին, բայց թրքական զօրքերն ալ իրենց կարգին շատ մեծ կորուստներ տուին եւ այլեւս չհամարձակեցան շարունակել յարձակումը Դիլիջան-Ղազախ ուղղութեամբ: Անոնք հրաժարեցան Թիֆլիս հասնելու մտադրութենէն:

 

 

Նախորդը

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Յաջորդը

Ահագնագոռ Ղօղանջներ Սարդարապատէն

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

Սեպտեմբեր 27, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Մեղաւոր Է… Դաշնակցութիւնը

Սեպտեմբեր 27, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Բոլորս Արցախ Ենք

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In