Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կենա՛ցդ, Հայրենի՛ք

Մայիս 27, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մայիս 28 է…

Սակայն տակաւին հոս-հոն, մահամերձի նման, կ՛ապրինք տառապանքով եւ պառակտումով: Տխուր է մեր հոգին` մեր երկրին նման: Կործանած են մեր զգաստութեան աշտարակները, որմէ կ՛արձագանգուէին ազատութեան եւ անկախութեան կարգախօսները: Ապականած մթնոլորտով կ՛ապրինք ամէն օր, գիտակցաբար եւ անգիտակցաբար ու դարձած` փառամոլներ եւ մէկական նիւթապաշտներ: Մեր կեանքի գետերուն ջուրերը նեխած են եւ` մամուռ կապած: Մեր սրբազան իտէալները, որոնք մեզ կ՛առաջնորդէին, մեռած են մեր անձնասիրութեան, եսասիրութեան, ձրի ծափահարութիւններուն եւ փառամոլութեան հարուածներուն տակ: Կարծես մկրտուած ենք զրպարտութեան ջուրերուն մէջ: Կարծես մեր գիտակցութենէն հեռացած ենք: Նիհար յաղթանակներու վազքին մէկական սիրահարներ դարձած ենք: Ժլատ յաջողութիւններով,  հիասթափող իրականութիւններով հպարտացողներ:

Յուզիչ է մեր ձայնը եւ նոյնքան ալ` տխուր, յուսահատական եւ խռպոտ: Եւ կարծես այս ձեւով ալ պիտի մնանք, այնքան ատեն որ մեր ներկայ սողացող կեանքին մէջ կառչած կը մնանք մեր անձնասիրութեան, անձնական հակումներուն:

Մեր առօրեայէն ատելութիւնը տակաւին արմատախիլ չէ եղած: Արդ, ինչպէ՞ս պիտի ակնկալենք նոր սերունդէն հայրենի տան սահմաններու պահպանումը` ստեղծագործելու կորովին եւ արդարութեան փնտռտուքին կողքին: Սխալ պատուանդաններու վրայ զետեղած ենք մեր պաշտամունքի աստուածները: Օտարները նոր շղթաներ դարբնած են մեր վզին` մեր սխալ ուղղութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Թունաւորուած հոգիներով շրջապատուած ենք: Տակաւին չենք կրցած նոյնիսկ կարդալ ազդանշանները այն մեծ աղէտին, որ ծնած է պապենական հողերու կորուստին պատճառով, որովհետեւ նստած ենք անտարբերութեան գիրկը` պատմութեան հորիզոնին վրայ:

Պատմութիւնը մեզի դասեր սորվեցուցած էր, բայց աւա՜ղ… տակաւին տող մը իսկ չենք հասկցած… աւելի ճիշդ` չենք ուզած կարդալ ու հասկնալ…

Կարծես մեր տագնապը թոյնի եւ ատելութեան խմորով է շաղուած: Մոռցած ենք ստեղծագործ արդարութեամբ եւ համերաշխութեամբ ապրիլը: Կանգ առած ենք կոյր ատելութեան եզրին եւ` աննպատակ քայլերով առաջնորդուած:

Անհատական եսին եւ ախորժակին ճարակ դարձած ենք: Մենք ատելութեան խօլական վազք մը ունինք, որ գրկած է մեր ամբողջ միտքը: Ամօ՛թ է…

Կորսնցուցած ենք ճշմարտութիւններ տեսնելու մեր աչքերը: Մեր հոգիները դարձած են անապատ: Տեսանելի է ամէն բան:

Ասոնք են մեր սխալներուն միջուկները, որոնցմով տարիներէ ի վեր կը սնանինք:

Դարձեալ մայիս 28 է… կ՛ըսեմ: Վերյիշենք: Սորվինք:

Սկզբունքներու ճշմարտութիւնը եւ յաղթանակը միաբանութիւնն է, ըսած են մեր բոլոր հերոսները: Ուստի իրաւունք չունինք վաղուան սերունդներուն կեանքը պղտորել մեր կեղծ եւ նոյնքան ալ պիղծ պարկեշտութեամբ:

Չենք ուզեր, որ մեր դէմքն ու ազգային զգեստը աղտոտի աշխարհի փողոցներու ցեխին մէջ: Աւելի՛ն… անպայման թագաւոր կամ ղեկավար մը պէտք չէ ըլլալ այս բոլորը ընելու համար: Ճշմարիտ հաւատքը անհատական համոզումէն կը ծնի:

Ուրիշներու հաւատալը հիմնական պատճառ մը չի կրնար ըլլալ մեր հաւատալուն: Վէճ, վիճիլ` յաճախ յառաջդիմելու կը ծառայեն: Երբ այս ճշմարտութիւնը որդեգրուի, դիւրին կ՛ըլլայ ըմբռնել, թէ ի՛նչ կը նշանակէ քննադատել եւ քննադատութիւն:

Ինքնագիտակցութիւնը կենսական աւիշ է` հասնելու նպատակին:

Այս բոլորին մէջ յաղթող կամ պարտուող չկայ, կայ միայն զոհաբերութիւն եւ յարգանք` իրարու կարծիքի նկատմամբ: Ուժերու մեկտեղում է պէտք, որպէսզի արժանի ըլլանք ժառանգորդները այն մեծերուն, որոնք եկան եւ կերտեցին մայիսեան այս անկախութիւնը:

Այս ձեւով, վերջ ի վերջոյ յաւիտենական նախատինք պիտի քսուի մեր ճակտին:

Բոլորս հայրենիքը փրկելու եւ ազգը վերստեղծելու կոչուած ենք եւ ոչ թէ` զիրար հալածելու, ստորացնելու եւ կամ վարկաբեկելու: Մենք, որ մեր հողերուն եւ երկրին ազատութեան մարտիրոսներ ծնած ենք, աւա՜ղ, այս օրերուն ատելութեամբ եւ ոխով լեցուցած ենք: Մենք նաեւ ապրելու եւ ապրեցնելու կոչուած ազգ էինք, եւ եթէ մենք զմեզ լաւ ճանչնանք ու մնանք նոյն ձեւով, պիտի կորսուինք: Մեզմէ կ՛օրինակուէին շատ ազգեր: Իսկ հիմա` հակառակը: Նոյն այդ մեր «մենք»-ը դարձած է ուրիշները ընդօրինակող:

Դարձեալ մայիս 28 է… պատեհ առիթ է զգաստանալու… կը կրկնեմ:

Կը հաւատամ, որ վերջապէս բախտաւոր օր մը գիտակցութեան գալով` պիտի կարենանք յաղթանակել մեր բոլոր դժուարութիւններուն, նուիրումի եւ անձնազոհութեան պատմական բոցով եւ ազգովին դարձեալ պիտի ջերմանանք:

Ուստի նախապայման է պահել մեր ամբողջութիւնը, որպէսզի ուժի մեր մեծ ու փոքր բոլոր մասնիկները չկորսուին:

Այս մէկը նուիրական պարտք մըն է բոլորիս ճիտին:

105 տարի առաջ նոր պատմութիւն կերտեցինք: Մեզի կ՛իյնայ նոյն այդ պատմութենէն մեզի հասնող պատգամները անգամ մը եւս լսել, որպէսզի մեր միջնաբերդը ամրանայ, որպէսզի վաղուան սերունդներուն բերնին մէջ կրկին անգամ ազատութեան երգը թրթռայ` բարձրաձայն եւ աշխարհի հասանելի:

Վաղուան սերունդը պէտք ունի` փրկարար ներշնչումի, նոր ծրագիր-աշխատանքներու իրագործման, դրական մտածողութեան, վեհանձնութեան, արիութեան, քաջութեան, նուիրումի ու հպարտանքի, անկեղծութեան, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան օրինակներու:

Հաւատացէ՛ք, տակաւին շատ հերոսներ, նոյնպէս ալ դաւաճաններ, յաղթանակներ եւ պարտութիւններ պիտի գան ու երթան, պիտի արձանագրուին ու պիտի լուսաւորեն կամ մթագնեն մեր պատմութեան էջերը:

Մենք մինչեւ հիմա պէտք էր որ գիտնայինք ոչ միայն սիրել մեր թշնամիները, այլեւ` ատել կեղծ բարեկամները:

Օրէնքի համազօր եւ համահաւասար կարգապահութիւնն ու գիտակցութիւնն է, որոնք պիտի ապահովեն մեր ազգի գոյութիւնը, հայրենիքի ներկան եւ ապահովեն անոր փայլուն ապագան: Ժամանակն է, որ խորտակենք մեր իսկ ձեռքերով ստեղծած մեր կեղծ կուռքերը: Չարիքը խափանենք: Ստեղծենք համերաշխութեան ոգին` մոռնալով անմիաբանութեան բոլոր լծակները:

Մենք ազատութիւն եւ արդարութիւն կը տենչանք մեր հայրենիքին մէջ, ոչ թէ` բռնակալ եւ քարացած մտայնութեամբ առաջնորդ: Կարծես սկսած ենք աշխարհի գռեհիկ տիղմերու մէջ ման գալ, պատիւի եւ արժանապատուութեան սին ծափողջոյններով յղփանալ եւ կեղծ պաշտամունքով գոհանալ:

Այս բոլոր պատրանքներէն սթափիլ է պէտք, որովհետեւ ազգովին համոզուած ենք, որ մեր վերելքը գրաւականն է մեր յաղթանակին:

Չփորձենք երեք տասնամեակնէրէ աւելի մեր ազատ եւ անկախ հայրենի շէնքին քարերը քանդել: Լա՛ւ գիտցէք… վաղը դուք ձեր ստեղծած այդ աւերակներուն վրայ պիտի ապրիք, եւ այդ քարերը հաւանաբար ալ ձեր տապանաքարերը կրնան ըլլալ: Հոգ չէ` սխալներ եղած են: Գործուած են: Բայց շնորհիւ լայնախոհութեան  եւ ինքնաճանաչման` վաղը նոր սերունդի շինարար քարակոփերու ձեռքերը, օրինակ առնելով Մայիսեան յաղթանակէն` նորէն պիտի ձեւաւորեն շէնքը, նոր կառոյցով, նոր ճարտարապետութեամբ:

Թէեւ շէնքին եւ քարերուն ձեւերը կամ տեղերը կրնան փոխուիլ կամ իրենց ծաւալէն կրնան որոշ մասեր կորսնցնել, բայց չեն դադրիր նոր եւ արդիական շինուածքի մը ծառայելու յարմարութիւններ ըլլալէ:

Այս բոլորը, որպէսզի չդառնանք ամբոխային եւ աններդաշնակ: Այլապէս կը քանդուինք եւ կը կազմալուծուինք ու վերջապէս սիրոյ եւ համերաշխութեան թաղումը մեր ձեռքերով կը կատարենք` լքումի եւ հիասթափութեան խորշոմներովը մեր ճակտին:

Մեր ազգային կորովը պէտք է նոյն աւազանին մէջ հոսի ստեղծելու համար մեր միասնականութիւնը, որովհետեւ եթէ մեր բարոյական արժէքները անշարժութեան մատնուին… կը քանդուինք:

Ի՞նչ փոյթ, եթէ վիճինք, կամ վիճաբանինք: Էականը մեր ազգային սկզբունքներէն չշեղիլն է: Ներդաշնակենք մեր դրական գաղափարներու թելերը իրականութեան լանջին, զոհողութեան եւ զոհաբերութեան ոգիով, յօժարակամութեամբ, յարգանքով, սիրով եւ գիտակցութեամբ: Հաւատացէ՛ք… ժողովուրդ մը երիտասարդ է, երբ իր հոգին նաւարկել գիտէ:

Տկար հոգիները միայն կը մնան կառչած անձնասիրութեան աթոռներուն:

Հարկ է անպայման հետեւիլ մայիս 28-ի խորհուրդին եւ ոգիին, որպէսզի ապահովենք մայիսեան նոր արշալոյս:

Մինչ`

Մայիսեան յաղթանակդ շնորհաւոր, հա՛յ ժողովուրդ:

Կենա՛ցդ,` Հայաստա՛ն, հայ ժողովուրդի միա՛կ հայրենիք:

[email protected]

Նախորդը

Հայեացքը` Լուսաստղին Մայիս 28

Յաջորդը

Հանրապետութենէ Հանրապետութիւն, Տարբեր Ժամանակներ` Նման Ճգնաժամեր

RelatedPosts

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Ի՞նչ Եւ Ո՞ր Օրուան Կը Սպասեն Քաջերը…

Սեպտեմբեր 27, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Մեղաւոր Է… Դաշնակցութիւնը

Սեպտեմբեր 27, 2023
Նոր Օսմանականութեան Սպառնալիք` Հայ-Իրանական Համատեղ Շահերին
Անդրադարձ

Բոլորս Արցախ Ենք

Սեպտեմբեր 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In