Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի Յուշ. Մարգա՜րը

August 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Համազգայինի մշակութային անմոռանալի համախմբումին, Թորոնթօ, 1987-ին` համազգայնականներ` խումբ մը մտաւորականներու հետ. ոտքի, ձախէն երկրորդը` Մարգար Շարապխանեան:

Այնքան դժուար է ստորոգելիներ դնելը այս անունին քով, որ միայն երկար մը զետեղեցի` ընթերցողին ձգելով երեւակայել այդ ստորոգելիները:

Իրապէս, ի՞նչ գրէի. երէց եղբա՞յր, անխոնջ ու անդաւաճան գործակի՞ց, սրտակից ընկե՞ր, հայ մշակոյթի նուիրեալ սպասարկո՞ւ… եւ դեռ ինչե՜ր:

Ճիշդ այն պահուն, երբ աւարտեցի նոր հատորս` այս աշխարհէն հրաժեշտ առած ինծի այնքան սիրելի դէմքերու նուիրուած, ահա Մարգար Շարապխանեանն ալ կ՛երթայ ու կը միանայ անոնց` յաւելեալ պարապ մը ստեղծելով իմ շուրջ:

Անոր հետ հանդիպումներս զիս կը տանին կէս դար ետ, ու չեմ կրնար մտքէս հանել, թէ ինչպէ՛ս, առաջին իսկ առթիւ, ի՛ր տան մէջ ժողովէ մը ետք, դէմ յանդիման կու գայի կարծես ինծի հինէ՜ն ծանօթ ընկերոջ մը` նոյն մտահոգութիւնները ունեցող, նոյն տեսլականով առաջնորդուող, նոյն նպատակները հետապնդող:

Համազգայինի կազմաւորման տարիներն էին աշխարհի այս ափերուն: Մոնրէալն ու Թորոնթոն արդէն յառաջացուցեր էին միութեան իրենց մասնաճիւղերը, սակայն կային նաեւ մշակութային նախաձեռնութիւններ հետապնդող այլ փոքրիկ միաւորներ, որոնք անջատ կը գործէին Քանատայի ու ԱՄՆ-ի մէջ: Մենք յանձն էինք առեր համախմբել զանոնք, միացնել անոնց ուժերը աւելի մեծ` շրջանային կազմակերպութիւններու մէջ: Հիմա, երբ կը վերյիշեմ այդ օրերը, մեզ երկուքս կը նմանցնեմ ուխտաւորներու եւ մեր այցելած քաղաքներն ու աւանները` ուխտատեղիներու, ուր պիտի հանդիպէինք մեզի պէս մտածող եւ մեր լեզուին ու մշակոյթին ծառայելու պատրաստ ուժերու, անոնցմէ ալ պիտի ներշնչուէինք եւ ուժ առնէինք ու զարգացնէինք մեր սկսած գործը: 1976-ին Մոնրէալի մէջ պիտի կազմուէր Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանային միացեալ վարչութիւնը` հինգ անդամներով, մենք երկուքս` Քանատայէն, ընկերուհի մը եւ երեք ընկերներ ալ` ԱՄՆ-ի արեւելեան շրջանէն: Յետոյ, արդէն տարի մը ետք, երկու երկիրները պիտի օժտուէին իրենց սեփական շրջանային վարչութիւններով, միատեղ պիտի կազմակերպէին մշակութային համախմբումներ ու… մնացեալը արդէն պատմութեան կը պատկանի: Անկէ ետք երկար տարիներ մենք գործակիցներ պիտի ըլլայինք եւ` ոչ միայն Համազգայինի ճամբով: «Հորիզոն»-ը եւս մեզ միացնող ազդակներէն մէկը պիտի հանդիսանար: Իր յօդուածներով ու յունական գրականութենէն թարգմանութիւններով Մարգար մնայուն աշխատակիցս պիտի հանդիսանար:

Մարգար պիտի վայելէր իր կողակից ընկհ. Էլիզի քաջալերանքը, նեցուկը եւ գործակցութիւնը` իր բոլոր իրագործումներուն եւ պաշտօնավարութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ` իբրեւ տնօրէնը Թորոնթոյի ամէնօրեայ մեր վարժարանին, իսկ իրենց տունը միշտ բաց պիտի ըլլար մեր առջեւ, ուր, ուրիշներու նման, ես ալ մնայուն սենեակ մը ունէի` կարծես իբրեւ տան անդամ, երբ որեւէ պատճառով Օնթարիօ այցելէի…

Մարգար կարեւոր ներկայութիւն էր նաեւ մեր կուսակցական շրջանային ժողովներուն մէջ` ստանձնելով դիւանական պաշտօններ:

Մարգարի կենսագրութիւնը սերտօրէն կապուած է Քանատայի մեր գաղութին ու Թորոնթոյի մեր համայնքի կենսագրութեան, որ անպայման պէտք է լրիւ գրի առնուի:

Քանատա թէ Հայաստան, ուր ապրեցան իրենց կեանքի այս վերջին տասնամեակները` կեանքի երազ մը իրականացնելով, Մարգար եւ Էլիզ յաճախ կ՛երեւին յուշագրութիւններուս մէջ: Այս քանի մը տողն ալ` իբրեւ յաւելում, ի յուշ, որ իր ալ յիշատակը մնայ անթառամ:

Հայրենի հողը ջերմ պահէ աճիւններդ, սիրելի՛ ընկեր:

 

 

 

 

Նախորդը

Մարգար Շարապխանեան

Յաջորդը

Բոլորին Սիրելի Պետիկը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.