Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կանաչ Ժամը Եւ Կուսանաց Անապատը

Օգոստոս 23, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թեմական Եւ Օրիորդաց Դպրոցներ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի մայրաքաղաք Շուշի ԺԹ. դարու կէսերուն անհամեմատօրէն ընդարձակուեցաւ եւ դարձաւ բարգաւաճ քաղաք: Թոփխանան քաղաքին գլխաւոր հրապարակն էր եւ առեւտրական կեդրոնը: Գլխաւոր թաղամասերը` Ագուլեցոց, Ղազանչեցոց, Մեղրեցոց, Մելիքենց, Քամու աղացի, Նոր, Ղումլուղի, Խանձկենց, Կազարմէն, Վերին, Փոստի, Վանքի, Աղբրին, Աղաբէկենց, Հին Հանգստարանի, Դաբաղների Ձորի, Բագունց Հորերի եւ Կեաւուր Ղալա:

Շուշի ունէր տասնմէկ փողոց, վեց հրապարակ, քարաշէն չորս եւ փայտաշէն երկու կամուրջ:

* * *

Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, կոչուած` Կանաչ ժամ, քաղաքին հիւսիսային կողմը, Նոր թաղին մէջ, խաչաձեւ է, առանց սիւներու, թաղակապ եւ սրբատաշ քարով, ունի երկու դուռ` հիւսիսային եւ հարաւային կողմերէն: Արեւմտեան կողմը զանգակատունն է:

Եկեղեցւոյ մէջ պահուող մագաղաթեայ աւետարանը գրչագիր էր, փոքր նկարներով, նախշերով ու ծաղիկներով: Յիշատակարանին մէջ արձանագրուած էր. «Արդ գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի յերկրիս մերում Կեղւաձոր ի գեողն, որ կոչի Կից. ի դրանէ Սուրբ Ստեփաննոսի ի հայրապետութեան Սուրբ Էջմիածնայ տէր Եղիազարու ի հովուապետութեան Ըստաթէի տէր Յովհաննէս արքեպիսկոպոսի եւ սորին սպասաւոր տէր Զաքարիա վարդապետի. ամէն: Արդ գրեցաւ սուրբ աւետարանս թվ. ՌՃԼԳ. յունվ. Ժ. աւարտ սորա ի թագաւորութիւնն Պարսից Շահ Սուլմանի եւ դիտող յերկրիս մերում զԲաբդար Սուլդանն, որում չարչարանք կորուսուց յերկիրս, որ ետ Աստուած զերեք պատուհասն Հաճի Ալի խան սարդար եղեւ, եկեալ ԽԲՌ. հեծելով բնակեցաւ ի քաղաքն Կանջայ եւ բազում աւերութիւն արար ի Հայոց աշխարհիս եւ յետ նորա զմարախն եւ զերաշտութիւնն եւ բազումք կորեան վասն անհնչութեան իւրեանց… դարձեալ յիշէք զՇնաթաղու քահանայ զտէր Առաքելն եւ զտէր Գրիգորն, որ եղեւ պատճառ սորին եւ տանուտէր Շապանն»:

Յաջորդ արձանագրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Կրկին յիշատակ է սուրբ աւետարանս Անդամէջցի Ծատուրի որդի Սիրականին, որ գերի էր անկեալ (աւետարանս) ի ձեռս այլազգեաց, վերոյ (գրեալ) Սիրականն ազատեց եւ յետ յիշատակ Անդամիջոյ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցւոյն, որոյ յիշատակն օրհնութեամբ եղիցի… գրեցաւ ի թվն. ՌՄԽԵ. (1796) սէպ ԺԵ.»:

Աւետարանը եկեղեցիին նուիրած էր Աւագ Դանիէլեան Ղազարեանց, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Յիշատակ ետու սուրբ աւետարանս Շուշա քաղաքացի Աւագ Դանիէլեան Ղազարեանցս Սրբոյն Յովհաննու Մկրտչի եկեղեցւոյն յիշատակ հոգւոց մերոց, որոյ յիշեցէք զպատճառն սորա, զի այլոց կալայ (գնեցի յայլմէ) թուական Քրիստոսի հազար ութհարիւր ութսուն երեք ամի Ժ. մարտի»:

* * *

Կուսանաց անապատը, Մեղրեցոց եւ Նոր թաղերուն միջեւ, կամարակապ է, առանց սիւներու. ունի երկու դուռ` հիւսիսային եւ արեւմտեան:

Հարաւային դրան վրայ արձանագրուած է. «Շինեցաւ սուրբ եկեղեցիս յանուն Սուրբ Աստուածածնայ արդեամբ ձեռագործ աշխատանաց Կոյս Հռիփսիմեայ օժանդակութեամբ երից եղբարց իւրոց հարազատաց Իսրայէլի, Աստուածատրոյ եւ Պետրոսի Գրիգորեանք Բահադուրեանց եւ թվն 1816 ամի»:

Կոյս Հռիփսիմէ իր ջանքերով ու միջոցներով կառուցել տուած է զանգակատունը:

Կուսանաց անապատի գրչագիր աւետարանը պատկերազարդ էր: Յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է. «Հաւատարիմ տանուտէրն Յակովբ եւ հայր իւր պարոն Գրիգորն, որ ստացաւ զսա ի հալալ վաստակոց իւրոց… Եւ այդ ես յետինս ի գրչաց եւ անարժանս ի կարգաւորեաց… Մկրտիչ աբեղայ հրաման առեալ ի պատուիրանդիր առաքելական բանէն… գրեցաւ սուրբ աւետարանս ի յաստուածաբնակ եւ հրեշտակաճեմ սուրբ ուխտս, որ Սալն Անապատ կոչիւր, ընչ հովանեաւ Սուրբ Աստուածածնիս եւ Սուրբ Կարապետիս… ի հայրապետութեան տեառն Սարգսի կաթողիկոսի եւ ի թուականիս հայոց ՋԼԴ. ձեռամբ… հաբեղայի…»:

Աւետարանի կողքին վրայ գրուած է. «Յիշատակ է սուրբ աւետարանս Մայրապետ մենաստանի Կուսանաց Շուշու Վառվառեայ Բահաթրեանցին 1888 ամի 8 (ութերորդ ամսի) 31-ի ի Շուշի»:

Անապատը ունէր իր մեծաւորուհին, օգնական միաբանուհի եւ սարկաւագուհիները:

* * *

Շուշիի թեմական հոգեւոր դպրոցը բացուած էր 22 յունիս 1838-ին, Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոսի ջանքերով: Դպրոցը Ներսէս Աշտարակեցի կաթողիկոսին կարգադրութեամբ փակուած էր 1852-ին, եւ վերաբացուած 1855 նոյեմբերին: Դպրոցը 1860-ին յանձնուեցաւ Շուշիի հասարակութեան կողմէ ընտրուած հոգաբարձութեան:

Շուշիի թեմական դպրոցը մեծ բարեփոխութիւններու ենթարկուեցաւ, երբ Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոս, շուշեցիներու խնդրանքին ընդառաջելով, 1863-ին դպրոցի տեսուչ նշանակեց Պետրոս Շանշեանը, որ նախապէս Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին տեսուչն էր: Տեսուչի օգնական նշանակուեցաւ Պերճ Պռոշեան, որ ստանձնեց նաեւ հայոց լեզու, հայ գրականութիւն եւ հայոց ազգային պատմութիւն առարկաներու դասաւանդութիւնը:

Շանշեանի եւ Պռոշեանի ջանքերով թեմական դպրոցը ծաղկեցաւ եւ դարձաւ եռդասեան` իր ծխական երկու դպրոցներով: Դպրոցը վերանուանուեցաւ Եղիշեան ազգային հոգեւոր դպրոց` Վարդանանց պատերազմի պատմիչ Եղիշէի անունով: Ուսման տեւողութիւնը ինը տարի էր:

Կրթական ծրագիրը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզու, ռուսերէն լեզու, պարսկերէն, կրօն, պատմութիւն, թուաբանութիւն եւ երգեցողութիւն: Հետագային Սեդրակ Մանդիկեան սկսաւ դասաւանդել մանկավարժութիւն: Չորրորդ դասարանը աւարտողներէն կազմուեցաւ մանկավարժական յատուկ դասարան, ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով:

Դպրոցը 1870-ին ունէր 158 աշակերտ: 1877-ին դպրոցի տեսուչ նշանակուեցաւ խմբագիր, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ եւ Երեւանի առաջին պարբերական «Պսակ»-ի խմբագիր հրատարակիչ Վասակ Պապաջանեան:

Պապաջանեան «Պսակ» շաբաթաթերթին մէջ կը քարոզէր ազգային ազատագրական պայքարի գաղափարներ, կը մատնանշէր ռուս ժողովուրդին հետ մերձեցման նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի ճակատագրին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղէր գիւղացիութեան պայքարիլ հող եւ ազատութիւն ձեռք բերելու համար:

Պապաջանեան եւրոպական մանկավարժութեան սկզբունքներով կազմեց դպրոցական նոր ծրագիրը:

Պապաջանեանի սկզբունքներն ու հայեացքները թեմական իշխանութեան եւ Էջմիածնի սինոտին դժգոհութիւն պատճառեցին եւ 1878-ին ան հեռացուեցաւ տեսչութենէն:

Դպրոցը 1893-ին ունէր 158 աշակերտ, 1903-ին փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1905-ի աշնան: 1908-ին տեսուչ նշանակուեցաւ կենսաբան եւ կենդանաբան Աւետիք Տէր Պօղոսեան: 1909-ի տուեալներով դպրոցը ունէր 374 աշակերտ:

Դպրոցը կը պահուէր նուիրատուութիւններով, եկեղեցական եկամուտներով եւ կրթաթոշակներով:

* * *

Շուշիի Մարիամ Ղուկասեան օրիորդաց դպրոցը հիմնուեցաւ 1864-ին, Պետրոս Շանշեանի, Պերճ Պռոշեանի եւ Մարիամ Հախումեանի ջանքերով:

Դպրոցը սկիզբը Հախումեաններու տան հինգ սենեակներուն մէջ բացուած էր: Տեսուչ նշանակուած էր Պետրոս Շանշեան, տեսչուհի` Մարիամ Հախումեան, իսկ վերակացու` կոյս Եղիսաբէթ Սիմոնեան:

Դպրոցին նպատակն էր լուսաւորեալ վարժուհիներ եւ մայրեր պատրաստել:

Կրթական ծրագիրրը կ՛ընդգրկէր հայերէն լեզու, ռուսերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, վայելչագրութիւն, ձեռագործ, նկարչութիւն եւ երգեցողութիւն:

Քանի մը տարի գործելէ ետք դպրոցը փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1876-ին, Արիստակէս վարդապետ Սեդրակեանի ջանքերով, Հռիփսիմեան օրիորդաց դպրոց անունով:

Հրիփսիմեան օրիորդաց դպրոցը 1877-ին ունէր չորս ուսուցիչ եւ եօթանասուն աշակերտուհի: Աշակերտութեան թիւը 1881-ին հասաւ 120-ի:

Հռիփսիմեան օրիորդաց դպրոցը 1884-ին դարձաւ միջնակարգ` 13 ուսուցիչներով եւ 171 աշակերտուհիներով:

Դպրոցը 1885-ին փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1886-ին, իբրեւ երկդասեան իգական դպրոց: Տեսուչ նշանակուեցաւ Մովսէս Սամուէլեան: Ուսուցիչներն էին` Գաբրիէլ Գիւլիքեւխեան, Եկատերինա Մելիք Սարգսեան, Զարուհի Արզումանեան, Ելենա Առաքելեան, Գալինա Յովակիմեան եւ Նարիման Փիրումեան:

Դպրոցը 1888-ին ունէր 199 աշակերտուհի: Կրթական ծրագիրին մէջ աւելցուեցաւ կրօն եւ բնական պատմութիւն:

Դպրոցը 1896-ին փակուեցաւ եւ վերաբացուեցաւ 1906 փետրուարին: 1908-1909 կրթական տարեշրջանին դպրոցը ունէր հինգ բաժանմունք. աշակերտութեան թիւը` 218 հոգի, որոնց 29-ը` տղաք էին:

* * *

Շուշիի թեմական դպրոցի հոգաբարձութիւնը որոշած էր քաղաքի չորս եկեղեցիներուն կից ծխական դպրոցներ բանալ: Ծրագիրը սակայն չիրականացաւ յարմար շէնքեր չունենալու պատճառով:

Հետագային, 1908-ին, Ագուլեցոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ երկսեռ դպրոց բացուեցաւ: Դպրոցը 1912-ի տուեալներով ունէր 60 աշակերտ:

 

 

Նախորդը

Իրանի Դեսպանը Ընդունելու Ընթացքին. «Գնահատելով Իրանի Զօրակցութիւնը Հայաստանի Ու Արցախի Գծով, Կը Սպասենք Աւելին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?