ԱՐՈՒՍԵԱԿ
11 օգոստոս 2023-ի «Ազդակ»-ի թիւին մէջ հաճոյքով եւ միեւնոյն ատեն սրտի կսկիծով ընթերցեցի Վահան Կ. Մանճիկեանի կողմէ բանասէր, պատմաբան, գիրքերու հեղինակ եւ ուսուցիչ Յակոբ Չոլաքեանի հետ կատարուած հարցազրոյցը (https://www.aztagdaily.com/archives/589319), որուն մէջ լուսարձակը լայնօրէն կը բացուի մերօրեայ հայկական իրականութեան վերաբերող հարցերուն, տագնապներուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ:
Յատկանշականը այն է, որ իբրեւ ուսուցիչ ինքն իր մորթին վրայ քաղցրն ու դառնը զգացած Յ. Չոլաքեան հայոց լեզուին, հայկական դպրոցներուն եւ հայ ուսուցիչին վերաբերող ահազանգ չի հնչեցներ լոկ, այլ լուծումներու մասին եւս կը խօսի` բնականաբար լռելեայն ակնկալելով, որ որոշումի ուժ ունեցող մարմիններ կամ անհատներ նախաձեռնող ըլլան, ականջ տան մտահոգութիւններուն եւ գործնական քայլերու դիմեն` փրկելու հայ դպրոցը, յատկապէս` արժեւորելու հայ ուսուցիչը ու երաշխաւորելու անոր ու անոր շունչին տակ հայօրէն դաստիարակուելու կոչուած հայ սերունդներուն հանգիստ գոյերթը հայկական դպրոցի երդիքին տակ:
Իբրեւ սրտցաւ հայորդի, որուն համար հայկական դպրոցը սրբազնագոյն կառոյց մըն է, իսկ հայ ուսուցիչը` այդ կառոյցին շունչ, ոգի եւ զօրութիւն տուողը, անոր գոյատեւումը երաշխաւորողն ու հայութեան ապագայի կերտման հիմնական դարբնողը, այս նամականիով կու գամ միանալու Յակոբ Չոլաքեանի այն մտքին, թէ` հայերէնի ուսուցիչները պէտք է ըստ արժանւոյն վարձատրուին` շեշտելով, որ այս մէկը իբրեւ առաջնահերթութիւն ունենալը ոչ միայն կարեւոր է, այլ նաեւ ճիտերուն պարտքն է այսօր մեր հայկական բոլոր վարժարաններու պատասխանատուներուն, որոնց այսօրուան որոշումն ու կեցուածքը իրենց դրական կամ բացասական ուղղակի ազդեցութիւն պիտի ունենան մեր դպրոցներու եւ հայ մեծաթիւ աշակերտներու ճակատագիրին վրայ: Ի վերջոյ, ի՞նչ է հայկական դպրոցը առանց մասնագէտ հայ ուսուցիչի…
Հաստատելով, որ իրեն համար ուսուցիչ մնալը դարձած է պայքար, եւ որ իր յամառութեամբ ան կրցած է ուսուցիչ մնալ, Յակոբ Չոլաքեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ այն, որ նիւթական վարձատրութիւնը միշտ ալ հարց եղած է սփիւռքահայ դպրոցին մէջ: «Հայերէնի ուսուցիչները ամբողջ ուսուցչակազմէն տարբեր գնահատանքի պէտք է արժանանան, առանց այլեւայլի: Այս մէկը ներքին քաղաքականութիւնը պէտք է ըլլայ բոլոր դպրոցներու իշխանութիւններուն համար, հայերէնի ուսուցիչը ի սկզբանէ պէտք է շատ վճարուի, որպէսզի խայծ ունենայ այդ գործին մէջ մնալու, շարունակելու, եւ ուրիշները այս երեւոյթէն ներշնչուելով` այս ուղին պիտի բռնեն, լեզուն ուսումնասիրեն, սորվին եւ վերադառնան հայկական դպրոց», կ՛ահազանգէ ինքն իր փորձառութենէն մղուած ուսուցիչը:
Ժամանակը հասած է այս դառն ու անարդար իրականութեան հետ ոչ միայն դէմ յանդիման կանգնելու, այլ անպայման ու անմիջական լուծումներ որոնելու, որովհետեւ հայ ուսուցիչ ըլլալը պայքար ըլլալէ շատ անդին անցած է դժբախտաբար, վերածուած է ոչ գրաւիչ ասպարէզի, մանաւանդ նոր սերունդին համար, որուն ներկայացուցիչները այլեւս պատրաստ չեն պայքարելու, այլ բացայայտօրէն կը յայտարարեն, որ հայագիտութեան ուսման ուղին ընտրելը «հաց չի կերցներ», «ապագայ չի կրնար ապահովել»… Իսկ այսօրուան պատասխանատուները կրնա՞ն անոնց հակառակը փաստել եւ երաշխաւորել, որ իրենց նուիրումին դիմաց լոկ շնորհակալութեան պիտի չարժանանան ապագային (երբեմն այդ ալ կը զլացուի թէեւ), ինչպէս եղած է պարագան մեր բազում վաստակաւոր հայ ուսուցիչներուն, որոնց յանձնուած գնահատագիրները իսկապէս ապրուստ չեն ապահոված անոնց կեանքի վերջալոյսին…
Խօսուած է, միշտ կը խօսուի ու պիտի շարունակուի ալ խօսուիլ հայ ուսուցիչը բարոյապէս եւ նիւթապէս վարձատրելու մասին. մտորումներ, ժողովներ, խորհրդակցական հանդիպումներ պիտի կատարուին բնականաբար, բայց խօսքերն ու մտքի մարզանքները կը մնան վերացական, եթէ գործերը չյաջորդեն անոնց, եթէ այսօր իսկ պատասխանատու դիրքերու վրայ եղող մարմիններն ու անհատները չձեռնարկեն քայլերու, որոնք այս տագնապին արմատական եւ վերջնական լուծումներ սահմանեն, որովհետեւ այս առումով եթէ ցարդ որդեգրուած թեթեւկոտութեամբ շարունակենք գործել եւ այս հարցի լուծումն ալ յետաձգուող նիւթերու շարքին դասենք, մօտիկ ապագային մոմի լոյսով իսկ հայ ուսուցիչ պիտի չգտնենք մեր հայկական դպրոցները ոտքի, կանգուն եւ յարատեւող պահելու:
Իբրեւ սրտցաւ հայորդի, խնդրանքս է` կոչի ուժգնութեամբ, այս տագնապին աւելի լրջութեամբ հետեւելու, շուտափոյթ որոշումներով ճակատագրորոշ լուծումներ գտնելու, այլապէս բոլորիս խիղճն ալ ապագային ի զուր պիտի տանջէ մեզ, սակայն ուշացած պիտի ըլլանք տագնապահար վիճակով այս տագնապին լուծման ձեռնարկելու` յայտնուելով այնպիսի կացութեան մէջ (որուն պատասխանատուն ալ մեր անպատասխանատուութիւնն է), երբ հայերէնաւանդ մասնագէտ ուսուցիչ գոյութիւն պիտի չունենայ:
Ահազանգը հնչած է, կը մնայ անոր ականջ տուող եւ գործի անցնողներ գտնուին, ձեռնոցը նետուած է, կը մնայ զայն վերցնողներ ըլլան` փրկելու անփոխարինելին, որ մօտիկ ապագային կրնայ ըլլալ անգտանելի: