Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Արեւելքի Արհաւիրքները» (Հեղինակ` Կարել Հանսա)

Օգոստոս 22, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Փրակայի մէջ 2022-ին լոյս տեսաւ հայկական հարցի չեխ նուիրեալ Կարել Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքը, բաղկացած` 364 էջերէ: Չեխերէն բնագիրին քննական թարգմանութիւնը կատարած եւ նախաբանն ու յառաջաբանը գրած է Փրակայի Կարլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժանմունքի դոկտոր Աննա Կարապետեան:

«Օրեր» համաեւրոպական ամսագիրի հիմնադիր, Կարել Հանսա ծնած է 1890-ին, Վիեննա եւ 1919-ին տեղափոխուած Փրակա: Եղած է անտառագործ: Դժբախտ, մերժուած սիրոյ պատճառով, առանց որեւէ ծրագիրի կամ նպատակի ձեռնարկած է ճանապարհորդութեան: Մեկնած է արեւելք` դէպի Պոլիս: Պոլիսէն նաւով ուղեւորուած է Զմիւռնիա, ապա` Պէյրութ եւ Հալէպ:

Փողոցներու մէջ եւ վրաններու տակ ապրող հայ գաղթականներու հանդիպելով, Հանսա ականատես եղաւ անոնց թշուառ վիճակին եւ կրած տառապանքներուն:

Հալէպի մէջ Հանսա ծանօթացաւ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի գործունէութեան եւ ոգեւորուեցաւ անոր ծաւալած մարդասիրական աշխատանքով:

Կարել Հանսա Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցին մէջ աշխատանքի մտաւ եւ սկսաւ արձանագրել հայ որբերը, իսկ որոշ ժամանակ անց նաեւ մասնակցեցաւ ութ հազար որբերու Ուրֆայէն, Խարբերդէն դէպի Հալէպ եւ Պէյրութ տեղափոխման աշխատանքներուն:

Կարել Հանսա Պէյրութի մէջ արժանացաւ Սահակ Բ. կաթողիկոսի ընդունելութեան, իսկ որբանոցին մէջ հանդիպեցաւ Մարիա Ճէյքըպսընի հետ:

Հանսա 1922-ի վերջաւորութեան Պէյրութէն վերադարձաւ Եւրոպա` «Մարետէ» նաւով, որ 896 յոյն որբեր կը տեղափոխէր Աթէնք:

Արեւելքի մէջ իր տեսածն ու զգացածը խոր տպաւորութիւն ձգած են Հանսայի վրայ: Հայրենիք վերադառնալէ ետք ան ստեղծեց Հայ որբերու օգնութեան Հանսայի հիմնադրամը, որ սկսաւ գործել Չեխոսլովաքիոյ Կարմիր խաչին կից:

Կարել Հանսա 1923¬ին իր սեփական միջոցներով հրատարակեց «Արեւելքի սարսափները» գիրքը եւ գիրքի վաճառքին հասոյթը հայ որբերու օգնութեան Հանսայի ֆոնտին տրամադրեց:

Հանսա մահացած է 5 յունիս 1967¬ին, Փրակայի մէջ:

«Արեւելքի սարսափները» գիրքը նուիրուած է հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին` հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ 1920¬ական տարիները:

Հանսա մանրամասն կերպով ներկայացուցած է օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայերու մասին վաւերական տուեալներ:

Կարել Հանսա այնուհետեւ կը խօսի հայերու բռնագաղթի եւ կոտորածներու մասին: Կազմած է աղիւսակներ ըստ հայերու բնակութեան վայրերու` նախքան Ցեղասպանութիւնը եւ անկէ ետք: Այնուհետեւ ներկայացուցած է մամուլի գնահատականներ` հայկական հարցի եւ կոտորածներուն նկատմամբ: Առանձին աղիւսակներով ներկայացուցած է Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք աշխարհի մէջ տարածուած հայութեան թիւը:

«Արեւելքի սարսափները» գիրքը սկզբնաղբիւրի արժէք ունի: Գիրքը հարուստ է լուսանկարներով, որոնց  մէկ մասը Հանսա լուսանկարած է իր ճանապարհորդութեան ընթացքին: Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հանսայի ընտանեկան արխիւէն նոր լուսանկարներ:

Թարգմանիչ Աննա Կարապետեան 470 ծանօթագրութիւններ արձանագրած է գիրքի վերջաւորութեան:

Արժէքաւոր աշխատութիւն մըն է այս գիրքը:

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Պատմութեան Եւ Ներկայի Մէջ Բարձրախօսին Անցած Ճամբան

Յաջորդը

«Պարոն Ազնաւուր». Կը Նկարահանուի Շարլ Ազնաւուրին Մասին Առաջին Գեղարուեստական Շարժանկարը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?