Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

August 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս կնճռոտ հարցեր, ձախողութիւններ, դժուարութիւններ, ժխտական երեւոյթներ եւ առհասարակ հասարակական, ազգային թէ ընկերային յոռի երեւոյթներ արժեւորելու համար կ՛ուղղենք «ինչո՞ւ» հարցումը:

Ինչո՞ւ հոս հասանք: Ինչո՞ւ ձեռնարկ մը կամ նախաձեռնութիւն մը ձախող էր: Ինչո՞ւ դժուարութիւն ունինք համոզելու, խօսելու, հաւաքելու եւ համախմբուելու:

«Ինչո՞ւ»-ները շատ կ՛ըլլան, յաճախ անկեղծ կ՛ըլլան քննարկումները, յաճախ ալ ինքնախաբէութիւն կ՛ընենք: Կ՛ըսենք` առաջ այսպէս էր. դերասան չէինք գտներ միշտ, տղամարդ ուսուցիչի տագնապ միշտ եղած է, վարչական գործ ընող չկայ, ատենադպիր չկայ, չկայ ու չկայ:

Կարեւոր է «ինչո՞ւ» հարցնելը, բայց շատ աւելի կարեւոր է այդ «ինչո՞ւ»-ին անկեղծ պատասխանելը:

Փաստօրէն անկեղծ քննարկումներու եւ ախտաճանաչումներու շարունակական պակասը կայ:

Փաստօրէն ամէն բան վարդագոյն տեսնելու եւ հարցերը տեսնելէ խուսափելու քաշքշուքները մեզ տարուէ տարի ա՛լ աւելի հալեցուցած են: «Ինչո՞ւ»-ները եւ «ինչո՞ւ»-ներուն պատասխանները շատ անհրաժեշտ են, իսկ ամէնէն կարեւորը «ինչպէ՞ս»-ն է: «Ինչպէ՞ս» լուծել «ինչո՞ւ»-ներէն ստացուած պատասխաններէ բխող հարցերը: Չի բաւեր «ինչո՞ւ» հարցնելը, կարեւորը «ինչպէ՞ս» հարցումով հարցերուն շարունակական լուծումներ ապահովելն է:

Քաջութիւնը ունի՞նք ընդունելու սխալները եւ սրբագրելու զանոնք: Քաջութիւնը ունի՞նք ընդունելու մեր իրական չափը եւ մեր չափին համեմատ ամէն բան վերադասաւորելու: «Մեծ ընտանիք» եզրը յաճախ կ՛օգտագործենք` առանց գիտակցելու, որ «մեծ ընտանիք»-ը կը փոքրանայ ժամանակի ընթացքին, եւ հոնկէ երբեմն կը բացակային հանդուրժողականութիւնը, իրարու հանդէպ զօրակցութիւնը:

Մեր համայնքի բոլոր շրջանակներուն միութիւնները աշխուժ են ձեռնարկներ կազմակերպելու մէջ: Աշխուժ չեն, սակայն,  բացասական երեւոյթներու առարկայական ախտաճանաչումներ կատարելու եւ կացութիւնները բարելաւելու համար նոր ձեւերու որդեգրման մէջ:

Ամէն մէկ համայնք ինքնիրեն համար պէտք է մտածէ: Բոլորս միասին` ճիշդ ախտաճանաչումով եւ ճիշդ ընտրանքով: Այլապէս կը հասնինք անապատային դաշտ, ուր ո՛չ մարդ կը մնայ, ո՛չ ալ ջուր: Արեւն ու մենք եւ` անծայրածիր անապատ:

«Ինչո՞ւ»-ները գիտենք, «ինչո՞ւ»-ներուն պատասխանատուներն ալ գիտենք: «Ինչպէ՞ս» լուծելու հարցը կայ, եւ ատիկա պէտք է անպայման եւ անյետաձգելի կերպով գործադրենք:

Ժամանակը մեզի դէմ է: Լիբանանը պէտք է վերստանձնէ սփիւռքահայութեան յառաջադէմ գաղութի իր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնը:

«Ինչո՞ւ»-ն եւ «ինչպէ՞ս»-ը մէկ լուծում ունին` անկեղծանալու եւ ամէն բան իր չափին մէջ տեսնելու իրատեսութիւնը ունենալ:

Կարիք չկայ վերլուծումներու եւ վիճակագրութիւններու: Ամէն բան յստակ է, ընթացքը յստակ է: Արգելակները պէտք է աշխատին, եւ համախումբ ձեւով ընթացքի նոր հուն պէտք է ապահովենք:

Միասնաբար կտրուկ, արագ եւ ճիշդ որոշումներ տալու պահը հասած է արդէն:

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Գոյատեւման Քաղաքականութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Ասատ Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս Իա. Կաթողիկոս Պատրիարքը

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ազգային Ժողո՞վ, Թէ՞ Քաղաքական Հաշուեյարդարի Բեմ

November 4, 2026
Վտանգը
Անդրադարձ

Նստարանէս

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.