Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարգար Շարապխանեան

August 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Ի՜նչ խոհուն ժպիտ ունէր, ի՜նչ անկեղծութիւն: Մարգարն ու Էլիզը ջերմութիւն եւ մտաւորական մթնոլորտ ստեղծողներ էին: Առաջին անգամ իրենց հանդիպեցայ 1978-ի նոյեմբերին: Նոր ամուսնացած էին, ես ալ Պէյրութէն տասը օր առաջ տեղափոխուած էի:

Ամերիկահայ գրողներու միութեան համագումարէն ետք (առաջինը եւ վերջինը) գիշերը Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հաւաքուեր էինք Սօսի Սեթեանի բնակարանը, Քոլոմպիա համալսարանին մօտ: Բացի Վահէ Օշականէն` միւսները առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէի. Խաչիկ Թէօլէօլեանը կար, Արիս Սեւակը, Արա Պալիոզեանը, Յակոբ Կարապենցը, Արսինէ Օշականը, Սիմոն Հասըրճեանը, Գալուստ Պապեանը եւ ուրիշներ (լուսանկարը եթէ գտնեմ, բոլոր ներկաները կրնամ թուել), անշուշտ նաեւ` Սօսի Սեթեանն ու իր դուստրը: Էլիզ Շարապխանեանը մեծ եռանդով հարցումներ կու տար, կը վերլուծէր: Քառասունհինգ տարի անցած է, սակայն այդ գիշերուան խօսակցութեան իր ներդրումի տպաւորութիւնը աղօտած չէ:

Անկէ ետք շատ առիթներ ստեղծուեցան, վայելեցի իրենց մտաւորականի հմտութիւնն ու կոչման գիտակցութիւնը: Ժամանակակից գրականութեան մէջ` այնքան թափանցած, որ մինչեւ իսկ «Պատանեկան Արձագանգ»-ի մէջ հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւնս կարդացած էր Մարգարը: Իրն էին յոյն բանաստեղծ Քազանցաքիսի թարգմանութիւնն ու այլ գրութիւններ «Հորիզոն»-ի մէջ: Իբրեւ տնօրէն Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանին, զոր տասնինը տարի վարեց, մեծին հետ մեծ էր, պզտիկին հետ պզտիկ, միշտ հայութեան կապելիք, սորվեցնելիք մը, խրատ մը ունէր:

Թորոնթոյի մէջ Մարգարն ու Էլիզը անմիջական ու գործունեայ ներկայութիւն էին, մինչեւ որ տեղափոխուեցան Հայաստան: Ուշիի իրենց բնակարանը պարիսպի պէս հաստ պատերով ու զանազան պտղածառերով տարբե՛ր արեւ ունէր: Հրաւիրած էին զիս ու քոյրս, ամբողջ օր մը միասին անցուցինք: Էլիզը բացարձակ նուիրուած` կը խնամէր Մարգարը, որ զերծ մնայ սրտի տագնապէ: Մարգարը լուսայորդ, գիրքերով շրջապատուած գրասենեակ մը ունէր, որուն մէկ ծայրը Էլիզին կարի մեքենան կար: Պատմեցին իրենց երկու որդիներուն հարսանիքին մասին, հողէ ճամբաներուն վրայ քալելով եւ իրենց ընդարձակ պատշգամին վրայ քէֆ ընելով:

Յետոյ պտտեցանք գիւղը, արդէն Էլիզին «Գիւղական օրագիր»-ներու ընդարձակ շարքէն բաւական ծանօթ էի Ուշիին, ուր իրենք ուշ մնացած չէին, ատենին հասեր էին ու գիւղին` թարմ դիմագիծ պարգեւած: Դպրոց ու թատերասրահ նորոգած ու անոր այլ կարիքները հոգացած էին: Բացարձակապէս նուիրուած էին տեղւոյն նոր սերունդին: Անգլերէն կը սորվեցնէին: Էլիզը անոնց նաեւ ճաշ ու քաղցրաւենիք պատրաստել սորվեցուցած էր: Պատանիներէն խումբ մը հրաւիրեցին իրենց տունը, Մարգարը` ղեկավար, երգեցին, արտասանեցին մինչեւ իսկ անտիպներ: Այս ամոլը հոգածու էր ամէնուն նկատմամբ: Ա՛ս է իսկական հայրենասիրութիւնը` կ՛ըսէին: Մինչեւ իսկ Էլիզ կը մերժէր գնել որեւէ հագուստեղէն որ Հայաստանի մէջ կարուած ըլլալու պիտակը չունէր:

Հակառակ անոր որ Մարգարը ըսաւ, թէ որդին ժամ առաջ կ՛ուզէ թոռնիկ շնորհել իրեն, որովհետեւ արդէն եօթանասունհինգ տարեկան է, միտքէս չանցաւ, թէ վերջին անգամն է, որ կը տեսնեմ զինք: Առաջին օրէն Մարգարն ու Էլիզը կա՜ն ու կան:

Հիմա գացեր է Մարգարը, մնացեր են` իր սիրուած տնօրէնի վաստակը, մտաւորականի ներդրումը, ամուսինի ջերմութիւնը, հայրական գորովը, դաշնակցականի անսակարկ նուիրումը: Հայաստանէն ո՞ւր պիտի երթայ. ուղղակի դրախտ:

Էլի՛զ, թերեւս հոգիդ պատառ-պատառ է. վա՛րձքդ կատար, քու գուրգուրանքովդ Մարգարին կեանքը երկարեցաւ: Դուն ներքին ուժ մը ունիս դիմանալու եւ լաւը ստեղծելու: Թող Աստուած զաւակներուդ, հարսերուդ եւ թոռներուդ վրայ միշտ քեզ պահէ հովանի: Շուքդ եւ լոյսդ անսպառ ըլլայ:

Մարգարդ երկնային լոյսերու մէջ է հիմա:

 

 

 

 

Նախորդը

«Կոմիտաս Քառեակ»-ին Ելոյթին Առիթով Միացեալ Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ի Յուշ. Մարգա՜րը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.