Յօդուածներ

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Թշնամի Մեծ Հայրերս

ՓԱՈՒԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ         Իմ պատանի տարիներուս շատ անգամ շաբաթն ու կիրակին կ՛անցընէի տունը մեծ հօրս` Գրիգոր Գազազեանի, որ Այնթապէն էր եւ ինծի միշտ հին պատմութիւններ կը պատմէր` 1905 թուականէն սկսեալ իր անցուցած կեանքի տառապանքներուն մասին, մանաւանդ` ջարդի յիշատակներէն: Իր պատմած դէպքերէն ամէնէն կարեւոր մասը, որ զիս տպաւորած էր, իր կեանքի զինուորական բաժինն էր: Երբ 1911 թուականին զինք օսմանեան բանակին մէջ զինուորական...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Տիթրոյիթ Եւ Ուրիշ Բաներ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տիթրոյիթ եմ, փոքր եղբօրս մօտ: Այս տարի  Գոհաբանութեան օրուան առիթով աւանդութիւն դարձած ընտանեկան մեր հաւաքը Տիթրոյիթի մէջ կատարել որոշած էինք: Խորքին մէջ երկու եղբայրներով, մեր կիներով, զաւակներով, թոռներով եւ զարմիկներով,  այսպէս, տարին անգամ մը մէկ տեղ հաւաքուելու սովորութիւնը ձեւով մը աւանդութեան վերածած էինք: Զուտ ընտանեկան ե՛ւ մտերմիկ այցելութիւն-կարօտ-հաւաք: Տիթրոյիթ, յատկապէս` իր հայ գաղութով, ինծի համար միշտ «ուրիշ քաղաք...

Ինչո՞ւ.  Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

Բաբգէն Չուգասզեան (ԻԵ.) Ցը-Տե՛Սութիւն` Եղբայր Բաբգէն…

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ   Երեւան, Աջափնեակ, 1971, նոյեմբեր Սիրելի՛ ընթերցող, Ես չեմ ծանօթացած Լեւոնի (Չուգասզեան) հետ եւ ոչ ալ ուրիշ մը ծանօթացուցած է մեզ, այլ պատահաբար հանդիպեցանք պետական համալսարանի հին շէնքի միջանցքը ու սկսանք զրուցել հին եւ ծանօթ ընկերներու նման: Պարզուեցաւ, որ ինք որոշ տեղեկութիւններ ունի արդէն իմ մասիս, ստացած` Սարգիս Տէր Խաչատուրեանէն ու Յակոբ Չոլաքեանէն: Շատ չանցած` օր մըն ալ  տուն...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԷ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցներ` Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն, Արմատներու Հետ Կապ Եւ Հայկական Միջավայրի Ապահովում

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Թէեւ սփիւռքի յատուկ նիւթերը մեր առօրեան են, եւ մենք պիտի չդադրինք այդ մասին խօսելէ եւ գրելէ, ստորեւ` սփիւռքի յատկացուած երկու տարիներուն առթիւ յօդուածներուս եզրափակիչ ամփոփումը: Ա. մասին մէջ փաստեցինք, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդը ցիր ու ցան հասաւ մինչեւ իսկ Չինաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք, ուր բնազդաբար, առանց որեւէ վերին մարմնի մը գոյութեան ու կապին,...

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի Նիստը․ Տեսական Հնարաւորութիւններ Եւ Առկայ Իրողութիւն

Հայ Դատի Մարտավարական Վերանայումների Վերաբերեալ

ԳԷՈՐԳ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածի սկզբնամասում էինք ակնարկել, 2020 թ. պատերազմի աղէտալի հետեւանքներն ու մեր ժողովրդին շարունակապէս պատուհասող դժբախտութիւնները Հայ դատի յանձնախմբերին ու գրասենեակներին ստիպեցին եթէ ոչ ռազմավարական, ապա գոնէ մարտավարական հիմնարար փոփոխութիւնների ենթարկել Հայ դատի համակարգի ներկայիս քաղաքական առաջնահերթութիւններն ու գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները: Որպէս կանոն` վերջին 30 տարիներին Հայ դատի համակարգի երեք հիմնական քաղաքական առաջնահերթութիւնները վերաբերել են արցախեան...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

2024 – Վիշապի Տարի

Համադրեց եւ պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամէն տարուան նման, այս տարի եւս բազմաթիւ աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2024 տարուան յատուկ բազմաթիւ եւ տեսակաւոր կայքէջերու վրայ հրապարակուած գուշակութիւններն ու անոնց մասին զանազան կարծիք-տեսակէտները կարդալէ եւ ծանօթանալէ ետք, փորձեցինք մէկտեղել այդ բոլորը եւ համադրելէ ետք մեր ընթերցողներուն հրամցնել անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը,  ընդհանրականն ու յատկանշականը: Պէտք է ըսել, որ գրեթէ բոլորն ալ համակարծիք են, որ...

Քուէյթի «Արուեստը Մշակոյթներու Կամուրջ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէսին` Հայկական Մասնակցութիւն

Քուէյթի «Արուեստը Մշակոյթներու Կամուրջ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէսին` Հայկական Մասնակցութիւն

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի բարեբաստիկ առիթներով Համազգայինի Քուէյթի կազմը կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քուէյթի «Ատուանի» արուեստի սրահին մէջ բացումը կատարեց  «Արուեստը մշակոյթներու կամուրջ» խորագիրով  հաւաքական ցուցահանդէսին: Անիկա կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդին: Պաշտօնական բացման...

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Կրկին Մեր Տուներուն Մէջ

ԼՕԽ-ի Օրացոյցը` Կրկին Մեր Տուներուն Մէջ

Ա. ԼԷՔԵԱՆ «ԼՕԽ»-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ հրատարակութեամբ, քարոզչական յանձնախումբին ջանքերով եւ աշխատութեամբ, մեր սրտին խօսող, մեր երազներու իրականացման տենչանքով նկարազարդուած է 2024-ի «ԼՕԽ»-ի օրացոյցը, որ մեր տրամադրութեան տակ դրուեցաւ` հակառակ տիրող տնտեսական հեղձուցիչ անկարելիութիւններուն: Գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետի վրձինին կը պատկանի «ԼՕԽ»-ի այս տարուան օրացոյցին նկարը, հոն է «ԼՕԽ»-ը` իր առաքելութեամբ, «Ժողովուրդէն ժողովուրդին» նշանաբանով, Արցախի ժողովուրդը` իր տառապանքով եւ ապրելու...

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակ Եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-Ամեակ

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակ Եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-Ամեակ

ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ Ժողովրդապետ` Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ Նախորդ դարու քսանական թուականներուն, երբ հայ ժողովուրդը անտէր եւ անտիրական, համտեսելէ ետք քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրի դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ` նոր կորսնցուցած իրենց հայրենիքի անկախութիւնը, ոտքի ելլելու համար պէտք ունէր մեծ թափի եւ մղիչ ուժի մը. ահա այդ օրերուն էր, որ ծնունդ կ՛առնէր, մեծ հայերու շրջանի մը ջանքերով, հայուն կեանք տուող ու պահող,...

Տոկունութեան Շշուկներ. Նշոյլ` Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Սրտերուն Մէջ

Տոկունութեան Շշուկներ. Նշոյլ` Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Սրտերուն Մէջ

ՇԱՂԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ Արցախի անդորրը խորտակած հակամարտութեան ստուերներուն մէջ ես` իբրեւ ընկերային ծառայող, առիթը ունեցայ մօտէն հետեւելու Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն` անձամբ ականատես ըլլալով անոնց տոկունութեան արձագանգներուն, անոնց սիրոյ ջերմութեան եւ երախտագիտութեան խորութեան: Միեւնոյն ժամանակ անոնց աչքերուն մէջ տեսայ խոր վիշտը, որ կը  խօսի կորուստով խաթարուած պատմութեան, փշրուած երազի բեկորներուն պէս անոնց լքած տուներուն մասին: Այդուհանդերձ, անոնց անցեալի աւերակներուն մէջ ես...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ Մինչ  հայերը  զբաղած են Արցախի կորուստով եւ կը փորձեն յաղթահարել ատոր ողբերգական հետեւանքները, Ազրպէյճան  կը բազմացնէ իր պահանջները` մեկնարկելով  քարոզարշաւ եւ  պնդելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը իբր թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ խելամիտ մարդ լրջօրէն կ՛ընդունի այս մեծ սուտը` այն պարզ պատճառով, որ Ազրպէյճան ստեղծուած է ընդամէնը մէկ դար առաջ,...

Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքներու Կանխարգիլման Միջոցառումներ

Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքներու Կանխարգիլման Միջոցառումներ

ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Կլիմայի փոփոխութեան հարցը արծարծուած մնայուն նիւթ մըն է, որ կը մտահոգէ ամբողջ աշխարհը` ապագայի իր լայնածաւալ եւ խորաթափանց հետեւանքներուն պատճառով: Ասկէ մեկնած ալ այս տարրական նիւթը ընդգրկուած է կրթական ծրագիրին մէջ եւ կը ջամբուի նոր սերունդին` փոքր տարիքէն զայն իրազեկ դարձնելու այս հրատապ հարցին եւ անոր լուրջ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ անմիջական քայլեր առնելու անհրաժեշտութիւնը` նուազեցնելու համար այս վտանգին...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Հայ Ազգի «Կացութեան» Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ո՞վ այսօր կրնայ իրատեսութեամբ եւ հիմնաւորումներով խօսիլ հայ ազգի «կացութեան» մասին, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն,  սփիւռք(ներ), նաեւ` Արցախ, եկեղեցի(ներ), կուսակցութիւններ, ոչ միայն հանրապետութեան երեք միլիոն ժողովուրդի, այլ նաեւ անորոշ միլիոններով (տա՞սը, քսա՞ն, երեսո՞ւն եւ թերեւս աւելի միլիոններով ազգի): Ո՞վ կրնայ խօսիլ եւ լսուիլ: Երբ իրենք զիրենք իրաւասու համարող ձայները բազմաթիւ են, անոնք չեն լսուիր, լսող չեն ունենար: CACOPHONIE…...

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ AirMed&Rescue-ը լուսարձակի տակ կ՛առնէ բժշկական օդային անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ)առաքման ծառայութիւնը, Zipline International-ի աշխատանքը, եւ թէ ինչպէ՛ս ներկայիս կը գտնուի Սահարային Ափրիկէի առողջապահութեան համակարգի առաջնագիծի վրայ: Ծառայութիւններու համառօտ ակնարկ Զիփլայնը ներկայիս կ՛օգտագործէ անօդաչու սարքեր` արեան պաշարներ հասցնելու համար Ռուանտայի եւ Ղանայի հիւանդանոցներուն: Ընկերութիւնը հիմնուած է 2014 թուականին` համահիմնադիրներ Քելըր Ռինաուտոյի (ընկերութեան գործադիր տնօրէն) եւ Քինըն Ուայրոպեքի (արտադրանքի ու...

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի . «Հրաշափառ Ծննդեան Փառահեղ Աւետում» Համերգը Ս. Ծննդեան Խորհուրդի Աննախընթաց Հրավառութիւն Մը

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի . «Հրաշափառ Ծննդեան Փառահեղ Աւետում» Համերգը Ս. Ծննդեան Խորհուրդի Աննախընթաց Հրավառութիւն Մը

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ ծննդեան փառահեղ աւետում» ընդհանուր խորագիրը կրող բազմաբովանդակ համերգ, մասնակցութեամբ մասնագէտ երգիչ-երգիչներու, նուագողներու, պարմանուհիներու եւ աշակերտներու,  գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հ. Հ. վաստակաւոր արթիսթ, արուեստագէտ Պերճ Քիրազեանի: Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ...

Բռնատէրին Հրահանգները Չգործադրելու Հետեւանքները

Բռնատէրին Հրահանգները Չգործադրելու Հետեւանքները

Ա. Ա. Բռնատիրական վարչակարգ ունեցող երկիրներու իշխանութիւններուն համար յատուկ է ընդդիմութեան դէմ  արշաւներ, որոնց գործադրութեան ընթացքին իշխանութիւնները միջոցներու միջեւ խտրութիւն չեն դներ, որպէսզի լռութեան մատնեն եւ չէզոքացնեն ընդդիմադիր քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս նաեւ` լրագրողներ եւ լրատու աղբիւրներ ու կուսակցութիւններ, որոնք կը ջանան մատնացոյց ընել եւ լուսարձակները կեդրոնացնել իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան վրայ` փտածութեան եւ կաշառակերութեան պարագաներու ծալքերը յայտնաբերելով: Բռնատէրին եւ...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Տեսակաւոր «Դրախտներ»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Կիրակի առաւօտ մըն էր, ըստ մեր ընկալեալ բարի սովորութեան, այր եւ կին երբ կը պատրաստուէինք եկեղեցի երթալ, յանկարծ մեծ մանչս աղմուկով մը «աւետեց», որ երկու ամիսէ ի վեր մեզի պատկից բնակարան-տունը պարապ մնալէ ետք, արդէն հիմա ունէր իր նոր տէրը, որ չին-չին մըն էր: Այլ խօսքով` չինաստանցի ըսել կ՛ուզէր: Ու յաջորդ օրը, գործէս վերադարձիս, երբ մեր տան ետեւի...

Հաւատքով Ու Զօրութեամբ

Կեանքի Ժամանակը

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Մեր այս կենսագրութեան մէ Տարիները մի ամբողջական զարդանկար են. Կոկոնները բացւում են Սերմանելով յիշողութիւններ, Ուրախութիւններ եւ արցունքներ. Վարդերն ու յասմիկները ծաղկում են, Բուրմունք տարածում. Մանուշակներով ու մեխակներով Հոտեւան այգի: Գեղեցկութեան մէջ մեր սէրն է առանձնանում, Քո քնքուշ ծոցը Մխիթարութիւն է իմ սրտի համար, Շունչդ այնքան մաքուր է, Շուրթերդ այնքան քաղցր են համտեսելու, Աշխարհիկ ամենասիրուած պարգեւը: Պարզ բաների մէջ կեանքը գտնում է Իր իսկական արժէքը, Նպատակասլաց, իմաստալից, Օրհնութիւններով յղկուած. Արեւի ջերմութեան տակ Մենք զարդարուած ենք սիրով, Բարութեան մէջ աշխարհ ենք զարդարում: Ճակատագրի անխուսափելի ճանապարհը, Անշեղօրէն հարթ ու պայծառ, Կեանքի ծաւալը, Մենք ղեկավարում ենք Բարեկիրթ ռիթմով, որ կիրառում ենք Խելամտութեամբ ու ձեռներէցութեամբ, Մարդկային արժանապատուութեան շնորհով: Հանգոյցում, ուր միանում են ծիածանները, Գոյները ներդաշնակւում են, Ստեղծելով կեանքի համայնապատկերը. Ես եւ դու, միաձուլուելով երանելի ջերմոցում, Աստուածային ստեղծագործութեան հրաշքով է, Որ մեր հոգիները միահիւսւում են: Ժամանակն անցողիկ է, Հիւսում է մեր լուսաւոր պատմութիւնը. Պահերը վայելքով ենք վատնում, Քամում ենք կեանքի համն ու հաճոյքը, Բարգաւաճում ենք, Քանզի կորցնելու ժամանակ չկայ, Պահերը խուճապում են: Կեանքի մեղեդին, ձայնն ու յանգը, Աստուածապարգեւ երջանկութիւն են Ընծայուած մեզ, Որ ընդունում ենք կրքով եւ հմայքով, Վայելում ենք կենաց հրաշքները: Հասնում ենք հորիզոնին, Ներթափանցում ենք կապոյտին Ուր պարպւում ենք Մեր անցեալից, յիշողութիւնից, Աւարտում ենք Աստուածային ստեղծագործութեան շրջագիծը, Վերածնեալ ելքով մտնում ենք արեւելք Ու ծագում ենք Կեանքի նոր ժամանակով:...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-Ամեակը Արժանաւորապէս Յիշատակուեցաւ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Հովանաւորութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 2 դեկտեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ յոբելենական հանդիսութեամբ արժանաւորապէս յիշատակուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը: Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն: Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան, որ հայերէնով...

Մինչեւ Ե՞րբ

Այսպէս Ուրեմն

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Սեպտեմբեր 19-ն տակաւին թարմ է մեր յիշողութեան մէջ: Ամբողջ Արցախ աշխարհը պարպուեցաւ, յանձնուեցաւ, արցախահայութիւնը բռնի կերպով տեղահանուեցաւ: Աշխարհը լուռ ու խուլ ականատեսը դարձաւ զոհերուն, կորուստներուն, անհետ կորուածներու եւ բանտարկեալներու ճակատագիրին: Սակայն այս բոլորէն երեք ամիս չանցած, փաստօրէն, ուրախ, բնական, բան մը չեղածի տրամադրութեամբ Նոր տարի կը դիմաւորենք ամէն տեղ` Հայաստան եւ սփիւռք: Ո՛չ հոն, ո՛չ ալ հոս կը...

Page 219 of 1111 1 … 218 219 220 … 1,111

Արխիւներ