Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Տարի 2023 – ԺԷ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցներ` Հայերէնի Շարունակական Գործածութիւն, Արմատներու Հետ Կապ Եւ Հայկական Միջավայրի Ապահովում

Դեկտեմբեր 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Թէեւ սփիւռքի յատուկ նիւթերը մեր առօրեան են, եւ մենք պիտի չդադրինք այդ մասին խօսելէ եւ գրելէ, ստորեւ` սփիւռքի յատկացուած երկու տարիներուն առթիւ յօդուածներուս եզրափակիչ ամփոփումը:

Ա. մասին մէջ փաստեցինք, որ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով հայ ժողովուրդը ցիր ու ցան հասաւ մինչեւ իսկ Չինաստան եւ Ծայրագոյն Արեւելք, ուր բնազդաբար, առանց որեւէ վերին մարմնի մը գոյութեան ու կապին, այս փոքրաթիւ գաղութները, շնորհիւ քանի մը ունեւոր հայերու, իրենք զիրենք կազմակերպեցին, եկեղեցի եւ դպրոց շինեցին ու իրերօգնութեան մարմին գոյացուցին` պահպանելու համար հայկական աւանդութիւնները, լեզուն եւ հաւատքը` եկեղեցին, ու կապ հաստատեցին այլ գաղութներու հետ: Իսկ ամէնէն կարեւորը` իրենց նպատակն էր գաղթականները հայրենիք վերադարձնել (1):

Բ. մասին մէջ ահազանգ հնչեցուցինք Հայաստան հայրենիքէն դէպի Ամերիկա գաղթել դիմողներուն ահաւոր թիւը` 160 հազար 965 հոգի, 2021-ին (2): Այլ խօսքով, սփիւռքը, փոխանակ համախմբուելու հայրենիք Հայաստանի մէջ, յաւելեալ պարտաւորութիւններու կ՛ենթարկուի հոգալու համար նորեկ հայերը: Մինչ անկախ Հայաստանը երբե՛ք ներգաղթի նախարարութիւն կամ որեւէ այդպիսի մարմին չստեղծեց կանոնաւոր ու ծրագրուած կերպով ներգրաւելու համար սփիւռքահայերը:

Գ. մասին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետին` Սիմոն Վրացեանին օրինակով փաստեցինք, որ 1319-ի Անիի երկրաշարժին պատճառով հեռաւոր Խրիմ գաղթած հայերուն սերունդը 1778-1779-ին Եկատերինա Բ. ցարուհիին կողմէ «տեղափոխուեցաւ» Ռոստով` հիմնելով Նոր Նախիջեւան (Տոնի Ռոստով) հայկական քաղաքը իր գիւղերով, ուր ծնաւ Սիմոն Վրացեան (3):

Հակառակ շուրջ 700 տարի հայրենիքէն կտրուած եւ հազարէ աւելի քիլոմեթրեր հեռու ապրելնուն, անոնք պահած էին հայկական աւանդութիւններն ու ազգային գիտակցութիւնը: Շնորհիւ իր մօր պնդումին` ընտանիքը իրենց Նոր Սալա հայկական գիւղը կը վերադառնայ ռուսական քաղաքէ մը, ուր հայրը շահաբեր գործ ունէր, որպէսզի Սիմոնը եւ քոյրը հայկական թեմական դպրոց յաճախեն եւ հայ մեծնան: Դասընկերոջ մը միջոցով Սիմոն կուսակցական կը դառնայ: Նոյն հետեւողութեամբ, նաեւ հայրս շուրջ 600 տարի բռնագրաւուած Կիլիկիոյ մէջ ապրելէ ետք, հայ դպրոց յաճախեց եւ ապա ծնողքին մղումով պատանի տարիքին կուսակցական դարձաւ: Ծնողաց դերակատարութիւնը:

Դ. մասին մէջ շեշտեցինք հայապահպանման չորս սիւներուն` Տուն, Եկեղեցի, Դպրոց, Ակումբ (ՏԵԴԱ) կարեւորութիւնը` իբրեւ հայապահպանումի կռուաններ (4): Բաղդատական մը ընելով Վրացեանին եւ հօրս կեանքին միջեւ` եզրակացուցինք.

1.- Երկուքն ալ ազատ, անկախ Հայաստանի մէջ ծնած չէին, բայց իբրեւ հայ մեծցան ու ապրեցան:

2.- Երկուքն ալ, հակառակ հայկականութեան դէմ պետական-վարչական հալածանքին, հայ դպրոց յաճախեցին եւ հայեցի կրթութիւն ստացան:

3.- Երկուքին ծնողներն էին, որոնք դէպի հայ վարժարան եւ, հօրս պարագային, հայկական կուսակցութեան անդամակցութեան մղեցին:

4.- Երկուքն ալ պատանի տարիքին հայ կազմակերպութեան մը` կուսակցութեան անդամակցած էին, այս պարագային` ՀՅԴ:

Ե. մասին մէջ անդրադարձանք լիբանանահայ երբեմնի ազգային եւ այլ հայկական վարժարաններուն եւ գաղութի հեռատես պատասխանատուներուն, որոնց շնորհիւ, ո՛ւր որ հայ կայ, հոն հայ դպրոց բացուեցաւ եւ պահուեցաւ, նոյնիսկ` 8 աշակերտի համար, օրինակ` Սայտայի մէջ: Այս իսկ պատճառով լիբանանահայ գաղութը վերածուեցաւ սփիւռքահայութեան կեդրոնական ամրոցին (5):

Զ. մասին մէջ (6) հարցադրեցինք. «Հայրենիքէն դուրս, երկու կամ երեք սերունդ հեռու, օրինակի համար, Քանատայի մէջ ծնած հայը ի՞նչ միջոցներով պիտի համախմբուի հայութեան` «Հայ կեդրոն»-ին շուրջ, ուր բոլոր տարիքները եւ հետաքրքրութիւնները գոհացնող գործունէութեան կարելիութիւն կայ: Պատասխանը պարզ է` պարտականութիւն ստանձնել եւ տալ: Իւրաքանչիւր հայ անհատի պէտք է պարտականութիւն մը տրուի, որքան ալ պարզ ու աննշան թուի այդ: Օրական, շաբաթական, ամսական եւ հայկական տօներուն առիթով:

Հայրենիքէն, հողէն հեռու ծնունդով հայը մէկ, կամ մէկէ աւելի հայկական պորտակապերու կը կարօտի իր պատկանելիութիւնը եւ պահանջատէրի կարգավիճակը չկորսնցնելու, այլ, ընդհակառակը, աւելի՛ ամրապնդելու համար: Այդ պարտականութիւններէն են` Հայ դատով մնայուն հետաքրքրութիւնը, հայերէնի վարժութիւնը պահելու համացանցային հետաքրքրական խաղերը, որոնցմէ երկու օրինակ ներկայացուած էր` «Բառիկ» ու «Մտամարզ» եւ այլն:

Է. մասին մէջ (7) սփիւռքահայերը բաժնեցինք 8 խումբերու` արեւմտահայերէնի իմացութեան եւ ազգային պարտականութիւն մը կատարած եւ կամ դաստիարակութիւն մը ստացած ըլլալու կարգով, առաջարկելով գործնական միջոցներ, այսպէս.

Առաջարկ թիւ 1.- Մարտավարութիւն, ծրագիր:

Առաջին հերթին եւ փուլին, առաջնահերթութեան կարգով, «Հայկականութեան» բովէն անցածներն են, որոնցմէ ցանցեր պէտք է կազմուին, գիտակից ու ազգային զանազան ձեւի կրթութիւն ստացածներէն եւ հայերէն գիտցողները փնտռել, գտնել, պահպանել եւ անոնց մաշեցումը կանխել, կամ կասեցնել: Հայերէն չգիտցող եւ հայութենէ հեռու անձերու վրայ առայժմ պէտք չէ արտակարգ ճիգ ու կորով վատնել, այսպէս.

1.- Բոլոր տեսակի հայկական միութիւնները, յատկապէս` հայրենակցական, շրջանաւարտից, սկաուտական, երիտասարդական եւ համալսարանական, նոր թափով մը աշխուժացնել եւ անդամահաւաքով ցանցեր ստեղծել ու նոր անդամներով ընդլայնել զանոնք:

2.- Իւրաքանչիւր սփիւռքահայ «պորտակապով» մը կապել իր մեծ հօր-մօր հայրենի քաղաքին, գիւղին, հողերուն կալուածներուն եւ պապենական տան հետ, հայրենակցական կապերու եւ, եթէ կարելի է, «Կուկըլ քարտէս» ծրագիրին միջոցով: Քաջալերել եւ պահպանել տոհմիկ աւանդը` մշեցի, վանեցի, քիլիսցի, հաճընցի, կիւրինցի, այնթապցի եւ այլն:

3.- Արդի համակարգչային ծրագիրներ օգտագործելով` ազգագրական ծառի (family tree) հիմնարկ մը հաստատել Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մէջ, որուն կրնան դիմել սփիւռքահայեր` յայտնաբերելու համար իրենց ընտանեկան ծառը, եւ այլ տեղեկութիւններ, գտնելով մոռցուած ու կորսուած ազգականներ, աւելի՛ կապուելով իրենց ընտանեկան բնօրրանին ու պատկանելիութեան:

Առաջարկ թիւ 2.- Սփիւռքի ելեկտրոնային սկզբնաղբիւրը: Ը. մաս:

Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանիին տակ հաստատել կեդրոնական «Հայ սփիւռքի ծառայութիւն» (Armeniandiasporaservice.org), կամ այլ անունով նոր կայքէջ մը` իբրեւ գլխաւոր աղբիւր սփիւռքահայութեան մաշեցումը կասեցնելու միջոցներուն, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն: Այս կայքէջը պէտք է մնայուն կերպով ծանուցուի սփիւռքի բոլոր հայկական թերթերուն, պարբերականներուն եւ կայքէջերուն մէջ, ըլլան անոնք հայերէն կամ ոչ, որպէսզի տեսանելի ու մատչելի դառնայ բոլորին: Այնտեղ կրնան դիմել նաեւ ազգագրական ծառի որոնողները:

Մասնաւոր կապերու (link) բաժին մը յատկացնել` արեւմտահայերէն սորվեցնող, հայերէն խաղերու, հայկական նիւթերու, հայերէն լեզուական ծրագիրներու, գիտելիքներու, առցանց գրադարաններու, գիրքերու, հայկական թերթերու, սփիւռքահայութեան բարօրութեան եւ վաւերագրական աշխատանքներ իրականացնող հաստատութիւններու եւ անհատներու կայքէջերուն: Այս կայքէջը պէտք է գրաւիչ, պարզ եւ «արագաշարժ» ըլլայ` հակառակ իր բազմապիսի ենթաբաժանումներուն: Այս կայքէջը պիտի ըլլայ սփիւռքը միաւորող համախմբող միջոցներէն կարեւորագոյնը:

Առաջարկ թիւ 3.- Փորձուած եւ գործադրելի.

Ապակեդրոնացեալ կերպով սփիւռքի տարածքին իւրաքանչիւր ծխատէր քահանայ նախ իր ծուխի շրջանին մէջ բնակող բոլոր հայերուն բջիջային հեռաձայնի թիւերը ցանկագրէ, չունեցողին` ել-նամակին հասցէն. ապա ամէն առաւօտ, անոնց, բջիջայինի մէկ էջի չափ գրուած, Նոր կտակարանէն կարճ համար մը, հայկական կարճ աղօթք մը եւ հայկական առած մը ղրկէ Ուաթսափով, կամ ել-նամակով, որ իւրաքանչիւր օրուան համար նախօրօք պատրաստուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յատուկ յանձնախումբի մը, կամ վարդապետի մը կողմէ, որ նաեւ կարելի է կարդալ վերոնշեալ սփիւռքի կեդրոնական կայքէջէն` «Այս օրուան ընթերցումը» գլուխին տակ: Նոյնը կիրարկել նաեւ Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն կողմէ:

Ահաւասիկ` ամէն առաւօտ քանի մը հայապահպանման գործ. 1) լեզուական վարժութիւն` ընթերցում, 2) հաւատքի գոհացում` ազգային-կրօնական ապրում, 3) տոհմիկ աւանդութեան թարմացում եւ 4) սփիւռքահայերու միջեւ հայերէնով առօրեայ շարունակական կապ:

Առաջարկ թիւ 4.- Սորվիլ, սորվեցնել հայերէն

Եկեղեցիէն ետք նուիրապետական կարգ ունեցող եւ աշխարհասփիւռ կազմակերպութիւնը հայ ազգային սկաուտական միութիւններն են: ՀՄԸՄ-ի պարագային, ան կը գործէ հայկական գաղութ ունեցող 26 երկիրներու 111 քաղաքներու կամ արուարձաններու մասնաճիւղերով: Յատկանշական է ՀՄԸՄ-ի սկաուտին դաւանանքին եօթներորդ յօդուածը. «Արին, արենուշը մաքուր հայերէն կը խօսին ամէն ատեն եւ ամէն տեղ»: Այս կարգախօսին ամրապնդումով, պարտականութիւն պէտք է տրուի բոլոր սկաուտներուն` գործադրելու այս դաւանանքը իրենց տուներուն, դպրոցներուն եւ հայկական շրջապատին մէջ մի՛շտ խօսելով հայերէն` «Հայերէն չխօսողին հայերէն պատասխանէ» կարգախօսով:

1. Սիտնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, Աւստրալիա:

Համացանցին մէջ կարելի է գտնել հայերէն սորվելու ձրի եւ վճարովի ծրագիրներ, որոնց մեծամասնութիւնը, սակայն, արեւելահայերէն է, նաեւ` բջիջային հեռաձայնի յատուկ (App) ծրագիրներ (8): Կան նաեւ վճարովի հայերէն սորվելու առցանց դպրոցներ: Մասնագէտներու կողմէ հայերէն սորվելու յարմարագոյն ձրի ծրագիրներէն կ՛արժէ քանի մը ընտրութիւն կատարել եւ անոնց մասին ծանուցել:

Առաջարկ թիւ 5.- Անհրաժեշտ մարդուժի որակի քննարկում: Թ. Մաս:

Ի վերջոյ, մեր բոլոր ակնկալիքներն ու անոնց յաջողութիւնը յատուկ որակի մարդուժով ու խմբային աշխատանքով պիտի իրականանան եւ ամրապնդուին անանձնական` անձնուրաց կամաւորներով: Կամաւոր ծառայութիւնը պէտք է կատարուի ընկերային, սիրալիր, հաճելի եւ համակրելի մթնոլորտի մը մէջ` արդարամիտ եւ խստապահանջ անձերու միջոցով:

Առաջարկ թիւ 6.- Կազմակերպական եւ միութենական նոր ցանցերու կազմութիւն եւ հիներուն ընդարձակում, տարածում ու ծաւալում:

Գործնական առաջարկ 7.- Հայրենակցական միութիւններուն մասին.

1.- Ելեկտրոնային սփիւռքի կայքէջին մէջ «Հայրենակցական միութիւններ» գլուխ բանալ, ուր իւրաքանչիւրին համար անջատ էջեր ստեղծել:

2.- Իւրաքանչիւր հայրենակցական միութեան յատուկ էջին մէջ, Է. մասին մէջ նշուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ վերահրատարակուած իրենց յուշամատեանները յատուկ արտօնութեամբ թուայնացնել եւ զետեղել այնտեղ` իբրեւ PDF գիրք: Նաեւ` նոյնը կատարել ցարդ չվերահրատարակուածներուն:

3.- Յատուկ Էջեր յատկացնել` այդ հայրենի բնակավայրին, բարբառին, երգին ու պարին, ճաշերուն, տօնական սովորութիւններուն, հայրենի հողի բնութեան, պատմուածքներուն եւ այլն:

4.- Էջ մը յատկացնել այդ բնակավայրին յատուկ ձեռագործերուն եւ իւրայատուկ արհեստներուն:

5.- Էջ մը յատկացնել լուսանկարներու:

Ահա այս միջոցով սփիւռքի այն վայրերուն մէջ, ուր կարելի չէ հայրենակցական միութիւն կազմել, կայքէջը կ՛ըլլայ զիրենք միաւորողը:

2.- Ցեղասպանութեան պատճառով տեղահան եղած մեր քաղաքներուն եւ բնակավայրերուն յուշամատեաններէն:

Հայ առաքելական ազգային եկեղեցին 301 թուականէն ի վեր, 1722 տարիներ հայկական միա՛կ շարունակական, անխափան գոյատեւած, ուրեմն, հմուտ եւ ճարտար, յաջողած հաստատութիւնն է, որ ապահոված է նաեւ հայկականութեան շարունակականութիւնը: Արդ, ամէն գնով պէտք է տէր կանգնինք ու ամրապնդենք հայ ազգային եկեղեցին: Ժ. մաս:

Գործնական առաջարկ 8.- Հայկական գաղութներու մարդահամար-մարդահաւաք կատարելու կարեւորութիւնը եւ միջոցները: ԺԱ. մաս:

Ո՛ւր որ արդէն ազգային կառոյցներ գոյութիւն ունին, պէտք է զօրացնենք զանոնք: Նախ ունեցածնիս փրկենք` ամրապնդելով զանոնք: Առայժմ ժամանակ չվատնենք համասփիւռքեան նոր կառոյցներ ստեղծելու անգործադրելի փորձով: Հոն, ուր տակաւին կառոյց չկայ, եւ հայկական գաղութ կայ, պէտք է անոր մօտակայ կազմակերպուած գաղութը զբաղի անոնցմով:

Կը յիշեմ` 1970-ական տարիներուն Քանատայի Թորոնթօ քաղաքի հայկական գաղութը թորոնթոյաբնակ հայերուն հեռաձայնի հասցէատետրը պատրաստած էր իրարու միջեւ պարտականութիւն ստանձնելով, Թորոնթոյի ծաւալուն, հազարաւոր էջ հեռաձայնի հասցէարան գիրքը մասերու բաժնելով եւ մէջէն հայերուն անունները զատելով: Այժմ աւելի դիւրութիւններ կան այս աշխատանքը կատարելու եւ բոլորին մատչելի դարձնելու:

Ա.- Քահանաներն ու միութիւնները հասցէահաւաք (հասցէ, հեռաձայնի թիւ ել-հասցէ) պէտք է կատարեն եւ ելեկտրոնային միջոցներով  մնայուն  կապ հաստատելով` ցանցեր կազմեն:

Բ.- Իւրաքանչիւր հայ իր ունեցած հայերու հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը ղրկելով, կ՛ամբողջացնէ գաղութին համրանքը` ի վերջոյ կազմելու հասցէներու ընդհանուր շտեմարան:

Գործնական առաջարկ 9.- Պատրաստել եւ բաշխել «Սփիւռքահայուն ձեռագիրքը» («The Diasporan Armenian՛s handbook»): ԺԲ. մաս:

Հայու մը համար նուազագոյն հայկական գիտելիքներ պարունակող դրական, զուարթ ու հրապուրիչ, արդիական գրքոյկ-ձեռագիրք մը պատրաստել, որ նոյնիսկ հայ չեղողներուն նախանձը շարժէ: Այս գրքոյկը թէ՛ տպագիր եւ թէ՛ ալ ՓիՏիԷֆ (pdf) տեսքով զետեղել նախապէս նշուած սփիւռքահայութեան կայքէջին մէջ, բոլորին հասանելի: Այս գրքոյկը իւրաքանչիւր գաղութի յատուկ` երկլեզու պատրաստել:

Լեզուամտածողութիւն: Ըստ վերջին գիտական փորձերուն, մարդկային ուղեղին ներքին հաղորդակցութեան կառուցուածքային ցանցը, կապը` իր զանազան հատուածներուն միջեւ, կը ձեւաւորուի մայրենի լեզուով, ուրեմն մայրենի լեզուէ եզու, ուղեղին կառուցուածքը կը տարբերի, մայրենի լեզուն է, որ կը կարգաւորէ ուղեղին ճշգրիտ աշխատանքը: ԺԳ. մաս:

Գործնական առաջարկ թիւ 10.- Օգտագործել հայերէնի գործածութեան սատարող համակարգչային եւ համացանցային միջոցներ: Նշուած է ուղեցոյց մը` հայերէնով համակարգիչ գործածելու` կարդալու եւ գրելու, մանաւանդ` անոնց համար, որոնց համակարգիչը բնա՛ւ հայերէն միջոցներով չէ օժտուած: ԺԴ. մաս:

Գործնական առաջարկ թիւ 11.- Առաւելագոյնս անդամակցիլ համացանցային արեւմտահայերէն լրատուներու, խաղերու, օրաթերթերու եւ այլնի: Օրակա՛ն հայերէն գրութիւններ կարդալ, տեսնել եւ հայերէն լսել` երգ, զրոյց եւ այլն: ԺԵ. մաս:

Գործնական առաջարկ թիւ 12.- Հայկական նկարագիրի եւ մշակոյթի ամրապնդում եւ տարածում` ծանուցում աշխարհահռչակ հայերու միջոցով: ԺԶ. մաս:

3. Լիբանանի երիտասարդական միութիւններէն ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական բանակումներէն:

Իւրաքանչիւր անհատ, ուզէ կամ չուզէ, մշակութային յատուկ ժառանգութեան մը կրողն է, եւ այդ է իր կեանքին բնական միջավայրը: Ապազգային աշխարհաքաղաքացի ըսուածը գոյութիւն չունի. առանց մշակութային ժառանգութեան` սուտ կերպար մըն է, որ ծինային եւ ժառանգական հիմք ու պատկանելիութիւն չունի: Կատարեալ խառնարան` ազգակործան վիճակ մըն է այդ, որ աղանդները, միջազգային յայտնի ու գաղտնի կազմակերպութիւնները եւ Ճորճ Սորոսի նման մարդկութեան, ազգայինին եւ տոհմիկ ընտանիքին թշնամիները նիւթական եւ այլեւայլ «գրաւիչ» կաշառքներով յառաջ կը մղեն: Ասոնք են հայութեան եւ մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան թշնամիները` ԱՊԱԶԳԱՅՆԱՑՈՒՄ եւ աշխարհաքաղաքացիութիւն քարոզողները, որոնք առայժմ Հայաստանին կը տիրեն:

Արմատներ, ծագում, ժառանգութիւն, լեզու, մշակոյթ, ազգային նկարագիր եւ այլն, այս բոլորին հիմքը հայոց պատմութիւնն է, որ պէտք է այժմէականացնենք, իւրացնենք, ծանօթացնենք եւ պաշտպանենք: Հայերս 8 հազար տարուան գրեթէ անփոփոխ ծինային ժառանգութեան կրողներն ենք (9), պատմութեան մէջ ամէնէն դիմացկուն եւ քաղաքակրթութիւն ծաւալած ժողովուրդին կը պատկանինք, որ 6 հազարէ աւելի մեծ ու փոքր պատերազմներ տեսած է, սակայն ի վերջոյ մի՛շտ յաղթական եղած ու գոյատեւած է, եւ մեր նախնիներուն նման` պիտի շարունակենք գոյատեւել:

Շար. 17 եւ վերջ

12 դեկտեմբեր 2023

haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/537045
  2. https://www.aztagdaily.com/archives/538047
  3. https://www.aztagdaily.com/archives/543490
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/546868
  5. https://www.aztagdaily.com/archives/549082
  6. https://www.aztagdaily.com/archives/558466
  7. https://www.aztagdaily.com/archives/560629
  8. https://ling-app.com/hy/apps-for-learning-armenian/
  9. https://www.cell.com/current-biology/fulltext/S0960-9822(17)30695-4

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Բաբգէն Չուգասզեան (ԻԵ.) Ցը-Տե՛Սութիւն` Եղբայր Բաբգէն…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?