Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիթրոյիթ Եւ Ուրիշ Բաներ

Դեկտեմբեր 18, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տիթրոյիթ եմ, փոքր եղբօրս մօտ: Այս տարի  Գոհաբանութեան օրուան առիթով աւանդութիւն դարձած ընտանեկան մեր հաւաքը Տիթրոյիթի մէջ կատարել որոշած էինք: Խորքին մէջ երկու եղբայրներով, մեր կիներով, զաւակներով, թոռներով եւ զարմիկներով,  այսպէս, տարին անգամ մը մէկ տեղ հաւաքուելու սովորութիւնը ձեւով մը աւանդութեան վերածած էինք: Զուտ ընտանեկան ե՛ւ մտերմիկ այցելութիւն-կարօտ-հաւաք:

Տիթրոյիթ, յատկապէս` իր հայ գաղութով, ինծի համար միշտ «ուրիշ քաղաք եղած էր»: Անցեալ դարու երկրորդ քառորդէն ի վեր, Հայոց ցեղասպանութենէն հազիւ ազատած եւ որբացած սերունդին շնորհիւ, գաղութը իր վերելքը ապրած էր ու Ամերիկայի տարածքին աչքառու դարձած` իր «Հայ կեդրոն»-ով, հայկական սրահներով, հայ եկեղեցիներով, զանազան միութիւններով եւ միօրեայ դպրոցներով ու մանաւանդ իր երկու ամէնօրեայ վարժարաններով:

Այս բոլորը եւ ամէն առիթով ու անկեղծօրէն պատմած եմ շուրջիններուս: Ինծի համար Տիթրոյիթը ո՛չ Պոսթըն էր, ո՛չ Նիւ Ճըրզի եւ ո՛չ ալ արեւելեան Ամերիկայի այլ հայահոծ քաղաքներէն մէկը: Տարբեր քաղաք էր: Անձնապէս եւ միշտ ես զիս այսպէս համոզած եմ, որովհետեւ Ամերիկան իրմով ճանչցած էի: Տարիներ առաջ, աւելի ճիշդ` երբ առաջին անգամ այս երկրի հողին վրայ ոտք կոխած էի, նոյն այս քաղաքին նորակառոյց ամէնօրեայ վարժարանէն ներս հինգ տարի հայոց լեզուի պատասխանատու ուսուցիչի պաշտօնը վարած էի: Հոս էր, որ այդ վարժարանէն եւ նոյնիսկ գաղութէն ներս օրին գեղեցիկ, համոզիչ եւ գործնական, սահմանագիծ մը քաշած էի, որուն մէկ բաժինը հայն ու Հայաստանն էին, իսկ միւսը` աշխարհն ու Հայաստանը:

Մէկ խօսքով` երկու ինքնութեան համերաշխ առճակատում: Ու կ՛արդարանամ: Ահա ինծի համար «նոր» կեանք մը` իր ե՛ւ հայատրոփ, ե՛ւ «օտար» բովանդակութեամբ: Ու ի՛նչ մեղքս պահեմ, օր մը, պայմաններու բերումով, եւ գործը չաւարտած հայ մարդու ներաշխարհով երբ իրմէ բաժնուած եւ ուրիշ նահանգ հաստատուած էի, հոն ալ այս տափակ եւ տարածուն հողատարածքին վրայ ապրած եւ անցուցած կեանքիս շատ մը դէպքերը պատմական յուշերու վերածած, օրուան ժամերս յաճախ անոնցմով լեցուած էին, շատ պարզ, երբեմն աղմկոտ, սակայն միշտ` կարօտի կնիքով մը, տպաւորիչ խորքով եւ հարազատ: Տարիներու հեռաւորութենէն լուսաւոր զգացումով կը յիշէի ամէն դէմք եւ դէպք:

Ու այս զգացումը շատերու համար տարօրինակ կը թուէր: Սակայն հոգս չէր:

Իրմէ հեռանալէս ետք, թէեւ առաջին անգամս չէր, որ այս քաղաքն ու իր գաղութը կ՛այցելէի, բայց ինծի այնպէս կը թուէր, թէ ես իրեն նոր կը հանդիպէի: Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, քանի մը օրերու համրանքով այս այցելութեանս ընթացքին զայն առաջին անգամ տեսնելու տպաւորութիւնը ձգած էր վրաս: Ուստի փիղի մը նման կ՛ուզէի ոտքերս գետնին վրայ ամուր հաստատել` փնտռելով հին յուշերս եւ մտքի խաղաղութիւնս, բարի անցեալիս մասնիկներով:

Անոր համար, ոեւէ բարեկամի, ընկերոջ կամ ծանօթի հանդիպելէս առաջ, կը նախընտրէի անպայման նախ իմ պաշտօնավարած դպրոց-«Հայ կեդրոն»-ը այցելել, եւ անշուշտ անոր կից, երկար տարիներէ ի վեր հաստատ նստած գաղութի հաւատքի տունը` եկեղեցին: Յիշողութեան զարմանալի խաղ: Ձեւով մը սեփական եղանակ զգալու եւ տեսնելու ու նախկինը ապրելու: Եւ կարգով այցելեցի:

Նա ըսեմ, որ շա՜տ բաներ փոխուած տեսայ: Եկեղեցին նորոգուած էր իր ներքինով եւ արտաքինով ու հոգեւոր հովիւով միատեղ: Իսկ ՀՕՄ-ի այդ ամէնօրեայ հայ վարժարանը, Ամերիկայի տարածքին կարգ մը նահանգներէ ներս հայկական վարժարաններուն տխուր ճակատագրին նման, հայ կեանքի ե՛ւ հաւաքական ե՛ւ ազգային իր անբնական կացութեան իբրեւ հետեւանք` տարիներէ ի վեր արդէն իր դռները փակած էր:

Արդ, ինչպէ՞ս թափանցել օրուան պատճառներուն եւ որոշումներուն, երբ խճողուած են ժամանակներն ու մարդիկ: Միտքս նոյն նիւթին շուրջ սկսած էր պտոյտներ ընել եւ տառապիլ հին ցաւերով: «Փակ է», ըսին: «Գոց է», պարզեցին: «Ա՛լ ամէնօրեայ դպրոց չունինք», կրկնեցին: Չկայ… Չկար… Օտարներուն վարձու տուած էին:

Բառեր կան, որոնք իրենց ետին կը պահեն ամբողջ կեանք մը: Վայրկեանին մէջս անօրինակ եւ անժամանակ լարում մը ծնունդ առաւ աճող ալիքի նման: Ցնցուեցայ: Հոս ալ հայ վարժարան մը իր դռները փակած էր տասնամեակներէ ի վեր:

Մօտեցայ դպրոցի շէնքին: Դուռ-պատուհան իրապէս գոցուած էին: Բացայայտ էր, որ «Հայ կեդրոն»-ը դադրած էր հայկականութիւն բուրող իր «կոչումէն»: Օտար «կը հոտէր»: Է՜հ, ճակատագիր: Յանկարծ յուշերէս հին պատկերներ ուրուագծուեցան աչքերուս առջեւ: Կար ժամանակ, երբ ես այդ պատերէն ներս «պարոն Քէյ» կը կոչուէի: Հայկական կենսունակութիւն: Շատեր կը կարծէին, որ անունս պարոն էր եւ «քէյ»-ն ալ` Ազնաւուրին նման, առանց «եան»-ի մականուն: Ու ամէն առիթով, երբ իրարու մօտ գայինք հին ու նոր, եկուոր կամ տարեց սերունդի ամերիկահայեր, երկա՜ր կը խնդայինք…

Իսկ հիմա… Կարծես հանդիպած էի անելի մատնուած վիճակներու, որոնք թաքնուած էին մարդոց մտքերուն եւ հոգիներուն մէջ: Տեսակաւոր եւ շօշափելի տագնապ:

Ապա հարցուփորձերէս երեւան եկաւ, որ գաղութի ծանօթ հին մեծերն ալ գացած էին, իսկ նորեկներն ալ` գրեթէ մէկական անծանօթներ, զիս կը դիտէին օտար աչքերով: Իրապէս իրենց համար օտար մըն էի: Արդէն անցեալս մնացած էր օրուան եւ հարցերուն բեռան տակ: Կ՛ուզէի գիտակցիլ եւ մնալ արթուն: Կ՛ուզէի գտնել այն «լաւը», որ երբեմն իմս էր: Բայց… ափսո՜ս: Այդ պատճառով աչքերս տխրութեամբ լեցուած էին: Զգալի էր:

Արդ, ինչպէ՞ս հաշտուիլ կեանքի ներկայ իրականութեան հետ: Չեմ գիտեր, որովհետեւ նշմարելի էր, որ արդէն գաղութի հայ կեանքը քալեր էր յարափոփոխ իր ընթացքով: Ներկան իր փայլուն եւ տխուր վերմակներով ծածկած էր գաղութի անցեալը: Մարդիկ իրենց համար յարգելի պայմաններու բերումով քալած էին ուրիշ երազներով: Ամերիկայի տարածքին այս բոլորը նորութիւններ չէին: Տեսանելի եւ ցաւալի իրողութիւններ: Սովորական եւ յաճախ ալ` կրկնուող:

***

Ու վերջը, օրեր ետք, երբ արդէն տունս վերադարձած էի, ինքնաբերաբար ժամերով խորասուզուած կը մնայի նման մտածումներուս մէջ, որովհետեւ հետս բերած էի ապրումներուս խորհուրդը: Ու ամէն օր սենեակիս մէջ կը փորձէի աչքերուս մէջ ամփոփած ջիղերուս երեւակայութեան լոյսերը բանալ: Օրերով առանձնանալու կարիքը կը զգայի, թերեւս ինքզինքս վերագտնէի: Առանձնութեանս մէջ, այդ պահուն, ինձմէ զատ ո՛չ ոք կրնար գիտնալ, տեղեկանալ, թէ ես ինչե՜ր կը մտածէի եւ կամ մտովի ինչե՜ր կը խօսէի, ինչե՜ր կը խորհէի եւ նոյնիսկ ալ ի՜նչ նոր որոշումներ կու տայի: Անճանաչ տագնապ: Մտովի կը կրկնէի. ազգովին` իբրեւ հայեր, կը սիրենք միայն խօսիլ: Կը փորձենք բաներ մը ըսել: Նաեւ կը սիրենք կորսնցնելէ ետք: Կը գնահատենք կոտրելէն ետք: Կ՛արժեւորենք «բանը բանէ անցնելէ ետք»:

Դժգոհելու, տրտնջալու եւ բողոքելու հազար ու հազար պատճառներ ունինք բոլորս ալ անխտիր: Ահա թէ ինչո՛ւ յաճախ կ՛ողբանք: Մենք մեզի կը վրդովինք: Կ՛արդարանանք: Կ՛այպանենք մեր ճակատագիրը, բայց կը մոռնանք, որ մեր ճակատագրին հետ մեր նուիրումն ալ էական է: Կեցուածք եւ ընբռնում պարտադրող ազդակ է պէտք, կը կրկնեմ, որ ճիգ կ՛ենթադրէ, պրպտում եւ երկարատեւ համբերութիւն կ՛ուզէ նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումին հետ միատեղ: Սակայն ամէն բանէ աւելի` հոգեկան կարիք ունինք սփիւռքի մեր կեանքը ջերմացնող «վառելանիւթին»:

Ու կը սպասեմ այդ օրուան, որպէսզի մարմաջս միայն բառերուս մէջ չմնայ:

bedig43@aol.com

Նախորդը

Տնտեսական Ծանր Վիճակի Մէջ Եղողներուն Կողքին

Յաջորդը

Թշնամի Մեծ Հայրերս

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?