Պատրաստեց` ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ
AirMed&Rescue-ը լուսարձակի տակ կ՛առնէ բժշկական օդային անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ)առաքման ծառայութիւնը, Zipline International-ի աշխատանքը, եւ թէ ինչպէ՛ս ներկայիս կը գտնուի Սահարային Ափրիկէի առողջապահութեան համակարգի առաջնագիծի վրայ:
Ծառայութիւններու համառօտ ակնարկ
Զիփլայնը ներկայիս կ՛օգտագործէ անօդաչու սարքեր` արեան պաշարներ հասցնելու համար Ռուանտայի եւ Ղանայի հիւանդանոցներուն: Ընկերութիւնը հիմնուած է 2014 թուականին` համահիմնադիրներ Քելըր Ռինաուտոյի (ընկերութեան գործադիր տնօրէն) եւ Քինըն Ուայրոպեքի (արտադրանքի ու ճարտարագիտութեան բաժնի ղեկավար) կողմէ:
Հիմնուած է աւելի քիչ զարգացած երկիրներու մէջ կենսական նշանակութիւն ունեցող առողջապահական արտադրանքներուն հասանելիութիւն ապահովելու նպատակով (ե՛ւ տնտեսութեան ե՛ւ ենթակառուցուածքի առումով):
Զիփլայնը սկզբնապէս գործած է Ռուանտայի մէջ, ուր հիմնած է բաշխիչ կեդրոն` Մուհանկա շրջանին մէջ: Այս կեդրոնական կայանէն Զիփլայնը կրցաւ գործարկել իր արիւնատար անօդաչու սարքերը Ռուանտայի արեւմուտքին մէջ` անկարգելով բաշխելով արեան կենսական արտադրանքները (ներառեալ` արեան բջիջները, մակարդաբջիջները (platelet) եւ փլազման) այն հիւանդանոցներուն մէջ, որոնք լրացուցիչ պաշարներու կարիք ունին:
Մուհանկայի մէջ իր առաջին կայանը բանալէն ի վեր
Զիփլայնը ընդարձակած է արեւելեան Ռուանտայի մէջ գործարկելու իր երկրորդ բաշխիչ կեդրոնը, եւ այժմ ան կրնայ սպասարկել ամբողջ երկրին եւ լրացուցիչ ապրանքներ մատակարարել իր կայաններուն: Այսօր Ռուանտայի կառավարութիւնը երկրի արեան մատակարարման մեծ մասը վստահած է Զիփլայնին:
Ապրիլ 2019-ի դրութեամբ, ընկերութիւնը ընդլայնուած է նաեւ Ղանայի մէջ, ուր կառավարութեան անունով բժշկական պիտոյքներ կը մատակարարէ առողջապահական թիւով երկու հազար հաստատութիւններու` սպասարկելով 12 միլիոն բնակչութիւն ունեցող ամբողջ երկրին:
Զիփլայնը ներկայիս ունի երեք կեդրոն, որոնք տեղակայուած են երկրի հարաւը (ուր բնակչութիւնը շատ աւելի խիտ է): Կեդրոններէն մէկը կը գտնուի Օմենաքոյի մէջ, մայրաքաղաք Աքրայի մօտակայքը: Չորրորդ կայանը կը սպասարկէ հեռաւոր հիւսիսային շրջանին (ուր բնակչութեան խտութիւնը ամէնէն ցածն է): Իւրաքանչիւր կայան յագեցած է 30 անօդաչու թռչող սարքերով:

Արեան բաշխման ցանց
Զիփլայնը հիմնուած է այն մտավախութենէն, որ աւելի աղքատ երկիրները, յատկապէս անոնք, որոնք հիմնուած են այնպիսի տարածքներու վրայ, ինչպիսին է ափրիկեան ցամաքամասը, հասանելի չեն այն կենսական բժշկական պիտոյքներուն, որոնք անհրաժեշտ են կեանքի գոյատեւման համար, ինչպիսիք են արեան արտադրանքները, որոնցմէ արեւմտեան երկիրները կրնան առատօրէն եւ հեզասահ կերպով օգտուիլ` իրենց բարելաւուած ենթակառուցուածքներու եւ բարեկարգ տնտեսութեան շնորհիւ:
Երբ խօսք կ՛ըլլայ արեան պաշարներու հաւաքման եւ բաշխման մասին աւելի հարուստ երկիրներու մէջ, ինչպիսիք են ԱՄՆ-ն եւ Եւրոպան, անխուսափելիօրէն մսխում եւ վատնում տեղի կ՛ունենայ: Ըստ ԱՄՆ Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութեան տուեալներու, արեան կարմիր բջիջներու պարկերը` ամենաշատ օգտագործուող արեան արտադրանքները, ունին 42 օրուան կեանք ԱՄՆ-ի մէջ, 35 օր` Եւրոպայի մէջ: Սրտի, թոքերու եւ արեան ազգային հիմնարկի կողմէ կատարուած վերջին ուսումնասիրութիւնները նոյնիսկ կ՛ենթադրեն, որ անոնց որակը կրնայ վատթարանալ աւելի կարճ ժամանակահատուածներէ ետք. այդ մէկը կախում ունի նաեւ արիւնատուի ծիներէն:
Երկիրները պէտք է ունենան արեան պարկերու պաշար` պահանջարկի աճի, բնական աղէտներներու եւ արտակարգ իրավիճակներու պարագային: Այս պատճառով աւելի զարգացած երկիրները զգալի քանակութեամբ արեան վատնում ունին (որովհետեւ արեան արտադրանքի ժամկէտը կ՛անցնի մինչեւ զանոնք օգտագործելու հնարաւորութիւն ունենալը), բայց անոնք բախտաւոր են, որ կրնան ծածկել այդ վատնման ծախսերը: Աղքատ երկիրները, սակայն, չեն կրնար «վայելել» արիւն վատնելու «շքեղութիւն»-ը եւ, հետեւաբար, իրենց արեան բաշխման ցանցին մէջ աւելի գործնական եւ նորարար լուծումներու կարիք ունին:
Մուհանկան լուսարձակի տակ
Հակառակ անոր որ Ռուանտան համեմատաբար աղքատ երկիր է, սակայն ան ունի համընդհանուր առողջապահական համակարգ: Ռուանտայի մէջ ճամբաները թերի են: Անոնք ունին ցեխոտ արահետներ, որոնք անձրեւոտ հիմնական երկու եղանակներուն (մէկը փետրուարէն յունիս եւ միւսը` սեպտեմբերէն դեկտեմբեր) երթեւեկը ամբողջ երկրին մէջ կրնան դժուարացնել ու ճամբաները օրեր շարունակ դարձնել անանցելի: Այս մէկը լրջօրէն կրնայ խանգարել հիւանդանոցներու հասանելիութիւնը` կենսական նշանակութիւն ունեցող դեղամիջոցներու եւ արեան պաշարներու, որոնք անհրաժեշտ են բնական աղէտներէ տուժած մարդոց համար:
Ինթըր Զիփլայնը բաբանով (catapult) արձակուող անօդաչու համակարգ մըն է, որ ի վիճակի է անկարգելով պաշարներ տեղափոխելու հիւանդանոցներու միջեւ` միմիայն կոճակի մը հպումով, եղանակային անբարենպաստ պայմաններու մէջ նոյնիսկ: 15 վայրկեանուան ընթացքին (աւելի մօտ կայաններու պարագային) բժիշկներ կրնան ստանալ այն կենսական պիտոյքները, որոնք անհրաժեշտ են իրենց հիւանդները բուժելու համար. եւ քանի որ հիւանդանոցները կը պատուիրեն միայն այն, ինչ անհրաժեշտ է, արեան այս սահմանափակ պաշարներու վատնումը նուազագոյնի կը հասնի:
Ռուանտայի արեւմտուքը Զիփլայն անօդաչու սարքերը կը սպասարկեն 21 հիւանդանոցի: Ամէնէն մօտը Մուհանկայի մէջ Զիփլայնի հաստատութենէն 2,5 մղոն (4 քմ) հեռու է, ամէնէն հեռուն` 50 մղոն (80 քմ):
Արեան պաշարները կ՛առաքուին Զիփլայն ընկերութեան կողմէ` Ռուանտայի առողջապահական համակարգի ճշդորոշած ճամբով: Իսկ իւրաքանչիւր հիւանդանոց կրնայ պատուիրել Զիփլայնէն (ե-նամակով, հաղորդագրութեամբ, հեռաձայնային կապով, WhatsApp-ով եւ այլն):
Պատուէրը տեղադրուելէ ետք սարքի թռիչքը գործարկողները կը ստանան եւ կը մշակեն զայն` միաժամանակ կապ պահելով հիւանդանոցին հետ` անոնց տեղեկացնելով, թէ ե՛րբ է առաքման հասնելու ժամը:
Այնուհետեւ առողջապահական պաշտօնեան կը փաթեթաւորէ առաքումը յատուկ միանգամեայ օգտագործման տուփի մը մէջ, որ կը կազմուի տեղւոյն վրայ` խաւաքարտէ տուփի մը մէջ, պղպջակային փաթեթով եւ ժապաւէնով փաթթուած, եւ` անցուած թուղթէ անկարգելի մը: Փաթեթաւորման միանգամեայ այս ձեւը ճիգ ու ժամանակ կը խնայէ. Պաշտօնեաները պէտք չունին հաւաքելու այդ բոլորը առաքման վայրերէն:
Փաթեթաւորուած ապրանքը այնուհետեւ կը տրամադրուի սարքի թռիչքի պատասխանատու պաշտօնեային, որ փաթեթը կը տանի դէպի սարք, կը նկարէ անոր QR քոտը` առաքման վայրը ստուգելու համար, եւ այնուհետեւ առաքումը կը տեղադրուի սարքին մէջ:
Յաջորդ քայլը սարքը բաբանի վրայ զետեղելն է:
Այնտեղ պաշտօնեան կ՛ամրացնէ սարքին թեւերը, իսկ ուրիշ մը կը տեղադրէ մարտկոցի փաթեթը: Թռիչքի պատասխանատու պաշտօնեաները այնուհետեւ տեսողական ստուգում մը կը կատարեն քննելու եւ յայտնաբերելու համար անօդաչու թռչող սարքի որեւէ թերութիւն, ինչպէս նաեւ` վստահ ըլլալու համար, որ բոլոր շարժուն բաղադրիչները կ՛աշխատին բջիջային հեռաձայնի կիրարկումի մը միջոցով:
Այս գործընթացի ժամանակ, աւելի հեռու, կ՛ըլլայ մէկ այլ թռիչքային պաշտօնեայ մը, որ կը վերահսկէ Զիփլայնի օդային երթեւեկութիւնը: Անոնք կը ղեկավարեն անօդաչու թռչող սարքերը, երբ թռչին եւ, հետեւաբար, մշտապէս կապի մէջ են Ռուանտայի օդային երթեւեկութեան իշխանութիւններուն հետ` ապահովելով թռիչքի հեզասահ ընթացքը (բան մը, որ սովորաբար տեղի կ՛ունենայ անմիջապէս, որովհետեւ երկիրը իր օդային տարածքին մէջ քիչ թիւով գործուն օդանաւներ ունի): Այս պատճառով ալ ապրանքները հասնելու երկար ժամանակ չեն պահանջեր:
Թիւեր եւ իրողութիւններ
– Մէկ թռիչքը կրնայ հասցնել մինչեւ երեք միաւոր արիւն (1,8 քկ կշիռք), աւելի մեծ պատուէրներու համար միաժամանակ կարելի է ուղարկել բազմաթիւ անօդաչու սարքեր:
– Զիփլայնի սարքերը ինքնավար են եւ ելեկտրական: Անոնք պէտք չունին օդաչուներու, ինչպէս նաեւ կը վերացնեն կազային արտանետումները եւ կը պակսեցնեն ապականութիւնը, որոնք կապուած են նաեւ դեղամիջոցներու տեղափոխման հետ:
– Զիփլայնի սարքերը կը թռչին 60 մղոն/ժ արագութեամբ (100 քմ/ժ) շաբթուան բոլոր օրերուն եւ ժամերուն, բոլոր տեսակի եղանակներուն (փոթորիկ, անձրեւ եւ սաստիկ կայծակ). այնպէս որ ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցները կը հասնին 15 վայրկեանի ընթացքին, իսկ ամէնէն հեռաւորները` մէկ ժամուան ընթացքին:
– Զիփլայնի առաքումներուն մէկ երրորդը նախատեսուած է արտակարգ իրավիճակներու համար, երբ հիւանդանոցին մէջ չկայ արեան որոշակի այն արտադրանքը, որ հիւանդին կենսականօրէն անհրաժեշտ է:
Երբ հրաման տրուի, թռիչքի պատասխանատու պաշտօնեան կ՛արձակէ Զիփլայն անօդաչու սարքը: Թռիչքի ժամանակ սարքը կ՛անցնի նախապէս սահմանուած ուղիէն: Սարքը կը թռչի այնքան բարձր, որ խոչընդոտներէ խուսափելու կարիք չունենայ:
Երբ անօդաչու թռչող սարքը մօտենայ առաքման կանխորոշուած գօտիին, հիւանդանոցին հետ կապի մէջ գտնուող անհատը կը տեղեկացնէ հիւանդանոցի պատասխանատու մարդոց, որ իրենց պաշարները հասնելու վրայ են: Այնուհետեւ սարքը աստիճանաբար կը նուազեցնէ իր բարձրութիւնը, կը շրջի առաքման վայրէն քանի մը հարիւր ոտնաչափ վեր եւ կը ձգէ փաթեթը: Անկարգելը կը դանդաղեցնէ անկումը, եւ պատուէրին որեւէ այլ հարուածի դէմ կը դրուի տուփին մէջ գտնուող պղպջակային փաթեթին միջոցով: Հիւանդանոցի պատասխանատու մարդիկ դուրս կու գան` հաւաքելու իրենց պատուիրած արեան արտադրանքը` զայն օգտագործելու համար:
Այնուհետեւ սարքը կը բարձրանայ, կը թռչի դէպի Զիփլայնի բաշխման կայան, վայրէջք կը սկսի կատարել ու մօտ 15 ոտնաչափ բարձրութեան վրայ կը բռնուի մետաղալարի վրայ եւ կը ճօճուի դէպի վայրէջքի վայր, ուր անձնակազմէն մէկը կը հաւաքէ զայն եւ կը պատրաստէ յաջորդ առաքման:
Զարգացած արհեստագիտութեան եւ ապահովութեան առանձնայատկութիւններ
Սարքին մէջ կայ նաեւ աւելին, քան այն, ինչ կը թուի մարդուս: Ուայրոպեք նշեց սարքերու արհեստագիտական բազմաթիւ յատկանիշները, որոնք արդիւնք են ընկերութեան Քալիֆորնիոյ կայանի խիստ փորձարկումներուն:
«Մեքենայի ուսուցման արհեստագիտութեան մաս կը կազմէ համակարգչային տեսողական քննութիւնը, որ կ՛օգտագործուի նախաթռիչքային ստուգման ժամանակ` վստահ ըլլալու համար, որ թռչող սարքի բոլոր բաղադրիչները բնականոն կերպով կ՛աշխատին, բացատրեց Ուայրոպեք: – Սա նուազագոյնի կը հասցնէ սխալներու հաւանականութիւնը, երբ սարքը օդին մէջ կը գտնուի»:
Տեղական ենթակառուցուածքին համապատասխանելու համար Զիփլայնի խումբը անմիջական կապի մէջ է օդանաւորդութեան իշխանութիւններուն հետ ամբողջ գործունէութեան ընթացքին` վերահսկման խումբին Զիփլայնի իւրաքանչիւր թռիչքի հետեւելու հնարաւորութիւն տալով: Զիփլայնի սարքերը կ՛օգտագործեն յառաջադէմ ալկորիթմներ եւ ծրագրային փորձարկումներ` հաստատելու համար սարքի վայրը եւ վստահ ըլլալու, որ անոնք գիտեն իրենց թռիչքի ուղիներն ու ուղղութիւնները:

Թռչող սարքը ունի նաեւ ներկառուցուած յաւելեալ համակարգեր` արդիւնաւէտութիւնը բարելաւելու եւ կարեւոր բաղադրիչներու կրկնօրինակում ապահովելու համար: «Թռչող սարքը ունի երկու շարժիչ: Եթէ մէկը դադրի աշխատելէ, ան կը շարունակէ թռչիլ` միւսը օգտագործելով, – ըսաւ Ուայրոպեք: – Նոյնը կը վերաբերի մեր սարքերու ուժի, կապի եւ օդանաւորդութեան համակարգերուն»:
Ան կը նշէ, որ սարքի ապահովութեան բոլոր յատկանիշները ինքնազօր կերպով կ՛աշխատին անոր մէջ:
Արտակարգ իրավիճակներու պարագային, երբ օդանաւորդութեան իշխանութիւնները Զիփլայնէն կը խնդրեն անյապաղ պարպել օդային տարածքը ծայրայեղ օդերեւութային պարագաներուն, սարքը կ՛օգտագործէ մեծ անկարգել մը, որ ինքնիրեն մեղմ վայրէջք կատարելու կարելիութիւն կ՛ընծայէ: Ճիշդ այստեղ է, որ ի յայտ կու գայ սարքի ապահովութեան հիմնական միւս յատկանիշը…
Սարքի փխրուն ձեւը (անոր styrofoam-է շինուած պատը եւ պոչի կերպընկալէ մասերը) նախատեսուած է հարուածի ժամանակ կոտրուելու` հարուածը դիմակայելու եւ որեւէ բանի հասցուած վնասը նուազագոյնի հասցնելու համար գետնի վրայ: Ուայրոպեք աւելցուց. «Այդ փխրուն մասերը նախագծուած են դիւրութեամբ փոխարինուելու համար, որպէսզի սարքը կարենայ արագ վերադառնալ իր գործին` փրկելով կեանքեր»:
Այնուհետեւ պաշտօնեաները դուրս կու գան, որպէսզի ետ առնեն ինկած սարքերը եւ անգամ մը եւս տանին Զիփլայնի կայան:
«Մենք հաստատակամ ենք աշխարհի վրայ իր տեսակին մէջ ամէնէն անվտանգ համակարգը ստեղծելու եւ զայն գործարկելու մեր նպատակին մէջ,- ըսաւ Ուայրոպեք:- Մարդոց կեանքը կախուած է Զիփլայնէն, եւ այդ պատասխանատուութիւն է, որուն հանդէպ մենք շատ լուրջ վերաբերում ունինք»:
Աղբիւր` AirMed&Rescue
28 օգոստոս 2019
Զիփլայնի ներկայի մասին (հատուած ընկերութեան կայքէջէն)
Զիփլայնը աշխարհի վրայ առաջին լոճիսթիք համակարգը կառուցելու առաքելութիւն ունի: Համակարգ մը, որ հաւասարապէս կը ծառայէ բոլոր մարդոց: Գործելով եօթը երկիրներու մէջ, երեք ցամաքամասերու վրայ եւ մինչ օրս անցած աւելի քան 50 միլիոն մղոն ինքնավար կերպով անցած` Զիփլայնը կը փոխէ առողջապահական, սպառողական ապրանքներու եւ սնունդի հասանելիութիւնը:
Զիփլայն ի սկզբանէ սկսած է արիւն եւ բժշկական ապրանքներ մատակարարել Ռուանտայի մէջ, 2016 թուականին, եւ այդ ժամանակէն ի վեր ընդլայնուած է սնունդի, մանրածախ առեւտուրի, գիւղատնտեսական ապրանքներու եւ անասուններու առողջութեան պահպանման համար: Զիփլայն ունի երկու հարթակ` մէկը երկարաժամկէտ առաքման համար, իսկ միւսը` տնային ճշգրիտ առաքման համար: Մինչեւ օրս մենք առաքած ենք հազարաւոր տուներ, հիւանդանոցներ եւ ընկերութիւններ` ԱՄՆ-ի, Ռուանտայի, Ղանայի, Նիկերիոյ, Փղոսկրեայ Ափունքի, Քենիոյ եւ Ճափոնի մէջ:
Մեր յաճախորդները կ՛ապաւինին Զիփլայնին` կեանքեր փրկելու, արտանետումները նուազեցնելու, տնտեսական հնարաւորութիւնները մեծցնելու եւ լոճիսթիք նոր ծառայութիւններէ օգտուելու համար:
Բոլոր լուսանկարները վերագրուած են Zipline International-ին