Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ազգի «Կացութեան» Մասին

Դեկտեմբեր 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ո՞վ այսօր կրնայ իրատեսութեամբ եւ հիմնաւորումներով խօսիլ հայ ազգի «կացութեան» մասին, ոչ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւն,  սփիւռք(ներ), նաեւ` Արցախ, եկեղեցի(ներ), կուսակցութիւններ, ոչ միայն հանրապետութեան երեք միլիոն ժողովուրդի, այլ նաեւ անորոշ միլիոններով (տա՞սը, քսա՞ն, երեսո՞ւն եւ թերեւս աւելի միլիոններով ազգի): Ո՞վ կրնայ խօսիլ եւ լսուիլ: Երբ իրենք զիրենք իրաւասու համարող ձայները բազմաթիւ են, անոնք չեն լսուիր, լսող չեն ունենար: CACOPHONIE… Գուիտոն Լուսինեանի բառարանը կ’ըսէ` «չարանուագ», Հայաստան կ’ըսեն` «կակոֆոնիա», որ կ’աճեցնէ նոյնինքն «կակոֆոնիան»: Աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր հասկնալի ձեւով ըսել` խառնիճաղանճային աղմուկ, աղմկարարութիւն: Նման կացութեան մէջ, ինչպէս ժողովրդական ձեւով կ’ըսուի, «շունը տէրը չի ճանչնար»:

Պետութեան պատասխանատուներ, տարին մէկ անգամ կամ կարեւոր պարագաներու, ազգի ներկայացուցչութեան առջեւ զեկուցումով, հաշուետուութեամբ եւ գնահատութեամբ, երկրի կացութեան (State of Nation, Etat de la Nation)  մասին  հանդէս կու գան: Տեղ մը մէկը, կամ մարմին մը հանգամանօրէն պիտի խօսի՞ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ, ԱԶԳԻ  ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ մասին, որ չըլլայ տնավարի զրոյց, իրականութիւններէ խուսափելու սոփեստական ճապկում, logomachie, կամ պարզապէս` առճակատման հանդէս:

Ո՞ւր է հայ ազգը` որպէս ընկերամշակութային եւ քաղաքական առարկայական տեսանելի ինքնութիւն եւ գոյութիւն: Ինչպէ՞ս զայն սահմանել որպէս նկատառելի ազդակ` մոլորակի ազգերու եւ ժողովուրդներու շարքին ներկայ եւ ճանաչելի` որպէս ՄԷԿ ԵՒ ՆՈՅՆ: Ո՛չ որպէս` ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ, ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ, ՆՈՅՆԻՍԿ ՈՉ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ:

Ո՞վ իրապէս ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ով բնորոշուող առարկայի մասին ամբողջական եւ գիտական պատկերացում կրնայ տալ` որպէս համրանք, մշակոյթ, լեզու, այլազան կարողականութիւններ եւ պատկանելիութիւն-յանձնառութիւն: Ցարդ չենք յաջողած մասնակի(ներ)ն գերանցելով ` նուաճել ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ, որ պիտի ըլլար ԱԶԳ-ը: Հետեւանքը այն է, որ կը խարխափենք, կը գումարենք ձախողութիւններ, նահանջ եւ պարտութիւններ, քանի որ ցարդ չենք յաջողած նախ մենք մեզի դէմ յաղթանակ տանիլ, չենք գիտցած, թէ իրապէս Ի՛ՆՉ  Կ’ՈՒԶԵՆՔ, ԻՆՉՈ՛Ւ Կ’ՈՒԶԵՆՔ, ՉԵՆՔ ԳԻՏՑԱԾ, Թէ ԻՆՉՊԷ՛Ս  ՊԻՏԻ ՈՒԶԵՆՔ: Արդիւնք. հայրենիք(ներ) կորսնցուցած ենք, կորսնցուցած ենք համրանք-մարդուժ, անհատական եւ հաւաքական կարողականութիւններ, եւ կը շարունակենք մնալ նոյն զառիթափին վրայ: Մասնակիի փառասիրութիւններ մշակելով` կը կարծենք ԱԶԳ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԱԶԳ ՊԱՀԵԼ, այնպէս` ինչպէս մանուկները, «տուն-տունիկ» կը խաղանք: Կը բազմապատկենք դիրքեր եւ տիտղոսներ` նախագահ, վարչական, թաղապետ, երեսփոխան, տնօրէն: Միշտ կը յիշեմ մեր կազմակերպուած համայնքներէն մէկուն պարագան, ուր դպրոցի որպէս տնօրէն յայտնուած էր անձ մը` որ նոյն այդ դպրոցի վերի դասարանին աշակերտ չէր կրնար ըլլալ: Օրինակը կարելի է ընդհանրացնել ներազգային եւ ներհամայնքային կեանքի բոլոր մակարդակներուն համար: Այսպէս, հայկական-համայնքային լրատուամիջոցի մը պատասխանատուի դիրքին վրայ յայտնուած էր անձ, որ ո՛չ հայերէնին կը տիրապետէր, ո՛չ հայոց պատմութիւն եւ ո՛չ ալ հայ գրականութիւն  գիտէր, կարգախօսներ սորված էր: Կազմակերպման եւ գնահատման անհեթեթութիւնները չեն զարմացուցած եւ չեն զարմացներ: Այսպէս, հայ կրթական հաստատութեան մը պատասխանատուն օր մը ֆրանսերէն աւանդող  թերուս ուսուցիչի մը համար ըսաւ. «Ի՜նչ լաւ ֆրանսերէն գիտէ, քանի որ հայերէն չի գիտեր»…

Թէեւ այս զարտուղութիւնը մեզի յատուկ չէ: Ուրիշ տեղ, կրթական համակարգի բարենորոգման աշխատանքներու նախօրեակին, երբ ուսուցիչները քննութիւն պէտք էր անցնէին, պետական բարձր պատասխանատուի մը պաշտպանեալը, «մենք ու մերոնքի» տրամաբանութեամբ, քննութենէ խուսափելու համար քննիչ նշանակուած էր:

Արդ, որպէսզի վերականգնինք, որպէսզի տեւաբար չգտնուինք նահանջողի եւ կորսնցնողի դիրքերու վրայ, պէտք է յառաջացնել կազմակերպութիւն:

Ի՞նչ առարկայական տուեալներ, կռուաններ, կարողութիւններ եւ ուժեր ունինք, որոնցմով կարելի կ’ըլլայ վերականգնում իրականացնել: Նաեւ պէտք է անդրադառնալ մեր թերիներուն, հոգեբանական եւ ընկերային ախտերուն, զանոնք պատասխանատոութեամբ առանձնացնել եւ սրբագրել` առանց ազգը եւ անոր առաջնորդութիւնը դարձնելու ի վերուստ կամ աշխարհագրական ծննդական արկածով ստացուած հայր ու զաւակի,  խնամի-փեսայի, դուռ-դրացիի շնորհ եւ իրաւունք:

Օր մը հանրապետութեան Ազգային ժողովը, մեր բազմանուն համաժողովները, գիտաժողովները, խորհրդաժողովները, միշտ բազմապատկուող, ՕՐԱԿԱՐԳ կը դարձնե՞ն ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ, ենթադրաբար` ՄԷԿ, որպէսզի գիտնանք, թէ Ի՛ՆՉ ԵՆՔ, Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆՔ, ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ Ո՛ՒՐ ԵՆՔ, Ո՛ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ ԿԱՄ Կ’ՈՒԶԵՆՔ ԵՐԹԱԼ, ԵՒ` ԻՆՉՊԷ՛Ս:

Պէտք է պատասխանել` առանց ձուկը ջուրին մէջ խեղդելու միտող բառային դատարկ կուտակումներու, որոնք կը տանին աւազախրումի: Կը յաղթահարուի՞ կակոֆոնիան…

Նուազի-լը-Կրան,8  դեկտեմբեր 2023

 

 

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

Յաջորդը

Կլիմայի Փոփոխութեան Հետեւանքներու Կանխարգիլման Միջոցառումներ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?