Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուէյթի «Արուեստը Մշակոյթներու Կամուրջ» Խորագիրով Հաւաքական Ցուցահանդէսին` Հայկական Մասնակցութիւն

December 16, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 95-ամեակի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Քուէյթի միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի բարեբաստիկ առիթներով Համազգայինի Քուէյթի կազմը կիրակի, 3 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Քուէյթի «Ատուանի» արուեստի սրահին մէջ բացումը կատարեց  «Արուեստը մշակոյթներու կամուրջ» խորագիրով  հաւաքական ցուցահանդէսին: Անիկա կը վայելէր բարձր հովանաւորութիւնը Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան եւ Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդին:

Պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էին` Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Սարմէն Բաղդասարեանը, հիւպատոս Արա Մաթեւոսեանը, Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդի կերպարուեստի գծով տնօրէն Մոսայիտ ալ Զեմել, Քուէյթի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, Կիրակոս Գույումճեան, Քուէյթի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Հասան Ժոհար, Քուէյթի մէջ հաւատարմագրուած աւելի քան 12 երկիրներու դեսպաններ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Քուէյթի մեկուսի կազմի ատենապետ Արամ Յակոբեան, որ կարեւոր նկատեց  նման ձեռնարկներու ընդմէջէն հայ եւ արաբ ազգերու միջեւ  արուեստի ճամբով ստեղծուած երկխօսութիւնը: Ապա Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանատան անունով խօսք առին Դալար Գազանճեանը, Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդի կերպարուեստի գծով տնօրէն Մոսայիտ ալ Զեմել, որոնք դրուատեցին Համազգայինին կատարած աշխատանքը եւ բարձր գնահատեցին արուեստի ճամբով մշակոյթներու երկխօսութեան միտուած այս ցուցահանդէսը: Դ. Գազանճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց Քուէյթի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան  միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւնները եւ ողջունեց Քուէյթի պետութեան ունեցած կառուցողական մօտեցումը` հայութեան եւ հայկական արուեստին նկատմամբ: Իր խօսքին մէջ Մոսայիտ ալ Զեմել գնահատեց ստեղծուած համագործակցութիւնը եւ յորդորեց յաճախակի կազմակերպել  ու մասնակցիլ ձեռնարկներու` արուեստի տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ ժողովուրդին հրամցնել մեր արուեստի գործերը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 14 արուեստագէտներու աշխատանքներ, Քուէյթի եօթը արաբ եւ եօթը հայ նկարիչներու եւ քանդակագործներու ստեղծագործութիւններ: Բոլոր արուեստագէտները Համազգայինի կողմէ պարգեւատրուեցան յատուկ վկայականներով: Դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան եւ Քուէյթի Մշակոյթի, արուեստներու եւ գրականութեան խորհուրդի կերպարուեստի գծով տնօրէն Մոսայիտ ալ Զեմել, ստացան Համազգայինի յուշանուէրները` առ ի նշան երախտագիտութեան: Իսկ ձեռնարկի յաջողութեան մէջ իրենց իւրայատուկ ներդրումը ունենալուն համար արուեստագէտ Ֆահատ ալ Հաժերին եւ կազմակերպող խումբի անդամ  Սօսի Սիմիկեանը պարգեւատրուեցան յուշատախտակներով:

Նախորդը

Ուրկէ՞ Կու Գայ Հովը

Յաջորդը

2024 – Վիշապի Տարի

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.