ՆԱՐԵԿ ՎՐԴ. ԼՈՒԻՍԵԱՆ
Ժողովրդապետ` Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ
Նախորդ դարու քսանական թուականներուն, երբ հայ ժողովուրդը անտէր եւ անտիրական, համտեսելէ ետք քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրի դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ` նոր կորսնցուցած իրենց հայրենիքի անկախութիւնը, ոտքի ելլելու համար պէտք ունէր մեծ թափի եւ մղիչ ուժի մը. ահա այդ օրերուն էր, որ ծնունդ կ՛առնէր, մեծ հայերու շրջանի մը ջանքերով, հայուն կեանք տուող ու պահող, հայերը համախմբող մեծ միութիւն մը, որ արժանաւորապէս մկրտուեցաւ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ միութիւն անունով: Այս կը պատահէր 1928 թուականին:
Սոյն միութեան գլխաւոր նպատակն էր սերունդէ սերունդ փոխանցել հայ ժողովուրդին հայրենասիրութեան ոգին եւ պահել հայ մշակոյթը: Երբ կ՛ըսենք մշակոյթ կը հասկնանք` լեզու, գիր, գրականութիւն, երաժշտութիւն, պարարուեստ, թատրոն… Այդ նպատակին համար բացուեցան վարժարաններ, ճեմարաններ, երաժշտանոցներ, հիմնուեցան թատերական խումբեր, պարախումբեր, բացուեցան տպարաններ, հայու երգը սկսաւ կրկին լսուիլ, հայու գիրքը սկսան կրկին կարդացուիլ, հայու պարն ու թատրոնը սկսան կրկին բարձրանալ բեմերու վրայ:
Ասկէ երեսունհինգ տարիներ առաջ, հայ մշակոյթը պահելու գերագոյն նպատակէն մղուած, Քեսապի մէջ խումբ մը մշակութասէր հայորդիներ, վարակուած` Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու, Իփէկեաններու մտահոգութենէն, ունեցան մեծ տեսլականը` հիմնելու Քեսապի Համազգային միութեան մասնաճիւղը: Քեսապն ալ, իր կարգին, ունեցաւ թատրոն, երգչախումբ, պարախումբ:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95-ամեակը եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակի սոյն յոբելենական հանդիսութիւնը առիթ մըն է ցնծութեան: Յոբելենական տարեդարձները առիթ են` ըլլալու խթան, դրդրող ազդակներ, որեւէ միութեան, ինչպէս նաեւ` Համազգայինի պատասխանատուներուն եւ մեր բոլորին, շարունակելու սկսուած նուիրական գործը, շարունակելու լսցնել արար աշխարհին հայու երգն ու պարը, բայց մանաւանդ` շարունակելու կարդացնել մեր փոքրերուն եւ երիտասրդներուն հայ գիրը, հայ գրականութիւնը եւ սորվեցնել անոնց հայ քաղցրահունչ մեղեդիներն ու շարականները:
Սրտաբուխ մաղթանքս եւ աղօթքս է առ Աստուած, որ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը մնայ անսասան եւ ապառաժի մը պէս ամուր, որպէսզի միշտ վառ պահէ համայն հայութեան սրտին մէջ սէրը` հանդէպ հայ մշակոյթին, որովհետեւ ան մեր ապագայի յենարանն է եւ գրաւականը` յառաջիկայ 50 եւ 100 տարիներուն:
Համազգայինի գործոն եւ աշխուժ անդամ-անդամուհիները իրենց նուիրումի, ծառայութեան եւ անձնուրաց ոգիով պիտի դիմագրաւէն ամէնօրեայ մարտահրաւէրները` տօնելու համար նորանոր տարեդարձներ:
Այս առթիւ սրտանց կը շնորհաւորենք Համազգայինի մեծ ընտանիքին հիմնադրութեան 95-րդ տարեդարձը` մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ հայապահպանման գործին մէջ: Նոյնպէս կը շնորհաւորենք մեր Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35-ամեակը: Կը մաղթենք անոր ոսկեայ եւ ադամանդեայ յոբելեաններ ու նորանոր յաջողութիւններ եւ բարգաւաճում:
Կեցցե՛ն, յաւէ՛տ կեցցե՛ն համազգայինը եւ անոր հայրենասէր եւ մշակութասէր ջահակիր անդամ-անդամուհիները:
Քեսապ, 8 դեկտեմբեր 2023