Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոկունութեան Շշուկներ. Նշոյլ` Արցախէն Բռնի Տեղահանուածներու Սրտերուն Մէջ

December 15, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ՀԱՊՈՅԵԱՆ

Արցախի անդորրը խորտակած հակամարտութեան ստուերներուն մէջ ես` իբրեւ ընկերային ծառայող, առիթը ունեցայ մօտէն հետեւելու Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն` անձամբ ականատես ըլլալով անոնց տոկունութեան արձագանգներուն, անոնց սիրոյ ջերմութեան եւ երախտագիտութեան խորութեան:

Միեւնոյն ժամանակ անոնց աչքերուն մէջ տեսայ խոր վիշտը, որ կը  խօսի կորուստով խաթարուած պատմութեան, փշրուած երազի բեկորներուն պէս անոնց լքած տուներուն մասին: Այդուհանդերձ, անոնց անցեալի աւերակներուն մէջ ես գտայ ուշագրաւ բան մը` անկոտրում ոգի ու պայքարելու ուժ:

Արցախեան հակամարտութիւնը իր բոլոր դրսեւորումներով եւ ծալքերով անջնջելի հետքեր  ձգեց անոր ժողովուրդին դէմքին վրայ. արդարեւ, արցախահայերու աչքերուն վիշտը կը խօսի ծաւալած իրադարձութիւններուն խոր ազդեցութեան մասին:  Ընտանիքներու բաժանումը, աւերուած տուները եւ կեանքի բազում ցնցումներուն ենթարկուելու ստիպողութիւնը արցախահայութեան էութեան մէջ ձգեցին խոր սպիներ, որոնցմէ ապաքինումը ժամանակ կը պահանջէ: Հետեւաբար այս ծանր ցաւերուն մէջ նոյնիսկ Արցախի ժողովուրդը կը մնայ տոկուն` ուժ գտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան մէջ:

Արցախի ժողովուրդին եւ հողին միջեւ կապուածութիւնը խորապէս արմատացած է: Ստիպուած լքելով իրենց տուները, շատեր այժմ կը յայտնուին տեղահանուած վիճակի մէջ` փափաքելով ըլլալ տեղ մը` իրենց ծանօթ բնապատկերներով, որոնք ժամանակին կը սահմանէին իրենց առօրեան: Իրենց հողի կարօտի ցաւը շօշափելի է, սակայն վերադարձի յոյսը վառ կը մնայ անոնց սրտերուն մէջ:

Անոնց տոկունութիւնը ոչ թէ ամպամած յայտարարութիւն էր, այլ` ուժ, որ կը կրէր գոյատեւման ծանրութիւնը: Ընտանիքներ, որոնք ժամանակին կապուած էին իրենց տուներու պատերուն, այժմ կապուած են ապագային համար ընդհանուր պայքարին: Երեխաներ, որոնց ծիծաղը կ՛արձագանգէ քաոսի մէջ, անոնք անորոշութեան անկիւններուն մէջ անսասանօրէն յոյսը կը հետապնդեն:

Մեծագոյն տպաւորութիւնը` զիս ցնցող, սէրն էր, որ ներթափանցած ու տիրական է անոնց պատմութիւններուն մէջ: Սէր` դէպի այն երկիրը, զոր անոնք ժամանակին տուն կ՛անուանէին, սէր` դէպի հողի մեջ խրուած յիշողութիւնները, եւ սէր իրարու հանդէպ` այն սոսինձը, որ զանոնք ամուր պահեց փոթորիկներու մէջ: Ես լսեցի երէցներու պատմութիւններ այն ժամանակներուն մասին, երբ արեւը կը համբուրէր լեռները, եւ` երեխաներունը, որոնք կառչած էին այն յոյսին, որ օր մը ազատօրէն պիտի խաղան այն հողի վրայ, զոր իրենց նախնիները տուն կը կոչէին:

Մարդասիրական օգնութեան բաշխելու ժամանակ շնորհակալութիւնը միայն սնունդի եւ առաջին անհրաժեշտութեան իրերու համար չէր, այլ խորին խոստովանութիւն էր, որ իրենց ամէնէն մութ ժամուն ալ աշխարհը աչք չէր փակած: Այդ ընդհանուր մարդկայնութեան ճանաչում էր, կարեկցանքի ձեւով տարածուած փրկօղակ, զգացմունք, որ աւելի բարձր կ՛արձագանգէր, քան` խօսքերը:

Բաշխումի ժամանակ ուղեկցող ողջոյնը պարզապէս խոստովանութիւն չէր, այլ երախտագիտութեան օրհներգ էր, որ կ՛երգուի համայնքի մը կողմէ, որ անսասան ոգիով դիմակայած էր դժբախտութիւնները: Այդ ողջոյն մըն էր, որ գերազանցեց լեզուական խոչընդոտները, շնորհակալութեան համընդհանուր արտայայտութիւն, որ թարգմանութեան կարիք չունէր:

Այս փոխազդեցութիւններու պարզութեան մէջ ես բացայայտեցի մարդկային ոգիի խոր ուժը: Խօսքը միայն գոյատեւման մասին չէր, այլ ժողովուրդի, մշակոյթի եւ պատմութեան էութիւնը պահպանելու մասին էր, որ դիմացկուն էր փոփոխութեան քամիներուն դիմաց իսկ:

Անոնց դէմքերը կը մնան մտքերուս մէջ, վկայութիւն` այն աննկուն ոգիին, որ դպաւ իմ հոգիիս: Անոնց տոկունութեան, սիրոյ եւ երախտագիտութեան մէջ ես գտայ պատմութիւն մը, որ պէտք էր պատմել, մարդկութեան պատմութիւն, որ կը բարձրանար մոխիրներէն, պատմութիւն մը, որ հակառակ ցաւին` կը կրէր յոյսի մեղեդին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Յաջորդը

Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Հիմնադրութեան 95-Ամեակ Եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 35-Ամեակ

RelatedPosts

Խմբագրական «Ազդակ»-ի.  Պատմութեան Վկան
Անդրադարձ

Խմբագրական «Ազդակ»-ի. Պատմութեան Վկան

November 20, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյանքը Փաստի Սով Է»

November 20, 2026
Բարեւին Արժէքը
Անդրադարձ

Բարեւին Արժէքը

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.