«ԼՕԽ»-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ հրատարակութեամբ, քարոզչական յանձնախումբին ջանքերով եւ աշխատութեամբ, մեր սրտին խօսող, մեր երազներու իրականացման տենչանքով նկարազարդուած է 2024-ի «ԼՕԽ»-ի օրացոյցը, որ մեր տրամադրութեան տակ դրուեցաւ` հակառակ տիրող տնտեսական հեղձուցիչ անկարելիութիւններուն:
Գեղանկարիչ Գօգօ Կարապետի վրձինին կը պատկանի «ԼՕԽ»-ի այս տարուան օրացոյցին նկարը, հոն է «ԼՕԽ»-ը` իր առաքելութեամբ, «Ժողովուրդէն ժողովուրդին» նշանաբանով, Արցախի ժողովուրդը` իր տառապանքով եւ ապրելու աննկուն կամքով, հոն է Արցախի արթուն պահակ` «Մամիկն ու պապիկ»-ը: Այս բոլորին մէջէն «Փիւնիկ» թոչունի նման վեր սլացող իրաւատէրը անպայման կը թեւածէ մեր բոլոր իղձերուն եւ հայաբոյր Արցախ աշխարհին վրայ, վերատիրանալու յոյսով:
Վա՛րձքը կատար բոլորին: