ՔԱՐԷՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Կլիմայի փոփոխութեան հարցը արծարծուած մնայուն նիւթ մըն է, որ կը մտահոգէ ամբողջ աշխարհը` ապագայի իր լայնածաւալ եւ խորաթափանց հետեւանքներուն պատճառով: Ասկէ մեկնած ալ այս տարրական նիւթը ընդգրկուած է կրթական ծրագիրին մէջ եւ կը ջամբուի նոր սերունդին` փոքր տարիքէն զայն իրազեկ դարձնելու այս հրատապ հարցին եւ անոր լուրջ հետեւանքներուն, ինչպէս նաեւ անմիջական քայլեր առնելու անհրաժեշտութիւնը` նուազեցնելու համար այս վտանգին ազդեցութիւններն ու գուցէ հիմնովին կասեցնելու այս խնդիրը:
Հարկ է հայեացք մը նետել դէպի անցեալ եւ մօտէն ծանօթանալ կլիմայի տաքացման հիմնական դրդապատճառներուն: Բայց նախ նշենք, թէ ճիշդ ի՛նչ է կլիմայի փոփոխութիւնը:
Երկրագունդը միշտ ենթարկուած է նման փոփոխութիւններու, սակայն` երկար ժամանակի վրայ եւ չափաւոր կերպով, այսինքն կը նշմարուէր ջերմաստիճանի չնչին բարձրացում մը, որուն պատճառները բոլորովին բնական երեւոյթները կ՛ըլլային, ինչպէս` հրաբուխ եւ արեգակնային աշխուժութեան գործօններ: Մինչեւ այսօր կը յիշուի սառոյցի դարաշրջանին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս ներկայիս անապատային շրջաններ նախապէս ունեցած են լիճեր: Սակայն ներկայիս խնդիրը այն է, որ կլիմայի փոփոխութիւնը կ՛ընթանայ շատ արագ, եւ բնութեան հանդէպ մարդ արարածի ամբողջական անտարբերութիւնն է անոր հիմնական պատճառը: Աշխարհը ունի բնական կազեր, ինչպէս` CO2, որ կը պահէ արեւի տաքութիւնը` բնակելի դարձնելով երկրագունդը, այլապէս երկիր մոլորակն ալ կը դառնար սառոյցով պատուած եւ անբնակելի, ինչպէս` այլ մոլորակներ: Սակայն 19-րդ դարու սկիզբէն ի վեր մարդկային գործունէութիւնը աւելցուց այս տեսակ կազերու արտադրութիւնը, եւ ժամանակի ընթացքին աւելի հաստ դարձաւ նման կազերու խաւը` բարձրացնելով երկրի ջերմաստիճանը: Մանաւանդ ածուխի, ապա բնական կազի, իւղի եւ ածանցեալներու օգտագործումը ելեկտրականութեան արտադրութեան համար դարձան օդի ապականումի հիմնական պատճառները:
Ուրեմն առաջին հերթին կու գայ բոլորիս ծանօթ Արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը` ծագած 18-րդ դարու վերջաւորութեան, որ թէեւ ունեցաւ մարդկային եւ շահեկան հսկայական ձեռքբերումներ, սակայն այս յեղափոխութեան օգուտը վայելեցին յատկապէս գործարանները, եւ զարգացան ճանապարհորդութեան միջոցները: Մինչ այս նպատակին ծառայելու համար օգտագործուող հանածոյ վառելիքի արձակումը աւելցուց երկրի ջերմաստիճանը, նաեւ ճեղքեց օզոնի խաւը, որ երկիրը կը պաշտպանէ արեւուն վտանգաւոր ճառագայթներէն:
Կլիմայի տաքացման հետեւանքները բազմաթիւ են, ան հիմնական պատճառը կը հանդիսանայ երաշտի, բեւեռներու սառոյցի հալելուն որ բարձրացնելով ծովի ջուրի մակարդակը` ինքնին սպառնալիք մը կը դառնայ ծովեզերեայ երկիրներուն եւ մանաւանդ կղզիներուն, ինչպէս նաեւ կ՛առաջնորդէ կենսանաբազմազանութեան (biodiversity) կորուստի: Եթէ օր առաջ առաջքը չառնուի` կասեցնելու անոր պատճառները, ապա բաւական ուշ կ՛ըլլայ, եւ մենք ականատես կը դառնանք անոր հետեւանքներուն:
Բարեբախտաբար 1980-ականներուն գիտնականները անդրադարձան, որ կլիմայի տաքացման անսովոր երեւոյթ մը ընթացք առած է եւ հետզհետէ սրընթաց կերպով կը յառաջանայ: Հետեւաբար ՄԱԿ-ը 1995-էն ի վեր որոշեց տարեկան միջազգային համաժողով գումարել` քննարկելու համար կլիմայի փոփոխութեան պատճառներն ու որդեգրել բնապահպանման միջոցներ:
Այսօր լրատուական բոլոր կայաններէն կը սփռուին ՄԱԿ-ի 28-րդ տարուան (COP28) ժողովի մասին տեղեկութիւններ. ժողովը տեղի կ՛ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ. ժողովին նպատակն է համաշխարհային կլիմայի տագնապի դէմ պայքարելու յատուկ ծրագիր մը որդեգրել մասնակիցներու կողմէ: Այս համաժողովին ներկայ կը գտնուի աւելի քան 70.000 անձ` տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, պատուիրակներ, գիտնականներ, հանրային գործիչներ եւ առեւտրականներ` իրենց մասնակցութիւնը բերելու կլիմայի փոփոխութեան հրատապ հարցի քննարկման համաժողովին, կանխարգիլելու համար անոր ծանր հետեւանքները:
Յատկապէս այս տարի շատ զգալի էր ջերմաստիճանի արձանագրուած աննախադէպ թիւերը, որոնք ահազանգեցին այս հարցի մասին աւելի լուրջ մօտենալու համար: Գիտնականներ հաստատեցին, որ 2023-ի յուլիս ամիսը շատ հաւանաբար վերջին 120.000 տարիներու ամենատաք ամիսը եղած է: Միջազգային զանազան լրատուական աղբիւրներ անդրադարձան այս աննախընթաց երեւոյթին: Օրինակի համար, յուլիս 16-ին Չինաստանը արձանագրեց 52,2 աստիճան տաքութիւն:
Այսօր աւելի քան եւս մրցանշային ջերմաստիճանները ցնցեցին ամբողջ աշխարհը եւ մտահոգութիւններ յառաջացուցին ապագային նկատմամբ: Գիտականօրէն կը նախատեսուի, որ 2024 թուականին երկրագունդի ջերմաստիճանը աւելի եւս պիտի բարձրանայ:
Այս տարի եւս տեսանք արեւադարձային փոթորիկները` աւելի կատաղի դարձած, իսկ ջրհեղեղները ողողեցին Միջերկրականի ափամերձ երկիրներ, ինչպէս` Յունաստան:
Իսկ արաբական աշխարհը կլիմայի փոփոխութենէն առաւելագոյն ազդուող շրջաններէն կը նկատուի: 1980-2023 Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ ամէն տասը տարուան ընթացքին 0,46 աստիճանով ջերմաստիճանը բարձրացաւ որ շատ աւելի է, քան` աշխարհի միջին հաշուով բարձրացումը, ինչ որ 0,18-է: Իսկ այն երկիրները, ուր առատօրէն կ՛անձրեւէր, ներկայիս պակսեցաւ անոր քանակը, անդին` այն երկիրները, ուր հազուադէպ կ՛անձրեւէր, ինչպէս` Սէուտական Արաբիա, սկսաւ տեղատարափ եւ ջրհեղեղային անձրեւ տեղալ:
Ուրեմն COP28 ժողովին, կլիմայի տաքացման հարցի քննարկուած լուծումներու ընթացքը մասնաւորապէս վերանորոգուող ուժանիւթի (renewable energy) անցնիլն է ելեկտրականութիւն հայթայթելու համար, կարելի եղածին չափ պակսեցնելու հանածոյ վառելիքի արտադրումը եւ օգտագործել ելեկտրական փոխադրակառքեր: Առաւել եւս` որդեգրել արագ եւ լայնածաւալ գործողութիւններու համակարգ մը, որ լուծումներ գտնելու համար բնութեան վրայ հիմնուած է: Օրինակ` վերականգնել ճահճային ռւ անտառային տարածքներ, որոնք արդիւնաւէտ միջոցներ են կլիմայի տագնապին ստեղծուած մարտահրաւէրներու նուազեցման: COP28 ժողովի ընթացքին խօսուեցաւ, որ կարելի է CO2-ի արտադրութիւն նետումը յառաջիկայ եօթը տարիներու ընթացքին նուազագոյնը 43%-ով նուազեցնել:
Եզրափակելու համար. երբ մարդկութիւնը մօտենայ եւ գործնականօրէն աշխատի` կասեցնելու կլիմայի փոփոխութեան հիմնական պատճառները եւ դիմէ բնական միջոցներով ելեկտրականութեան արտադրութեան, ապա դանդաղօրէն, բայց վստահաբար կը յաջողի յաղթահարել տուեալ մարտահրաւէրները:
Ուրեմն նոր սերունդին զերծ պահելու համար մարդածին աղէտներէ, պէտք է օր առաջ խոհեմ քայլեր առնել, կազմակերպել նման հաւաքներ` քննարկելու համար այսպիսի լուրջ հարց մը, եւ պարտաւորութիւն զգալ` քայլ պահելու եւ պատասխանատու կերպով ապրելու եւ լուծելու կլիմայի տաքացման ազդակները, որպէսզի երկիրը մաքուր եւ անապական ձեւով որպէս ժառանգ կտակենք յաջորդ սերունդներուն: