Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Դեկտեմբեր 14, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Համազգայինի Հիմնադրութեան 95-Ամեակը Արժանաւորապէս Յիշատակուեցաւ Յոբելենական Հանդիսութեամբ

Հովանաւորութեամբ Մակար եպս. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 2 դեկտեմբերին «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ յոբելենական հանդիսութեամբ արժանաւորապէս յիշատակուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը:

Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը բոլոր նահատակներուն:

Օրուան հանդիսավարն էր Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան անդամ Մարինա Չիլ Աբօշեան-Պօղիկեան, որ հայերէնով արտասանած բացման իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Համազգայինը իր համաշխարհային ցանցով մեր դիմագիծի պահպանման կարեւոր ազդակներէն մէկը հանդիսացաւ հայ կեանքին մէջ: Ան խոնարհեցաւ Համազգայինի հիմնադիրներուն, անոնց գործը շարունակող մշակութային գործիչներուն, հազարաւոր նուիրեալներուն եւ Սուրիոյ շրջանի մշակութային կեանքը բազում զոհողութիւններով պահպանող վաստակաւոր համազգայնականներուն դիմաց` աւելցնելով, որ Համազգայինի Սուրիոյ շրջանը իր հինգ մասնաճիւղերով եւ չորս միաւորներով երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ շարունակեց յառաջ տանիլ մշակութային իր առաքելութիւնը:

Արաբերէն բացման խօսքով Համազգայինի թատերական միաւորի վարչութեան անդամ Սագօ Պալապանեան լուսարձակի տակ առնելով մշակութային գործիչները, մշակոյթի պահապանները` հաստատեց, որ անոնք կը ներկայացնեն քաղաքակրթութիւնը, կը ծանօթացնեն զայն ընկերութեան ու կը կերտեն մարդը մշակութային արժէքներուն ընդմէջէն` դիտել տալով, որ մշակոյթը ոչ միայն ժողովուրդի մը դիմագիծն է, այլեւ կը նպաստէ մարդկային կեանքի հարստացման, գունաւորման եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան:

Օրուան բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ անդրադառնալով Համազգայինի հիմնադրութեան` շեշտեց, որ հիմնադիրները մարգարէատիպ լուսաւոր այրեր էին, որոնք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան պետական նշանաւոր գործիչներ եղած էին ու Հայաստանի խորհրդայնացումէն ու Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Եգիպտոսի մէջ, հաւաքուելով ու կանխատեսելով սփիւռքահայութեան ուծացումի վտանզը, ստեղծեցին նախ կրթական ու հրատարակչական, այնուհետեւ մշակութային այնպիսի միութիւն մը, որ հայրենիքէն հեռու իւրաքանչիւր հայորդիի մտքին, սրտին ու հոգիին մէջ դրոշմել կարողացաւ հոգեւոր հայրենիքի գաղափարն ու նորահաս սերունդները ազգային ինքնութեան հետ ամրօրէն կամրջուած պահեց: Ապա ակնարկ մը նետելով Համազգայինի 19 շրջաններու մէջ ծաւալած գործունէութեան վրայ` նշեց, որ յոբելենական սոյն հանդիսութիւնը կը կատարենք հայութեան համար ամէնէն դժնդակ օրերուն, Արցախը կորսնցուցած ենք, տակաւին չենք թօթափած մարդկային ու հողային ահաւոր կորուստներուն տագնապը: Վտանգի տակ է սփիւռքին մէջ հայրենիքին համար ու հայրենական հեռանկարով ապրելու մեր գոյերթին գաղափարական իմաստը: Միւս կողմէ` սփիւռքը մաշումի մէջ է: Այս բոլորին լոյսին տակ ան ողջունեց հայ կեանքին մէջ քաղաքական ու գաղափարական տարբեր դրօշներու տակ գործող, սակայն հայապահպանման նոյն առաքելութեան տէր միութիւնները` շեշտելով, որ այսօր մեր կիզակէտը արցախահայութիւնն է, եւ Համազգայինի` Արցախի եւ Հայաստանի զոյգ գրասենեակները լծուած են արցախահայութեան թեւ ու թիկունք կանգնելու անյետաձգելի գործին:

Իր խօսքի աւարտին Քէշիշեան միութեան 95-ամեակին առիթով յորդորեց վերարժեւորել անցեալը, քննել ներկայ մարտահրաւէրներն ու ուրուագծել ապագան:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրում` Համազգայինի վաստակաւոր անդամ, երկարատեւ տարիներ Համազգային ընտանիքէն ներս ծառայած Հռիփ Կանանեանի, որ ուղղեց նաեւ իր սրտի խօսքը:

Օրուան եզրափակիչ պատգամը ուղղեց առաջնորդ սրբազանը: Ան յայտնեց, որ Համազգայինը իրեն համար եղած է ու կը մնայ փոքր Հայաստան մը` իր ողջ էութեամբ, աւելցնելով, որ Համազգայինը 95 տարուան ընթացքին իր հիմնադիրներուն ճամբով փորձած է վառ պահել` հայու հոգին, հայու երազը, հայու տենչը, ազատութեան ու անկախութեան ոգին, պայքարի տրամադրութիւնը եւ միշտ դժուարութեան, նեղութեան, տառապանքի, հալածանքի ճնշումներէ ետք ոտքի կանգնելու եւ դէպի վեր սաւառնելու կամքը, եւ այս բոլորը իրականացնելով` երազը գործի ու կեանքի վերածած է: Սրբազանը շեշտեց, որ Համազգայինի առաքելութիւնը եղած է տալ այն, ինչ որ անհրաժեշտ էր հայուն, հայակերտման, ազգապահպանման, մշակոյթի ծաղկեցման, եկեղեցւոյ, ազգային արժէքներուն համար:

Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, նաեւ ցուցադրուեցաւ «Արմատներուն կանչը» խորագիրը կրող տեսերիզ մը, ուր ներկայացուած էին Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակը, հիմնադիրներուն տեսլականը, ինչպէս նաեւ մշակոյթին դերը սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ` անոնց մէջ վառ պահելու հայոց լեզուի, դպրութեան, արուեստներու ու մանաւանդ Հայաստանի հանդէպ սէրը եւ Համազգայինին ջահը փոխանցելու սերունդէ սերունդ:

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը

2 դեկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանէն ժամանած Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պատուիրակութեան, որուն մաս կը կազմէին ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, վարչութեան անդամ Արա Գէորգեան, գործավար Տօնիկ Տօնապետեան, ինչպէս նաեւ` Կեդրոնական վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ Կարօ Մանճիկեան, ընկերակցութեամբ` Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան:

Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց հայկական մշակութային արժէքները վառ պահող Համազգայինի մեծ ընտանիքի նուիրեալ անդամներուն:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը անդրադարձաւ միութեան 95-ամեակի գործունէութիւններուն, արցախահայութեան ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն եւ միութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն: Այցելութեան առիթով Զաքար Քէշիշեան սրբազան հօր նուիրեց իր հեղինակած ձայնասկաւառակներէն օրինակներ:

Համազգայինի 95-ամեակի յոբելենական հանդիսութեան առիթով Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Րաֆֆի Սիւլահեան սրբազան հօր նուիրեց միութեան նշանակը կրող յուշանուէր:

Սրբազանը թեմին անունով շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ կատարեց այցելուներուն`  Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով եւ ծաղկուն գործունէութիւն մաղթեց անոնց:

Միացեալ Նահանգներ

Տիթրոյթի Մէջ ՀՅԴ 133-Ամեակի Տօնակատարութիւն

Կազմակերպութեամբ Տիթրոյթի ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին, 2 դեկտեմբերին, «Հայ կեդրոն»-ին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակի տօնակատարութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Ժեմմա Տաուլէ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` նշեց, որ 133-ամեայ բեղուն գործունէութեամբ ազգին ու հայրենիքին անմնացորդ ծառայող ՀՅԴ-ն այսօր եւս պատնէշի վրայ է ամէնուրեք` հակառակ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, բազմաշերտ մարտադաշտերու, ինչպէս` սփիւռք եւ հայրենիք, հայապահպանում եւ հայրենապահպանում, Հայ դատ եւ պետականաշինութիւն, դաշնակցականամիտ-պահանջատէր սերունդներու դաստիարակութիւն եւ բանակաշինութիւն:

ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեպուհ Հացագործեան նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան նուիրուած եւ աւանդութիւն դարձած ոգեկոչման այս հանդիսութիւնը տեղի կ՛ունենայ մեր պատմութեան օրհասական մէկ փուլին, երբ դաւաճանուած եւ հայաթափուած է հայրենի Արցախը, հայրենազուրկ եւ տնազուրկ դարձած է աւելի քան 100 հազար արցախցի:

Հանդիսութեան պատգամախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան ընդգծեց, որ դժբախտաբար տօնական տրամադրութեամբ չէ, որ կը նշենք մեր կուսակցութեան 133-ամեակը, որովհետեւ կ՛ապրինք աշխարհաքաղաքական աննպաստ պայմաններու, հայրենի հողին ու ժողովուրդին տէր կանգնելու անատակ հայրենի ղեկավարութեան եւ բիւրաւոր նահատակներու արեան գնով ազատագրուած մեր պատմական հայրենիքի անբաժան մասնիկը հանդիսացող արցախեան հողակտորի կորուստի կոտտացող ցաւին ներքոյ, լուսարձակի տակ առնելով այս ոդիսականին տուն տուող նախադրեալները, եւ վերլուծման ենթարկեց տիրող իրավիճակն ու ուրուագծեց պահանջատէր հայու մեր երթուղին: Ան շեշտեց, որ հայրենիքի մէջ թէ հայրենիքէն դուրս իւրաքանչիւրս իր լուման ունի նուիրաբերելիք մեր գոյապայքարին` աւելցնելով, որ արցախահայութեան բռնի տեղահանումը համարժէք է ցեղասպանութիւն եզրին, հետեւաբար տունդարձի իրաւունքի արծարծումը միջազգային ատեաններէ ներս սփիւռքահայու պահանջատիրութեան առանցքը պէտք է դարձնել, իսկ հայրենիքի մէջ թուրք-ազրպէյճանական ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը ամլացնելու համար առաջնահերթային է Սիւնիքի ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը:

Այնուհետեւ սրտի խօսքեր արտասանեցին հոգեւոր հայրեր Հրանդ քհնյ. Գէորգեան եւ պատուելի Յակոբ Յարութիւնեան:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, նաեւ  սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ «Արցախի բարեկամներ» եւ «Արցախ հիմնադրամ»-ի միջոցով ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին կատարած օժանդակութիւնները:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ երեք պարգեւատրումներ: ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէութեան շարքերուն ծառայած եւ իր դաշնակցականամէտ վարքով ու գործունէութեամբ օրինակելի ընկերոջ մը յիշատակին նուիրուած պարգեւին արժանացաւ վաղամեռիկ ընկեր Մանուկ Առաքելեան, որուն պարգեւը ստանձնեց իր եղբօրորդին, «Համակիր»-ի պարգեւին արժանացաւ ՀՕՄ-ուհի Սիւզի Մարտոյեան, «Երիտասարդական» պարգեւին արժանացաւ Լոռի Փիլիպոսեան: Նշենք, որ հանդիսութեան հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի արցախահայութեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Տեսակցութիւն Կ՛ունենայ Առաջնորդ Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին Հետ

Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան ծանօթացման այցելութեամբ մը 6 դեկտեմբերին տեսակցութիւն ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին հետ, վերջինիս Կլենտէյլի կեդրոնական գրասենեակին մէջ:

Կեդրոնական կոմիտէի ընկերներուն կողքին, հանդիպումին կը մասնակցէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը:

Սրբազան հօր եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն միջեւ տեղի ունեցաւ բաց եւ մտերմիկ զրոյց մը: Քննարկուեցան մեր համայնքը եւ համայն հայութիւնը յուզող հարցեր, երկուստեք ներկայացուեցան ընթացքի մէջ եղող աշխատանքները եւ ապագայ ծրագիրները` կարեւոր համարելով համագործակցութիւնը շարունակելու արդիւնաւէտ ընթացքը:

Կեդրոնական կոմիտէն սրբազան հօր ծանօթացուց շէնքի բոլոր գրասենեակները, ուր կը գործեն զանազան կառոյցներ:

Աւարտին սրբազան հայրը Կեդրոնական կոմիտէն հրաւիրեց Ազգային առաջնորդարան այցելելու:

Թաներ Աքչամի Նոր Հատորին Շնորհահանդէսը` Պոլսահայ Միութեան Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին, 19 նոյեմբերին միութեան կեդրոնի «Հրանդ Տինք» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գրասէր շրջանակներու մէջ ծանօթ փրոֆ. Թաներ Աքչամի «Yüzyıllık Apartheid» գիրքին շնորհահանդէսը: Փրոֆ. Աքչամ սահիկներու ցուցադրութեամբ բացատրութիւններ տուաւ գիրքին մասին` նկատել տալով, որ իր ստեղծման օրէն ի վեր Թուրքիոյ իրաւական համակարգը եւ անոր հիմնարկները շրջապատող մշակոյթը քաղաքացիները բաժնած են երեք հիմնական դասակարգերու, որուն վերին խաւը սիւննի մահմետական թուրք քաղաքացիներն են, երկրորդ կամ միջին խաւը բաղկացած է ալեւիներէն եւ այլ ոչ թուրք մահմետականներէն (քիւրտեր, չերքեզներ եւ այլն), իսկ երրորդ կամ ամէնէն ցած խաւը բաղկացած է քրիստոնեաներէն եւ հրեաներէն: Ան ըսաւ, որ սխալ չ՛ըլլար այս դասակարգերը որակել` իբրեւ թրքական «արտօնեալ դասակարգի համակարգ: Ան յայտնեց, որ մենք կրնանք աւելի հեռուն երթալ` դէպի օսմանեան միլլեթ համակարգը, ապա` Apartheid-ը (խտրական համակարգ), որ հաստատուած է շարք մը բացայայտ կամ գաղտնի օրէնքներով եւ հրամանագիրներով, որոնք հրապարակուած են նոր խորհրդարանին կողմէ 1920 ապրիլէն ի վեր` նշանաւորելով ժամանակակից Թուրքիոյ սկիզբը, աւելցնելով, որ այս օրէնքներէն եւ հրամանագիրներէն շատերը ի զօրու են մինչեւ այսօր:

Աւարտին Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբին կողմէ գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը` առ ի գնահատանք անոր նորատիպ հատորին, որուն յաջորդեց գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը: Փրոֆ. Աքչամ իր սրտի գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին անխտիր ու մասնաւորաբար` Պոլսահայ միութեան: Նշենք, որ հատորին ամբողջ հասոյթը նուիրուեցաւ Պոլսահայ միութեան մշակութային հիմնադրամին:

Կիպրոս

Արցախցի Տեղահանուած Պատանիներ Կիպրոս Կ՛այցելեն

Կիպրոսի պետութեան մօտ կատարուած յատուկ դիմումին հիման վրայ, Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի մարդասիրական առաջարկը ընդունուած է` Կիպրոս հրաւիրելու Արցախի վերջին պատերազմէն լրջօրէն տուժած եւ բռնի տեղահանուած 30 արցախցի պատանիներ (12-17 տարեկան) եւ անոնց ընկերացող երեք պատասխանատու երէցներ, 12 օրերու վրայ երկարող կեցութեան մը համար:

Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութիւնը եւ որոշ չափով մըն ալ` համայնքի ներկայացուցիչը պիտի կատարեն նիւթական անհրաժեշտ օգնութիւնը` հոգալով այս խումբին երթեւեկի, պանդոկի, պտոյտի եւ առօրեայ կարիքներու ամբողջական ծախսերը:

Միաժամանակ, այս այցելութեան հաճելի եւ յիշատակելի բնոյթ մը տալու նպատակով արդէն իսկ ծրագրուած են ու կը գործադրուին նաեւ պտոյտներ եւ այցելութիւններ դէպի կղզիին տեսարժան վայրերը:

Թեհրան

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի Այցելութիւնը «Ալիք»

«ԱԼԻՔ» հաստատութեան հրաւէրով վերջերս Թեհրան այցելեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:

Արդարեւ, 4 դեկտեմբերին Իշխան Սաղաթէլեան այցելեց «ԱԼԻՔ» օրաթերթի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Շահնազարեանի, «ԱԼԻՔ» հաստատութեան ներկայացուցիչ Սեւան Դանիէլեանի, ինչպէս նաեւ թերթի խմբագրակազմին հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացները եւ սպասուող զարգացումները:

Իտալիա

Հայագիտական Միջազգային Համաժողովը

1-2 դեկտեմբերին Ուտինէի համալսարանին մէջ կայացաւ «Արարատի ստուերում. հայկական արուեստը` ճամբորդական գրականութեան մէջ» (13-21 դարեր) խորագրով հայագիտական միջազգային համաժողովը, որ կազմակերպուած էր Ուտինէի համալսարանի, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բաժանմունքի եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնադրամին հետ, համագործակցութեամբ` ՀՀ դեսպանութեան եւ Ուտինէի քաղաքապետարանին:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան` Ուտինէի համալսարանի տնօրէն Ռոպերթօ Պինտօ, դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բաժանմունքի տնօրէն Աննա Ասատրեան եւ Ուտինէի համալսարանի ներկայացուցիչներ:

Հայագիտության տարբեր ոլորտներուն վերաբերող իրենց հետազօտական աշխատանքները ներկայացուցին` հնաբան, Իտալիոյ ԱԳ եւ միջազգային համագործակցութեան գլխաւոր տնօրէն Սերժօ Ֆերտինանտի, Փիզայի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ալեսսանտրօ Օրենկօ, ՀՀ ԳԱԱ արուեստի բաժանմունքի դասախօս փրոֆ. Անահիտ Պեքարեան, Ուտտինէի համալսարանի գիտական հետազօտող Ալեսիա Պոսքիս, Ժընեւի համալսարանի դասախօս դոկտ. Մարքօ Ռուֆֆիլի, Վենետիկի Քա՛Ֆոսքարի համալսարանի դասախօս փրոֆ. Ալթօ Ֆերարի, հետազօտող Փաոլօ Լուքքա, նաեւ հայագէտներ եւ արուեստագէտներ` Հայաստանէն եւ Իտալիայէն:

Դեսպան Ծովինար Համբարձումեան իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ուտինէի համալսարանին եւ Իտալիոյ հայագէտներուն` սոյն կարեւոր նախաձեռնութեան համար, անդրադառնալով հայ-իտալական համագործակցութեան մարդկային ոլորտին` կարեւոր նկատելով իտալական համալսարաններուն մէջ հայագիտական ամպիոններու գործունէութիւնը: Ան ներկայացուց նաեւ Արցախի շուրջ վերջին իրադարձութիւնները, հայ մշակութային ժառանգութեան վտանգուածութիւնը:

 

 

Նախորդը

Երբ Տօները Կը Շեղին Իրենց Բուն Իմաստէն Եւ Կը Դառնան Ընկճախտի Պատճառ

Յաջորդը

Կեանքի Ժամանակը

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?