Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անյիշատակ Տիպարներ

Յուլիս 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀԱՆ Կ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Այս անիրաւ աշխարհս շատերը կը նետէ լուսանցքին մէջ, ուր անոնք կը մնան աննկատ ու կը վրիպին մեր ուշադրութենէն: Այդտեղ կը սպասեն անձայն, բայց` ո՛չ անգործ, յաճախ չարչարալից աշխատանք տանելով: Կը սպասեն` իրենց ուսերուն կրելով լեղահամ լուծը կեանքին:

Իսկ ինչի՞ կը սպասեն, գուցէ յոյսի շողքի մը, գուցէ լոյսի ցոլքի մը: Երեւի կը սպասեն, որ կեանքը քաղցրանայ, կամ ճակատագիրը անուշնայ, եւ օրը գոնէ մէկ անգամ ժպտին: Բայց ի՞նչ ժպիտ սպասել այս անամօթ օրերէն, լաւագոյն պարագային` խախանք (անպատկառ խնդուք) մը նետեն անոնց մռայլ դէմքերուն եւ արհամարհաբար անցնին… Ու շատերը կը շարունակեն մնալ յամրընթաց ու դանդաղաշարժ օրերու ծաղրանքի առարկան:

Թերեւս ալ ոչ մէկ բանի կը սպասեն, կքած` դառնագոյն ծանրութեանց տակ: Յամենայն դէպս իրականութիւն է, որ անոնք անձայն են, իսկ եթէ իրենցմէ ոմանք ուժ գտնեն ձայն արտաբերելու, ապա վստահաբար անիկա լսելի չ՛ըլլար:

Ուստի, այստեղ կամեցայ ձայն տալ անոնց, ըլլա՛լ անոնց ձայնը` յանուն մարդկային արդարութեան, յանուն մարդկայնութեան եւ ի շահ մեզի: Քանզի անոնցմէ շատերը օրինակելի կերպարներ են, տիպարներ են, որոնցմէ կարելի է եւ պէ՛տք է շատ բան սորվիլ:

* * *

 – Ա –  Անզօր Մարմնով Հզօ՛ր Վաչէն

Կարծեմ` Վաչէ էր անունը, լաւ չեմ յիշեր… Ծանրաշարժ էր ու ծանրախօս, բայց` ո՛չ  ծանծաղամիտ ու ծանրախոհ: Ամէն ամառ, յունիս ամսուն կու գար Քեսապ` Հալէպէն, ոչ միայն իբրեւ ուխտաւոր, այլ նաեւ` իբրեւ վաճառական: Վաճառական բառը կրնայ չափազանցութիւն ըլլալ քանի մը խաչ, վարդարան ու սրբապատկեր ծախող հատավաճառ մը բնորոշելու համար, սակայն չափազանց մե՛ծ էր Վաչէն` վեհ ու վսեմ:

Վտիտ էր Վաչէի մարմինը եւ վատուժ, մէկ ձեռքն ու ոտքը հազիւ թէ կը բանէին: Ձեռքը միշտ ծալած` սրտին մօտիկ, իսկ ոտքը իր ետեւէն քարշ տալով կը շարժէր դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով:

Խորախոր էին անոր նայուածքները, սակայն` միշտ թախիծով լեցուն, կարծես թէ ամբողջ աշխարհիս բեռը ուսերուն ըլլար: Այսուհանդերձ, թէեւ դողդողալով, բայց միշտ ամուր քայլափոխով կը յառաջանար ու կը շրջէր Քեսապ աւանի բոլոր անկիւնները` իր առուծախը ընելու:

Վստահ եմ, որ կարելիութիւն չունէր տուն մը վարձելու, ծանօթ ալ չունէր կարծես թէ: Իր օթեւանը դարձած էր Հայ կաթողիկէ Ս. Միքայէլ վանքը` Քեսապ աւանի «թագի գոհարը»:

* * *

Մեր խանութի դրամարկղի ետին նստած` երկար զրոյցի մը կէսին ակամայ ունկնդիրը կը դառնամ եւ ինքնաբերաբար ականջ կը կախեմ.

– Վարդապետը ը.. ը.. ըսաւ բանակումի պիտի գան, պէտք է ելլեմ վանքէն, տեղ չի մնար ինծի: Ե.. ե,, ելլելը կ՛ելլեմ, բայց մինչեւ Աստուածածին (տօնը) ու.. ու.. ո՞ւր երթամ, ո՞ւր պիտի քնանամ, տո՜ւն- տեղ չունի՛մ:

Զրուցակիցը, թէեւ` ազնիւ ու պատուական, բայց անփառունակ անձնաւորութիւն մըն էր, երեւի մէկը` այն սակաւաթիւ մարդոցմէ, որոնք Վաչէին հետ կը խօսակցէին:

Տխրութիւնը յստակ էր աչքերուն մէջ, մորմոքախառն ու շինծու ժպիտով մը` գծուած Վաչէին ցաւերը մեղմելու նպատակով, ձեռքերը կը բարձրացնէ  եւ անզօրութիւնը յայտնելով ու ուսերը թափ տալով` կը բացագանչէ.

– Ա՜խ, ա՛խ:

Գրագէտ մարդ մը չէր ան, բայց անզօրութենէն ծնած այս աղաղակը, ըստ իս, գերարտայայտիչ էր:

* * *

Քանի մը անգամ ականատես եղած եմ Վաչէին արժանապատուութեան ու վեհ հոգիի տէր ըլլալուն:

Ընտանիքիս տարբեր անդամներ ու դրացիներ, զաւակներու եւ թոռնիկներու օժանդակութեամբ, կը փորձէին անոր նիւթական օգնութիւն ցուցաբերել:

Անգամ մը հայրաբար համոզելով.

– Տղա՛ս, դուն դրամը ա՛ռ, այս խաչը ուրիշի մը կը ծախես, ես հօրդ պէս եմ, այս թոռնիկիս պէս ես:

Բայց Վաչէն արդէն հեռացած էր… կռնակը դարձուցած` կարծես ռազմական քայլարշաւի մը մէջէն բարձրաձայն կը հակադարձէ.

– Ո՛չ, ես մուրացկան չեմ, փա՜ռք Աստուծոյ, ոչ մէկուն բեռ եղած եմ:

Ուրիշ անգամ մը մայրօրէն.

– Նայէ՛, տղաս, եթէ այս դրամը չառնես, պիտի նեղուիմ քեզմէ, մօրդ կը մերժե՞ս:

Բայց Վաչէն արդէն հեռացած էր…

– Ո՛չ, ես մուրացկան չեմ, փա՜ռք Աստուծոյ, ոչ մէկուն բեռ եղած եմ:

Վաչէն ո՛չ ոքի մտիկ պիտի ընէր, թող իրենց խօսքը պատուած ըլլար հայրական սաստութեամբ, մայրական փաղաքշանքով, թող մեղրապատ ի՛սկ ըլլար, Վաչէին համար տարբերութիւն չկար, ան իր վտիտ ձեռքը ոչ մէկ պարագայի պիտի երկարէր` բարի գործոց պտուղները ստանալու:

Վաչէ սպառնալից խօսքերուն ալ չէր անսար… Անգամ մը մեր տան մօտիկ վարսայարդարանոցին դիմացէն կ՛անցնէր իր կթոտ քայլերով: Աթոռին նստած յաճախորդին, նմանահունչ սափրիչին աղմկարար ձայները զիս դէպի մեր տան պատշգամը հրաւիրեցին` եղելութիւնը պարզելու (պարզապէս զիրար կ՛ողջունէին): Վաչէն տեսնելուն պէս յաճախրդը` սափրիչին ձեռքը թակելով կը հեռացնէ իր այտէն, ածիլուիլը կիսատ ձգելով` մէկ այտը դեռ օճառով ծածկուած, գոգնոցը ուսերէն կախուած` կը շտապէ դուրս: Նոյնպէս սափրիչը` ածելին դեռ ձեռքին, յաճախորդին հետեւելով դուրս կը վազէ:

– Հէ՜յ դու՛ն, հոս եկուր նայիմ:

Վաչէ աչք մը կը նետէ յաճախորդին վրայ ու կարծելով, թէ պիտի ծաղրէ զինք, անփոփոխ արագութեամբ կը շարունակէ յառաջանալ:

Առաջին հայեացքէն կրնայ կարդացողին թուիլ, թէ ան վատ անձնաւորութիւն մըն էր, սակայն հակառակ իր թրքախառն հայերէնին ու արտառոց պահուածքին` անոր սիրտը բորբոքող բարութիւնը աչքերուն մէջ կ՛եռացնէր արցունքները:

– Ուլա՛ն, եղած տեղդ կեցի՛ր նայիմ: Հալա կեցի՜ր այդ թոփալ ոտքդ չկտրեմ, կեցի՜ր… դրամ պիտի տամ քեզի, սրտէս ելա՜ծ է այս դրամը, քու ղսմաթդ է:

Բայց Վաչէն արդէն հեռացած էր… այս անգամ` առանց պատասխանելու:

Այդ ժամանակ կը փորձէի հասկնալ` ինչո՞ւ այս յամառութիւնը, թէ՛ Վաչէին կողմէն, թէ՛ ալ մնացածին: Վաչէն բոլորին սիրտը կը ճմլէր, բոլորն ալ` իրը:

* * *

… Վաչէ կ՛իջնէր զառիվայրէն դէպի հրապարակ, իսկ հակառակ կողմէն կը բարձրանային երեք կիներ` դեռատի աղջիկ մը, մայրը` միջին տարիքով կին մը, եւ փոքրիկին մեծ մայրը, որուն պահուածքը, շարժուձեւը տեսքն ու տարիքը կը թելադրէին, որ ընտանիքին մայրիշխանն էր (matriarch): Վերջինս Վաչէին տեսնելուն պէս աչքերը լայնօրէն կը բանայ ու աչքով-ունքով դստեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ Վաչէին վրայ: Աղջիկը ակնթարթ մը չանցած` պայուսակէն կը հանէ գումար մը` քանի մը թղթադրամ, ու կու տայ փոքր դստեր` ըսելով.

– Արա՛գ… տու՛ր տղուն:

Աղջնակին սիրտը կարծես արդէն կ՛եռար մօր հրամանը կատարելու փափաքով, կարծես կը սպասէր անոր. դրամը կը խլէ մօրը ձեռքէն ու անծայրածիր ժպիտ մը գծելով երեսին` թռչկոտելով կը սուրայ Վաչէին կողմը:

Վաչէ, տեսնելով, որ պարմանուհին կը խոյանայ իր վրայ, եւ հասկնալով, որ դրամը կ՛ուզեն որպէս բարեգործութիւն տալ, նայուածքները սաստիկ սրելով, յօնքերը կնճռելով` զայրագին կը գոչէ.

– Ո՛չ, չեմ առներ, մուրացկան չեմ ես:

Կարծես ըլլար հուժկու առիւծ մը, որ սարսափազդու եւ իր հեղինակութիւնը ազդարարող մռնչիւններ կ’արձակէր:

Նոյնիսկ սրտին վրայ հաստատուած ձեռքը, որ սովորաբար անշարժ կը մնար, այս անգամ կը բարձրացնէ դէպի երկինք` իրարու հետեւող «ո՛չ»-երը առաւել սաստկացնելու համար:

Սակայն Վաչէին թոյլ ու անզօր մարմինը, որ լաւագոյնս չէր արտայայտեր անոր վիթխարի ու հզօր հոգին, տեղի տալով իր վեհանձնութեան եւ մնացածին պնդումներու ճնշումին` կը տապալի գետնին եւ հոգին փչող զենուած ճնճղուկի մը պէս ճիչեր կը բարձրացնէ ու կը բացագանչէ.

– Ըսի՜… չե՜մ ուզեր:

Աղջնակը տեսնելով այս սարսափազդու տեսարանը եւ գիտակցելով, որ իր բարեացակամ խանդավառութիւնը պատճառած էր զայն, արտասուալից աչքերով կը վազէ` ապաստանելով ծոցին մօրը, որ նաեւ կու լար:

Զգայացունց տեսարանը ոտքերս կը գամէ մեր խանութի գետնին` արկղակալ-սեղանին ետեւը, որ կը ճռնչար իմ փոխանցած թախիծի բեռին տակ: Այդտեղ ալ կը մնամ անշարժ, անզօր ու սրտադող:

Օգնութեան կը փութայ մեր աշխատակիցը, զոր փոքր եղբայրս կը սեպեմ, սակայն ի տարբերութիւն ինծի, երկվայրկեան մը չանցած` արդէն պաղ ջուրին շիշը (որ կը սպասէր պարտէզէն ժամանելիք յոգնասպառ հօրս) առնելով կը վազէ դուրս` դէպի Վաչէ: Վերը նշուած մեծ մայրիկը ափերը կը սփռէ մեր աշխատակիցին դիմաց` խօսքերը Վաչէին համար պահելով, աչքով-ունքով կը հասկցնէ, որ ջուրը ափերուն մէջ լեցնէ, ու պաղ ջուրով կը լուայ Վաչէի երեսը` յորդորական ու խրախուսական խօսքեր արտասանելով.

– Դէ՛հ տղաս, ե՛լ ոտքի, բան մը չեղաւ, դուն քա՛ջ ես: Ե՛լ տեսնենք, ի՞նչ պիտի գնեմ քեզմէ:

Վաչէ, հակառակ անոր որ դեռ չէր սթափած ծանր ցնցումէն, կ՛անսայ կնոջ մայրական յորդորին, մանաւանդ որ ան գնում պիտի կատարէր իրմէ, բարերարութեան էջը շրջուած էր: Կը կանգնի, կը շտկէ իր ցուցադրատախտակը եւ իր ապրանքը կը վերադասաւորէ մէջը` քաղցրագութ եռեակին ու շուտաժիր աշխատակից-եղբօրս օգնութեամբ: Առանց քինախնդրութեան եւ ընդվզելու, վեհանձնաբար առք ու ծախը կը լրացնէ, «շնորհակալ եմ»-ին «բարի եկաք»-ով կ՛արձագանգէ ու ճամբան կը շարունակէ իր դանդաղ, բայց հաստատուն քայլերով…

Մինչ երեք կիները կը փորձէին զգաստանալ, ես այդ տեսարանին ամբողջ բեռը, որուն ծունկերս չէին դիմանար այլեւս, կը բարդեմ աթոռին վրայ եւ երեք «ինչո՞ւ»-ներ կը մտաբերեմ.

– Մէկը` ուղղուած Վաչէին. «Ինչո՞ւ զքեզ այսքան ծանրաբեռնել, եղբա՛յր»:

– Իսկ երկրորդը մեզ բոլորիս` մարդկութեան, զուգորդուած «չէ»-ով մը. «Ինչո՞ւ Վաչէին պէս չըլլալ»:

– Երրորդը Աստուծոյ, կեանքին ու ճակատագիրին` որպէս բողոք գանգատալից:

– Վաչէէն պատասխանի մը կը սպասեմ.. բայց ան արդէն հեռացած էր…

– Մարդկութիւնը, հեռու ըլլար կամ մօտ, հարցումս ձգեց անպատասխան…

– Իսկ Աստուած անպատասխան չթողուց հարցումս, պատասխանեց արաբերէն ասացուածքով, որ հայերէնի այսպէս կը թարգմանուի. «Խորհուրդներս իմ տկարագոյն արարածներուս մէջ զետեղած եմ», նայեցէք, որ տեսնէ՛ք եւ ապա ուսանիք ու հասկնաք»:

————-

Յաջորդը. – Բ – «Ամենահարուստ չքաւորը»

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

«Ո՞վ Եմ Ես» (Այլակերպութեան Տօնին Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?