Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՞վ Եմ Ես» (Այլակերպութեան Տօնին Առիթով)

Յուլիս 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտներուն երեք տարի շարունակ քարոզելէ, հրաշագործելէ, կազմաւորելէ ետք անոնց անսպասելի քննութենէ մը կ՛անցընէ` հարցնելով. «Մարդիկ ի՞նչ կ՛ըսեն Մարդու Որդիին մասին. ո՞վ եմ ես» (Մտ 16.13): Անոնք, իրենց կարգին, Յիսուսին մասին բազմութենէն իրենց լսածը յայտնեցին. «Ոմանք քեզ Յովհաննէս Մկրտիչը կը կարծեն, ոմանք` Եղիա մարգարէն, իսկ ուրիշներ` Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը» (Մտ 16.14): Սակայն, հարցաքննութիւնը հոս չի՛ վերջանար, այլ կարծէք շանթահարուածի մը նման առաջին հարցումին երկրորդը կը յաջորդէ. «Իսկ դո՞ւք ով կը կարծէք զիս» (Մտ 16.15): Համարձակախօս Պետրոսը (իր նկարագիրին համաձայն), իր միւս առաքելակիցներուն թարգմանը հանդիսանալով, կը բարձրաձայնէ. «Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16):

Յիշեալ երկխօսութիւնը կը նկատուի ինքնայայտնութեան նախապատրաստութիւն: Ինչո՞ւ: Աւետարանը կը վկայէ. «Վեց օր ետք, Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան» (Մտ 17.1-2): Քրիստոս պէտք էր այլեւս իր առաքեալներուն ինքզինք ամբողջապէս յայտնէր: Այլակերպութենէն` ինքնայայտնութենէն վեց օր առաջ Յիսուս ուզած էր գիտնալ, թէ աշակերտները իր մասին ի՞նչ կը մտածեն, թէ ո՞վ է ինք, որովհետեւ վեց օր ետք ցոյց պիտի տար իր ո՛վ եւ ի՛նչ ըլլալը: Անոնք այլեւս պէտք չէր դուրսէն եկած մարդոց կարծիքներով բաւարարուէին, այլ իրենց յստակ պատասխանն ու համոզումը ունենային:

Անոնք գիտցան, որ Յիսուս ո՛չ Եղիան էր, ո՛չ Երեմիան, եւ ոչ ալ մարգարէներէն մէկը, այլ Աստուծոյ սիրելի Որդին է, եւ պէտք է Անոր մտիկ ընէին (հմմտ Մտ 17.5):

Սիրելի՛ ընթերցող, ո՞վ է Յիսուս քեզի համար: Նոյն հարցումը քեզի ուղղուած է այսօր: Երբ դուն քու անձիդ հետ առանձնանաս եւ ներամփոփուիս ու դուն քեզի հարցնես, թէ արդեօք ո՞վ է Յիսուս քեզի համար, ի՞նչ կը պատասխանես:

Արդեօք Յիսուս քեզի համար 2000 տարի առաջ հրաշագործո՞ղ մըն էր կամ արդեօք բերնէն կախուելու չափ լաւագոյն քարոզի՞չ մը, թէ՞ աղքատներուն, լքեալներուն, տնազուրկներուն գթացող մը:

Արդեօք Յիսուս քեզի համար մարդկային ուժերէն տարբեր ուժ մը ունեցո՞ղ մըն է, եւ երբ մարդիկ չկարողանան քեզի օգտակար դառնալ, վերջին քայլը Իրեն կը վերապահես` Անոր ամենակարողութեան եւ ամենազօրութեան վստահելով:

Յիսուս այս բոլորէն վե՛ր է, շա՜տ վեր: Անիկա քու փրկի՛չդ է: Անիկա քու փրկութի՛ւնդ է: Անիկա քու առաջնո՛րդդ է: Անիկա քու սկի՛զբդ եւ վե՛րջդ է (հմմտ Յյտ 22.13):

Այլակերպեալ Յիսուսը կը պատգամէ այսօր քեզի եւ բոլորիս. զաւա՛կս, դուն ալ կրնաս այլակերպուիլ, երբ այլակերպեալիս հաւատաս: Միայն Ե՛ս կրնամ միտքդ այլակերպել` խաւարէն լոյսի, չարէն բարիի առաջնորդել: Միայն Ե՛ս կրնամ քու մէջդ եղող քարեղէն սիրտը հանել եւ մարմնեղէն սիրտ դնել (հմմտ Եզ 36.26): Միայն Ե՛ս կրնամ ներսիդիդ նո՛ր հոգի` ի՛մ հոգիս դնել (հմմտ Եզ 36.27): Միայն ե՛ս կրնամ քեզ փրկել, այս աշխարհէն փրկութիւն մի՛ սպասեր, որովհետեւ ժամանակդ կը վատնես: Միայն ե՛ս կրնամ քեզի խաղաղութիւն շնորհել, որովհետեւ այս աշխարհէն խաղաղութիւն սպասելը ժամանակի կորուստ է: Այլ խօսքով, միայն Ե՛ս կրնամ կեանքդ փոխել, այո՛, միա՛յն ես, բայց միա՛յն այն ատեն, երբ հաւատաս, որ Ե՛ս եմ «Կենդանի Աստուծոյ Որդին» (Մտ 16.16) եւ այլակերպուած ու այլակերպող Յիսուսը:

Այլակերպութեան դրուագը եթէ ուշադրութեամբ ընթերցենք, այնտեղ կը տեսնենք, որ Մովսէս եւ Եղիա մարգարէները կ՛երեւնան: Ինչո՞ւ իրենք: Որովհետեւ, Մովսէս կը ներկայացնէ ննջեցեալները, իսկ Եղիան` ողջերը: Յիշեալ իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ Տէր Յիսուսը թէ՛ ողջերուն, եւ թէ ննջեցեալներուն Աստուածն է, այլ խօսքով անոնք կը ներկայացնեն զինուորագրեալ եւ յաղթական եկեղեցիները: Ողջերուս Աստուա՛ծն է Յիսուս, միայն Իրմո՛վ պէտք է ապրինք եւ ննջեցեալներուն Տէ՛րն է Յիսուս, միա՛յն Իրմով կրնան փրկուիլ: Ողջերս` մեր փրկութիւնը հետապնդենք, իսկ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար աղօթենք եւ մանաւա՛նդ մխիթարուի՜նք:

* * *

Հաւատացեալներէն շատեր կը հարցնեն, թէ արդեօք ի՞նչ առնչութիւն ունի Վարդավառը մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան հետ: Պարզե՛նք:

Վարդավառին իրարու վրայ ջուր կը ցօղենք եւ աղաւնիներ ազատ կ՛արձակենք: Ջուր ցօղելը կը խորհրդանշէ ջրհեղեղը, իսկ աղաւնիներուն ազատ արձակելը` Աստուծոյ հաշտութեան կնիքը Նոյին հետ, այլ խօսքով անոր ընտանիքին փրկութիւնը եւ անոր ընդմէջէն մեզմէ իւրաքանչիւրին հետ կատարուած փրկութեան ուխտը, որ իրագործուեցաւ Քրիստոսի գալուստով եւ այլակերպութենէն քանի մը օրեր ետք` խաչի եւ յարութեան ճանապարհով:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացի վարդավառ անունին հետեւեալ բացատրութեան կու տայ: Սուրբ Հայրապետը կ՛ըսէ, թէ Յիսուս վարդի նման իր աստուածային բնութիւնը իր պատեանին մէջ պահած էր մինչեւ Իր այլակերպութիւնը, երբ այլակերպուեցաւ Անոր աստուածային բնութիւնը վարդի նման բացուեցաւ եւ յայտնուեցաւ բոլորիս:

Ամէն անգամ, երբ իրարու վրայ ջուր ցօղենք, յիշե՛նք, որ Աստուած ջրհեղեղի չափ դժուարութիւններէն կրնայ մեզ փրկել, իսկ երբ աղաւնի մը ազատ արձակենք, յիշե՛նք, որ Աստուած մեզի հետ փրկութեան ուխտը կնքած է, բայց կարգը մե՛րն է, որ հետապնդենք այդ փրկութիւնը` քալելով Փրկիչին ճանապարհէն, այլ խօսքով, հետեւիլ Անոր խօսքերուն, ապրելակերպին, ոտնահետքերուն եւ շնորհած փրկութեան:

Աղօթող եմ, որ այլակերպեալ Յիսուսը այլակերպէ մեզմէ իւրաքանչիւրը, որպէսզի դառնանք Իրմով նորոգուած նո՛ր մարդիկ` Ի՛ր մարդիկը:

Բոլորիս ուխտը կատար:

Պիքֆայա-Լիբանան

 

Նախորդը

Անյիշատակ Տիպարներ

Յաջորդը

Նարեկ Աւագ Քահանայի Յիշատակին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?