ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«… Երիտասարդ էինք, կենսուրախ եւ հաւատաւոր: Կեանքը մեզ համար այնքա՜ն հրապուրիչ էր, խորհրդաւոր ու քաղցր: Դաշնակցութիւնը ի՞նչ էր` լաւ չգիտէինք, բայց Դաշնակցութիւնը մեր մէջ էր` մեր մտքի, մեր հոգու, մեր մարմնի, մեր ողջ էութեան մէջ էր: Եւ ամէն ինչ թւում էր, այնքա՜ն դիւրին ու հնարաւոր…»:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
(«Կեանքի ուղիներով» Ա. հատոր)
Ճիշդ է, որ վերեւ արձանագրուած տողերը կը պատկանին հեռաւոր անցեալի մը, իսկ զանոնք ընդգրկող ապրումներն ու յուզումները` կ՛երկարին մինչեւ առաջին տասնամեակը 20-րդ դարուն, երբ հայութիւնը դաժան օրերու դէմ յանդիման իր օրհասը կ՛ապրէր, իսկ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իր տարերքը, հսկայական, ուժեղ ու պանծալի ներդրումը ունենալով ազգային ազատագրական պայքարի ամրապնդման մէջ:
Այդուհանդերձ, հետաքրքրականն ու յուզիչը կը մնայ այն, որ յիշեալ տողերը կը պահեն իրենց իսկութիւնը, թարմութիւնն ու իրաւութիւնը, որովհետեւ ապրուած կեանքի մը հարազատ արձագանգներն են, ՀՅ Դաշնակցութեան հանդէպ ցոյց տրուած սէրն ու յարգանքը, պարտն ու պատշաճը, բայց մանաւանդ` ազգային դաւանանքի մը նկատմամբ ցուցաբերուած հաւատարմութիւնը:
Զարմանալին այն է սակայն, որ տասնամեակներու թաւալքին հետ ու միատեղ, իւրաքանչիւր սերունդի համար վերացական ապրումները կը մնան հարազատ ու անխառն, որովհետեւ ամէն նորահաս սերունդ ու յատկապէս երիտասարդութիւն, ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուի, իր էութեան մէջ կը կրէ ՀՅ Դաշնակցութեան վճիտ արժէքները, թէկուզ գտնուելով դառն իրականութեան դէմ յանդիման, երբ թաւալգլոր կ՛ընթանայ մարդկայնութիւնը, կ՛այլափոխուին գաղափարական ըմբռնումները:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի 50-ամեակ:
Յաճախ ըսած ու ընդգծած ենք, որ ամեակներն ու տօները իմաստ կը զգենուն այնքան ատեն որ անոնք կը պահեն իրենց խորհուրդը: Այլապէս ալ խորհուրդները կ՛ապրին, երբ ատոնց ետին կանգնող անհատ թէ հաւաքականութիւն գիտակից են իրենց սեփական պատմութեան, արժէքներուն եւ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ ոգի ի բռին կ՛աշխատին` ստեղծարար հմտութեամբ եւ ջանասիրութեամբ, նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ կանգուն պահելու տուեալ գաղափարին, դաւանանքին, կրօնին թէ ազգային արժէքներու վսեմութիւնը:
Ահա՛ այսօրուան մարտահրաւէրը, որուն դէմ յանդիման կը գտնուի ԼԵՄ-ը:
Միւս կողմէ, ո՞վ է այն անձը կամ հաւաքականութիւնը, որ կ՛ուզէ, կը ցանկայ մրոտել մեր երիտասարդութեան պայծառ դիմագիծը, հարց կրնայ տալ ոեւէ սրտցաւ հայորդի, որ տասնամեակներ շարունակ մօտէն հետեւած է հայ կեանքին, ծանօթ է եղած ներքին իրադրութեանց հոլովոյթին, ապրած ու իր սեփական մորթին վրայ զգացած է հայ իրականութեան մէջ առկայ դառն թէ լաւ օրերու մէն մի դրուագը, այլազան դիպաշարերու մանրամասնութիւնը եւ մասամբ նորին:
Խօսքը կը վերաբերի յայտնապէս գաղութահայ թէ կուսակցական կեանքին, որ վերջին տարիներուն կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւն, մտահոգութիւններ, ճգնաժամ ու մարտահրաւէր: Սա չի նշանակեր, երբե՛ք, որ պատասխանատու թէ ղեկավար շրջանակներ իրազեկ չեն տուեալ կացութեան, կռնակ են դարձուցեր առկայ իրավիճակին, աւելի՛ն. չեն աշխատիր բարելաւելու, սրբագրելու ամէն բացթողում:
Ընդհակառակը, միշտ ալ եղած է միտում ու ճիգ խտացնելու երիտասարդական թէ ուսանողական շարքերը` իբրեւ նորահաս սերունդի ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի դառնան հարազատ ժառանգորդները` պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ ղեկավարելու գաղութահայ թէ կուսակցական կեանքը:
Տեղին է խոստովանիլ, որ նման գործընթաց այդքան ալ հեզասահ չէ եղած` նկատի առնելով «նոր» թէ «հին» սերունդի միջեւ բախումը: Այլապէս ալ, այսպէս ըսած, հին սերունդի մօտեցում(ները), հնաբոյր կարգախօսերը, քարոզաբոյր պատգամներն ու ժամանակավրէպ գործելակերպերը միշտ ալ սուր քննադատութեան ենթարկուած են նորահաս սերունդին կողմէ` պարզ այն պատճառով, որ ժամանակի յարափոփոխ վիճակին ընդառաջ հարկ է ճամբայ բանալ երիտասարդութեան, չարգելակել անոր սլացքն ու թռիչքը, ներքին մղումն ու խանդավառութիւնը:
Իրօք, ամէն պատեհ առիթի եւ ի պատիւ դաշնակցական գիր-գրականութեան միշտ ալ անդրադարձ եղած է ԼԵՄ-ի գործունէութեան, ներկայութեան ու նուիրական աշխատանքին:
Ի դէպ, ամեակներու ծիրին մէջ, դաշնակցական հրապարակագրութիւնը չէ զլացած իր ինքնուրոյն խօսքն ու քննադատութիւնը յայտնել, ինչ կը վերաբերի ԼԵՄ-ին թէ ընդհանրապէս գաղափարական երիտասարդութեան` յանուն կազմակերպական կեանքի աշխուժացման, բարելաւման ու զարգացման:
Արդար է խոստովանիլ, որ ԼԵՄ-ը իր ծնունդէն (1973) ի վեր, հակառակ անոր որ եղած է դաստիարակչական միաւոր, անցած է տարբեր փուլերէ, միշտ ալ ցոյց տուած է յախուռն կեցուածք, հաւատամքի ու կամքի զօրութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ հայրենիքի պաշտամունք:
Դաշնակցական երիտասարդութիւնը գործով ամրագրած է իր ներկայութիւնը:
Փաստօրէն, ԼԵՄ-ի անձնազոհութեան եւ նուիրումի ասպարէզ հանդիսացած է, առաջին հերթին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմինը, ապա` արցախեան ազատագրական պայքարի ողջ իրականութեան ատեն, երբ իրերայաջորդ սերունդներ` Դաշնակցութեան դրօշին ու հաւատամքին ընդառաջ, նետուեցան պատերազմի դաշտ, օգնութեան ձեռք երկարեցին բոլորին, հասան ժողովուրդի կարիքներուն, պաշտպանեցին թաղամասեր, տէր եղան ազգային արժանապատուութեան, իրենց քաջարի բազուկը ցոյց տուին բարբարոս թուրք-ազերիին, զարկին ու զարնուեցան եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին:
ԼԵՄ-ական ընկերներ այսօր կը ննջեն Եռաբլուրի լանջին` հայրենիքի հանդէպ սրբազան պարտք կատարածի գոհունակութեամբ:
Արդ, ո՛վ կրնայ հակառակիլ այն իրականութեան, որով ՀՅ Դաշնակցութեան այս միաւորը տարիներու թաւալքին հետ երկնեց իր պատմութիւնն ու ինքնուրոյն դիմագիծը, փաստեց ինքզինք եւ արժանացաւ ողջ գաղութի երախտագիտութեան: Իրերայաջորդ սերունդի ընկեր-ընկերուհիներ անմնացորդ ծառայեցին` ցոյց տալով իրենց գաղափարայնութիւնն ու քաղաքակիրթ պահուածքը: Անոնք առաջին հերթին եղան զինուորագրեալները ՀՅ Դաշնակցութեան, ապա տիպար երիտասարդները հանդիսացան հայ ժողովուրդին:
Ասոնք չափազանցուած կամ ինքնագոհ արտայայտութիւններ չեն, որքան ալ այդպէս ուզեն ներկայացնել հակառակորդ հոսանքներ, նեղմիտ թէ այլասերած մարդիկ, որոնք ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած են, արեան, քրտինքի ու գաղափարական աշխարհին հետ:
Կ՛ապրինք 21-րդ դարը` ազատ ու վայրագ տնտեսութեան ժամանակները, երբ նիւթի կայսրութիւնը տակաւ տարածած է իր համայնակուլ թաթերը, երբ մարդկային կեանքի մէն մի մանրամասնութիւն կլանուած է վայրագ լիպերալիզիմի, ապաբարոյ ու մարդակերի երեւոյթներով, երբ յոռի բարքերը` թմրամոլութիւն, միասեռականութիւն, մութ ծրագիրներու արշաւ, այլամերժի ու ատելավառի գունաւոր պատկերներ մուտք գործած են պատանի թէ երիտասարդ սերունդներու ուղեղին մէջ, արհեստագիտութեան պատճառով թէ մեղսակցութեամբ, աւելի՛ն. երբ անդիմագիծ, անագորոյն ու կասկածելի ոչ կառավարական շարժումներ սանձարձակ կը տողանցեն աշխարհագրական քարտէսով մէկ` մուր ու թշնամանք, ատելութիւն եւ պառակտում սերմանելով շուրջբոլոր:
Իրօք, այս բոլորին կիզակէտին կանգնած է երիտասարդութիւնը, որ թէ՛ թիրախ է դարձեր, եւ թէ՛ ոգի ի բռին կ՛աշխատի պաշտպանուելու եւ պահելու իր ինքնութիւնը, տեսակն ու խանդավառութիւնը: Կը յաջողի՞ շրջանցել, ժամանակները ցոյց պիտի տան: Պիտի կարենա՞յ դիմագրաւել յորձանուտը, մօտիկ ապագան պիտի փաստէ:
Այդուամենայնիւ, անկասելի է դարու պարտադրած փոփոխութիւնը, ընթացքը, յեղաշրջող մտայնութիւնը, որոնց նկատմամբ հարկ է որդեգրել լուրջ մօտեցումներ:
Այսինքն, աւանդական կառոյցներ, միութիւններ թէ միաւորներ անյապաղ պէտք է լծուին ինքնարժեւորման աշխատանքին, վերադասաւորումներու եւ արդի հայեցողութեամբ գործելաոճերու որդեգրումին: Ցարդ կատարուածը նախաքայլեր են, որոնք ներքին գոհունակութիւն կը պատճառեն, քիչ մը ժպիտ ու հոգեկան հանգստութիւն կը բուրեն, առանց առկայ հարցերու թէ մտահոգութիւններու լուծում բերելու:
Ամէնօրեայ սրտաճմլիկ ճառերը ի զուր կը հնչեն տարբեր հարթակներէ. ժամն է հասեր առանց ուշացումի լծուելու ներքին կեանքի բարեկարգման, այլապէս ճամբայ հարթելով երիտասարդութեան, որ իր շալակին ունի գիտութիւն, խանդ ու երազ եւ պատրաստ է, իր կարգին, նպաստելու գաղութահայ կեանքի արագ փոխոխութեան եւ առողջացման:
Պատրաստ է, որովհետեւ միշտ ծարաւը ունեցած է, ունի, բարեփոխելու դառն իրականութիւնն ու սրբագրելու յետադիմական գործընթացները:
Այս առումով դաշնակցական երիտասարդութիւնը անմասն պէտք չէ մնայ այս հոլովոյթէն, որովհետեւ իրեն վերապահուած է հսկայ աշխատանք եւ նուիրում, այս պարագային` կազմակերպական կեանքի աշխուժացման ու որակաւորման մէջ:
Այո՛, ինչպէս օրհասի օրերուն, յատկապէս արցախեան ազատագրական ուժեղ պայքարի ատեն, խանդավառութեամբ եւ հաւատամքով լիացած դաշնակցական երիտասարդութիւնը պարտաւոր է տէր կանգնիլ իր կոչումին եւ ստանձնել հայ կեանքի բիւրեղացումը:
Կրնայ ըսուիլ, որ դաստիարակչական միաւորէ մը այսքա՜ն ակնկալութիւն, յիրաւի անարդար եւ չափազանցութիւն է, նկատի առած ներկայ կեանքի թաւալքը, բայց մանաւանդ` երիտասարդութեան ունեցած յուսահատութիւնն ու հայ կեանքին մէջ գործելու դժկամութիւնը, անտարբերութիւնը:
Քաջ համոզուած ենք, որ երբ առկայ է կենդանի օրինակը` բոլոր մակարդակի վրայ, երբ յանձնառու է ղեկավարութիւնը` փոփոխութեան եւ յառաջդիմութեան, երբ աջալուրջ եւ հետեւողական է նորահաս սերունդը` կեանքին բերելու նոր շունչ ու որակ, ձգտումներն ու երազները կը դառնան հրամայական եւ իրագործելի պահանջ:
Արդար է հարցադրել, թէ արդեօք ԼԵՄ-ը այս օրերուն ի վիճակի՞ է նման յանձնառութիւն կատարելու եւ կամ պատրա՞ստ է ներդրում բերելու իր շրջապատին:
Տարիքի սահմանափակումը չէ, որ մեզ կը կաշկանդէ հարցումին դրական պատասխան մը տալու, այլ այն համոզումը, որ եթէ երբեք առկայ էր իրական գործը, գոյութիւն ունի դատիարակչականի, քարոզչականի եւ կազմակերպչականի յստակ ուղղութիւն ու նպատակ, ապա նորահաս սերունդը` վաստկելով փորձառութիւն եւ մտածողութիւն` տարբեր բնագաւառներու մէջ, պիտի կարենայ շրջանցել ամէն արգելք ու նետուիլ պայքարի դաշտ` նորովի ակօսներ բանալով տարբեր ուղղութիւններու թէ միջավայրերու մէջ:
Արդ,
Եթէ երբեք ԼԵՄ-էն ունինք ակնկալութիւն, աւելի՛ն. խոր յարգանք կը տածենք այս միաւորին հանդէպ, ապա ատիկա կու գայ այն խոր ըմբռնումէն, որ երբ երիտասարդ տարրին ցոյց տրուի աջակցութիւն, հոգածութիւն եւ կենդանի օրինակ, երբ անոր հրամցուի ազգային ու կուսակցական հաւատամքին էութիւնը, երբ աշտարակուի անոր գաղափարական աշխարհը, այլապէս ալ դաշնակցական գիր-գրականութեամբ անոր հոգեմտային զինումը ապահովուի, այն ատեն, գագաթներ նուաճելու եւ յաղթելու երիտասարդականի վճռակամութիւնը աներեր պիտի մնայ առյաւէտ ու անպայման:
Սա է եղած կեանքի օրէնքը, պատմութեան վճիռը ըստ ամենայնի:
Միւս կողմէ, 50-ամեայ սեփական պատմութիւն, մշակոյթ ու վաստակ ունեցող երիտասարդական միաւոր մը, պարտաւորութեան առընթեր, պէտք է ունենայ այն ուժեղ համոզումն ու գիտակցութիւնը, որ առանց ազգային արժէքներու եւ դաշնակցական հաւատամքի խոր ըմբռնումին, պիտի չկարենայ կանգուն մնալ եւ դիմակայել նորովի մարտահրաւէրները:
Դաշնակցական երիտասարդութիւնը` պաշտպանուած եւ հզօր կը զգայ այն ատեն, երբ` լրջութեամբ եւ կարգապահութեամբ պարուրուած, կ՛ուզէ տէր կանգնիլ իր իրաւունքին, երբ հետամուտ է մօտէն ճանչնալու իր դաւանած կուսակցութեան ողջ պատմութիւնը, իրազեկ է հայոց պատմութեան ելեւէջներուն:
Յայտնապէս դաշնակցական երիտասարդութեան համար օդի եւ ջուրի չափ էական նշանակութիւն ունին նախաձեռնութեան ոգին եւ միտքերը յեղաշրջելու ունակութիւնը, որոնցմով պիտի կարենայ գերազանցել ինքզինք ու դիմակայել ներքին ու արտաքին բոլոր խոչընդոտները:
Աւելի՛ն. դաշնակցական երիտասարդի բարոյահոգեբանական աշխարհն ու գաղափարական տաճարը բացառաբար կը կառուցուին դաշնակցական հսկաներու թողած հոգեմտաւոր ժառանգին տիրութիւն ընելով:
Քաղաքական ու մանաւանդ քննական մտքի զարգացումով` դաշնակցական երիտասարդութիւնը պիտի կարենայ աշտարակել ինքնուրոյն հոգեկերտուածք ու սէգ ճակատով ներկայանալ իր շրջապատին:
Այո՛, պիտի կարենայ իրագործել աւելին, այնքան ատեն որ տէր է իր 50-ամեայ երթին, նուիրումին եւ կոչումին:


