Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կը Թելադրեն Ֆրանսական Ընտրութիւնները

July 3, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Կիրակի, 30 յունիսին տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու առաջին հանգրուանը: Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահը` Էմանուել Մաքրոն 9 յունիսի երեկոյեան լուծած էր Ազգային ժողովը, ի տես Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան ծայրայեղ աջերու արձանագրած մեծ յաջողութեան: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի 577 երեսփոխանները կ՛ընտրուին 577 առանձին ընտրատարածքներու մէջ մեծամասնական ընտրակարգով: Քուէներուն կէսէն աւելին ապահովողները ընտրուած կը համարուին, բան մը, որ քիչ կը պատահի երկուքէ աւելի թեկնածուներու առկայութեան բերումով: Առնուազն 12,5 առ հարիւր ապահովողները իրաւունք կը ստանան մասնակցելու երկրորդ հանգրուանի քուէարկութեան, որ տեղի կ՛ունենայ շաբաթ մը ետք` 7 յուլիսին: Ընդհանրապէս թեկնածուներու միջեւ նոր դաշնակցութիւններու միջոցով` ընտրութիւնը կը կատարուի երկու թեկնածուներու միջեւ: Սակայն կրնայ պատահիլ, որ երկրորդ հանգրուանի ընտրութեան մասնակցին երեք, նոյնիսկ չորս թեկնածուներ:

Առաջին հանգրուանի քուէարկութեան արդիւնքները վերահաստատեցին Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութեան Ազգային միաւորումի (ծայրայեղ աջ) յաջողութիւնը: Ազգային միաւորումը ապահովեց քուէներու 33,1 առ հարիւրը: Յաջորդը` 28 առ հարիւրով, նոր ժողովրդային ճակատն է, որ հապճէպօրէն կազմուած ձախակողմեան կուսակցութիւններու համախմբում մըն է: Կը հետեւի նախագահ Մաքրոնին աջակցող Միասնութիւնը, որ ապահոված է քուէներուն 20 առ հարիւրը:

Էմանուել Մաքրոն կը յուսար, որ կը շրջուի արդիւնքը եւ իր կուսակցութիւնը կը գրաւէ առաջին դիրքը: Այժմ, եթէ ծայրայեղ աջին (նաե՛ւ ծայրայեղ ձախին) չաջակցողները չմիաւորուին, Ազգային միաւորումը Ազգային ժողովի առաւել բազմամարդ խմբաւորումը կ՛ըլլայ եւ իրաւունք կը ստանայ յաւակնելու վարչապետի աթոռին ու կառավարութիւն կազմելու: Այդ պարագային, ֆրանսական քաղաքական դաշտը կ՛ենթարկուի արմատական փոփոխութեան, թէ՛ ներքին եւ թէ՛ մանաւանդ արտաքին ճակատներու վրայ:

Ի՞նչ հետեւանքներ կ՛ունենան Ֆրանսայի յարաբերութիւնները եւ յանձնառութիւնները յատկապէս Հայաստանի եւ Լիբանանի վերաբերմամբ: Ինչ կը վերաբերի հայութեան, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները կապեր ունին առաւելաբար նախագահ Մաքրոնի Միասնութեան հետ, որ խորհրդարանին մէջ փոքրամասնութիւն պիտի դառնայ: Նախագահ Մաքրոն պիտի կարենա՞յ գործադրել իր տուած խոստումները: Հայաստանի եւրոպական կողմնորոշումը քաջալերուած էր առաւելաբար Ֆրանսայի կողմէ. պիտի շարունակուի՞ այդ քաջալերանքը, թէ՞ ինչպէս Ուքրանիոյ եւ Կազայի պատերազմներուն նման, արգելակներ պիտի ստեղծուին: Խորհրդարանական նոր մեծամասնութեան հետ պէտք է ստեղծուին նոր յարաբերութիւններ, որպէսզի ֆրանսական քաղաքականութիւնը շարունակէ նպաստաւոր մնալ Հայաստանին եւ հայութեան: Ասիկա դժուար եւ ժամանակ խլող աշխատանք մըն է, որ չ՛իրականանար մէկ օրէն միւսը:

Անգամ մը եւս Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան անորոշութիւնները կու գան սեղանի վրայ: Եւրոպական քաղաքական ուղղուածութեան նկատմամբ ամէն վերապահութիւն եւ զգուշացում կը թարգմանուի ռուսական կողմնորոշման հակումով: Եթէ եւրոպականը չենք ընդունիր ամբողջական կերպով, իբրեւ միակողմանի դիրքորոշում, ուրեմն ռուսասէր ենք,  նաեւ «նախկիններու» կողմնակից: Այս մօտեցումը կը ջլատէ հայ քաղաքական մտածողութիւնը եւ արգելք կը հանդիսանայ քաղաքական բազմակարծութեամբ բնորոշուող քննարկումներուն, կողմնորոշման խնդիրին գիտականօրէն ու ազատ քննարկումին:

Եւրոպական քաղաքական միջավայրը յղի է արմատական փոփոխութիւններով: Նոր ուժեր կը յայտնուին, որոնք կը մերժեն աւանդական աջի, ձախի ու կեդրոնի քաղաքական կեցուածքները: Եւրոպական ժողովուրդները չեն բաւարարուած իրենց իշխանութիւններուն վարքագիծով ու փոփոխութեան, նորարարութեան փնտռտուքի մէջ են: Ստեղծուող քաոսային վիճակին մէջ, Հայաստան պարտաւոր է զգուշ ըլլալու ու զոհ չդառնալու Արեւմուտքի մեծապետական դիրքորոշումներուն: Ցարդ եղածն ալ շատ է արդէն. անոր դառն պտուղները կը համտեսենք անդադար: Ժամանակն է, որ զգաստանանք ու դադրինք մեր ցանկութիւնները ի յառաջագունէ իրականացած համարել: Մեր քաղաքական կողմնորոշումը հիմնուած պէտք է ըլլայ մեր երկրին ու ժողովուրդին շահերէն բխող առարկայական տուեալներու վրայ. ճշմարտութեան վրայ, բարոյական սկզբունքներու յարգումին վրայ:

Համբերութեամբ սպասենք 7 յուլիսի ընտրական արդիւնքներուն:

 

 

Նախորդը

Թատերական Կեանքին Մէջ 40 Տարուան Վաստակ Ունեցող Դերասան Ու Բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին Նուիրուած Յուշ Երեկոյ

Յաջորդը

29 Տարիներու Անմնացորդ Ծառայութիւն

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.