Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաւաքականն Ու Ազգայինը Գերադասող Հուրի Թորիկեան

July 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դժուար է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել Հուրի Թորիկեանին մասին, որ 47 տարիներ շարունակ սրտանց հաւատաց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան առաքելութեան եւ հետապնդած նպատակներուն, միշտ ի մտի ունենալով ՀՅԴ-ի Ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը:

Մեր աննման, անգին ընկերուհին իր հարազատներուն եւ իր սիրելի ընկերներուն առյաւէտ հրաժեշտ տուաւ 28 մայիս 2024-ի առաւօտեան:

Մեր բոլորին համար այնքան խորհրդանշական օր մը` անոր հոգին սաւառնեցաւ արքայութեան դարպասէն ներս` հանգչեցնելով յոգնած մարմինը:

Ան տարիներով եղած է բարձր հոգիով, մաքուր սրտով, լուռ եւ անխոնջ աշխատող. 16 տարեկանէն ի վեր բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Փոթորիկ» մասնաճիւղին եւ համալսարանական օրերուն Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութեան մէջ` իբրեւ քարտուղար:

1977-ին` 22 տարեկանին, փոխանցուած է ՀՅԴ-ի  շարքերը, որուն հաւատաւոր անդամը մնաց մինչեւ իր մահը:

1982-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառներով Հ. Թորիկեան փոխադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքը: Ան շուտով անդամակցեցաւ Կլենտէյլի «Ահարոնեան» կոմիտէութեան եւ տարիներ շարունակ մասնակցեցաւ յանձնախմբային աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ քարտուղարի պաշտօն վարեց:

Պահ մը երեւակայեցէք` եթէ Հուրին մնար քաջառողջ եւ անկախ իր հիւանդութիւններէն, ինչ տեսակի անծայրածիր գործունէութիւններ պիտի ունենար մեր ազգային եւ միութենական կեանքին մէջ, մանաւանդ իր շատ յարգելի երկրորդ ընտանիքին` ՀՅԴ «Ահարոնեան» կոմիտէութեան մէջ:

Կարծէք երկինքի արքայութիւնն ալ տարաժամ կանչեց զինք` գիտնալով անոր արժանիքները եւ հանգչեցուց անոր յոգնաբեկ մարմինն ու պարտասած հոգին:

Հուրին հպարտացաւ իր դաշնակցական ընտանիքով եւ մենք ալ բոլորս` իրմով:

Յարգեց եւ յարգուեցաւ  բոլորին կողմէ` փոքրիկ պատանիէն մինչեւ 90-էն վեր տարեցներուն: Խնդաց, ապրեցաւ, ինչպէս նաեւ, ինչո՞ւ չէ, յուզուեցաւ մեզի հետ:

Տիպար դուստր, առաքինի, անշահախնդիր կուսակցական, բարի քոյր, հիւրասէր, ընկերասէր, ժպտուն, խելացի եւ շատ փխրուն սիրտի տէր էր զգայուն Հուրին:

Կեանքը կը դիտէր անհուն լայնամտութեամբ` գաւաթը միշտ կէս լեցուն տեսնելով, բայց, դժբախտաբար, հիւանդութեան չար ախտը թակեց Հուրիին դուռը, եւ վերջին ամիսներուն անոր իսկ խոստովանութեամբ` «Հոգիս յօժար է, բայց մարմինս տկար»:

Հուրին այն ազնիւ ընկերուհին էր, որ ոչ միայն անմիջական շրջապատի հոգերով կը տառապէր, այլ նաեւ վերջին տարիներուն` Արցախի կորուստով եւ հայրենիքի ցաւերով: Իր սկզբունքային եւ նուիրուածութեան ոգին կը վկայեն ոչ միայն «Ահարոնեան» կոմիտէութեան ընկերները, այլ նաեւ բազմաթիւ անձներ, որոնք ականատես եղած են Հուրիի զոհողութեան եւ քաջութեան Լիբանանի պատերազմի օրերուն:

Պատանի տարիքէն մեծնալով ընտանիքի մը մէջ, ուր ազգային նուիրեալ ըլլալը ոչ թէ հաճոյք մըն էր, այլ` պարտաւորութիւն, Հուրին իր անձը միշտ երկրորդական համարելով, ազգային կուսակցական հարցերու նկատմամբ եղած է հաւատարիմ զինուորի կարգապահութեամբ:

Հուրիին պէս նուիրեալ դաշնակցականներու անկեղծ հոգին է, որ մինչեւ այսօր վառ պահած է մեր կուսակցութեան անմար ջահը եւ սերունդներ կրթած այն համոզումով, որ տասնամեակներու փոթորիկները երբեք չեն կրցած մարել այդ կրակը:

Հուրի Թորիկեանի մահով ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը կորսնցուց հաւատաւոր ընկերուհի մը, որ միշտ պիտի յիշուի բոլորիս կողմէ անխտիր:

Թող անոր հոգին հանգչի երկնքի արքայութեան մէջ, եւ թող մեզմէ իւրաքանչիւրը ներշնչուի Հուրիին յատկանիշներով, ապրի իր կեանքը լիարժէք` նոյն ժամանակ չմոռնալով իր պարտականութիւնը եւ պարտաւորութիւնը ոչ միայն իբրեւ դաշնակցական ընկերուհի եւ ընկեր, այլ նաեւ իբրեւ հա՛յ եւ առաւել` իբրեւ մա՛րդ:

Յաւերժ հանգստութիւն, լոյս եւ խաղաղութիւն հոգւո՛յդ, սիրելի Հուրի:

Յիշատակդ միշտ անթառամ եւ պայծառ պիտի մնայ մեր բոլորին սիրտերուն մէջ:

Աստուած երկնային լոյսերուն արժանացնէ մեր անզուգական, 47 տարիներու համեստ եւ տիպար ընկերուհիին հոգին:

Հողը թեթեւ գայ վրադ` ընկերուհի Հուրի Թորիկեան:

—————-

* Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու «Ահարոնեան» կոմիտէութեան դամբանական:

Նախորդը

Նարեկ Աւագ Քահանայի Յիշատակին

Յաջորդը

Հուրի Թորիկեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Քեսապն… Ու Հեղեղները
Անդրադարձ

Քեսապն… Ու Հեղեղները

November 11, 2026
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Հայ Կեանք Եւ Մասամբ Նորին…

November 11, 2026
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Սփիւռքը Եւ «Անդրազգ» Եզրոյթի Հարցականները

November 11, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.