Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Փափրաւանդի Գրաւումը Եւ Վարազաբունի Հերոսական Պաշտպանութիւնը

Յուլիս 3, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական Պատժիչ Արշաւախումբը Հայկական Գիւղերուն Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախի մէջ ծայրայեղ լարուած մթնոլորտ կը տիրէր, երբ 1906 յունուարի սկիզբը Գանձակէն հոն հասաւ Համազասպ եւ ստանձնեց Խաչենի ու Ջիվանշիրի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը:

Խաչենի մէջ Համազասպի օգնական նշանակուեցաւ Իսրայէլ Ղուլիքեւխեան: Վարանդայի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը ստանձնեցին Հայրում եւ Մածուն Խեչօ, Դիզակի հրամանատարութիւնը` Գերասիմ Բալայեան:

Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու ընդհանուր հրամանատարը Խանասորայ Վարդանն էր: Ան, առաջնորդուելով Թիֆլիսի 1905 նոյեմբերի ռայոնական ժողովի որոշումներով` ինքնապաշտպանական խումբերու հրամանատարներուն ու խմբապետներուն հրահանգեց զգօնութեամբ գործել եւ չպատասխանել թշնամիի աւազակային գործողութիւններուն:

Վարդանի, ինչպէս նաեւ զինուորական մարմինի գործելակերպին դէմ արտայայտուեցաւ Համազասպ: Համազասպի տեսակէտը պաշտպանելով, Մածուն Խեչօ առաջարկեց պատասխան գործողութիւններու դիմել ու խստօրէն պատժել թուրք աւազակախումբերը:

* * *

Հիւսիսային Արցախի` Ջիվանշիրի գաւառին մէջ թաթարական մեծաթիւ ուժեր կեդրոնացած էին: Հայկական գիւղերը օրէ օր թաթարներու յարձակման կը սպասէին:

Ջիվանշիրի գաւառը կ՛ընդգրկէ Արցախի, Մարտակերտի եւ Շահումեանի, եւ Ազրպէյճանի Պարտայի ու Թարթառի շրջանները, իբրեւ կեդրոն ունենալով Թարթառ երկաթուղային կայարանը (այժմ` քաղաք): Գաւառին մէջ թաթարները մեծամասնութիւն կը կազմէին:

Թաթար հրոսակախումբերուն կորիզը զինուած քոչուորներն էին, գլխաւորաբար` Շահսաւան ցեղախումբը:

Փափրաւանդ (նոր Կարմիրաւան)

Հայկական մարտական ուժերը 5 յունուար 1906-ին, Համազասպի, Բախշիի եւ Ալեքսան Տայիի գլխաւորութեամբ յարձակման անցան Փափրաւանդ (այժմ` Նոր Կարմիրաւան) գիւղին մէջ կեդրոնացած հրոսակախումբերուն վրայ:

Փափրաւանդ, Կաթողիկէսար լեռներէն դէպի հարաւ-արեւելք, լեռնալանջին, Խաչագետի ձախ հովիտին մէջ, Մարտակերտի մօտ զուտ թաթարաբնակ էր:

Հայ մարտիկները վճռական գրոհով մտան Փափրաւանդ: Բուռն կռիւներէ ետք, ծանր կորուստներ կրած թաթարները փախուստի դիմեցին: Կռիւը աւարտեցաւ հայերու յաղթանակով: Թաթարները տուին 133 սպաննուած, հայերը` 9 զոհ:

Փափրաւանդի մէջ հայերու յաղթանակը կանխեց թաթար հրոսակներու հետագայ ոտնձգութիւնները:

* * *

Վարազաբուն

Աղտամի մէջ կեդրոնացած եւ Մոսին հրացաններով զինուած թաթարական երկու հազարնոց խուժանը, որոնց միացած էին Շահաւան ցեղի հազար հեծեալներ, 6 յունուար 1906-ի առաւօտ կանուխ Խրամորթի մօտ ռազմացոյց կատարելով, յարձակման անցան Վարանդայի Վարազաբուն, Փրջամալ եւ Նախիջեւանիկ գիւղերուն վրայ:

Թաթարներուն նպատակն էր Արցախի բանալին նկատուող Ասկերանի պաշտպանական գիծը ճեղքել եւ թափանցել Խաչենի ու Վարանդայի խորերը:

Թաթարական Շելլու գիւղէն շարժելով` հրոսակները առաջին հարուածը Վարազաբունի վրայ ուղղեցին:

Վարազաբունի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին

Վարազաբուն, Ասկերանի հարաւ-արեւելեան կողմը, կոչուած է նաեւ Արանզամին եւ աւանդութեան համաձայն Վարազ-Տրդատ եւ Վարազ-Գրիգոր իշխաններուն ամարանոցը եղած է: Գիւղին մէջ կը գործէ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

Թաթարական գերազանց ուժին դիմաց վարազաբունցիք միահամուռ ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Քանի մը ժամ շարունակ գօտեմարտեր մղուեցան: Հայկական մարտական ուժերը յաջողեցան կասեցնել թաթարներուն յարձակումները: Կատաղի կռիւը տեւեց մինչեւ ժամը 10:00-ը: Քսանչորս հոգիէ բաղկացած խումբը հազիւ կրնար փամփուշտները լեցնել ու հասցնել: Զինագործ վարպետ մը, իր օգնականով, առանց շունչ առնելու, փճացնող հրացանները կը նորոգէր եւ կռուողներուն կը հասցնէր:

Թաթար խուժանը, մեծ կորուստներ կրելով, ետ մղուեցաւ Վարազաբունէն:

Քիչ ետք Փրջամալի դիրքերէն օգնութեան հասան Վարազաբունի պաշտպաններուն:

Թշնամի մեծաթիւ խուժանը, Նախիջեւանիկի մօտէն մինչեւ Գիլաֆլուի ձախ անկիւնը, փորձեց ճեղքել հայերու պաշտպանական շղթան: Վարազաբունի դիրքերը վտանգուեցան:

Նոյն պահուն խաչենի եւ Վարանդայի 300 հոգիէ բաղկացած թռուցիկ խումբերը օգնութեան հասան Վարազաբունի, Փրջամալի եւ Նախիջեւանիկի պաշտպաններուն:

Թռուցիկ խումբերուն ժամանումը մեծապէս խանդավառեց երեք գիւղերու պաշտպանները: Յուսահատները հերոսացան, յոգնածները կայտառացան եւ նոր հասած թարմ ուժերուն հետ թեւ-թեւի տուած աննկարագրելի հակայարձակում գործեցին:

Օգնութեան հասած թռուցիկ խումբերը թշնամիին վրայ հարուածները այնպիսի արագութեամբ ու վարպետութեամբ տեղացուցին, որ անոնք չկրցան ուշքի գալ եւ անկանոն փախուստին դիմեցին:

Սկսաւ թշնամիի խայտառակ, համատարած փախուստը` բոլոր կէտերէն: Հայ մարտիկները ցանկացան հետապնդել թշնամին, բայց արգիլուեցաւ: Բաւական էր որ գիւղերը ազատած էին թշնամի խուժանին ձեռքը իյնալէն:

Վարազաբունի հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը ցոյց տուաւ, որ թէեւ թաթարները մարտական ուժերու անհամեմատ գերակշռութիւն ունէին, բայց չկրցան յաղթահարել հայ մարտիկներու դիմադրութիւնը: Արամայիս կը գրէ. «Այդ օրը Խաչենի թռուցիկ խմբերի ցոյց տուած օգնութիւնն էական էր»:

Հայեր այդ օր տուին տասներկու զոհ (ութ տղամարդ եւ չորս կին) եւ ինը վիրաւոր: Թշնամին անհամեմատ շատ կորուստներ տուաւ:

* * *

Վարազաբունի մէջ իրենց կրած պարտութեան իբրեւ փոխ վրէժ, թաթար հրոսակները սկսան վայրագ յարձակումներ գործել Եւլախ-Շուշի խճուղիի երկայնքին գտնուող հայկական գիւղերուն վրայ: Աւելի քան 120 հայեր զոհ գացին թաթար խուժանի վայրագութիւններուն:

Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը հակադարձեցին` յարձակելով Համզաչիման, Ջինլու եւ Ղըլըջլու քոչուորական բանակատեղիներուն վրայ եւ աւերելով զանոնք,  զգալի կորուստներ պատճառեցին թշնամիին:

* * *

Թիֆլիսի մէջ 1906 փետրուարին հայ մարտական պատասխանատուներու խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ: Որոշուեցաւ «պաշտպանական տաքտիկայից անցնել յարձակողականի: … Նախայարձակ լինել եւ ջնջել այն բոլոր որջերը, լինեն դրանք մեծ կամ փոքր, որոնք աւազակային կենտրոններ են»:

Որոշուեցաւ նաեւ խստագոյն կերպով արգիլել քոչը եւ թոյլ չտալ թաթար ցեղախումբերուն հայկական տարածքներու մէջ գտնուող արօտավայրերը բարձրանալ:

Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ վերցնել թաթարական այն գիւղերը, որոնք խոչընդոտ կը հանդիսանան Գանձակէն Շուշի, Շուշիէն Գորիս եւ Նոր Պայազիտէն Գորիս հաղորդակցութեան:

* * *

Ռուսական իշխանութիւնները, ի տես հայկական մարտական ուժերու յաջողութիւններուն, արցախահայերու ինքնապաշտպանական ոգին ճնշելու նպատակով, 14 մարտ 1906-ին տեղակալ-գնդապետ Վիվերնի հրամանատարութեամբ 400 հոգիէ բաղկացած պատժիչ արշաւախումբ ուղարկեցին Վարանդա:

Հայերուն յանցանքը այն էր, որ անոնք ինքնապաշտպանութեան դիմած եւ թաթարներուն արժանի հակահարուած տուած էին:

Զինուորական պատժիչ արշաւախումբը պատուհաս դարձաւ հայերուն համար:

Քանի մը օր շարունակ զօրքը քստմնելի արարքներ գործեց Զանախչի, Աւետարանոց, Սարգսաշէն, Թաղավարդ, Հին Թաղլար, Մեծ Թաղլար, Տող, Տումի, Սօս եւ Ճարտար գիւղերուն մէջ: Գիւղացիներուն տուները հրդեհեցին, կողոպտեցին ու աւերեցին: Գիւղացիներ ծեծի ու տանջանքներու ենթարկուեցան ու կիներ բռնաբարուեցան:

Թիֆլիսի նահանգապետ Ռաուշ Ֆոն Տրաուբենբերգ 13 ապրիլ 1906-ի յատուկ կարգադրութեամբ Թիֆլիս քաղաքի եւ նահանգի թերթերուն արգիլեց որեւէ բան տպագրել «պատժողական զօրախումբերու գործողութիւններու եւ առհասարակ հայ-թրքական ընդհարումներու մասին»:

* * *

Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերը թաթարներու դէմ կռիւներուն յաջողած էին յաղթանակներ նուաճել, սակայն ռուս զինուորներու տմարդի գործողութիւններուն համարժէք պատասխան չտրուեցաւ: Բայց միաժամանակ միջոցներ ձեռնարկուեցան հայկական բնակավայրերուն մէջ ռուս զինուորներու հետագայ բռնութիւնները կանխելու ուղղութեամբ:

Խանասորայ Վարդան, որ պաշտպանական բնոյթի մարտավարութեան նախապատուութիւն կու տար, ստեղծուած վտանգաւոր իրավիճակը նկատի ունենալով, ինքնապաշտպանական շրջաններու հրամանատարներուն հրահանգեց յարձակիլ կոզակական եւ թաթարական զինեալ ջոկատներուն վրայ, եթէ անոնք շարունակեն բռնութիւնները:

Վարդանի յարձակողական մարտավարութիւնը ողջունելով Համազասպ ըսաւ. «Մենք ոչ մի կերպ չենք կարող լռել, եթէ նոյնիսկ քսան գիւղ ռմբակոծեն: Խփելու ենք, որովհետեւ կեանքի ու մահու խնդիր է»:

Համազասպ իր ձեռնարկած քայլերուն մասին 26 ապրիլ 1906 թուակիր նամակով պատասխանատու մարմինին կը գրէր. «Ես արդէն մօտ 120 զինուորներ դասաւորեցի որոշ վտանգաւոր պունկտերում: Առաջուց ձեզ յայտնում եմ, յայտնում են նաեւ Վարդանին, եթէ որեւէ տեղ կօզակները մի փոքր լրբութիւն ցոյց տուին, յարձակուելու ենք կօզակների վրանների վրայ ու այնպիսի ջարդ տանք, որի հետեւանքը անմոռանալի դաս դառնայ»:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Թիֆլիսի մէջ 1906 մարտ 28-էն ապրիլ 8 պատասխանատու մարմիններու խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ, որուն մասնակցեցան Սիմոն Զաւարեան, Ռոստոմ, Արմէն Գարօ, Համօ Օհանջանեան, Միքայէլ Վարանդեան, Աւետիք Սահակեան (Հայր Աբրահամ),  Աբրահամ Գիւլխանդանեան եւ Համազասպ: Քննարկուեցան անվտանգութեան հարցեր եւ համապատասխան արմատական լուծումներու գծով որոշումներ առնուեցան:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Յուլիս 2024)

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ
Պատմական

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Ապրիլ 30, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?