Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նարեկ Աւագ Քահանայի Յիշատակին

Յուլիս 6, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

13 մայիս 2024-ին Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ  Հայաշէնի զաւակ արժանապատիւ Նարեկ Աւագ քահանայ Փեհլիվանեանը, աւազանի անունով` Պերճ կամ «Cheif»: Ան ծնած է 1943-ին Պէյրութի հայահոծ Հայաշէն թաղամասին մէջ, ազգասէր, գաղափարապաշտ, եկեղեցասէր հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Իր նախնական ուսումը ստացած էր  Հայաշէնի ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ, ուր եղած էր բարի, հնազանդ եւ աշխատասէր աշակերտ մը: Փոքր տարիքէն մաս կազմած է ՀՅԴ «Մուրատ» պատանեկան միութեան, ապա անցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերը` մաս կազմելով Հայաշէնի «Ռոստոմ» կոմիտէութեան: Երկար տարիներ եղած է ՀՄԸՄ-ի սկաուտ ու վարիչ եւ իր տիպար ու առաքինի վարքին շնորհիւ եղած է ՀՄԸՄ-ի Ընդհանուր սկաուտական վարիչ եւ Շրջանային վարչութեան անդամ: Իր քրիստոնէական դաստիարակութիւնը զայն առաջնորդած է հայ առաքելական եկեղեցի, եւ մաս կազմած Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  դպրաց դասին: Երկար տարիներ ծառայելէ ետք ստացած է սարկաւագի աստիճան:

Տէր Նարեկ, կամ ինչպէս ծանօթ էր Հայաշէնի մէջ` ընկեր Պերճ, եղած է ծառայասէր եւ նուիրեալ անձ մը: Բնաւորութեամբ հանդարտ, ժպտուն, ընկերային եւ խիզախ անձ մըն էր: Սիրուած եւ յարգուած էր ոչ միայն իր թաղեցիներէն, այլ նաեւ բոլոր զինք ճանչցողներուն կողմէ` հայ թէ  արաբ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժուար օրերուն իր մնայուն տունը դարձուց Հայաշէնի ժողովրդային տունը: Լծուեցաւ շրջանի ինքնապաշտպանութեան ծանր եւ պատասխանատու աշխատանքին: Գիշեր ու ցերեկ ակումբէն ներս ներկայութիւն դարձաւ: Ծառայեց թաղեցիներուն անխտիր, ծերին ու երիտասարդին, հիւանդին ու անկարին: Տարիներ շարունակ, իբրեւ հաւատաւոր ու գաղափարապաշտ ընկեր, հայրենասէր ու եկեղեցասէր, տարբեր մարզերու մէջ իր ստանձնած պարտականութիւններով ծառայեց հայութեան եւ շրջանին:

Իր վախճանումով կորսնցուցինք  պատուաբեր յիշատակներով լեցուն, օրինակելի, նուիրեալ ընկեր մը, հայր մը, հարազատ ազգային մը եւ տիպար եկեղեցական մը: Իր կեանքով օրինակ դարձաւ  երիտասարդ սերունդին, որոնցմէ շատեր արդէն կը քալեն տէր Նարեկի-ընկեր Պերճի գծած ուղիէն:

Այսօր, մենք` իբրեւ ընկերներ եւ հաւատացեալներ, կը խոնարհինք անոր յիշատակին առջեւ եւ կառչած կը մնանք մեր սիրելի ընկերոջ ապրած ուղիին: Պիտի շարունակենք անոր ուխտը եւ ծառայութիւնը մեր հայրենիքին եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան ի խնդիր: Մեր աղօթքները կը բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի անոր հոգին երկնային յաւիտենականութեան մէջ պահէ:

Յարգա՛նք իր վաստակին:
Խունկ ու մոմ իր պայծառ յիշատակին:

ՀՅԴ  «ՌՈՍՏՈՄ» ԿՈՄԻՏԷ

 

 

Նախորդը

«Ո՞վ Եմ Ես» (Այլակերպութեան Տօնին Առիթով)

Յաջորդը

Հաւաքականն Ու Ազգայինը Գերադասող Հուրի Թորիկեան

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?