Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Երրորդ (Եւ Ճիշդ) Բացատրութիւնը

Յուլիս 4, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ

Շատերու նման` աւելի քան վեց տարիէ ի վեր ես ալ կը հետեւիմ Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական գործունէութեան եւ ելոյթներուն: Բնական է. մարդուն զբաղեցուցած պաշտօնը, կեցուածքները, որոշումներն ու յայտարարութիւնները լրջագոյն հետեւանքներ կրնային ունենալ եւ ունեցա՛ն հայրենի պետականութեանց համար:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութեանց վերջին օրերու իրադարձութիւններուն, 2020-ի պատերազմին, Արեւմուտքի մէջ քաղաքական հանդիպումներու եւ, վերջապէս` 2023-ի արցախասպանութեան ժամանակ Ն. Փաշինեան իր ելոյթներուն մէջ ընդհանրապէս կը մնար, այսպէս ըսած, հաւասարակշռուած, կամ, աւելի ճիշդը, հակակշռուած:

Արտայայտութիւնները, ձայնի բարձրութիւնը, խօսած ատեն կիրարկած շարժուձեւերը կը մնային չափի մէջ: Ոչ մէկը չափազանցուած կը թուէր: Քիչ մը աւելի բարձր, քիչ մը աւելի ցած, ձեռքի մէկ-երկու շարժում` այդքան:

Կը կարծէի, որ այս պահուածքը կրնայ միմիայն երկու բացատրութիւն ունենալ. առաջինը, որ մարդը հանդարտաբարոյ եւ մեղմ խառնուածք ունի, երկրորդը` քաղաքական գործիչի, պետական պատասխանատուութիւն ստանձնած անձի պահուածքը պահպանելու հրամայականը:

Ու վրայ հասաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի անցեալ շաբթուան նիստը: Դուրսը «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումն ու ցուցարարները, կարմիր եւ սեւ գլխարկներով ոստիկաններու վայրագութեանց դիմաց անզիջող, յամառօրէն իրենց կարծիքը կ՛արտայայտէին: Ներսը ընդդիմութեան երեսփոխանները մէկ առ մէկ պրն. Փաշինեանի հակասութիւնները, սխալներն ու յանցանքները փաստերով կը թուէին ու զինք կը մերկացնէին:

Եւ ամպիոն բարձրացաւ Ն. Փաշինեան: Ինծի համար զարմանալին այն չէր, որ այդպիսի ժողովի, այդպիսի օրակարգի, այդպիսի փաստագրուած ամբաստանութիւններուն պատասխանելով` առանց որեւէ տրամաբանական հիմնաւորումի, փաստի կամ տուեալի, աջ ու ձախ դատապարտումներու անկապ շարք ներկայացուց: Այդպիսի բովանդակութեան վարժուեցանք:

Զարմանալին Ն. Փաշինեանի ելոյթի ձեւն էր, իր պահուածքը. խելագարի պէս կը ճչար, ջլախտաւորի պէս ամբողջ մարմնով օդը կ՛ելլէր-կ՛իջնէր, երկու ձեռքերով ամպեր հաւաքելու եւ մատներով խոցելու շարժումներ կ՛ընէր, այնքան մը, որ հաւատացեալներ պիտի ըսէին` «այս մարդը այսահարուեցաւ յանկարծ»:

Եթէ Հայաստանի վերջին շաբաթներու անցուդարձերէն, ժողովրդային ընդվզումէն ու բողոքէն, ազգային ու քաղաքական դաշտի անցուդարձերէն նեղացած էր Ն. Փաշինեան եւ այդպիսով իր սրտնեղութիւնը կ՛արտայայտէր, արդեօք 2020-ին շուրջ հինգ հազար հայ երիտասարդի նահատակութիւնն ու հարիւրաւոր ուրիշներու գերեվարումը, Պաքուի բանտերուն մէջ անհետացումը, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ Պաքուի ուժերու 31 հողատարածք ներխուժումն ու գրաւումը, Արցախի հայաթափումն ու Ալիեւի` «Հայաստանը արհեստական գոյացութիւն մըն է Արեւմտեան Ազրպէյճանի հողին վրայ» ու նման ամէնօրեայ արտայայտութիւնները, այս բոլորէն ոչ մէ՞կը այսքան սրտնեղութիւն պատճառեց Ն. Փաշինեանին, որ ոչ մէկ անգամ այսքան զայրացած, նոյնիսկ ատելավառ ու կատաղած հակազդեցութիւն ունեցաւ:

Փաստօրէն նախորդ երկու հաւանականութիւնները սխալ էին: Ո՛չ հանդարտաբարոյ է, ո՛չ ալ պաշտօնի բերմամբ ինքզինք հակակշռող:

Պարզապէս իր քաղաքականութեան հայրենակործան ընթացքը մերժող քաղաքացիներու խաղաղ արտայայտութիւնը, ժողովրդային ու քաղաքական յայտարարութիւններու փաստացի հիմնաւորումները, լրատուական դաշտի ազատ հաղորդումն ու իր ոստիկանութեան վայրագութիւններուն ներկայացումը Ն. Փաշինեանը նեղացուցած եւ զայրացուցած էին:

Մինչ վերը իմ թուած ազգային եւ պետական աղէտները, մարդկային ողբերգութիւնները զինք չէին նեղացուցած: Ըստ երեւոյթին, անոնք նոյնիսկ իր սրտովն էին, ձեռքին գործերը:

Փաստօրէն, այս երրորդ բացատրութի՛ւնն է ճիշդը, եւ անոր հիման վրայ պէտք է վերաբերիլ այդ մարդուն հետ: Թէ՛ խենթանոց գացող խելագարին, թէ՛ կախաղան բարձրացող դաւաճանին զսպաշապիկ պէտք է:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Վեր. Աբրահամ Յարթունեանի Հայոց Ցեղասպանութեան Ինքնատիպ Յուշագրութիւնը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?