Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաբան Նիքըլաս Տենֆըրթ Կ՛ուսումնասիրէ Թուրքիոյ Արեւմտականացումը Քեմալիզմի Եւ Էրտողանի Ձեւերով

Հոկտեմբեր 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Միջին Արեւելքի մասին Արեւմուտքի պատմաբաններու ուսումնասիրութիւնները, Թուրքիոյ արեւմտականացման տեսակէտով, Էրտողանի օգտակար դարձած ու ամրապնդած են անոր մենատիրական իշխանութիւնը, կը հաստատէ վերլուծաբան Նիքըլաս Տենֆըրթ (համացանցային կայքէջ.- http://cambridgelog.org/2021/08/the-misreading-of-mid-century-turkey/):  Ասոր  պատճառը այն է, որ միջազգային եւ թրքական հանրային կարծիքը մեծ համարում ունի ամերիկեան եւ եւրոպական պատմաբանական ու վերլուծական ուսումնասիրութիւններու վրայ` հակառակ այն իրողութեան, որ այդ ուսումնասիրութիւններուն դրդապատճառները ընդհանրապէս հիմնուած են սուտերու եւ կեղծիքներու վրայ` թիրախ ունենալով հասնելու որոշ նպատակի մը իրականացման, այս պարագային`  զօրացնելու Էրտողանի դիրքը` իբրեւ Արեւմուտքի հաւատարիմ դաշնակիցի:

Տենֆըրթ կ՛աւելցնէ, որ Էրտողանէն առաջ այս տեսակի ուսումնասիրութիւնները մեծապէս ազդած են Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին վրայ եւ պատճառ դարձած` յաջորդական պետական հարուածներու, իւրաքանչիւրին հեղինակը իր ձեւով ձգտելով Թուրքիոյ արեւմտականացման: Ուսումնասիրող Նիքըլաս Տենֆըրթ հարց կու տայ, թէ վերջին տասնամեակներու ընթացքին մենատիրութեան միջոցով Թուրքիոյ մէջ արեւմտականացման, աշխարհականութեան, ապակրօնութեան եւ արդիականացման զօրաւոր մղո՞ւմն է, որ հարուածեց ժողովրդավարութիւնը:

Եւրոպականացած ճաշարան մը Պոլսոյ մէջ

Քեմալականութեան ժամանակաշրջանին կրօնամոլ թուրքը երկրին մէջ իբրեւ եւրոպացի չէր զգար ինքզինք, այլ ստիպուած էր կեղծել` իբրեւ եւրոպացի ապրելու, այսինքն կարծէք թէ ան կ՛ապրէր իբրեւ երկրորդ կարգի քաղաքացի` ո՛չ ազատ եւ ո՛չ հանգիստ: Քեմալիզմը անոր վրայ բեռցուցած էր արեւմտականացումը` անոր իսլամ կրօնը մէկդի շպրտելով: Էրտողան, թուրքը արեւմտականացնել փորձելով հանդերձ, անոր տուաւ իսլամ կրօնի պաշտամունքի ազատութիւնը: Մէկ խօսքով, ան Մուսթաֆա Քեմալի սխալն էր, որ սրբագրեց` ըստ անգլիացի հրեայ պատմաբան Պըրնըրտ Լիուիսի: Սակայն եւ այնպէս, ներկայիս ալ թուրքը եւրոպացի չէ բնաւ, այլ տակաւին կը կեղծէ այդպէս ապրիլ:

Ներկայի պատմաբաններէն ոմանք ժողովրդավարութեան ստացած հարուածը կը վերագրեն Մուսթաֆա Քեմալի ապակրօնութեան ու քեմալիզմը կը նկատեն միակ յանցապարտը այս հարցին մէջ` արդարացնելով Էրտողանի թեզը:

Պոլսոյ «Եւրոպականացած» նմուշներէն

Յամենայն դէպս Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքներու կեանքով միայն երեւութական եւրոպականութիւն հագաւ երկիրը` թէ՛ քեմալական եւ թէ՛ Էրտողանի ժամանակաշրջաններուն: Խորքին մէջ կեանքի դաժան ու արտասովոր պահերու թուրքը տակաւին հանդէս կու գայ իբրեւ վայրենի, անտաշ եւ կիրքերով ղեկավարուող անհատը, որուն մեծ հայրերը հայասպանութիւն գործեցին մեծ ծաւալով, իսկ անոր եղբայրները այժմ իրաքեան, սուրիական, թրքական քիւրտիստաններու մէջ եւ այլուր անմեղ մարդիկ կը յօշոտեն սանձարձակօրէն:

Նիքըլաս Տենֆըրթ Էրտողանի թիւ մէկ քաջալերողներէն կը նկատէ պատմաբան Պըրնըրտ Լիուիսը, որ Էրտողանի գովաբանութենէն աւելի յառաջ անցնելով` կ՛ուրանայ իր իսկ նախապէս ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան փաստը` զայն փորձելով պարուրել սուտերու եւ կեղծիքի մրուրով: Պարզապէս այս մարդը, որ Միջին Արեւելքի պատմութեամբ կը զբաղի, արմատներով հրեայ ըլլալով` չէ կրցած ազատօրէն գործել Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներու մէջ եւ ընտրած է Թուրքիան` իբրեւ իրեն ապաստանարան եւ իր մութ գործերը ծածկող թանձր վարագոյր:

Պէյրութ

 

Նախորդը

Աշուն. Նոր Եղանակ Մը Սկսաւ

Յաջորդը

Ամրութիւններ Թափանցող Հրթիռներու Բնագիտութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?