Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Անդրանիկ Գորիսի Մէջ Եւ Բանակցութիւններ Անգլիացիներուն Հետ` Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Համար
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Անդրանիկ Գորիսի մէջ Անդրանիկ Զանգեզուրէն ճամբայ ելած էր Շուշի մտնելու, Արցախի հայութիւնը թաթարներու սանձարձակութիւններէն պաշտպանելու եւ հայկական հինաւուրց երկրամասը Հայաստանի միացնելու առաջադրանքով: Դէպի Շուշի յաղթական արշաւանքի ճամբուն վրայ Անդրանիկի մօտ ժամանած Պաքուի անգլիացի զինուորական կառավարիչ զօրավար Թոմսընի ուղարկած «հաշտարար» պատուիրակութիւնը հասած էր իր նպատակին: Հայկական զօրքը պիտի դադրեցնէր հրացանաձգութիւնը եւ պիտի վերադառնար Գորիս: Անդրանիկ դաշնակիցներու հրամանատարութեան առաջարկեց զօրքը...




















