Փոխուող ժամանակներուն հետ շատ երեւոյթներ եւս փոխուած են, ինչպէս աշխատանքները, կամ գործի ասպարէզը: Ժամանակին գիրքերու տպագրութիւնը մեծ ծաւալ ունէր, այսօր սակայն տպարաններ իրենք զիրենք կը փոխեն, որովհետեւ գիրքի փոխարէն սկսեր են ծրարաւորումներ արտադրել (packaging): Կամ օրինակ քարտուղարուհիները, որոնք անպայմանօրէն պէտք էր shorthand գիտնային, այսօր պէտք է համակարգչային հմտութիւններ ունենան եւ այլն:
Նոյն օրինաչափին հետեւելով հրատարակուող «իսկական» գիրքերուն տպագրութիւնը նուազեր է, փոխարէնը առցանց գիրքերը սկսած են տարածում գտնել: Սակայն այդ նուազ թիւով հրատարակուող գիրքերուն բնոյթը եւս փոխուեր է:
Հրատարակութենէ դադրած, աւելի ճիշդ կ’ըլլայ ըսել՝ ֆիզիքական հրատարակութենէ դադրած գիրքերուն մէջ մեծ տեղ կը գրաւեն խոհագիրքերը:
Իսկ մեզի՝ հայերուս համար հրատարակութենէ ամբողջովին դադրած են… երազահանները, որոնք, Աստուածաշունչերուն պէս, նոյնիսկ ընթերցումը բնաւ չսիրող ընտանիքներուն մէջ, ունէին իրենց յատուկ եւ յարգալի տեղը:
Լաւ կը յիշեմ մանկութեանս տարիներուն, մեր երազահանը դարձեր էր մօրս գիշերային փորձանքը, մղձաւանջ մը, որմէ որքան փորձեց, չկրցաւ ձերբազատիլ, որովհետեւ հայրս, երբ երազ տեսնէր, կ’արթննար, հանդարտօրէն կը վառէր անկողնին կողքի սեղանիկին լոյսը, աղմուկով կը բանար փոքրիկ դարակը, կը դնէր ակնոցները եւ կը սկսէր փնտռել իր տեսած երազին մեկնաբանութիւնը, երազահանին մէջ. յետոյ, արդէն հանգստացած _ կրնար նաեւ հանգստացած չըլլալ, ըստ տեսած երազին մեկնաբանութեան _ նոյն հերթականութեամբ եւ նոյն աղմուկով կը գոցէր երազահանը, կը հանէր ակնոցները, կը դնէր դարակին մէջ, կը գոցէր դարակը, եւ ի վերջոյ լոյսը մարելով ետ քունի կ’անցնէր:
Տեսա՞ք թէ ուրկէ էր մօրս մղձաւանջը, որ շաբաթը քանի մը անգամ կը կրկնուէր, որքան կը յիշեմ:
Գահիրէի ՀԲԸՄ-ի «Աղաթօն» գրադարանին նուիրուած գիրքերուն վերջին կոյտին մէջ երազահան մըն ալ կար: Յիշողութիւնները խուժեցին վրաս: Ձգեցի մնացեալ գիրքերուն արձանագրութիւնը, եւ սկսայ թերթատել այս հատորը:
Որքան կը յիշեմ, անցեալ դարու յիսունականներուն Սփիւռքի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ հրատարակչատուներ կային, որոնք իրենց հրատարակած գիրքերու ցանկին մէջ անպայմա՛ն երազահան մըն ալ կ’ունենային, որովհետեւ իւրաքանչիւր աղջկայ օժիտին եթէ պարտադիր էր Աստուածաշունչ մը դնել, հարսնացուն ի՛նք կը փափաքէր նաեւ երազահան մը ունենալ, ոչ միայն երազներու մեկնաբանութեան համար, այլ նաեւ …
Գիրքին առաջին հարիւր կամ աւելի էջերուն մէջ, այբբենական կարգով կը գտնուին այն իրերը կամ երեւոյթները _ որ մարդ կրնայ երազին մէջ տեսնել _ իրենց բացատրութիւններով: Հարց է, թէ ո՛վ եւ ուրկէ՛ գտեր է այս բացատրութիւնները: Ոչ մէկ երազահանի մէջ կարելի է թարգմանութեան մասին կամ թարգմանողի անուն գտնել, որովհետեւ կ’ենթադրեմ թէ առաջին գրողը հաւանաբար հնդկական աղբիւրէ մը գտած պիտի ըլլայ զանոնք:
Յետոյ կու գայ հետաքրքրական խաղ մը՝ «վիճակացոյց» խորագրով, որուն տակ կը գտնէք աղիւսակի մը մէջ մեր այբուբենը: Բացատրութիւնը կ’ըսէ.
«Վիճակացոյց տառեր, որոնց վրայ աչքդ գոցելով մատդ պիտի դնես: Այս վիճակարանիս մէջ բախտդ կամ վիճակդ իմանալու համար պարտիս Շաբաթ երեկոյին, կամ Կիրակի մինչեւ կէսօրին նայիլ, միայն մէկ անգամ»:
Տառերը աղիւսակին մէջ շարուած են ձախ անկիւնէն մինչեւ աջ անկիւն, մէջտեղէն սկսելով:
Այն օրինակը, որ ձեռքերուս մէջ է, անսովոր հայերէնով մը կը նկարագրէ «վիճակդ».
«Կ. Կռունկի նման կողկողագին կ’ողբաս կարողութեանդ կորուստը, զոր կողոպտեցին թշնամիքդ, կարօտ կացուցին քեզ ամենայն բանի. եւ դու՝ տկար արարած համակերպեցար ակամայ. բայց արդ հասեալ է ժամանակն, յորում կարող պիտի ըլլաս ստանալ բոլոր կորուսեալդ, առատանալ եւ ճոխանալ. մի՛ մոռնար, թէ կան եւ շատ հարստահարեալ խեղճեր, որոնց պարտիս օգնել. վիճակդ լաւ է»:
Կայ նաեւ «Բախտացոյց մոգական աղիւսակը», որուն տակ կարգ մը հարցումներ դրուած են, ինչպէս օրինակ՝ փափաքս պիտի կատարուի՞, պիտի յաջողի՞մ, դատս պիտի շահի՞մ, հոս պիտի մնա՞մ, բարեկամս անկե՞ղծ է, ամուսնութիւն աղէկ կ’ըլլա՞յ, այս օրը բախտաւո՞ր է» եւ այլն:
Անշուշտ ասոր կը հետեւի «Ինչպէ՞ս գործածելու է աղիւսակը»:
Ապա «մարմնախաղ» բաժինը կը բացատրէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարմնի որեւէ անդամի թրթռացումը, ինչպէս որ կ’ըսէին ժամանակին՝ աչքս կը խաղայ, յօնքս կը խաղայ եւ այլն:
Անշուշտ այս գիրքին մաս կը կազմէ անխուսափելի «Աստղագիտական Բախտացոյց»-ը, որ կը նկարագրէ մարդիկ ըստ իրենց ծննդեան աղթարքին (horoscope):
«Լուսնին ազդեցութիւնը մարդկային ճակատագրին վրայ», լուսնին օրերուն համեմատ: Հետաքրքրական է. գիտէի որ լուսինը մարդոց մարմնին վրայ որոշ ազդեցութիւն ունի, բայց չէի գիտեր, որ ազդեցութիւն կը գործէ նաեւ մարդոց ճակատագրին վրայ:
Երազահաններու պարագային անխուսափելի բաժին է նաեւ թղթախաղով գուշակութիւն ընելու «դասընթացք»-ը:
Իսկ հմայահաւատութիւնը՝ հուռութք եւ բժժանք (թըլըսըմ) արդէն մոռցուած է կը կարծեմ, բայց կը կարդացուի … հետաքրքրական վիպակի մը նման: Չես կրնար չմտածել՝ իրա՞ւ կը հաւատային այս բաներուն …
Իսկ սուրճի գաւաթով ապագայի գուշակութիւնը մինչեւ այսօր ալ կը շարունակուի, որպէս կիներուն համար հաճելի ժամանց մը: Բայց այդ գուշակութիւնը «գիտական» հիմքերու վրայ դնելը այլ հանգամանք կու տայ գուշակողին …
Կարեւոր եւ ծաւալուն բաժին մըն է ընտանեկան խաղերու, պատմութիւններու եւ ժամանցի բաժինը:
Պատմութիւնները մեծ մարդոց կեանքէն առնուած ընդհանրապէս զաւեշտալի դրուագներ են, ինչպէս օրինակ Էմիլ Զոլայի տետրակը, Դիոնիսիոս եւ պառաւ կինը, Ափրիկէ եւ Սէզար, Լուի ԺԱ եւ խոհարարը, Մեծն Ֆրէտէրիք եւ այլն:
Ասոնց վրայ կրնանք աւելցնել բազմաթիւ հանելուկները, մտածումներն ու խորհուրդները:
Երազահանները նաեւ կարեւոր տեղեկութիւններ կը փոխանցեն իրենց ընթերցողներուն, ինչպէս շքանուններ՝ կաթողիկոսներու, պատրիարքներու, եպիսկոպոսներու, բարձր աստիճանաւորներու, կաթոլիկ կղերին, աստիճանաւոր տիկիններուն (շնորհաշուք …), նամակ մը ինչպէս աւարտելու թելադրութիւններ կ’ընեն, գրական գոհարներ կը հրամցնեն եւ պատմական թուականներ կու տան:
Այս վերջինը իրապէ՛ս կարեւոր կը գտնենք, որովհետեւ այնտեղ պահ տրուած են այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք թերեւս դժուար գտնէինք, ինչպէս օրինակ.
Փարիզի մէջ Ֆոստել ֆրանսացի լեզուագէտը 1573-ին հրատարակեր է հայերէն այբուբենը:
Յովհաննէս երէց Բարբատանենց 1616-ին Լվովի (Լեհաստան) մէջ կը հիմնէ իր հայկական տպարանը եւ կը հրատարակէ «Սաղմոսարան» եւ «Բժշկարան» հատորները:
Անտրէաս Սքուլուտոս հայագէտ գերմանացին 1680 թուականին, Գերմանիոյ Լայփցիկ քաղաքին մէջ կը հրատարակէ հայերէն գիրք մը՝ «Աբղիաս Մարգարէն»:
Աբրահամ Մուրատեան 1865 թուականին Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս) բացած է տպարան մը եւ սկսած հրատարակել «Արմաւենի» երկշաբաթաթերթը:
Էջմիածնի առաջին տպարանը բացուած է Վաղարշապատի մէջ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անունով, որ յետոյ կոչուած է «Տպարան Մայր Աթոռոյ Ս. Էջմիածնի»: Այս տպարանին հիմնադիրը եղած է Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցին: Տպարանը կը գործէ մինչեւ օրս, նոյն անունով:
Հատորը կը փակուի «Ընտանեկան Խոհանոց» եւ «Ընտանեկան Առողջապահութիւն» բաժիններով:
Կը տեսնէք թէ ինչո՛ւ այնքան կարեւոր էին երազահանները ասկէ 60-70 տարիներ առաջ, որովհետեւ երբ համացանցին մտապատկերն իսկ տակաւին չկար, հարուստ աղբիւր էին անոնք մանաւանդ երիտասարդուհիներուն համար, ե՛ւ որպէս զուարճանքի միջոց, ե՛ւ որպէս առօրեային մէջ օգտագործելի գիտելիքներու աղբիւր:
«Գանձասար»