Ամէն անգամ կամ առիթով, երբ իրազեկ կը դառնամ հոս ու հոն տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ առճակատումներուն, անոնք արդարացի ու տեղին ըլլան թէ ոչ, ակամայ կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ կը բռնկին եւ ո՞վ է մեղաւորը (կամ զոհը):
Անշուշտ տրամաբանական ու համոզիչ պատասխանները միշտ գտնելը դիւրին չ՛ըլլար, որքան ալ, կարգ մը պարագաներու, անոնց ետին գտնուող պատճառները, առաւել կամ նուազ չափերով, ծանօթ ըլլան, երեւելի, թափանցիկ կամ շօշափելի:
Մէկ բան, սակայն, յստակ է, որ բիրտ, նուաճող, բռնատիրող ու տարածապատող ուժերն են, որոնք հետամուտ են կազմակերպելու, ծրագրելու, դաւադրելու, հրահրելու եւ իրականացնելու այդ անկայունութիւնները` մերթ շահագործելով իրենց հզօրութիւնն ու մեծապետականութիւնը, մերթ ալ օգտուելով այլոց անզօրութենէն ու համակերպութենէն:
Զարմանալ թէ ոչ, նոյն այդ յարձակողապաշտ ուժերը, իրենց ախորժակները յագեցնելու եւ տկարները լլկելու ճամբուն վրայ, երբ կը հասնին իրենց սին եւ անմարդկային նպատակներուն, անմիջապէս կը փութան, յատուկ դերասանավայելութեամբ, իրենց լուծումները առաջարկելու եւ օգնութեան ձեռնարկները ներկայացնելու:
Բնական է, ոչ թէ մարդասիրական հակումներով կամ միջպետական ազնուութեամբ, այլ` զանոնք նախ ստրկացնելու միտումներով, ապա լծելու իրենց կառքերուն` իբրեւ հլու-հնազանդ «ճորտ»-ական պետութիւններ:
Իսկ անոնք, որոնք կը մերժեն կամ կը տատամսին հետեւելու այդ միջամտութիւններուն, կ՛ենթարկուին դաժան վերաբերմունքներու` բացայայտ կամ քողարկեալ ճնշամիջոցներով:
Վերջերս, ի տես նման զարգացումներու ու մագլցումներու ժխորին, կը գրէի, թէ Ա. եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմները թէեւ վերջ գտան ոմանց յաղթանակներով կամ պարտութիւններով, բայց շատերու մօտ յառաջացուցին` ԱՆԿՈՒՇՏ-ութեան տրամադրութիւններ, վրէժխնդրութեան մտածումներ, պատերազմական հոգեբանութիւններ ու գիշատիչութեան նախապաշարումներ:
Այս բոլորը շա՜տ շատերու մօտ ոչ միայն «վառ» մնացին, այլեւ շարունակուեցան աճիլ ու հող շահիլ` այս կամ այն հարթակներու վրայ փորձելով պարտադրել իրենք զիրենք, տեղ մըն ալ յիշեցնելով, որ իրենք կան եւ գործօն են, ու ժամանակը ցոյց պիտի տայ այդ դառն իրականութիւնը, երբ հասուննան իրենց մոլուցքային կատաղութեան ճիրանները:
Ահաւասիկ, նկատի ունենալով մոլեգնութեան այս կամ այն երեւոյթները, նաեւ` ռազմական ու դիւանագիտական խայթող ու սրուող օրինակները, արդէն գուժած էի, որ հորիզոնին վրայ կը թեւածէ… Գ. համաշխարհային պատերազմի մը ուրուականը, որ այժմ կրնայ ըլլալ մշուշապատ, բայց ատիկա աւելի քան յստակ է ու պարզ, որ կը խմորուի, կը խլրտի ու կ՛երերայ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ` օր մը դառնալով աղէտաբեր աշխարհին ու մարդկութեան համար:
Այսօրուան մօտեցումներով եւ իրատեսութեամբ, արդէն նշմարելի էին, կը գրէի, որ բազմաթիւ վայրերու մէջ բռնկումները սկսած են տեղաշարժուիլ ու տեղաշարժել ցամաքամասեր ու շրջաններ, որոնք եթէ ներկայիս ամէնուրեք տարածուած չեն, վաղը, միւս օրը, ո՞վ ըսաւ, որ անոնք ալ պիտի չներառուին այդ դժոխային յորձանուտներուն մէջ, որովհետեւ զիրար բզկտելու կամ հաշուեյարդար տեսնելու ձգտումներն ու թունաւորումները առկայ են եւ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ, փակ եւ շարժուն դարակներու մէջ, անոնք կը գործեն ու կը հրապարակուին մատի ու ձեռքի հպումով:
***
Այս պատեհութեամբ, ինծի համար (վստահաբար ուրիշներու ալ) ոչ միայն մտահոգութիւն, այլեւ ահազանգային հոլովոյթ են պատերազմական այն ճակատումները, որոնք տեղի ունեցան (ու կ՛ունենան) Կովկասի ու Միջին Արեւելքի մէջ:
Եթէ առաջինի պարագային, Ազրպէյճանը ու Թուրքիան, իրենց ետին ունենալով դիմակաւոր դաշնակիցներ, կրցան արցախեան հայաշխարհը բռնագրաւել, հայաթափել, աւերակել ու շնանալ, թէ իրենց արդար (՞) յաղթանակով ու տեղին իրաւունքով (՞) հասած են այդ արդիւնքին, կրնան միայն ինքզինքնին խաբել, որովհետեւ այդ «շնորհալի»-ութիւնը իրենց տրուեցաւ այն օղակներէն, որոնք իրենց շահերէն եւ հաշիւներէն մեկնելով` Արցախը փորձեցին «զոհել», իսկ ատոնք ոչ ոքի համար անծանօթ են, մանաւանդ որ այդ ուժերը գիտէին` ի՛նչ կ՛ընէին, որո՛ւ համար կ՛ընէին եւ օգտուողները որո՛նք պիտի ըլլային:
Կը բաւէր տեսնել, որ պաշտօնական եւ անպաշտօն վարձկան կողմերը ոչինչով նպաստեցին ու միջամտեցին, որ Արցախը չենթարկուի նման դաժան ճակատագիրի, բայց, ինչպէս ըսի, ներսիցիներն ու դրսեցիները «կարկանդակ»-ը միասնաբար ուտելու ու վայելելու հեւքի մէջ էին, իսկ երբ ատիկա իրականացաւ, «կոկորդիլոսի արցունքներ» թափողները կեղծաւորաբար շատցան, սակայն` ի զուր…
***
Այժմ, եթէ վերադառնանք Միջին Արեւելքի տարածքը, յատկապէս` պաղեստինեան-իսրայէլեան եւ լիբանանեան-իսրայէլեան ճակատները, կը տեսնենք, որ հոն տիրող բախումները երբեք չեն դադրած այն ժամանակներէն սկսեալ, երբ Իսրայէլը կարգուեցաւ «ոստիկանապետ»-ը եւ «հաւատաքննիչ»-ը շրջանին, Ամերիկայի եւ դաշնակից պետութիւններու ապօրէն կարգադրութեամբ:
Շփացած ու լրբացած իսրայէլեան կոտոշաւոր վարչակարգը, առանց ականջ դնելու որեւէ կողմի, իրեն յարմար դատած կարգով, կը հարուածէ ու կը թիրախաւորէ աջ ու ձախ, չի բաւեր, որ կը դարպասէ Պաղեստինն ու Լիբանանը, անվախօրէն ու լկտիօրէն իր պատերազմիկ թաթերը կ՛ուղղէ նաեւ Սուրիոյ եւ Եմէնի վրայ, կարծես թէ նախախնամութեան հրահանգն ու կամքի ազատօրէն իրաւունքը իրեն պարգեւուած է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու իր սեւագործեան լաթերուն մէջ:
Աշխարհի արդարամիտ ու մարդասէր ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ-ները հանդէս կու գան հաւաքական հանրահաւաքներով ու ցուցարարութիւններով, անհանդուրժելի եւ անընդունելի գտնելով իսրայէլեան ոտնձգութիւններն ու բարբարոսութիւնները, բայց որո՞ւ հոգը, ո՞վ կը լսէ, երբ Ամերիկան իր երիտասարդները կը պատժէ, կը պաշտօնազրկէ ու կ՛արտաքսէ համալսարաններէն, քանի անոնք կը պախարակեն ու կը քննադատեն եղած անիրաւութիւնները, իսկ Իսրայէլ կը շարունակէ իր սպանդը` ըսելով. «Դուք բոլորդ լռեցէ՛ք ու պապանձեցէ՛ք, ես իմ իրաւունքովս կը շարժիմ եւ ո՛չ ոքէ արտօնութիւն կ՛առնեմ»:
Լա՛ւ, նման անյարիր, անիրաւական եւ անհաւասարակշռական կացութեան մը մէջ, երբ Պաղեստինն ու Լիբանանը «լքուած» են կամ «թողլքուած» իրենց ճակատագիրին, շուրջ 70 տարիէ ի վեր պատկան պետութիւններ` եւրոպական թէ արաբական, համակուած անտարբերութեամբ կամ, լաւագոյն պարագային, կեղծ ու անհաղորդ դերակատարութիւններով, հետաքրքրական է պաղեստինցի՞ն պիտի հրաժարի իր հողային-հայրենական իրաւունքներէն, թէ՞ Լիբանանը անձնատուր պիտի ըլլայ իսրայէլեան քմահաճոյքներուն ու պարտադրանքներուն:
Պայմանները ցոյց տուին (ու կու տան), որ անոնցմէ ոչ մէկը պատրաստ է գլուխ ծռելու անբարոյ եւ ապիկար պետութեան մը քմայքներուն առջեւ` պատրաստ ըլլալով ոգի ի բռին պաշտպանելու ինքզինք ու տէր կանգնելու իր իրաւունքներուն:
Եթէ այս չոր, այլապէս անվիճելի հաստատումները անհասկնալի եւ անհասանելի են Իսրայէլի կամ այլոց համար, կը մնայ, որ ամէն կողմ իր դատին եւ էութեան պաշտպանը դառնայ, ինչ որ արդէն տեղի կ՛ունենայ, թէկուզ` մարդկային զոհերով, քանդումներով, ռմբակոծումներով ու շարունակական գրոհներով եւ արշաւանքներով:
Լիբանանի պարագան իւրայատուկ է, որովհետեւ լիբանանեան բանակը, հակառակ իր կորովի մարտունակութեան, դժբախտաբար չունի այն ուժը, որով կրնայ պաշտպանել հայրենիքը, որովհետեւ իսրայէլամէտ պետութիւններ կը զլանան, այլեւ կը խուսափին Լիբանանը օժտելէ արդիական զէնքերով:
Այս էր պատճառը, որ ատենին կազմաւորուած լիբանանեան դիմադրական շարժումը, ինքնապաշտպանութեան ու հակադարձութեան իրաւունքը պահելով իրեն, հետզհետէ զօրացաւ եւ աշխուժացաւ, իսկ հետագային, երբ կարելիութիւններ ստեղծուեցան նորագոյն զէնքեր ձեռք ձգելու, դարձաւ ազդեցիկ ուժ մը` առանց հակադրուելու լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան, ո՛չ ալ շրջանցելու անոր հեղինակութիւնը:
Եւ ասիկա` պարզ այն պատճառով, որ հարաւը պաշտպանելու օրինական կամ պաշտօնական կողմերը ի վիճակի չեղան լիօրէն պաշտպանելու տուեալ տարածքները եւ անոնց բնակչութիւնը:
Հետեւաբար, երբ ոմանք, քիչ մը տհասօրէն, քիչ մըն ալ` քաղաքականօրէն, կը պահանջեն այդ զէնքերը վար դնել ու վստահիլ միայն բանակին, նման կեցուածք մը առնուա՛զն հաւկուրութիւն է` չտեսնելու ու չհասկնալու այն ցցուն իրավիճակը, որ կը պատէ խօսուն կացութիւնը, որուն համար պէտք չէ շփոթել լիբանանցիներու կարեւոր մէկ մասին ապահովութիւնը երաշխաւորելու ճիգերը` ուրիշներու տխեղծ քաղաքականութեամբ, որովհետեւ այլընտրանք չկայ, չմնա՛ց, գոյութիւն պահելու կամ պաշտպանուելու, բացի այն միջոցառումներէն, որոնք այսօր կը կիրարկուին հոն կամ այլուր:
***
Դէպքերու այս լոյսին տակ կը ստիպուիմ վերյիշելու կամ անդրադառնալու մեր տխուր պատմութեան եւ մեր ժողովուրդին օրհասութեան, որոնք գալարուեցան, յօշոտուեցան, բռնաբարուեցան, անճիտուեցան, տարագրուեցան ու հալածուեցան Օսմանեան կայսրութեան դժնդակ տարիներուն:
Ո՞ր քաղաքակիրթ պետութիւնը, մարդասիրական վարչակարգը, արդարադատական կազմակերպութիւնը կամ միջազգային կառոյցը կողմ եղան, զօրավիգ կանգնեցան ու պաշտպան կեցան անտէր-անտիրական հայ ժողովուրդին:
Ո՛Չ ՈՔ ԵՒ Ո՛Չ ՄԷԿ ԿՈՂՄ:
Հոս ալ այլընտրանք չկար` բացի զինուելէ, կամ «միայն զէնքով փրկութիւն կայ» գոռալէն` դիմելով ազատագրական պայքարներու, յեղափոխական գործողութիւններու, ինքնապաշտպանական փորձութիւններու, հակասուլթանիզմ քարոզչութիւններու:
Արդի՞ւնք. ի՞նչ կրնար ըլլալ` բացի նոր ողբերգութիւններէ, ահաւոր նախճիրներէ, հաւաքական եղեռնագործութիւններէ, տեղահանութիւններէ ու համազգային կոտորածներէ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը զինուած չէր (խօսքը չի վերաբերիր պարզ հրացաններու ու հնատիպերու գործածութեան), ի դէմս թրքական հզօր զինուժին ու մատակարարուած արդիական տարբերակներուն, ինչպէս, օրինակ, Գերմանիոյ տրամադրած թնդանօթները, որոնցմով ոչ միայն գիւղերն ու քաղաքները կը ռմբակոծուէին, այլեւ` լեռները, ուր ապաստան գտած էր անզէն կամ իր զինապահեստը սպառած ժողովուրդը:
Վստահ պէտք է ըլլալ, որ հայ երիտասարդութիւնը մարտական ու ֆետայական էր, եւ եթէ ունենար իր զինամթերքը, միշտ վերանորոգուելու պայմաններով, նաեւ` արտաքին պետութիւններէն նուազագոյն զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը, արդիւնքը պիտի ըլլար խիստ տարբեր, ինչ որ թէ՛ մէկ, թէ՛ միւս պարագաներուն բացակայեցան, եւ արդիւնքը… Ցեղասպանութիւնն էր իր ամբողջական ծանրոյթով ու կշռոյթով:
Եզրակացութիւնը մեր այս դիտարկումներուն այն է, որ` ե՛ւ պաղեստինեան ե՛ւ լիբանանեան գործողութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենան, պարզ տրամաբանութեամբ, անբնական կամ արտառոց չեն, այնքան ատեն որ ինքնութեան, արժանապատուութեան ու ժառանգութեան պահպանումներն են, երբ միակ ընտրական ուղիները ատոնք են, առ ի չգոյէ այլ կարելիութիւններու ու նեցուկներու:
(Պէյրութ)