2023 փետրուարէն սկսեալ «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը, որ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ, աւելի քան մէկուկէս տարիէ ի վեր օգնութիւն կը տրամադրէ Լիբանանի կարիքաւորներուն: Անոր նպատակն է անհրաժեշտ սննդամթերք եւ բժշկական աջակցութիւն տրամադրել անապահով համայնքներուն:
Կարեկցանքի եւ նուիրուածութեան միջոցով հիմնադրամը կը ձգտի մեղմել սովը եւ բարելաւել խոցելի բնակչութեան բարեկեցութիւնը:
«Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն տոքթ. Վարուժ Ալթըպարմաքեանը նպատակ ունի ապահովել առողջ սնունդ եւ դեղորայք` կեդրոնանալով Լիբանանի Պէյրութի եւ Թրիփոլիի անհատներու կամ համայնքներու առողջութեան ու բարեկեցութեան աջակցելու վրայ:
Օգոստոս 2024-ին դեղորայք պատրաստուեցաւ եւ մատակարարուեցաւ Թրիփոլի համայնքի 57 անհատներու: Դեղերը պատրաստուեցան անհատական փաթեթներով եւ բժիշկի դեղագիրին համապատասխան` չորս ամսուան օգտագործման համար:
Այս հիմնադրամէն օգտուող անհատները կը փոխանցեն իրենց փոքր մասնակցութեան գինը, կը ստորագրեն եւ կը ստանան իրենց անհատական բժշկական փաթեթը:
Բոլորը կ՛արտայայտեն մեծ գնահատանք, անսահման բաւարարուածութիւն, ուրախութիւն եւ մխիթարութիւն:
Այս աշխատանքը գետնի վրայ կը կատարէ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումը, որ հոգատար եւ բծախնդիր կերպով 145 լիբանանահայերու չորս ամսուան անհրաժեշտ դեղերու արձանագրութիւնն ու պատրաստութիւնը ըրաւ:
Համայնքին անդամները նաեւ քաջառողջութեան յատուկ մաղթանքներ կը ստանան եւ օրհնուած մոմեր` Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն, Վաղարշապատ, Հայաստան:
Վարուժ Ալթըպարմաքեան պիտի շարունակէ իր թանկ առաքելութիւնը, յատկապէս` Լիբանանի այս դժուարին եւ տնտեսական ճգնաժամային օրերուն, երբ դեղորայքը դժուար գտանելի ու սուղ է, ինչ որ մեծ անհանգստութիւն եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ լիբանանահայ կարիքաւորներուն:
«Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին նպատակն է թեթեւցնել տառապանքը, բարելաւել կեանքի որակը եւ նպաստել Լիբանանի հանրային առողջութեան ընդհանուր բարելաւման, ինչպէս նաեւ` հոգալ բժշկական ծախսերը այն անհատներուն, որոնք անկարող են նման գումարներ ապահովել` այսպիսով նուազեցնելով առողջապահութեան ֆինանսական բեռը:
Պէյրութ, Լիբանան