ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Պատմական.- Վերի մանրանկարը ցոյց կու տայ Crécy-ի ճակատամարտը (1346), ուր Էտուարտ Բ. յաջողած էր գերազանց ֆրանսական ծանր հեծելազօրը չէզոքացնել` գործածելով լայն աղեղներ եւ նետի սեպաձեւ սլաքներ: Պատկերը ցոյց կու տայ, որ ֆրանսացիք կը գործածէին խաչաձեւ աղեղներ (crossbow) եւ ուսաւոր սլաքներ: Լայն աղեղները շատ աւելի արագահարուած են (ձախին` ֆրանսացի զինուորը, որ կը տքնի լծակաւոր պտուտակով լարելու համար իր ուժեղ աղեղը) եւ կ՛արձակեն մօտ երեք անգամ աւելի ծանր նետեր: Ուսաւոր սլաքներ շատ աւելի անբուժելի աւեր կը գործեն անպաշտպան մարմնին, իսկ սեպաձեւ «նիհար» սլաքներ ունեցող ծանր նետեր ատակ են զրահ խոցելու: Այդ տիպի սլաքը հիւսիսային բարբառով կը կոչուի «Պոտքին»-ը որովհետեւ վայքինկներն են, որ սկսած են նման սլաքներ գործածել (1):
Այստեղ մեզ հետաքրքրող յատկանիշներն են` նիհար եւ ծանր, որովհետեւ, ինչպէս կողքի (իմ) մօտաւոր համաչափութիւններով գծանկարը ցոյց կու տայ, եօթը դար ետք տակաւին այդ երկու յատկութիւններն են, որոնք կը ծառայեն ամրացուած կրաձոյլ (reinforced concrete) պատուարներ եւ հրասայլերու հաստ զրահները թափանցելու:
Առաջին նմուշները արագ շինելու համար ամերիկացիք գործածած էին թնդանօթի արդէն իսկ պատրաստ եւ տրամադրելի փողեր: GBU28 ամերիկեան հրթիռը, որ լրատուական միջոցներու կողմէ կը նշուի, թէ գործածուած է վերջերս Պէյրութի Հարաւային արուարձանի թաքստոցին դէմ, կը կշռէ շուրջ երկու թոն, երկարութիւնը մօտ վեց մեթր է, իսկ տրամագիծը` նուազ քան 37 սմ:
Յառաջամասի միաւորը կը կատարէ օդանաւորդի դեր: Մօտակայ օդանաւէ մը թիրախին կ՛ուղղուի լէյզըր ճառագայթ մը: Ցռուկին հաստատուած զգայակը (sensor) կը ստանայ լէյզըրի թիրախէն ցոլացումը եւ իր վրայ գտնուող մեծ լողակներու միջոցով հրթիռը կ՛ուղղէ դէպի թիրախ: Կրնայ փոքր ալեհաւաքներու միջոցով հրահանգներ ստանալ եւ ըստ այնմ շարժիլ, կամ փոխել յետսամաս գտնուող շարժակի մղումը: Կը պարունակէ նաեւ պայթիւնի ժամանակադրութեան սարքը: Այդ մասին` աւելի ուշ:
Բնագիտական.- Նախքան պայթիւնը` հրթիռը կարելի է նմանեցնել կարծր խաւի մէջ մեծ արագութեամբ խրուող գամի մը (2): Թափանցումի խորութիւնը (L) կարելի է որակական, ոչ ճշգրիտ եւ իրապաշտ ձեւով հաշուարկել` ենթադրելով, որ որոշ քանակի պատուար քանդելու եւ վերացնելու համար պահանջուած ուժանիւթը կը համեմատի անոր ծաւալին: Թուաբանութեան բաւարար ծանօթ ընթերցողը կրնայ հետեւիլ կողքի գծանկարին մէջ ցոյց տրուած արտաբերումին (derivation): Եզրակացութիւնը այն է, որ թափանցումը կը համեմատի զանգուած/կտրուածք, այսինքն (mass M)/(cross section) կոտորակին, այսինքն որքան ծանր ու նեղ, այդքան` խոր: Ի հարկէ մեծապէս (այսինքն` կրկնակի) կը համեմատի նաեւ հրթիռի կամ արկի արագութեան: Ճշգրիտ տեսական հաշուարկներ գրեթէ անկարելի են: Մօտ 40 փորձառական չափումներու արդիւնքները ամփոփուած են կողքի գծանկարին մէջ (4): Իմ կողմէ յաւելուած (կարմիր) կորագիծը համահունչ է զուգորդային (parabolic, L ~ V^2) առկախութեան (dependence): Երբ, օրինակ, արագութիւնը 250 մ/երկ-էն կը կրկնապատկուի 500-ի, թափանցումը կը քառապատկուի մօտ 12սմ-է մօտ 48 սմ-ի: Գիտաշխատանոցային պայմաններու մէջ կարելի չէ կրաձոյլ (concrete) զանգուածներու մէջ տասնեակ մեթր խորութիւն պատճառող հրթիռներ արձակել: Առաւելագոյն փորձառական խորութիւնը մօտ 90 սմ է: Հաշուարկին մէջ զանց առած եմ հարուածի անկիւնը, որովհետեւ այդ քիչ բան կը փոխէ արդիւնքէն: Կողքի գծապատկերը, որ հիմնուած է արտադրողներու կողմէ հրատարակուած ծանուցողական պատկերի մը վրայ, ցոյց կու տայ, որ շեղակի երկայնքը շեշտակի երկայնքէն միայն շուրջ 6 տոկոս աւելի է: Շեղակի հարուածին պատճառած քանդումի հաշուարկը ի հարկէ շատ աւելի բարդ վերլուծումի կը կարօտի:
Ուշացումի հաշուարկ.- Խորքը գտնուող թիրախը հարուածելու համար հարկ է, որ հրթիռը պայթի, երբ հասած է որոշ խորութեան: Այստեղ նաեւ կարելի է կատարել միայն մօտաւոր հաշուարկներ: Նախ եւ առաջ կարելի չէ, որ արտաքին դիտորդ մը ճշգրիտ տեղեկութիւն ունենայ բախման պահուն հրթիռին ունեցած արագութեան մասին: Արձակման պահուն հրթիռը ունի օդանաւի արագութիւն, որ հաւանաբար մօտ է ձայնին (մօտ 350 մ/երկվ): Անկումը կը պատճառէ յաւելեալ արագութիւն: Հրթիռին մղումը եւս կրնայ ըստ պահանջի բարձրացնել արագութիւնը: Հաւանական է, որ բախման պահուն հրթիռը ձայնէ նկատելիօրէն աւելի արագ է: Կ՛իմանանք, որ Հարաւային արուարձանի թիրախաւորուած թաքստոցը կը գտնուէր մօտ 18մ խորութեան վրայ: Եթէ ենթադրենք, որ թափանցումի միջին արագութիւնը սկզբնականին կէսն է, ապա թափանցումը կը տեւէ նուազ քան (18/175=) 0,1 երկվայրկեան: Նման կարճատեւ ուշացումով «պատրոյգ» (delayed fuse) կարելի չէ կազմել մեքենական միջոցներով: Դասական (օղակաւոր ասեղ ունեցող) ձեռնառումբերու «պատրոյգ»-ը պայթումը կ՛ուշացնէ 4-5 երկվայրկեան (զինուորներուն կը թելադրուէր ձեռնառումբը նետել որոշ կշռոյթով 1-2-3 համրելէ ետք: Շատ կարճ ժամանակամիջոց ետք պայթումի ազդանշան արտադրելու համար հարկ է դիմել թուայնացուած սարքերու: Ընթացիկ միջոցներէն մին կը գործէ աղմուկով: Ձայնի փոքր զգայակ մը (microphone) բախումի աղմուկը կը վերածէ ելեկտրական նշանի (տե՛ս կողքի նկարը): Այդ նշանը գործի կը լծէ ծրագրելի հաշուիչ (timer) մը, որ որոշ ժամանակ ետք կու տայ երկրորդ ազդանշան մը, որ պայթումի ազդանիշն է: Նման սարքեր կը վաճառուին չնչին գինով: Ձայնի միջոցով կարելի է նաեւ համրել, թէ քանի պատնէշ թափանցած է հրթիռը: Ենթադրելով, թէ հրթիռը կամ ռումբը շեշտակի հարուածած է շէնքի մը տանիքը, ապա առաջին աղմուկը գործի կը լծէ ծրագրելի համրող սալիկ մը (counter chip), որ նոյնպէս կը վաճառուի չնչին գինով: Եթէ թիրախը շէնքի տանիքէն երեք յարկ ներքեւ է, ապա չորրորդ պատուարի քանդումը կու տայ պայթելու ազդանշանը:
Կենսոլորտային – առողջապահական.- Հրթիռին պատեանը հաւանաբար շինուած է սպառած իւրանիոմէ, որ ոչ միայն պողպատի կրկինէն աւելի տեսակարար ծանրութիւն ունի (18,7 կրամ/խորանարդ սմ պողպատ` մօտ 7,9), այլ նաեւ կրնայ կարծր յարազօդ մը դառնալ, երբ անոր թիթանիում աւելցուի: Նման արկեր լայնօրէն գործածուած էին Իրաքի մէջ: Շատ մեծ պայթումի պատճառով այդ իւրանիոմէն մաս մը «կը վառի» եւ կը վերածուի թթուածնատներու (oxide, կան քանի մը կարելի տարբերակներ), որոնք կազային վիճակ ունին, ուրեմն եւ շնչելի են: Թթուածնատը նոյնքան շողարձակ է, որքան` ոչ թթուածնատը: Այս նիւթին նախապէս անդրադարձած էի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առիթով (6): Ամերիկացի վեթերան զինուորներ թերեւս խղճի խայթի պատճառով բողոք արձանագրած են (7), «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը իր 28 սեպտեմբերի թիւին մէջ կ՛ըսէ, որ այդ հրթիռները «յաճախ» սպառած իւրանիոմ կը գործածեն (8):
3 հոկտ. 2024
————————–
- Վայքինկներ նաեւ հեղինակն են ջուրի դիմադրութիւն նուազեցնող շերտաւոր մակերեսով նաւերու, որոնք կը նմանակեն շանաձուկերու: Այս այլ հետաքրքրական նիւթ է:
- Թափանցումի առաջին (այժմ ցաւօք` ժամանցուած) հաշուարկները կատարուած են բազմավաստակ անգլիացի գիտնական Թոմաս Եանկի կողմէ, որուն անունը տրուած է առնուազն երեք բնագիտական տարազներու:
- Ամէն առիթով կը փորձեմ շեշտել թէ դարեր առաջ ճարտարագիտական յոյժ սահմանափակ միջոցներով ինչպիսի՛ յայտնագործութիւններ կատարուած են:
- Տես Zhang Zhihui եւ այլք «Testing Technique for Penetration Depth of Projectile into Steel Reinforced Concrete, International Conference on Information Sciences, Machinery, Materials 2015» հրթիռի մը ամրացուած կրաձոյլի թափանցումը փորձարկելու հմտութիւններ
- Որովհետեւ արտաքին (կորիզային մակարդակով հեռաւոր եւ այլասեր Lepton ոչ nucleon) ելեկտրոններու վարմունքը ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ կորիզի կայունութեան:
- «Սպառած իւրանիոմ եւ խնայասէր գործարարներ», «Ազդակ», 24 օգոստոս 2020:
- Doug Rokke Depleted Uranium Situation Worsens The Veteran Vol 36 no 2 2006
8. Վերնագիրն է «Busting Beirut՛s bunkers: Israel՛s history with bunker-buster bombs – analysis»