Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրք Դիւանագէտները Ուաշինկթընի Դատարանին Մէջ Կը Մեղադրուին Ամերիկեան Օրէնքները Խախտելու Մէջ

October 5, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Թուրք հետաքննող լրագրող Ապտուլլա Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ գրած է յօդուած մը` «Ուաշինկթընի դատարանին մէջ թուրք բարձրաստիճան դիւանագէտները կը մեղադրուին մարդոց առեւտուր-օգտագործման եւ խարդախութեան մէջ» խորագիրով:

Պոզքուրթ կ՛արձանագրէ, որ Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան երկրորդ բարձրաստիճան դիւանագէտ, առաքելութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ Հուսնու Սինան Էրթայն ու անոր կինը` դեսպանատան դիւանագիտական խորհրդական Անիլ Օզկէ Էրթայը, «մեղադրուած են մարդոց առեւտուր-օգտագործման, խարդախութեան, անհիմն հարստացման, համաձայնագիրի խախտման եւ Միացեալ Նահանգներու աշխատանքային ու աշխատավարձի վերաբերող օրէնքներու խախտումներու մէջ»: Քաղաքացիական դատը մայիսին Միացեալ Նահանգներու Ուաշինկթընի շրջանային դատարանին ներկայացուցած է ընտանիքին դայեակը` Ֆիլիփինի քաղաքացի Շերոն Թոմըս Ակտիփան: Եթէ դատաւորը համաձայնի դատը ընդունիլ, ապա դատարանը պիտի որոշէ զոյգին մեղաւորութիւնը կամ անմեղութիւնը:

Թուրք դիւանագէտները կը բնակին մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ, 120 քառակուսի մեթր տարածութեամբ առանձնատան մէջ,  դեսպանատան Փարք Տրայվի մէջ գտնուող փակ շրջանին մէջ, Ուաշինկթընի Ուեսլի Հայթս թաղամասին մէջ: Անոնց դայեակը յայտնեց, որ` «Ֆիլիփինէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլը իրեն համար հրապուրիչ թուացած է` նկատի ունենալով աշխատանքի, արդար վարձատրութեան եւ անձնական սենեակի խոստումներով, բայց փոխարէնը` ան ենթարկուած է բռնի աշխատանքի»: Ըստ անոր փաստաբաններուն, «ան զգացական եւ ֆիզիքական տառապանք կրած է, զրկուած է կանոնաւոր սնունդէ եւ առանձին ննջարանէ, շատ ցած աշխատավարձ ստացած է, անոր սպառնացած են արտաքսումով, եւ յաճախակիօրէն ենթարկուած է բանաւոր նախատինքի»:

Պոզքուրթ գրած է, որ` «թրքական դիւանագիտական իր աղբիւրները, որոնք զրուցած են «Նորտիք Մոնիթըր»-ի հետ, շատ քիչ զարմացան այս մեղադրանքներէն` նկատի ունենալով Էրթայ զոյգին նկարագիրն ու բնաւորութիւնը: «Տիկին Էրթայը իր պաշտօնակիցներուն կողմէ ճանչցուած է իբրեւ չար անձնաւորութիւն», ըսած է աղբիւր մը, որ փափաքած է անանուն մնալ: Այլ աղբիւրներ պնդած են, որ անոր ամուսինը արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր պաշտօնին տիրացած է հիմնականօրէն իր հօր փոխնախարարի ազդեցիկ պաշտօնին շնորհիւ` իբրեւ անձնակազմի պատասխանատու»:

Պոզքուրթ գրած է, որ` «Ակտիփայի փորձութիւնները սկսան 2019 թուականի նոյեմբերին, երբ տիկին Էրթայ անոր աշխատանք առաջարկեց Ուաշինկթընի մէջ, սակայն, երբ Ակտիփան սկսաւ աշխատիլ զոյգին մօտ` 2020 թուականի փետրուարին, անոր պարտականութիւնները շրջանցեցին անոնց 5 տարեկան որդիին խնամքի սահմանները` ներառելով տնային տնտեսութեան տարբեր գործեր` մաքրութենէն ու խոհարարութենէն մինչեւ պարտիզպանութիւն»:

Պոզքուրթ յայտնած է. «Հակառակ անոր որ անոր համաձայնագիրը ճշդած էր շաբաթական 35 ժամերու աշխատանք` ժամը 14 տոլար վարձատրութեամբ, Ակտիփան աշխատած է շաբաթական աւելի քան 80 ժամ, եւ իրմէ պահանջուած է բոլոր ժամերուն սպասողական վիճակի մէջ մնալ` զոյգին պահանջները գոհացնելու համար: Ան աշխատանքի յաւելեալ ժամերու համար ոչ մէկ փոխհատուցում ստացած է, ինչ որ համաձայնագիրով ճշդուած պայմաններու ակնյայտ ոտնակոխում է: Դատին մէջ կը նշուի, որ զոյգը ստիպած է Ակտիփային` վերադարձնել իր աշխատավարձին մէկ մասը` հրամայելով անոր Էյ. Թի. Էմ.ի գործիքէն ստանալ իր գումարը եւ կրկին իրենց տալ…  Զոյգին մօտ 15 ամսուան աշխատանքին ընթացքին Ակտիփայէն պահանջուած է վերադարձնել իր ընդհանուր աշխատավարձին մօտաւորապէս մէկ երրորդը, որ կը կազմէր 9450 տոլար»:

Դատին մէջ կը հաստատուի, որ թուրք ամոլը «դաժան կերպով վերաբերած են անոր հետ` վիրաւորական խօսքեր ու հայհոյանքներ գործածելով, զայն վտարելու սպառնալիքներ տեղացնելով եւ զգացական ու հոգեբանական անհանգստութիւն պատճառելով: Անոր ըսած են, որ աշխատանքային պայմաններէն դժգոհելու պարագային զայն պիտի արտաքսեն երկրէն»:

Ակտիփան կը պնդէ, որ հակառակ համաձայնագիրին` ամոլը մերժած է կանոնաւոր սնունդ տալ իրեն, չեն արտօնած, որ ինք անձամբ պատրաստէ իր ճաշը, մերժած են անհրաժեշտութեան պարագային բժշկական խնամք տրամադրել եւ հիւանդութեան ատեն արձակուրդ տալ: Պոզքուրթ արձանագրած է. «Հակառակ անոր որ համաձայնագիրով նախատեսուած էր, որ ան պէտք է առանձին սենեակ ունենայ եւ  կանոնաւոր սնունդ ստանայ, Ակտիփային յանձնարարած են քնանալ առանց պատուհանի նկուղի մը մէջ: Թրքական առաքելութեան փոխղեկավարը կանոնաւոր կերպով մուտք կը գործէր այս տարածքը»:

2021 թուականի մայիս 5-ին դայեակը փախուստ տուած է դիւանագէտներուն տունէն` հոն ձգելով իր ունեցուածքին մեծ մասը: Ուաշինկթընի մէջ Ֆիլիփինի դեսպանատան աշխատանքային հարցերով կցորդը, տեղեկանալով անոր իրավիճակին մասին, Ակտիփան ուղարկած է փաստաբանական գրասենեակ` զայն պաշտպանելու համար:

Փաստաբանական գրասենեակը այս դատին մասին հաստատօրէն ազդարարեց ամերիկեան կառավարութեան` Ակտիփանի կողմէ իր կրած բռնութիւններուն եւ պարտադիր աշխատանքին մասին տուած վկայութիւններուն լոյսին տակ: Սակայն մինչ օրս Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կողմէ դիւանագէտներուն դէմ քրէական գործ չէ յարուցուած:

Ակտիփային փաստաբանները բացուած դատին մէջ կը պնդեն, որ «էրթայներուն արարքները` Ակտիփան աշխատանքի հրաւիրելու եւ զայն Միացեալ Նահանգներ մեկնելու գծով համոզելու, մինչեւ արտաքսման սպառնալիքը եւ աշխատավարձը գողնալը, կը խախտեն բազմաթիւ օրէնքներ… Աւելի՛ն. անոնց վարքը կը վկայէ համաձայնագիրի այլ խախտումներու մասին եւս` չարդարացուած հարստացում, դիտումնաւոր զգացական անհանգստութիւն պատճառել եւ խարդախութիւն:

2024 թուականի մայիս 20-ին Ակտիփայի փաստաբանները` Օլամիտէ Ս. Օրեպամճոն, Մելիսա Լ. Փեթըրսըն եւ Էլիզապեթ Ս. Ֆասիհ,  Ուաշինկթընի «Ճոնս Տէյ» փաստաբանական գրասենեակէն, դատարանէն պահանջեցին երդուեալ դատաւորներու դատավարութիւն:

Յայտնի չէ, թէ դատաւորը ինչպէ՛ս պիտի վերաբերի այս դատին հետ` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ թուրք ամուսինները վերադարձած են Թուրքիա եւ վայելած են դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւնը:

Պոզքուրթ գրած է, որ թուրք զոյգը կ՛աշխատի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, Անգարա: «Պարոն Էրթայը ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ Արեւելեան Ասիոյ գլխաւոր տնօրինութեան վարչութեան պետ», իսկ տիկին Էրթայը «Հիւսիսային Ամերիկայի գլխաւոր տնօրինութեան վարչութեան ղեկավարն է»:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Սփիւռքի Մարդահամար

Յաջորդը

Լիլիթ Գալստեան Ընտրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Ընկերվարականներու Եւ Ընկերվար-Ժողովրդավարներու Խմբակցութեան Փոխնախագահ

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.