«Րաֆֆի Անտոնեան ունի ազգագրագէտի աչք եւ զգացողութիւն: Անոր պատկերած կտաւները տեսակ մը բանահիւսութիւն են նաեւ, որոնք կը պատմեն մուսալեռցիին առօրեան, անոր ընթացիկ կեանքը, մտահոգութիւններն ու ուրախութիւնները միաժամանակ:
«Անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ տեղ մը կը դրսեւորուի խաղաղօրէն ապրելու ձգտումը, իսկ ուրիշ տեղ մը` անոր գոյատեւելու կիրքն ու պայքարը, ինչպէս` «Պարը»:
Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Ծիրանին Րաֆֆի Անտոնեան գեղանկարիչի արուեստին մասին 2005 թուականին, Մուսա Լերան հերոսամարտի 90-ամեակի տօնական օրերուն, անոր արուեստի գործերու անհատական ցուցահանդէսին առիթով:
Լուսահոգի վաստակաշատ արուեստագէտ, գեղանկարիչ, արուեստի ուսուցիչ Յարութիւն Թորոսեան Րաֆֆիին մասին կը գրէ 2007-ին. «… զինք ճանչցած եմ տարիներ առաջ եւ զմայլած` իր զգայնութեամբ ու տաղանդով»:
Տարիներ ետք, Մուսա Լերան հերոսամարտի 109-րդ տարեդարձին առիթով, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, 12 սեպտեմբեր 2024-ին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ Րաֆֆի Անտոնեան դարձեալ հանդէս եկաւ իր արուեստը հրամցնելու հանրութեան` աւելի հասուն, իւրայատուկ, բիւրեղացած իր ոճով:
Ցուցահանդէսի հիւր-բանախօսն էր դոկտ. Լենա Քէլէքեան` միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած գեղանկարչուհի, սրբանկարիչ, վերանորոգող, արուեստի միջոցով դարմանող, երկրաբան, միջավայրի յարդարանքի մասնագէտ, միջազգային ցուցահանդէսներու կազմակերպիչ, բիւզանդական արուեստի պատմութեան համալսարանի դասախօսուհի: Դոկտ. Քէլէքեանին կ՛ընկերակցէր իր ճարտարապետ ամուսինը` Յակոբ Սուլահեան, եւս միջազգային դէմք մը` նոյնանման լայնածաւալ վաստակով:
« Յստակ է, որ Րաֆֆին արուեստով կը շնչէ եւ իր սնունդը առած է նաեւ միջազգային արուեստագէտներու գործերէն եւ կրցած է վերածել արուեստի նիւթապաշարի, որ եղած է իր ստեղծագործական թափի խորունկ աղբիւր` հիւսուած իր անձնական ոճով ու տեսիլքով», իր խօսքին մէջ ըսաւ Լենա Քէլէքեան:
Ցուցահանդէսի խորագիրն էր «Կամուրջներ»:
– Կամուրջ` սիրոյ, սիրահարած աղջկան եւ ապա մայրացած կնոջ միջեւ,
– Կամուրջ` աւանդութեան, հին սերունդին ու նոր սերունդին զիրար կապող, որ այս պարագային թմբուկ-զուռնան է, պարն է, «չալմը դանկէն է»,
– Կամուրջ` գիւղին եւ քաղաքին միջեւ,
– Կամուրջ` մանուկին, պատանիին երազներէն մինչեւ ապագայ,
– Կամուրջ երկու հայերուն միջեւ, այն հայը, որ պարտի պահել իր աւանդութիւնը, եւ հայը, որ պարտի քայլ պահել համաշխարհայնացումին հետ:
Րաֆֆի Անտոնեան իր պատկերներուն մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս իր եւ նախկին սերունդներուն երեխաները իրենց ձեռքերով կը ստեղծէին, կը շինէին իրենց խաղալիքները` քով քովի բերելով աջէն, ձախէն հաւաքուած երկաթ, թել, տախտակ եւ այլն: Անուղղակիօրէն պատգամ մըն է` ուղղուած նոր սերունդին, երիտասարդին, պատանիին, որ վառ պահեն իրենց ստեղծագործական ոգին, ուրիշին ստեղծած «խաղալիքով» չխաղան միայն, այլ իրենք ստեղծեն իրենց «խաղալիքը» (գաղափարը, ծրագիրը, գործիքը, զէնքը…):
Խոր զգայնութիւն, բիւրեղացած ոճ, խոկացող խորաթափանց միտք, բանաստեղծութիւն եւ աւելին: Յատկանիշներ, որոնք կը բնորոշեն գեղանկարիչ Րաֆֆի Անտոնեանի արուեստի գործերը:
Կուռ, ժուժկալ, բիւրեղ ու վսեմ պարզութիւն. միեւնոյն ժամանակ` խոր ու գերզգայուն «բարդութիւն»:
Աւանդապահ մուսալեռցի եւ ապագայի տեսլականով իր առաքելութեան գիտակից հայ արուեստագէտ գեղանկարիչ: