Իւրայատուկ եւ դիպուկ է Զահրատի մէկ կարճ (ու կտրուկ) բանաստեղծութիւնը, որուն վերնագիրն անգամ ` «Ինքնախօս»-ը խօսուն է:
Ահաւասիկ «Ինքնախօս»-ը.
Օր պիտի գայ
Մարդիկ
Խօսակիցէ զուրկ
Խօսակիցի սով պիտի ունենան
Եւ պիտի
Իրենք իրենց հետ խօսին զրուցեն
Եւ իրենք իրենց պիտի հարցնեն
Եւ իրենք իրենց
Պատասխանը տան
Պիտի հարցնեն-մարդիկը չկա՞ն
Ու պատասխանեն-մարդիկը չկան
Պիտի հասկնան թէ չկան չկան
Ոչ մարդիկը կան
Ոչ իրենք-չկան
Եւ իրենք իրենց պիտի կորսուին:
… Եւ Զահրատը (Զարեհ Եալտըզճեան, 1924-2007) այս քանի մը տողը թուղթին յանձնած է, երբ գոյութիւն չունէին կամ հաւանաբար հազիւ սկսած էին ընկերային ցանցերն ու ելեկտրոնային կատարելագործուած դիւրութիւնները, որոնք հետզհետէ աւելի կը դիւրանան եւ կը դիւրացնեն` միեւնոյն ժամանակ դժուարացնելով կարգ մը դասական կառոյցներ:
«Հայրենիք»-ի 125-ամեակին առիթով, տեղին է նշել այս «Ինքնախօս»-ը:
Այո՛… օրը պիտի գայ, մօտալուտ է, իսկ երիտասարդ հայորդիին համար արդէն իսկ օրը եկած է, որ թերթ հասկացութիւնը փոխարինուած է ե-թերթով: Այդ տպագիր օրինակը, որուն թուղթին «հոտն ու համ»-ը սկսած է սակաւադէպ դառնալ եւ փոխարինուած է ելետրոնային տարբերակներով, որոնք բջիջայինի միջոցով, app դրութեամբ կարելի է կարդալ:
Երիտասարդ սերունդին համար նոյնիսկ կարելի է թերթի մը յօդուածը լսել ինքնաշարժով գործի ուղղուելու ընթացքին, անշուշտ եթէ այդ մէկ դրութիւնն ալ հետզհետէ մոռցուի, նկատի ունենալով, որ շատեր հետզհետէ տան մէջ «բանտարկուած» սկսած են գործել:
Դեռ աւելի՛ն, բառերն ալ սղելով եւ շրջանցելով «թերթ»-էն աւելի «եթեր»-ն է, որ սկսած է մեծ ժողովրդականութիւն վայելել: Մարդիկ կը նախընտրեն լսել ու դիտել` կարդալու փոխարէն:
Աշխարհը «զում»-ահար եղած է: Դրութիւն մը, որ շուկայի լեզուով` «գլուխը առած ու գացած է»:
Սակայն մտահոգիչը այն է, թէ արդեօք ի՞նչ կը լսեն կամ կ՛ըմբոշխնեն: Վտանգաւոր կացութեան մը մէջ ենք, ուր ընկերային ցանցերը վերածուած են ընկերային ցիցերու, որոնք կը մոլորեցնեն զանգուածը: Ասոր ցայտուն օրինակը 2020-ի մեր չարաչար պարտութեան «Յաղթելու ենք»-ի պլըֆիզմն էր:
Յիշատակելի է 1932-ին առնուած պատմական նկար մը` «Ճաշ երկնաքերի վերեւ» (Lunch atop a Skyscraper), որուն ոսպնեակի ետին լուսանկարիչը ցարդ կը մնայ անծանօթ, եւ որ մինչեւ օրս կարելի նկատել յաճախ ամէնուրեք: Տասնեակ մը որմնադիրներ, իրենց կէսօրուան դադարին, բարձր դիրքի վրայ ամրացուած կառոյցի մը վրայ կը ճաշեն եւ միեւնոյն ժամանակ թերթ կը կարդան: Շատ մելան հոսած է այս եզակի լուսանկարին մասին, որ կը նկատուի Նոր աշխարհի պատմութեան մէկ պատառը: Բնականաբար, եթէ այս օրերուն պատահէր այդ կարճ դադարը, ամէն մէկ որմնադիր իր բջիջայինով կլանուած, Զահրատի գրութեան նման պիտի ինքնախօսէին, թէ… ո՛չ մարդիկը կան, ո՛չ իրենք-չկան եւ համտեսէին իրենց պատառ մը հացը:
Այսպէս, չորրորդ իշխանութիւնը, այսինքն քարոզչական մեքենան` մամուլը իր լսատեսողական ամբողջական կազմուածքով, նոյնքան կարեւոր է եւ առաջնահերթ, որքան` առաջին, երկրորդ եւ երրորդ իշխանութիւնները, այսինքն` օրէնսդիր, գործադիրն ու դատականը:
Չորրորդ իշխանութիւնն ալ այսօր վտանգուած ազատամտութեան կամ այլանդակութեան սեմին է եւ փոխանակ ցուցմունք տալու, ճիշդ ուղիին վրայ զետեղելու, աղաւաղումներէ զերծ մնալու եւ «մաղելու» ընկերային ցանցերը, բազմիցս ինկած է անոնց ծուղակին մէջ:
Այս գծով յատկապէս դժուար է կուսակցական պաշտօնաթերթի մը «գիծ»-ին վրայ մնալու պարտաւորութիւնը, գործունէութիւնն ու արեւելումը պահելն ու անոր թիկունք կանգնիլը:
Յաճախ նշած ենք եւ ընդգծած` քսաներորդ դարու գրականութեան տիտաններէն Ռէյ Պրետպըրիի (1920-2012) մէկ գլուխ գործոց գիրքը` «Ֆահրընհայթ 451»-ը (ջերմաստիճան մը, որ թուղթը, իմա` թերթը կը վերածէ մոխիրի), որուն մէջ կը ներկայացուի գրաքննութիւնն ու ժողովուրդին մտայնութիւնը շեղելու, ազատութիւնը կաշկանդելու, տեսակէտները սահմանափակելու եւ «տուփ»-երու մէջ փակելու արհաւիրքը:
Դժուար է ե-աշխարհին` արդի համաշխարհայնացման դէմ պայքարիլը, սակայն «Հայրենիք» պիտի շարունակէ հաստատ հիմքերու վրայ իր սուրբ պարտականութիւնը:
Հուսկ, մեր 125-ամեակին առիթով, նաեւ յատուկ շնորհաւորութիւն մեր հալոց` «մելթինկ փոթ» երկրի անգլիատառ «Արմինիըն Ուիքլի»-ի 90-ամեակին:
125-ի Բացառիկ – հոկտեմբեր 2024