Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական «Գետաղ» Բեռնանաւուն Պատմութիւնը (1695-1702)

Հոկտեմբեր 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ

Երկու հայերու` խոճա Յովհաննէսի եւ խոճա Յակոբի պատկանող «Գետաղ» նաւը կը կշռէր մօտ 500 թոն, նաեւ իր վրայ կրնար բեռցնել աւելի քան 500 թոն ապրանք:

«Գետաղ» նաւը 1698-ին Հնդկական ովկիանոսի Պենկալ քաղաքէն (Կալկաթա), ըստ յայտնաբերուած տեղեկագիրին (cargo declaration), կը բեռցնէ ոսկի, արծաթ, թանկարժէք լարեր, մետաքս, բամպակ, աֆիոն… եւ կ՛ուղղուի հնդկական Սուրաթ քաղաքը:

Նոյն ժամանակ Բրիտանիոյ (Միացեալ Թագաւորութեան) ռազմանաւը ղեկավարութեամբ նաւապետ Ուիլիըմ Քիտի, զինուած 36 թնդանօթներով կը շրջէր Հնդկական ովկիանոսի արեւմտեան մասին մէջ: Օրին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան հակամարտութեան մէջ էին:

Ուիլիըմ Քիտ ունէր ռազմական յստակ հրաման` խանգարել հակառակորդը, այս պարագային` Ֆրանսայի դրօշի տակ գտնուող բոլոր նաւերը, կարելի եղածին չափ բռնագրաւել եւ գոյքը փոխադրել Լոնտոն` իբրեւ ռազմական աւար:

«Գետաղ» (Մըրչնտ) բեռնանաւը, որ  կը պատկանէր յարգուած ծովային բեռնափոխադրութեան ընկերութեան, իրաւունք ունէր ճամբորդելու հայկական դրօշի ներքոյ: Այդ շրջանին մօտ 19 հայկական նաւեր կը գործէին, բոլորն ալ` հայկական դրօշի ներքոյ: Հայկական նաւերը համաձայնութիւն կնքած էին Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ` հանգիստ ու ապահով նաւարկելու համար:

Հարկ է այստեղ յիշել, որ նոյնանման համաձայնութիւն կնքուած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան եւ Ֆրանսայի միջեւ  7 յունուար 1314-ին Օշին Ա. Կիլիկիոյ հայոց թագաւորին կողմէ, որպէսզի Կիլիկիոյ եւ Ֆրանսայի նաւերը հանգիստ օգտագործեն մէկը միւսին նաւահանգիստները` Այաս, Կորիկոս: Համաձայնագիրը պահուած է մինչեւ օրս Ֆրանսայի Մոնփելիէ թանգարանին մէջ:

Վերադառնալով «Գետաղ»-ին Ուիլիըմ Քիտ իր ռազմանաւով կը շրջէր Հնդկաց ովկիանոսին մէջ, ուր կը նշմարէ «Գետաղ»-ը, որ ըլլալով բեռնատար նաւ` ունէր նաեւ ինքնապաշտպանութեան համար քանի մը թնդանօթ:

Քիտ նշմարելով «Գետաղ»-ը, կը փորձէ նենգութեամբ մօտենալ բարձրացնելով ֆրանսական դրօշ: Յովհաննէս եւ Յակոբ նաւապետները կարծելով, թէ իրենց մօտեցող նաւը ֆրանսական է, իրենք ալ նոյնպէս կը բարձրացնեն ֆրանսական դրօշը, եւ ահա հանդիպման ժամանակ, առանց դիմադրութեան, Քիտ նենգօրէն կը գրաւէ «Գետաղ»-ը` ըսելով, թէ ինք իբրեւ բրիտական ռազմանաւ, Ուիլիըմ Գ. թագաւորի հրամանով իրաւունք ունի բռնագրաւելու «Գետաղ»-ը եւ գոյքը:

Այս արարքով Քիտ կը դառնայ ծովահէն, որովհետեւ «Գետաղ» նաւը թոյլտուութիւն ունէր բրիտանական կայսրութեան եւ Ֆրանսայի պետութեան կողմէ ապահով նաւարկելու Հնդկաց ովկիանոսի մէջ, բայց հայկական նաւը բռնագրաւելով` Քիտ կը խախտէ այդ մէկը ու ծովահէն կ՛ըլլայ:

«Գետաղ»-ի անձնակազմը մակոյկներու մէջ ձգելով, Քիտ երկու նաւերը առնելով, կը փախչի դէպի Ափրիկէի Մատակասկար կղզին, իսկ երբ Յովհաննէս եւ Յակոբ նաւապետները կը հասնին Հնդկաց մայր ցամաքամաս, անմիջապէս կ՛երթան Տելհի եւ կը տեղեկացնեն պատահարը փատիշախ Աուրան Զեփին, որ սեփականատէրն էր գոյքի մէկ մասին, ինչպէս նաեւ կը տեղեկացնեն Բրիտանիոյ հետ իրենց ունեցած պայմանագիրին մասին` ապահով նաւարկելու վերաբերող, դիտել տալով, որ Քիտին կատարած անօրէնութիւնը համազօր էր ծովահէնութեան:

Ինչպէս «Գետաղ» նաւը, նոյնպէս արեւելահնդկական ընկերութիւնները մեծ վնասներ սկսան կրել ծովահէններու պատճառով, եւ սկսաւ դժգոհութիւնը այս հարցերէն: Բրիտանիոյ Ուիլիըմ Գ. թագաւորը չէր կրնար անտեսել նման երեւոյթներ, մանաւանդ` իր կողմէ թոյլտուութիւն ունեցող այս ընկերութեան նաւու առեւանգումը: Ստիպուած` Քիտը յայտարարեց իբրեւ ծովահէն եւ զայն ձերբակալելու հրամանագիր ստորագրեց:

Մատակասկարի մէջ ծովահէն Քիտի նաւը կը վնասուի, եւ պատեանին մէջ կը սկսի ջուրի փախուստ: Քիտ նաւուն թնդանօթները կը փոխադրէ «Գետաղ» նաւը եւ կ՛ուղղուի դէպի Քարայիպեան ծով` շրջանցելով ամբողջ Ափրիկէն: Այս ճանապարհը կը տեւէ տասը ամիս: Հոն կը հանդիպի Հենրի Պոլթըն անունով նաւապետի մը, երկուստեք համաձայնութեան կու գան: Քիտ վերցնելով Պոլթընի նաւը եւ 2000 ֆունտ սթերլին, կ՛ուղղուի Նիւ Եորք` փորձելով յաճախորդ գտնել գողցուած ապրանքները վաճառելը համար: Բայց Նիւ Եորքի կոմսը արդէն տեղեակ ըլլալով Քիտի հաշուոյն ձերբակալութեան հրամանին մասին` անմիջապէս գործադրութեան կ՛անցնի: Պոլթըն լսելով Քիտի ձերբակալութեան լուրը` անմիջապէս հնարաւոր ամէն ինչ կը ծախէ: «Գետաղ»-ի հարուստ բեռն ու նաւուն հետքը անհետացնելու համար «Գետաղ»-ը կրակի կու տայ Քաթարինա կղզիին մօտերը:

Նիւ Եորքի կոմսը անմիջապէս երկու նաւ կ՛ուղարկէ փնտռելու համար «Գետաղ»-ը, որ ըստ, Հայիթի կղզիի նաւահանգիստի տոմարին, խարիսխ նետած էր կղզիին ափերուն: Բայց ո՛չ նաւը, ո՛չ ալ այրած նաւու բեկորները կը գտնեն:

Այդ ժամանակ Քիտ կ՛ուղարկուի Լոնտոն` դատավարութեան: Այս մէկը կը պատահի 1700 ապրիլին, Լոնտոնի Նիւ Պէյթ բանտին մէջ: Մէկ տարի ետք դատը կը սկսի, ուր ներկայ էին հայ նաւապետները եւ «Գետաղ»-ի մէջ գտնուած ապրանքներու տէր վաճառականներէն ոմանք:

Քիտ 1701 մայիս 23-ին կը դատապարտուի իբրեւ ծովահէն եւ կը բարձրանայ կախաղան` առ ի գործադրութիւն դատարանին վճիռին:

2007 թուականին գանձ փնտռող սուզորդները Հայիթի կողքը գտնուող Քաթարինա կղզիի ժայռոտ ափերուն 5-20 մեթր խորութեան վրայ կը յայտնաբերեն «Գետաղ»-ի թնդանօթներն ու խարիսխը, որոնք պահպանուած էին ծովային խեցիներու պատճառով:

Այսօր «Գետաղ»-ի խորտակուած վայրին մէջ ովկիանոսի յատակին կայ մետաղեայ ցուցանակ մը, որ կ՛ըսէ. «Այստեղ են «Գետաղ»-ի կործանման վայրը եւ թնդանօթները, ինչպէս նաեւ` մետաղեայ գունաւոր «Գետաղ»-ի դրօշը»:

—————-

Օգտագործուած աղբիւրներ

https://www.britannica.com/biography/William-Kidd

Նախորդը

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Յաջորդը

Կամուրջ` Աւանդութենէն Դէպի Վաղուան Տեսլական

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?