Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Կացութիւնն Ու «Արգիլուած Պտուղ»-ը

October 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Վրաստանի մէջ շաբաթ 26 հոկտեմբերին տեղի ունեցած եւ իշխող Վրացական երազանք կուսակցութեան յաղթանակով աւարտած ընտրութիւնները արեւմտեան լրատուամիջոցներու կողմէ այնպէս ներկայացուեցան, որ կարծէք ընտրանքը ռուսամէտներու եւ եւրոպամէտներու միջեւ ըլլար: Իրողութեան մէջ, սակայն, Վրացական երազանքը ռուսամէտ չէ, Եւրոպական Միութեան համարկումէն չէ հրաժարած եւ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման չի պատրաստուիր:

Վրացական երազանքի եւրոպամէտ ըլլալու շօշափելի մէկ յաւելեալ ապացոյցը այն է, որ Թիֆլիս կը շարունակէ մերժել Ռուսիան, Թուրքիան, Իրանը, Ազրպէյճանը, Հայաստանն ու Վրաստանը ներառող «3+3» շրջանային խորհրդակցական հարթակի ժողովներուն մասնակցիլ: «3+3»-ը բացայայտօրէն շրջանային հարցերու լուծման հոլովոյթէն դուրս կը ձգէ Արեւմուտքը: Անիկա այդ հարցերը առանց «արտաքին» միջամտութեան, «տեղական» նախաձեռնութեամբ լուծելու, ուստի եւ հակաարեւմտեան հարթակ մըն է:

Լրատուամիջոցները յաճախ Վրաստան-Եւրոպական Միութիւն եւ Վրաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու վատթարացումը կը վերագրեն Վրաստանի մէջ «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքի որդեգրման: Իրողութեան մէջ ատիկա ընդամէնը երկրորդական պատճառ է, հիմնականը Թիֆլիսի` Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն միանալ եւ անոր դէմ 2-րդ ճակատ բանալ մերժելն է:

Այլ խօսքով, խնդրին էութիւնը վրացական ներկայ արեւմտամէտ իշխանութիւններուն ոչ բաւարարաչափ հակառուս ըլլալն է, ամէն ցուցմունքի «Ամէն» չըսելը, արեւմտամէտ ըլլալուն կողքին` վրացամէտ ըլլալը: Ուստի փորձ կը կատարուի զանոնք աւելի լաւ արեւմտամէտներով, զտարիւն արեւմտամէտներով փոխարինելու: Այդ մէկը ընտրական հոլովոյթի ճամբով կատարելու փորձը ձախողեցաւ. այժմ հերթը այլ հոլովոյթներ փորձելուն է:

Վրացական երազանքը իր դիրքորոշումը հիմնած է վրացական առաւելաբար տնտեսական, ինչպէս նաեւ ապահովական շահերուն վրայ: Արեւմուտքը փոխանակ հասկացողութիւն ցուցաբերելու` զայն կը հալածէ իբրեւ ռուսամէտ: Այդ հալածանքը, սակայն, ի վերջոյ կրնայ յանգեցնել այդ ամբաստանութեան իրականութեան վերածման: Արեւմուտքը մեծ սխալ կը գործէ, եւ անոր կատարածը անգլերէնով սելֆ ֆուլֆիլինկ փրոֆըսի (ինքզինք իրականացնող մարգարէութիւն) կը կոչուի: Այս բոլորը ուսանելի են Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հեռանկարին համար:

Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան պարագային, Հայաստանը ուղղակի սահման պիտի ունենար այդ միութեան հետ, եւ թերեւս Վրաստանի «կորուստը» Արեւմուտքը մղէ առաւել եւս կեդրոնանալու շրջանին մէջ եւրոպամէտ ձգտումներու տէր միակ հանրապետութեան վրայ, սակայն պէտք է զգուշ ըլլալ. ռուսամէտ Վրաստանի մը կողքին, Հայաստանի արեւմտամէտութիւնը կրնայ աշխարհագրականօրէն կղզիացնել եւ քաղաքականապէս մեկուսացնել զայն:

Տեսականօրէն լաւագոյն ընտրանքը «եւ, եւ»-ի ընտրութիւնն է, որ հաւասարակշռուած ու խոհեմ դիրքորոշում մըն է եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հեռու կը պահէ կռուախնձորի վերածուելու, ապա ներկայ աշխարհաքաղաքական բախումին մասնակից դառնալու իրավիճակներէն ու այդ երկուքէն բխող վտանգներէն. սակայն կը թուի, թէ ներկայ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, եւ ինչպէս Վրաստանի օրինակը յստակօրէն ցոյց կու տայ, ատիկա «արգիլուած պտուղ» մըն է, եւ միակ ընտրանքը խիստ անախորժ «կամ, կամ»-ն է: Վրացամէտ կամ հայամէտ ըլլալը «արգիլուած պտուղ» է, եւ միակ արտօնելին արեւմտամէտ կամ ռուսամէտ ըլլալն է:

 

 

Նախորդը

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Յաջորդը

Նշմար. Ռո՜ւհ, Պալլեթ Ըլ-Պահըր…(*)

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.