Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համայնքներ Սահմաններէ Դուրս` Ջաւախքի Ճամբար

Հոկտեմբեր 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐԴԳԷՍ ՓԱՄՊՈՒՔԵԱՆ

Նախորդ ամառ վայելեցի անհաւատալի փորձառութիւն մը` բոլորովին տարբեր աշխարհի մը մէջ: Տեղ մը, որուն մասին լսած էի միայն ուրիշներու վկայութիւններէ: Ջաւախք: Եթէ ինծի տարի մը առաջ հարցնէիք, թէ պիտի ուզէի՞ մեկնիլ Հայ օգնութեան միութեան կազմակերպութեամբ ճամբարի մը դէպի Ջաւախք, հարաւային Վրաստան` պատմական Հայաստան, պատասխանս յստակ ու կտրուկ կ՛ըլլար` «Անշուշտ ո՛չ»: Սակայն ժամանակի ընթացքին սկսայ հասկնալ, որ Ջաւախքի ճամբարը կեանքի իւրայատուկ առիթներէն է, զոր կարելի չէ փախցնել: Պարզապէս տարբեր երկիր ճամբորդելը չէ, բայց` ստեղծել նոր ընկերութիւններ, ականատես ըլլալ Հայոց պատմութեան հսկայութեան եւ բոլորովին նոր կենցաղի ալիքներուն տակ սուզուիլ: Նոյնանման վկայութիւններ լսած էի նախորդ մասնակիցներէ, որոնց հաղորդած հմայքն ու գեղեցկութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեցին եւ համոզեցին, որ ես ալ այդ մասնակիցներուն շարքին անցնիմ:

Բախտը ունեցայ երկու շաբաթ մասնակցելու Ջաւախքի ճամբարին` իբրեւ նորեկ: Առաջին շաբաթը անցուցինք Ախալցխա, իսկ երկրորդը` Նինոծմինտա: Երկուքն ալ ունէին իւրայատուկ հրապոյր,  բայց եւ այնպէս, նոր ընկերներու ծանօթութիւնը, ըլլան անոնք գիւղի բնակիչներ եւ կամ ճամբարին մասնակիցներ,  փորձառութիւնը դարձուց բոլորովին անբացատրելի: Այս ճամբարը հասարակ ամառնային բանակում մը չէր: Ան խորքին մէջ ունի աւելի հեռատես առաքելութիւն` կապեր ստեղծել Ջաւախքի եւ սփիւռքի հայ երիտասարդութեան միջեւ: Իբրեւ խորհրդատուներ` առիթը ունեցանք աւելի մօտէն աշխատելու տեղացի պատանիներուն հետ` փոխանակելով գիտելիքներ, հմտութիւններ եւ փորձառութիւններ:

Ճամբարի առօրեան լեցուն էր ընդարձակ գործունէութեամբ, որուն հիմնական նպատակն էր պատանիները զարգացնել եւ ներշնչել: Օրը կը սկսէինք քայլերգներու երգեցողութեամբ, ապա առաւօտեան մարզանքով, որոնց կը հետեւէին մշակութային աշխատանքներ` պար, երգ կամ մարմնակրթական ծրագիրներ: Այն իրողութիւնը, որ ամէնէն աւելի ուշադրութիւնս կը գրաւէր, ներկաներուն միջեւ ինքնաբերաբար ստեղծուած կապն է: Պատանիներուն եռանդն ու խանդը, աշխատանքներուն մասնակից դառնալու բուռն կամքը վարակիչ էր: Մեզ տեսնելով` անոնց երեսները կը պսպղային ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ, որ ըստ ինծի, լաւագոյն փաստն էր մեզի հանդէպ իրենց տածած խոր յարգանքին:

Անկասկած, Ջաւախքի ճամբարը ոչինչ է` առանց լաւ ու առողջ չարաճճիութեան, բայց երբ ժամը հասնէր աշխատանքին, բոլորը առանց բացառութեան, իրենց լաւագոյնը կու տային` կատարելագործելու երգեցողութիւնը, պարը, զարգացման մրցումը: Ճամբարի ընթացքին մենք ընկերացանք, աւելի՛ն, եղբայրացանք: Անոնք մնայուն կերպով մեզի կ՛ուղղէին անձնական հարցումներ, կ՛ուզէին գրկենք զիրենք, տեւական խաղանք ու պարենք իրարու հետ: Իրենց սէրն ու յարգանքը կը ցուցաբերէին մեզի հետ նկարուելով, փոքր յիշատակներ նուիրելով` ապարանջաններ, մատանիներ, որոնց մեծամասնութիւնը իրենց ձեռքի գործն էր: Այսպիսի անցուդարձեր ամբողջ կեցութիւնը կը դարձնէին աւելի ջերմ, մտերմիկ եւ սրտի մօտիկ:

Խորհրդատուներուն միջեւ յարաբերութիւնը բոլորովին անսպասելի էր ինծի համար: Իրարու ընտելացանք միայն մէկ շաբթուան ընթացքին: Այդ ընկերութիւնը նաեւ վարակեց տեղացի օգնականները, որոնք մնայուն կերպով ներկայ էին` օժանդակելու մեզի: Բոլորս դարձանք մէկ մեծ ընտանիք: Այդ երիտասարդ օգնականները մեզի ցոյց տուին գիւղաքաղաքին գեղեցկութիւնը, պատմեցին իրենց կեանքի դժուարութիւնները, յաղթանակներն ու խոչընդոտները` Ջաւախքի համայնքին վերաբերող:

Ջաւախքի մէջ անցուցած ժամանակս եղաւ շարունակական բացայայտութիւններու շարք մը` հողին, ժողովուրդին եւ ինքնութեանս մասին: Այդ ճամբարը ծառայեց իբրեւ յիշողութեան զանգ, թէ որքա՛ն կարեւոր է կապը պահել արմատներուս հետ, աշխուժ մնալ միութենական եւ կազմակերպչական կեանքին մէջ` օժանդակելով այն համայնքներուն, որոնք յաճախ մոռացութեան կը տրուին: Նախորդ մասնակիցներէն լսած էինք, որ մեր տարեկան ներկայութիւնը Ջաւախքի գիւղերուն մէջ կարեւոր պիտի ըլլար ոչ միայն պատանիներուն, այլ ամբողջ համայնքին համար, եւ հիմա վերջապէս կը հասկնամ ու համակարծիք եմ: Մեր ներկայութիւնը ցոյց կու տայ, որ սփիւռքը չէ մոռցած Ջաւախքի հայութիւնը, չէ մոռցած հայկական մշակոյթը եւ կը ձգտի անոր գոյատեւման:

Ճամբարին ընդմէջէն սորվեցայ այն բանալի յատկութիւնները, որոնց պէտք կ՛ունենայ իւրաքանչիւր անձ, որպէսզի կարենայ ըլլալ իսկական ղեկավար: Եւ հիմա վերադարձայ «տուն»` Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի վարչական կազմին մէջ, ուր վաղուց կը դժուարանայի երէցներուն հետ սերտ կապեր ունենալու յաճախ միտքս կը պղտորէր, թէ արդեօ՞ք գործս պէտք եղածին պէս կը վարեմ: Այժմ օգտուելով այս նոր փորձառութենէն` պիտի ջանամ ըլլալ աւելի գործունեայ, աւելի ազդեցիկ եւ զօրաւոր:

Արդ, յետադարձ ակնարկով կը վերյիշեմ Ջաւախքի ճամբարը եւ իսկոյն երախտապարտութիւն կը զգամ: Երբե՛ք չեմ մոռնար Ջաւախքի ճամբարը, ընկերներս, եղբայրներս ու փորձառութիւններս: Անհամբեր կը սպասեմ յաջորդ տարուան, որ վերադառնամ Ջաւախք:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թերթը, Ե-Թերթը, Եթերը… Եւ Երթը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Հոյակապ Համերգ` Ի Պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի Մէջ

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?