Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Հոկտեմբեր 29, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Պէրութ, 1978, յուլիս

Առաջին անգամն էր, որ կը մտնէի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրատունը հանդիպելու համար խմբագրապետին` Գերսամ Ահարոնեանին: Ան քաղաքավարութեամբ ոտքի վրայ ընդունեց զիս, ապա ով ըլլալս ստուգելէ ետք, աթոռ առաջարկեց ու սուրճ պատուիրեց: Անահիտէն բերած նամակը յանձնեցի իրեն, ստացաւ, ստուգելէ ետք, թէ ով է ղրկողը, աչքերուս նայեցաւ եւ ապա նստաւ, բացաւ ու կարդաց: Մէկ կողմ դնելէ ետք նամակը, ըսաւ.

– Նախ կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ քու կապդ ի՞նչ է Անահիտին հետ:

– Ես Անահիտին ընկերներէն եմ եւ այն քիչերէն, որոնք կը փորձեն հասկնալ զինք ու կը գնահատեն իր արուեստը:

– Նայէ՛, երիտասա՛րդ, Անահիտը իմ հարազատ քրոջս աղջիկն է, չեմ կրնար անտարբեր մնալ իրեն հանդէպ եւ կը փորձեմ առաւելագոյն չափով օգտակար ըլլալ իրեն, սակայն հակասական լուրեր ու կարծիքներ կը ստանամ իր մասին… Ես զինք գրեթէ չեմ ճանչնար, ընդամէնը քանի մը անգամ հանդիպած եմ… դուն ինչպէ՞ս եւ որքա՞ն կը ճանչնաս զինք…

– Պարո՛ն Ահարոնեան, ես մօտիկ եմ, եւ թերեւս  ինձմէ աւելի լաւ զինք ճանչցող մէկը չկայ Հայաստանի մէջ: Իր մասին եղած յոռի եւ ժխտական կարծիքներն ու տպաւորութիւնները մէկ կողմէ արդիւնք են իր անմեղ ազատախոհութեան ու համարձակ վարուելակերպին եւ միւս կողմէ` «կամակոր» ու «ամբարտաւան» բնաւորութեան: Սակայն այս բոլորը  արտաքին երեւոյթներ են միայն եւ մաս չեն կազմեր իր նկարագիրին, այլ կը բխին իր իրաւ արուեստագէտի խառնուածքէն: Յետոյ դուք պէտք է նկատի առնէք, որ Հայաստանի մէջ զրպարտութիւններն ու ամբաստանութիւնները միշտ չէ, որ քաղաքական դրդապատճառներ կ՛ունենան, այլ յաճախ հետեւանք են անհաւասար մրցակցութեան ու չար նախանձի, զորս հեշտութեամբ կարելի է քաղաքականացնել: Շատեր ոչ միայն չեն կրնար հանդուրժել Անահիտի դաշնակահարի բացառիկ տաղանդը, այլ նաեւ իր «յանձնապաստան» նկարագիրը կը համարեն անարգանք իրենց հանդէպ ու կը հալածեն զինք:

Ձախէն աջ՝ Անահիտ, Մովսէս, Նաքեան եւ անոր աշակերտ- օգնականը՝ Մաթիու

Ահարոնեանը իմաստալից կերպով աչքերուս լաւ մը նայելէ ետք, անգամ մը եւս սկսաւ կարդալ նամակը, կը կարծէի, թէ ինծի ալ կարդալ պիտի տայ կամ բովանդակութեան մասին պիտի խօսի, բայց չըրաւ: Քիչ մը մտածելէ ետք ըսաւ.

– Այո՛, կ՛ենթադրեմ, որ լաւ կը ճանչնաք զինք եւ անկեղծ էք իր հանդէպ: Առաջին անգամն է, որ մէկը այս խորութեամբ ու իրաւութեամբ կը խօսի իր մասին… ընդհանրապէս զինք կը ներկայացնեն իբրեւ բարոյազուրկ ու անհաւասարակշիռ մէկը, որ արուեստագէտի պիտակին տակ խենթութիւններ կ՛ընէ:

– Անահիտը ազգային ու համամարդկային կայուն համոզումներու տէր խելացի ու պարկեշտ աղջիկ է: Ո՛չ բարոյազուրկ է եւ ո՛չ ալ անհաւասարակշիռ, այլ բացառիկ տաղանդի տէր արուեստագէտ մըն է,  որուն արտակեդրոն վարուելակերպը կը տարուբերի խենթութեան եւ ուշիմութեան սահմանագիծին վրայ, որ ընդամէնը մազ մը կրնայ ըլլալ…  ինչպէս կը հաստատեն բանիմաց հոգեբաններն ու իմաստասէրները: Եւ այս պատճառով ալ ան նիւթականէ աւելի` ձեր բարոյական նեցուկին պէտք ունի:

Ձախէն աջ՝ Անահիտ, Ռուբէն Նաքեան, Մովսէս եւ Նաքեանի աւագ որդին։

– Շա՛տ լաւ, երիտասա՛րդ, ես ձեզ հասկցայ, այնքան վատ բաներ լսած եմ իր մասին, որ երբեմն կը մտածէի նոյնիսկ ուրանալ զինք: Ես պիտի փորձեմ կարելիս ընել ու օգնել քրոջս աղջկան…

– Այո՛, իրականութեան մէջ դուք ամչնալու պատճառ մը չունիք: Նոյնի՛սկ կրնաք հպարտանալ իրմով, հարկաւոր է հասկնալ զինք ու գնահատել իր արժանիքները:

Ահարոնեանը, որ ծանրախոհ, պատկառազդու ու բանիմաց մարդու տպաւորութիւն ձգած էր վրաս, ոտքի ելաւ, որ կը նշանակէր, թէ ես պէտք է որ մեկնիմ այլեւս, սակայն կը սխալէի, ան կողքի սենեակը մտաւ եւ քիչ ետք վերադարձաւ պահարան մը ձեռքին ու ըսաւ.

– Ասիկա, իբրեւ սկիզբ, փոքր օգնութիւն մըն է քրոջս աղջկան… Անահիտին բարեւ կ՛ընես եւ կ՛ըսես, որ երբ Պէյրութ գայ, անպայման թող հանդիպի:

Սակայն պատասխանատուութենէ խուսափելու համար ըսի.

– Բայց, պարո՛ն Ահարոնեան, լաւ կ՛ըլլայ, որ ուրիշի մը հետ ղրկէք այդ պահարանը, որովհետեւ ես այստեղէն ուղղակի Երեւան պիտի չվերադառնամ:

Միացեալ Նահանգներ, Քոննեթիքեթ, 1979, օգոստոս

Ալեք Մանուկեանի դստեր` Լուի Սիմոնի միջնորդութեամբ, ի վերջոյ Ռուբէն Նաքեանը բարեհաճեցաւ ընդունիլ զիս Սթամֆըրտի իր  արուեստանոցը: Սակայն երթալէ առաջ Լուի Սիմոնը զգուշացուց.

– Նաքեանը նրբազգաց ու դժուարահաճ մարդ է, դիւրութեամբ հիւրեր կամ «ժուռնալիստ»-ներ չ՛ընդունիր, ես իրեն ըսած եմ, որ դուն արուեստաբան ես եւ Ph.D-իի «թեզ» (աւարտաճառ) կը պատրաստես իր եւ Արշիլ Կորքիի մասին: Տե՛ս, հարցումներդ թող մասնագիտական ըլլան ու զուսպ… զգուշ եղիր, յանկարծ կաֆ մը չգործես… Մանաւանդ լաւ կ՛ըլլայ, որ առանձին երթաս… ան չի սիրեր անորոշ մարդկանց հետ շփում ունենալ…

Իմ արուեստասէր ու նրբանկատ ընթերցող,

Ես չէի կրնար Լուի Սիմոնին ըսել, որ իմ անգլերէնս տակաւին այնքան կատարեալ չէ, որ կարողանամ մասնագիտական բառերը ճշգրիտ արտաբերել եւ կամ ճիշդ ընկալել: Այնուամենայնիւ, ես «ռիսք»-ը աչքս առած` Անահիտը հետս տարի իբրեւ թարգմանիչ:

Իմ յարգելի ու բծախնդիր ընթերցող,

Նկատի առ, որ Նաքեանի հետ իմ հանդիպման դէպքի մասին ասկէ առաջ գրած եմ ու նոյնի՛սկ իրեն հետ կայացած ու ձայնագրուած հարցազրոյցի կարեւոր մէկ մասը հրատարակած` «Ազդակ»-ի մէջ: Այսօր պիտի խօսիմ իր, Անահիտին եւ իմ ընկերական ու մարդկային փոխյարաբերութիւններու մասին… քիչ մը աւելի հանգամանօրէն ու մանրամասն:

Ուրեմն,

Դարպասին մօտ մեզ դիմաւորեց Մաթէոն եւ անմիջապէս տեղեկացուց, որ ինք Նաքեանի ուսանողն է ու օգնականը միաժամանակ: Արուեստանոցի արտաքին տեսքը աչքի կը զարնէր իր տարօրինակ կերտուածքով ու առանձին «զետեղում»-ի` (instalation) մը տպաւորութիւնը կը ձգէր: Երբ ակնարկեցի այդ մասին, Մաթէոն բացատրեց, որ արուեստանոցը նախագծուած էր համաձայն արեւու շարժումներուն, որպէսզի օրուան բոլոր ժամերուն ցերեկային բնական լոյսը ներս թափանցէ ու լուսաւորէ յատկապէս կեդրոնը, ուր կ՛աշխատէր ու կը ծեփակերտէր մասթըրը: Միաժամանակ նկատի առնուած է արուեստանոցի արտաքին տեսքը, որպէսզի ոճային առումով մէկ կողմէ մերուի պուրակի մէջ զետեղուած Նաքեանի քանդակներուն ու միւս կողմէ չխանգարէ բնութեան բնական գեղեցկութիւնը: Ուրեմն չափազանց մասնագիտակցուած ու բծախնդիր արուեստագէտի մը հետ է, որ գործ ունէինք: Մեր ժամանակը սահմանափակ էր, սկիզբէն ըսած էր, որ միայն մէկ ժամ կրնայ  տրամադրէլ մեզի… այդ պատճառով ալ Անահիտին հետ սկիզբէն որոշեցինք ու յստակացուցինք մեր հարցերը: Երբ մօտեցանք արուեստանոցին, Նաքեանը դուռէն դուրս ելաւ ու առանց մեր կողմը նայելու` դիմեց դէպի մեզի համար պատրաստուած աթոռները: Աշխատանքը կէս ձգած ու ձեռքերը նոր լուացած կը թուէր ըլլալ, որովհետեւ կը շփէր ու կը չորցնէր զանոնք փոշոտ ու կեղտոտ  վերնաշապիկին վրայ: Տեղաւորուելէ ետք Մաթէոն ներկայացուց զիս իբրեւ արուեստաբանութեան ուսանող, ու ես ալ իմ հերթին Անահիտը ներկայացուցի իբրեւ թարգմանիչ` յիշելով սակայն, որ ան երաժիշտ է ու դաշնակահար եւ ելոյթներ ունեցած է նոյնիսկ «Garnegy Hall»-ի եւ կամ «Olympia»-ի նման միջազգային սրահներու մէջ: Կարծես թէ «Garnegy Hall»-ի եւ «Olympia»-ի անունները տպաւորեցին զինք, եւ ան Անահիտին դառնալով` ըսաւ.

– Արդէն պատրաստ եմ լսելու ձեզ:

– Նախ հետաքրքրական է մեզի համար իմանալ, թէ դուք ի՞նչ կը զգաք իբրեւ ծագումով հայ, բայց ամերիկացի քանդակագործ…

– Ես գիտէի, որ այս հարցը պիտի տաք: Այո՛, ես հայ եմ եւ ունիմ բաւական հայ ընկերներ, որոնք կը գնահատեն իմ արուեստս, սակայն, հակառակ անոր որ ես Genocide-ի թեմայով Monument մըն ալ ունիմ դրուած Սենթ Վարդան եկեղեցւոյ բակը, Հայաստանի հայերը զիս ո՛չ կը ճանչնան եւ ո՛չ ալ կը գնահատեն արուեստս` զայն համարելով հոգեւոր: Պարզ է, կը հասկնամ, իրենք կրօններուն դէմ են…

– Ոչ միայն ձեզ, այլ նաեւ  Արշիլ Կորքին եւ ուրիշներ ալ չեն ճանչնար: Սակայն նկատի առէք, որ Հայաստանի Գիտական ակադեմիայի որոշումով է, որ եկած եմ հոս, որպէսզի ուսումնասիրեմ, ճանչնամ ու ճանչցնեմ ձեզ, Արշիլ Կորքին եւ ընդհանրապէս ամերիկահայ կերպարուեստը Հայաստանի եւ առհասարակ համայն հայութեան: Ճիշդ ասոր համար է, որ ամէնէն առաջ ուզեցինք գիտնալ, թէ դուք` իբրեւ ամերիկահայ արուեստագէտ, ի՞նչ կը զգաք:

– Ծնած եմ հոս ու մեծցած` ամերիկեան շրջանակներու մէջ:  Ծնողներս թէեւ հայ էին, սակայն կը խուսափէին խօսիլ իրենց անցեալի դժբախտ անցուդարձերուն մասին: Ես Genocide-ի մասին առաջին անգամ լսած եմ  Արշիլ Կորքիէն, երբ արդէն հասուն ու կազմաւորուած մարդ էի: Այս պատճառով շատ բան չեմ յիշեր իբրեւ հայ, միայն թէ ես գիտէի, որ ծնողներս զէյթունցիներ են, որոնք եղած են քաջ եւ հերոսական ժողովուրդ: Սակայն չեմ կրնար մոռնալ մօրս պատրաստած կերակուրները: Անոր եփած տոլմային համն ու բոյրը տակաւին ռունգերուս մէջն են… ատոր պէս համով բան չեմ կերած…

Նաքեանը յանկարծ լռեց ու աչքերը յարեց գետին: Նկատի առէք, որ ան այդ օրերուն արդէն իսկ ութսունը անց տարեց մըն էր: Անահիտը շտապեց աւելցնել.

– Պարո՛ն Նաքեան, ես գիտեմ տոլմա շինել, եթէ կ՛ուզէք, օր մը կու գամ ու կ՛եփեմ ձեզի համար…

– Չէք կրնար, ուրիշները փորձած են, կերած եմ, բայց  մամայիս տոլման տարբեր էր…

– Այդ ուրիշները զէյթունցինե՞ր էին:

– Ո՛չ, հայ տիկիններ էին, որոնք արուեստէ կը հասկնան եւ իմ քանդակներս կը սիրեն ու կը գնահատեն:

(Շատ հաւանաբար խօսքը Ռիթա Պալեանի եւ կամ Զապէլ Պէլեանի մասին ըլլալու էր, որովհետեւ հետագային, երբ Տիթրոյիթ գացի եւ անոնց բնակարանները այցելեցի, տեսայ, որ երկուքն ալ յատկանշական գործեր ունէին Նաքեանէն…):

Ապա Անահիտը աւելի համարձակութեամբ շարունակեց.

– Մայեսթրօ, բայց ես կրնա՛մ եփել, որովհետեւ ես ալ զէյթունցի եմ: Մամայէս սորված եմ…

– Զէյթունցի՞… Օ՜ my God… ես ալ կը կարծէի, որ զէյթունցի չէ մնացած աշխարհին մէջ:

Մովսէս Հերկելեան համաշխարհային համբաւի տէր, Ամերիկայի լաւագոյն քանդակագործներէն մէկուն՝ Ռուբէն Նաքեանին հետ։ Լուսանկարուած՝ 1979-ին Սթեմֆըրտ։

Ապա ոտքի ելաւ ու հարազատ մը գտած ըլլալու գոհունակութեամբ ողջագուրուեցաւ Անահիտին հետ ու կինը կանչեց: Նոյն ատեն հանդիպակաց դռնէն տիկին Նաքեանը դուրս ելաւ շփոթահար ու բարձր ձայնով ըսաւ.

– Ի՞նչ պատահեցաւ, Ռուբէ՛ն, ի՞նչ կ՛ուզես…

– Եկո՛ւր, հայրենակից մը գտած եմ, այս Lady-ին զէյթունցի է եւ տոլմա եփել գիտէ… եղեր:

Տիկին Նաքեանը եկաւ, թէյի յարմարանքները ափսէով սեղանին դնելէ եւ  ողջագուրուելէ ետք մեզի հետ, տեղաւորուեցաւ սեղանին շուրջ ու ըսաւ.

– Վերջերս Ռուբէնը սկսած է իր արմատները որոնել եւ յաճախ կը յիշէ Արշիլ Կորքին: Զէյթունի մասին գիրք չգտայ: «Մուսա Տաղի քառասուն օրերը» (The Forty Days of Mousadagh) վէպը գտայ, բերի, որպէսզի կարդայ, սակայն մերժեց` պատճառաբանելով, որ այս մէկը զէյթունցիներուն մասին չէ: Ե՛ս կարդացի… պատմեցի իրեն եւ ըսի, որ զէյթունցիներն ալ մուսատաղցիներուն պէս քաջ եւ յանդուգն մարդիկ ըլլալու էին: Այդ ի՞նչ հերոս մարդիկ են այդ մուսատաղցիները, ո՞ւր են հիմա անոնք, վերապրողներ կա՞ն…

Ձախէն աջ՝ տիկին Նաքեան, նշանաւոր քանդակագոր Ռուբէն Նաքեան, Անահիտ եւ

 

Մովսէս, լուսանկարուած 1979-ին Նաքեանի արուեստանոցին բակը։Ի՞նչ մեղքս պահեմ սիրելի ընթերցող, ես չկրցայ պատասխանել, աւելի ճիշդը` չէի կրնար… յուզուած էի… Անահիտը, որ տեղեակ էր բնաւորութեանս, կացութիւնը փրկելու համար անմիջապէս ըսաւ.

– Այո՛, կան եւ շատ… թէ՛ Հայաստանի մէջ եւ թէ՛ սփիւռքի տարածքին հազարաւոր մուսալեռցիներ կան: Սակայն անոնց մեծ մասը կ՛ապրին ու կը գոյատեւեն Լիբանանի Այնճար գիւղը, ուր ծնած եւ մեծցած է նաեւ պարոն Մովսէսը: Ինքն ալ մուսատաղցի է…

– Այս ի՜նչ զուգադիպութիւն… ի՜նչ բախտաւորութիւն… Զէյթունցի… Մուսատաղցի: Լուի Սիմոնը բան մը չըսաւ մեզի…

Այս անգամ տիկին Նաքեանը իր անդրանիկ ուստրը կանչեց, ծանօթացուց մեզ ու աւելցուց.

– Նայեցէք, առաջ ես հպարտ էի, որ ամուսինս մեծ արուեստագէտ է, հիմա ես հպարտ նաեւ, որ ան զէյթունցի հայ է…

Ու ամէն ինչ փոխուեցաւ: Պաշտօնականութիւնը վերացաւ մեր մէջէն, հարցազրոյցը մոռցուեցաւ ու յետաձգուեցաւ ուրիշ օրուան: Մաթէոն շատ բան չհասկնալով ստեղծուած մեր ջերմ ու մտերմական իրավիճակէն` արուեստանոց մտաւ… աշխատանքի: Տղան, որ որոշ վերապահութեամբ մօտեցած էր մեզի, մեր քովը նստաւ ու սկսաւ զրուցել մեզի հետ: Այդ օր մենք մնացինք իրենց քով մինչեւ երեկոյ… իբրեւ իրենց հիւրը: Մինչ այդ տղուն ընտանիքը եւս ժամանեց: Տիկին Նաքեանը, երբ նշմարեց, որ Անահիտն ու ես զարմացած ենք ի տես իր երրորդ թոռնիկին, որ ծայրագոյնարեւելեան դիմագիծ եւ շեղ աչքեր ունէր (Asiatic), բացատրեց.

– Հակառակ անոր որ երկու երեխայ ունէին արդէն ինք եւ կինը երրորդ մըն ալ` ճափոնցի մը որդեգրեցին,  որովհետեւ տղաս ճափոնցիները կը սիրէ… եղեր:

Ապա տղուն դառնալով` ըսաւ.

– Եթէ «The Forty Days of Mousadagh» վէպը  կարդացած ըլլայիր, շատ հաւանաբար ճափոնցիի փոխարէն` մուսատաղցի եւ կամ զէյթունցի մը  որդեգրէիր…

Իմ արուեստասէր ընթերցող,

Երկրորդ հանդիպման ոչ միայն հետաքրքրական ու խիստ շահեկան հարցազրոյց մը ունեցանք Նաքեանին հետ, այլ նաեւ ան երեք ջրանկար մակագրեց ու նուիրեց մեզի (ինծի, Անահիտին եւ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին) «Լետան եւ կարապը» նկարաշարքէն: Երբ Անահիտին առաջարկեցի, որ մենք ալ մեր հերթին մեզի նուիրուած ջրանկարները նուիրենք Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանին, որպէսզի առանձին անկիւն մը տրամադրուի անոր, ու ակնդիրը որոշ գաղափար մը կազմէ Նաքեանի մասին, ան առանց տատամսումի համաձայնեցաւ` ըսելով.

– Մինչեւ այն ատեն որ մեր անունը կայ նկարներուն վրայ, ուր որ ալ կախուին անոնք, մերը ըլլալէ չեն դադրիր…

Սակայն այսօր այդ երեք ջրանկարները ո՛չ մերն են եւ ո՛չ ալ Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի սեփականութիւնը դարձան, որովհետեւ յանձնուեցան սփիւռքի հետ մշակութային կապի կոմիտէութեան փոխնախագահ ընկ. Մարտիրոսեանին ու … անհետացան: Այս մասին ըլլայ «Բագին»-ի թէ «Ազդակ»-ի մէջ տարբեր առիթներով քանի մը յօդուած ստորագրած եմ, սակայն` ի զուր: Այդ արժէքաւոր գեղանկարները ցարդ կորսուած կը համարուին… եւ գտնուելու ոչ մէկ յոյս կայ: Մինչեւ վերջ Անահիտը զիս կը մեղադրէր եւ ուղղակի կ՛ողբար անոնց կորուստը…

Իմ արդարամիտ ընթերցող,

Տարի չանցած` Անահիտին գործերը սկսան վատթարանալ Հայաստանի մէջ: Հայ ֆիլհարմոնիայի փոքր դահլիճին մէջ ունեցած իր փառաւոր ելոյթէն ետք, գաղափարական գետնի վրայ իր անզիջում կեցուածքներն ու հաւանաբար նաեւ ինծի հետ ունեցած մտերիմ յարաբերութիւնները պատճառ եղան, որ ան հալածանքներու ենթարկուի ու մինչեւ իսկ հոգեբուժարան առաջնորդուի: Զինք հոգեկան հիւանդ համարելու գլխաւոր պատրուակները իր խառնուածքային տարօրինակութիւններն ու յատկապէս «ամբարտաւան» կեցուածքներն էին, որոնք ոչ միայն նախանձ ու դժգոհանք, այլ նաեւ նոյնի՛սկ թշնամանք կը յառաջացնէին իրեն դէմ… ի մասնաւորի մրցակիցներուն կողմէ: Ան ժամանակի ընթացքին, երբ զգաց, որ մեր յարաբերութիւնները երթալով կը պաղին ու կը նուազին, հանրակացարանէն դուրս տուն վարձեց ու ամիսներ չերեւցաւ… Նոյնիսկ չէի գիտեր, թէ ո՛ւր կ՛ապրի: Օր մըն ալ յանկարծակիօրէն, առանց դուռը թակելու, ոտքով հրեց ու ներս մտաւ, գիրքերու եւ թուղթերու քանի մը ծանր կապոցներ սեղանին դրաւ ու ըսաւ.

– Կրնա՞մ ներս մտնել:

– Հարցումդ ո՞րն է, արդէն մտեր ես:

– Այո՛, սարսափելի ծարաւ եմ, ջուր մը կու տա՞ս:

Իմ համբերատար ընթերցող, մինչեւ որ պատասխանեմ ու գաւաթ մը պատրաստեմ, ան սեղանին վրայէն շիշը առաւ ու անյագօրէն ծծելով սկսաւ խմել: Յայտնի էր, որ յոգնած էր եւ յուզուած… անկողնին վրայ փլաւ ու սկսաւ հեկեկալ: Քովը նստայ, գրկեցի ու ըսի.

– Ինչո՞ւ կու լաս, բա՞ն մը ունիս:

– Կու լամ, որովհետեւ բան մը չունիմ… մէկը չունիմ… Այս ընդարձակ աշխարհին մէջ մէկ հոգի չկայ, որ զիս հասկնայ… զիս պոռնիկի տեղ կը դնեն… ազատամտութիւնը խելագարութեան հետ կը շփոթեն… նուագել կ՛ուզեմ… ազատ ապրիլ կ՛ուզեմ, այնպէս` ինչպէս իրենք… դուն… ոեւէ մէկը… Ի վերջոյ չեմ հասկնար, թէ ես ո՞վ եմ… ես ալ մա՞րդ եմ, թէ՞ ոչ…

Պահ մը հանգիստ ձգեցի զինք, հանդարտեցուցի եւ ուզեցի, որ պատմէ եղելութիւնը: Ան բացատրութիւն տալու փոխարէն` խնդրեց, որ թոյլ տամ իրեն, որ քնանայ, ու առանց պատասխանիս սպասելու երկնցաւ անկողնին ու անմիջապէս քունի անցաւ: Ծածկոց մը նետեցի վրան ու դուրս եկայ սենեակէն: Առաւօտուն, հակառակ սովորութեանս, իր ճաշակին համապատասխան նախաճաշ մը պատրաստեցի ու սպասեցի: Արթննալէ ետք, նախ շուարած նայեցաւ ինծի, անխօս, ելաւ, լուացուեցաւ: Ապա ուրցով թէյ լեցուց, մեղրով խառնեց ու սկսաւ ումպ-ումպ խմել` աչքի տակով հասկցնելով, որ սպասեմ: Կազդուրուելէ ետք սկսաւ բացատրել, թէ ինչպէս նոյն օրը երկու զօրաւոր հարուած ստացած է:

Առաջինը այն էր, որ երաժշտանոցէն արգիլած էին իրեն հայկական խազերու ուսումնասիրութեամբ զբաղիլ (իբրեւ դոկտորայի աւարտաճառ)` պատճառաբանելով, որ այլ աւելի լաւ մասնագէտ մը ձեռնարկած է այդ գործին: Եւ հակառակ անոր որ բաւականին ճամբայ կտրած էր արդէն իր ուսումնասիրութիւններուն մէջ, կ՛արգիլուէր իրեն շարունակելը, նոյնի՛սկ անձնական միջոցներով, հնարաւորութիւն չէր տրուեր իրեն համապատասխան արխիւները օգտագործել: Երկրորդը այն էր, որ իր վարձած տանտէրը փորձած էր բռնաբարել զինք, ու երբ չէր յաջողած, ուզած է դուրս շպրտել: Ան աւելցուց.

– Այլեւս չեմ կրնար երթալ հոն:

– Ինչո՞ւ…

– Որովհետեւ անոր ամորձիքներուն ոտքով այնքան զօրաւոր զարկի, որ իր գոռալու ձայնէն հարեւանները հաւաքուեցան, ու ես առիթէն օգտուելով` հազիւ այս գիրքերս ու արխիւներս կրցայ հաւաքել… ու դուրս թռայ: Հոս ապահով է, չէ՞…

– Բնաւ մի՛ մտահոգուիր ու մի՛ վախնար, ես քովդ եմ, ու վստահ եղիր, որ մէկը չի կրնար մօտենալ քեզի…

– Լա՛ւ է, որ դուն կաս, այլապէս անձնասպանութիւնը միայն կրնար փրկել զիս…

Իմ իրատես ընթերցող,

Չես գիտեր` ինչո՞ւ անպայման կ՛ուզէին խառնել մեզ: Յատկապէս կ՛ուզէին, որ ես տիրութիւն չընեմ ու չօգնեմ Անահիտին,  որուն շատ բան կը պարտիմ, յատկապէս… երաժշտական առումով: Թէեւ ատկէ ետք մեր յարաբերութիւնները ինչ-որ տեղ սահմանափակուեցան ու պաղեցան, սակայն ի հեճուկս որոշ զրպարտիչներու ու խառնակիչներու` մենք մնացինք ընկերներ:

Սիրելի ընթերցող,

1981-ին խորհրդային սահմաններէն պաշտօնապէս, իբրեւ անբաղձալի անձ զիս արտաքսելէն ետք, Անահիտին մասին տեղեկութիւն չստացայ: Երբ 1995-ին վերադարձայ հայրենիք եւ իր մասին հարցուցի տասնեակէ մը աւելի ընկեր-ընկերուհիներուս, որոնք կը ճանչնային զինք, ոեւէ մէկը տեղեկութիւն չունէր իրմէ, միայն մէկը` ճարտարապետ Պետրոս Ապաճեանը, ըսաւ, որ իմ երթալէս ետք անգամ մը փողոցը հանդիպած էր իրեն` անմխիթար վիճակի մէջ: Իսկ տարիներ ետք լսած է, որ «Ուղիչ տուն» տարած են զինք` իբրեւ անհաւասարակշիռ ու հասարակութեան համար վտանգ ներկայացնող կին: Անկէ ետք ոչ մէկ տեղեկութիւն…

Անահիտը միակը չէր, որ խորհրդային օրերուն այդ ճակատագիրին կ՛ենթարկուէր, Հայաստանի, ինչպէս խորհրդային սահմաններէն ներս բազմաթիւ գրողներ, արուեստագէտներ ու  տարբեր տեսակի մտաւորականներ եւս հալածուեցան իրենց իրաւութեան, հայրենասիրութեան ու տաղանդին համար:

Անահիտը ոչ միայն չգնահատուեցաւ ու հալածուեցաւ, այլ նաեւ չկրցաւ իր ասպարէզը շարունակել ու տաղանդը ծաղկեցնել հայրենիքի մէջ: Հակառակ անոր որ  Հայաստան գալէ առաջ ան արդէն իսկ միջազգային գետնի վրայ սկսած էր նուաճումներ արձանագրել, հայրենիքը չկրցաւ գնահատել իր զոհողութիւնն ու տաղանդը:

Այնուամենայնիւ, ան (որ երաժշտութեան հսկայ աշխարհ մը բացած էր դիմացս) մնացած է յիշողութեանս մէջ` ոչ միայն իբրեւ իրաւ ու ազնիւ ընկերուհի, ոչ միայն իբրեւ պարկեշտ ու վստահելի գործակից, այլ նաեւ` իբրեւ խելագարութեան ու հանճարեղութեան ծիրի վրայ տուայտող  տաղանդաւոր արուեստագիտուհի, այնպէս` ինչպէս Ֆրիտա Քահլոն, Իզատորա Տանգընը կամ Էտիթ Փիաֆն էին: Իր մասին այս յուշագրութիւնը շարադրեցի, որպէսզի (որ շատ արդար ու արժանի կը գտնեմ)  այդպէս ալ յիշուի… պատմութեան մէջ:

Երեւան, սեպտեմբեր 2024

(Շար. 2 եւ վերջ)

———————-

(Շար. 1)

Նախորդը

Հոյակապ Համերգ` Ի Պատիւ Կոմիտաս Վարդապետի Եւ Շարլ Ազնաւուրի, Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յաջորդը

Վրաստանի Կացութիւնն Ու «Արգիլուած Պտուղ»-ը

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?