Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անահիտ Ալեքսանեան (ԼԲ.) Խենթութեան Եւ Ուշիմութեան Սահմանագիծին Վրայ…

Հոկտեմբեր 28, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Անահիտ Ալեքսանեան

Խօսքը ո՛չ Անահիտ դիցուհիի մասին է, եւ ոչ ալ Անահիտ Թոփջեանի: Այլ դաշնակահարուհիի մը, որ ուսանելու պատրուակին տակ Հայաստան եկած էր իր ցեղային արմատները որոնելու: Այդ օրերուն ամերիկահայ այլ ուսանողներ եւս կու գային հայրենիք, բայց  Անահիտը տարբեր էր…: Անոր համար կ՛ըսէին, որ` «Տաղանդաւոր է, սակայն տարօրինակ վարուելակերպ ունի, յաճախ կ՛առանձնանայ «Կարմիր անկիւնը», ժամերով դաշնամուր կը նուագէ ու կը խուսափի մարդոց հետ շփուելէ…»: Կամակոր ամբարտաւանի պիտակը, զոր փակցուցած էին անոր, թէեւ արտաքնապէս ճշմարտանման կը հնչէր, սակայն իրականութեան չէր համապատասխաներ…  Անիկա վեհանձն, հեզ, ինքնիր պատեանին մէջ քաշուած, ինքնաբաւ, սակայն կենսասէր, համարձակ ու ազատախոհ աղջիկ մըն էր: Բացատրեմ, թէ  ինչո՛ւ սխալ կարծիք ունէին իր մասին եւ ո՞վ էր ան:

Երեւանի Բ. Հանրակացարան, 1977, Աշուն

Այդ օր ընկերներէս մէկուն տարեդարձն էր: Ուշացած մտայ մօտը, ուր  ներկաները այնքան շատ էին, որ անոնցմէ ոմանք սկսած էին իրարու գիրկ նստիլ: Կը խմէին, կը ծխէին ու կը շաղակրատէին: Ծուխէն ու ըմպելիներէն յագեցած` բարկ հոտ մը կար միջոցին մէջ: Ընթացքին ծանօթացուցին ինծի Միացեալ Նահանգներէն եկած ուսանողուհիի մը, որ խրտչած «նապաստակի» տպաւորութիւն ձգեց վրաս: Կարծէք թէ սխալ միջավայրի մէջ ինկած էր ու` շուարած, որովհետեւ մթնոլորտը տհաճ էր ու ճնշիչ, քաղաքավարութեան զոհ չերթալու համար, յոգնածութիւնս պատրուակելով, ժամանակէն առաջ բարձրացայ սենեակ:

Շատ չանցած` դուռը զարնուեցաւ: Ան էր…

– Եկած եմ ծանօթանալու…

Ըսաւ ու առանց կարծիքս առնելու` ներս մտաւ:

– Մենք քիչ առաջ արդէն իսկ ծանօթացանք, ի՞նչ կարիք կար այս ուշ ժամուն…

Կեդրոնը՝ Մովսէս Հերկելեան. Ձախէն աջ՝ Մկ. Մազմանեան, Ռոքսան, (Շահան Նաթալիի Թօռնուհին),
Լիզա(Գանատահայ ուսանողուհի),Մ.Քէօսէեան, կինը Սիրվարդ,, Անահիտ Ալեքսանեան, երկու այլ

–  Կը ներէք, ինծի ըսին, որ դուք ուշ կը քնանաք, եւ ատոր համար ալ համարձակութիւն ունեցայ հիմա գալու:

«Յաճախորդի» տրամադրութեամբ, վերէն վար լաւ մը չափելէ ետք զինք, որոշ վերապահութեամբ աթոռ առաջարկեցի… Թէեւ ուշադրութեան արժանի բացառիկ գեղեցկուհի մը չէր, սակայն իր երկար վարսերը,  «Babyface»-ի անմեղունակ ժպիտն ու անբռնազբօս վարուելակերպը յատուկ գրաւչութիւն մը կու տային անոր ու վստահութիւն կը ներշնչէին: Նստաւ եւ ուղղակի նիւթին անցաւ.

– Երբ ներս մտաք, ես տեսայ, որ ներկաները բոլորն ալ տեղերնէն շարժեցան, իսկ ոմանք ալ ոտքի ելան ու ողջունեցին ձեր մուտքը…

–  Լա՛ւ, յետո՞յ ինչ, ոեւէ մէկուն հետ նման բաներ կը պատահին:

–  Բայց քովս նստած տղան` Սաշիկը,  ըսաւ, որ ձեզմէ չ՛ախորժիր… ձեր ներկայութեան նեղութիւն կու գայ վրան… եղեր:

– Չեմ հասկնար, եկած էք չարագուշակ լուրե՞ր տալու…:

– Ո՛չ, կը ներէք, ատիկա բան մը կը նշանակէ ինծի համար, պիտի բացատրեմ, կը խնդրեմ, որ մինչեւ վերջ լսէք…:

Անդրադարձայ, որ տարօրինակ էգի մը հետ է, որ գործ ունիմ, այնուամենայնիւ, հետաքրքրութենէ մղուած… Ճիշդ դիմացը նստայ եւ  ուղղակի աչքերուն նայելով` սպասեցի, որ շարունակէ…

–  Դուք շուտ մեկնեցաք, որովհետեւ այդ շրջանակի մարդ չէք: Ես ալ չեմ ախորժիր այդ հաւաքներէն, ուտել խմելէն, յատկապէս` ծխելէն, սակայն Սաշիկը գրեթէ բռնի ուժով ներս մտցուց, որպէսզի ծանօթացնէ զիս ներկաներուն: Դուք շատ զօրաւոր «Aura» ունիք: Ատոր համար ալ ձեր անհատականութիւնը տիրական է եւ իշխող: Ձեզ չսիրողները ձեր ներկայութեան ներքնապէս կ՛անհանգստանան, կը շուարին  ու կը խուսափին ձեզմէ: Իսկ կիներէն շատեր  բնազդաբար կը համակրին… ու կը փնտռեն ձեզ…

– Լա՛ւ, երանի ձեր ենթադրածին պէս ըլլար… իրականութիւնը: Սակայն, նախ` «Aura»-ն ի՞նչ է,   չեմ գիտեր, երկրորդ` ըսել կ՛ուզես, որ դուն անոնցմէ ես, որոնք  բնազդաբար կը համակրի՞ն ինծի…

– Ինչպէ՞ս բացատրեմ, «Aura»-ն մարդու մարմնի մագնիսական դաշտն է (Magnetic Field), ոգեղէն բնոյթի… տեսակ մը քաշողական ուժը, ներքին հմայքը, որուն շնորհիւ ուշադրութիւնս գրաւեցիք, երբ եկաք, որովհետեւ կարծեցի, թէ ներս մտնողը պոյֆրենտս է… Հարազատ մը գտած ըլլալու գոհունակութեամբ ուրախացայ, եւ հոգիս ջերմացաւ: Ուզեցի խօսիլ ձեզի հետ, սակայն հնարաւոր չէր… Միայն թէ չեմ ուզեր, որ զիս սխալ  հասկնաք…

–  Նախ բան մը պէտք է որ հասկնամ, որպէսզի անոր ճիշդն ու սխալը կարողանամ որոշել: Յետո՞յ…

–  Ձեր մասին հարցուցի, ըսին, որ դուք կնամոլ էք ու մեծամիտ…

– Օ՜հ… Լա՜ւ, շա՛տ լաւ… ուրիշ բան մը չըսի՞ն:

– Ըսին նաեւ, որ դուք գիւղացի էք, կոպիտ ու կռուազան…

– Այն ատեն ինչո՞ւ եկաք…

–  Ճիշդ ատոր համար եկայ:

–  Օ՜,  այդ պարագային, փնտռածդ կամ ուզածդ ի՞նչ է…

–  Իմ փնտռածը ձեզի պէս տղամարդ մըն է… Վեց ամիս է, որ հոս եմ, շատեր կը մօտենան ինծի… բայց բոլորին նպատակը նոյնն է` ամուսնանալ ու Ամերիկա մեկնիլ: Ես Նիւ Եորքի մէջ շատ լաւ ընկեր ունէի…

– Նայեցէք, եթէ եկած էք ձեր «դարդերը» պատմելու, տրամադրութիւն չունիմ  լսելու… յետոյ ես ո՛չ ամուսնացող մարդ եմ եւ ո՛չ ալ Ամերիկա երթալու հարց ունիմ: Այս տեսակ ամուսնութիւնը անբարոյութիւն է… Լաւ կ՛ըլլար, որ ընկերդ ալ հետդ բերէիր…

–  Պոյֆրենտս հայ չէր, երաժիշտ էր… թաւջութակահար, մենք միասին ելոյթներ ունեցած ենք միջազգային բեմերու վրայ: Ան  ոչ միայն փառահեղ երաժիշտ էր, այլ նաեւ` լաւ զուգընկեր…

– Մէկ վայրկեան… սպասէ, «լաւ զուգընկեր» ըսի՞ր:

–  Այո՛, մենք հիփփիական ճամբարի մը մէջ հանդիպեցանք, եւ որովհետեւ մեր «Aura»-ները զիրար կը լրացնէին, արագօրէն մտերմացանք ու երկար ատեն միասին ապրեցանք: Ձերբազատելէ ետք հիփփիներու միջավայրէն, կրցանք շարունակել մեր ուսումն ու նուիրուիլ երաժշտութեան, որ մեր միասնականութեան հիմնական պատճառը եղաւ:

– Նորէն սպասէ… մի՛ աճապարեր, որքան հասկցայ, դուն եւ ընկերդ կը սիրէիք զիրար… ճի՞շդ է:

–  Ճիշդ է, այն ալ ինչպէ՜ս, մենք իրարու համար ծնած էինք:

– Այն ատեն ինչո՞ւ լքեցիք զիրար…

–  Վիճեցանք, որովհետեւ չէր ուզեր, որ ես արմատներուս վերադառնամ:

–  Ինչո՞ւ…

– Որովհետեւ ան կառչած կը մնար իր ազգային ամատներուն, կ՛ուզէր, որ ես ալ իրեն պէս ըլլամ եւ ընդունիմ ի՛ր կրօնը: Ես ոչ միայն ուսումնասիրեցի իր դաւանանքը, այլ նաեւ իր ազգային լեզուին եւս լաւ կը տիրապետեմ…

–  Դուն հայերէնին ալ լաւ կը տիրապետես: Դաւանանք, փառահեղ, ձերբազատիլ, ոգեղէն, միաձուլուիլ, զուգընկեր. ասոնք մասնագիտական բառեր են: Ուրիշները հայրենիք կու գան, տարիներով կ՛ուսանին, իրենց մայրենի լեզուն բարելաւելու կամ նոր սորվելու համար, դուն ինչպէ՞ս կրցար այսքան կարճ ժամանակի մէջ հայերէնդ կատարելագործել…

– Փոքր տարիքէս Քանատայի մէջ հայկական դպրոց յաճախած եմ, եւ տան մէջ հայերէն կը խօսէինք: Մասնագիտական բառերը բառարաններէն կը սորվիմ: Ես լեզուներ սորվելու դիւրութիւն ունիմ: Արդէն իսկ սկսած եմ ռուսերէն կարդալ ու գրել… ու նաեւ` թարգմանութիւններ ընել:

Ապա ձայնը ցածցնելով ու ականջիս մօտենալով շարունակեց.

–  Հոս ոեւէ մէկը լուր չունի, կրօնական բնոյթի քանի գիրքեր ալ բերած եմ հետս: Քեզի կը վստահիմ, որովհետեւ ինծի ըսին, որ դուն դաշնակցական ես, եւ քեզմէ զգուշ ըլլամ…

– Սպասէ՛… հարցերը իրարու մի՛ խառներ: Նախ կրօնական գիրքերը այնքան ալ վտանգաւոր չեն, որքան քաղաքական բովանդակութեամբ գրականութիւնը, յետոյ ո՞վ ըսաւ քեզի, որ ես դաշնակցական եմ:

– Նոր որ եկայ, զիս Զէյթունի հանրակացարանը տեղաւորեցին: Հոն դաշնակներ չկային: Դիմում գրեցի, որ զիս դաշնակներուն քով տանին Բ. հանրակացարան… այսինքն հոս…

Ձախէն աջ՝ Անահիտ Ալեքսանեան, Մանուէլ Քէօսէեան, կինը` Սիրվարդ(կոստանզարեանի թոռնուհին, Անահիս Զարեան,Սիրվարդի քոյրը, (Կոստան զարեանի փոքր թոռնուհին)

– Է՜ , յետո՞յ…

– Յետո՞յ, երկու շաբաթ ետք կանչեցին ու հարցուցին, թէ` «Ինչո՞ւ կ՛ուզեմ դաշնակներուն քով տեղափոխուիլ»: Պատասխանեցի, որ «կ՛ուզեմ դաշնակներուն մօտ ըլլալ, որովհետեւ առանց անոնց, հոս գալս անիմաստ պիտի ըլլայ»: Տես` ամիս մը ժամանակ առաւ, մինչեւ որ հասկցան, թէ ես «pianist» եմ, պարզ դաշնակահարուհի մը… ու Դաշնակցութեան մասին գաղափար իսկ չունիմ…

– Յետո՞յ, յետո՞յ…

–  Յետոյ ըսին, որ այս հանրակացարանը կ՛ապրին դաշնակցականներ, որոնցմէ զգուշ պէտք է ըլլամ, որովհետեւ անոնք թէեւ լաւ մարդիկ են, բայց «հակա» են: «Հակա»-ին ինչ ըլլալն ալ նոր սորվեցայ:

– Այն ատեն ինչո՞ւ կը վստահիս ինծի:

– Քիչ առաջուան երիտասարդը ըսաւ, որ դուն դաշնակ ես, եւ քեզմէ զգուշ ըլլամ: Ատիկա կը նշանակէ, որ դուն «ծախող» չես, ինչպէս տեղացի հայերը կ՛ըսեն: Շատ կը խնդրեմ,  որ զիս սխալ չհասկնաս, ես չեմ եկած հոս նոր կրօններ տարածելու եւ կամ ամուսին ճարելու, եկած եմ հայկական երաժշտութիւնը ուսումնասիրելու, եւ ի հարկին նաեւ` ընդմիշտ հոս  բնակելու: Ամերիկայի մէջ ինքզինքս երկինքէն կախուած կը զգայի: Չէի գիտեր, թէ ես ո՞վ եմ, ուրկէ՞ կու գամ, որո՞ւ կը ծառայեմ… Ի՞նչ կը վերաբերի քեզի, մենք կրնանք լաւ ընկերներ ըլլալ… առանց զիրար խանգարելու: Այսինքն` առանց ամուսնանալու… Թէեւ միշտ կ՛երազեմ ընտանեկան այն ջերմ կեանքը, զոր մանկութեանս ապրած եմ…

– Այդ պարագային, երբ կը սիրէիք զիրար ու կը վստահէիք իրարու ինչո՞ւ ընկերոջդ հետ ընտանիք չկազմեցիք, կամ առնուազն երեխայ մը բերէիք… թէկուզ` ապօրէն: Նման պարագաներու պայման չէ, որ կին մը ամուսնանայ, սակայն պայման է, որ մայրանայ…

– Ճի՛շդ է: Սակայն ճիշդ է նաեւ, որ բան մը կը պակսէր… Կը կարծեմ, թէ արեան հարազատութեան ու ջերմութեան բացակայութիւնն էր ատիկա: Ան կառչած կը մնար իր ցեղային արմատներուն, բայց չէր ձգեր, որ ես վերադառնամ իմ ինքնութեան… իմ ազգային արմատներուս:

Մովսէս` Լուսիկի եւ Անահիտի հետ 1978-ին, Սարտարապատ,

Իսկ թէ ինչո՞ւ  եւ  ինչպէ՞ս Անահիտը լքած էր ամէն ինչ ու եկած Հայաստան` պարզապէս իր ազգային արմատները որոնելու, թոյլ տանք, որ ինք բացատրէ.

– Կիրակի օր մըն էր: Երբ առանձինս կ՛անցնէի Նիւ Եորքի փողոցներէն, յանկարծ երաժշտական հարազատ արձագանգներ հասան ականջիս, կանգ առի, ու մարմինս փշաքաղեցաւ: Չորս կողմս նայեցայ ու նշմարեցի, որ հայկական եկեղեցիի մը դիմացն եմ: Թէեւ գիտէի, որ ես հայ եմ, սակայն օտարացած էի… Բնազդաբար քայլերս ուղղուեցան դէպի եկեղեցի… ներս մտայ: Երաժշտութիւնը այնքան  հոգեհարազատ էր ու հմայիչ, որ ամբողջութեամբ կլանեց զիս: Մանկութիւնս յիշեցի, երբ մայրս ձեռքէս բռնած` եկեղեցի կը տանէր…  Ու մոռնալով, որ տունը սպասող ունիմ, մնացի մինչեւ պատարագի աւարտը: Վերջաւորութեան ներկայացայ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին, ծանօթացանք ու «թոյլատրեց», որ կիրակի օրերը գամ եւ դաշնամուրի վրայ ընկերակցիմ երգեցողութեան… Աղօթքներն ու շարականները մանկութիւնս կը յիշեցնէին… Այդ օր հոգեպէս թեթեւցած էի ու երջանիկ:  Աշխարհը գեղեցկացաւ, ու հոգիս կը խայտար կարծես… ինքզինքս յայտնաբերած էի… ես ԵՍ էի… Հայ էի: Երբ տուն գացի, թէեւ` ուշացած, սակայն ուրախ էի ու տրամադրութիւնս բարձր: Ընկերս սաստիկ վրդովեցաւ, յանդիմանեց ու խստօրէն արգիլեց ինծի հայկական եկեղեցի յաճախելը: Ես մնացի անդրդուելի: Գտած էի այն, որուն բացակայութենէն կը տառապէի… Վարդապետէն իմացայ, որ գոյութիւն ունի Խորհրդային Հայաստան, ուր կրնայի երթալ` իբրեւ ուսանող: Եկայ հոս, քննութիւն տուի երաժշտանոց` ուսումս շարունակելու համար սակայն ընդունուեցայ իբրեւ… դասախօս: Հրաշալի երկիր է  Հայաստանը, ամէն ինչով ապահովուած եմ: «Conservatory»-ի մէջ կը յարգեն եւ ուղղակի կը գուրգուրան վրաս: Թէեւ լաւ կողակիցէ մը զրկուած  ըլլալու ցաւը կ՛ապրիմ, այնուամենայնիւ, չեմ զղջար գալուս համար, եւ ոչ ալ կը զղջամ ասպարէզս կորսնցուցած ըլլալուս համար: Ամէն ինչ նոր սկսելու պատրաստ եմ ու որոշած եմ չվերադառնալ Ամերիկա: Առայժմ կը պատրաստուիմ համերգ մը տալու «Հայֆիլհարմոնիայի» փոքր դահլիճին մէջ… Յուսամ ներկայ կ՛ըլլաս: Երաժշտութիւն կը սիրէ՞ք…

– Այո՛, չափազանց…

Ան առանց արտօնութիւն խնդրելու, սկսաւ ձայնապնակներս թերթատել ու դասաւորել:

– Հոս կը տեսնեմ, որ բաւական սկաւառակներ եւ «քասեթ»-ներ ունիս: Կոմիտաս, Անուշ, Գայեանէ, Գարմէն, օ՜, Փիաֆ ալ կայ, լաւ է, լա՛ւ: Կրնա՞մ գիտնալ, թէ բացի ասոնցմէ` ուրիշ ինչ տեսակի երաժշտութիւն եւս կ՛ունկնդրես:

–  Շատ բան, նայած` ի՞նչ առիթի:

– Օրինա՞կ:

– Պիթըլզ, Ճիմի Հենրիքս, Ֆոսթօ Փափեթթի, Փոլ Մորիա, Ժան Միշէլ Ժար, Պոնի Էմ, Ազնաւուր, Ըմ Քալթում եւս արաբերէնով եւ շատ… շատեր:

–  Այդպէս ալ կը կարծէի, տարբեր ճաշակներ: Երաժշտութիւնը կեանք է, իսկ նուագելը ուղղակի «Orgazm» է ինծի համար…

–  Ոչ միայն նուագելը, այլ նաեւ առհասարակ Արուեստ ստեղծելը «օrgazm» է…, որուն երկունքի ուժգնութիւնն  ու տեւողութիւնը կը պայմանաւորէ ստեղծագործութեան որակն ու մեծութիւնը:

–  Այո՛, բայց հակառակն ալ ճիշդ է:

– Հակառա՞կը…

– Այո՛, «օrgazm»-ն ալ իր հերթին արուեստ է, աւելի ճիշդը` պէտք է, որ արուեստի մակարդակին բարձրանայ: Քանի որ արուեստի հանդէպ սէրը կայ, կը մնայ սեռային յարաբերութիւնը երաժշտականացնել ու վերացարկել… ու «մեկնիլ»… ոգեղէն ոլորտներ…

–  Ինծի համար երաժշտութիւնը բիւրեղագոյն արուեստն է, որուն կը ձգտին միւս բոլոր տեսակի արուեստագէտները, որոնցմէ քիչեր միայն կրնան հասնիլ երաժշտական բարձրագոյն ներդաշնակութեան… Չափազանց կը նախանձիմ երաժիշտներուն, մանաւա՛նդ ջութակահարներուն, որոնք նրբագոյն զգացումներն իսկ արտայայտելու հնարաւորութիւն ունին…

– Այն ատեն ինչո՞ւ երաժշտութեան չէք հետեւած:

– Որովհետեւ, թէեւ լսելու գնահատելու եւ ըմբոշխնելու ընդունակ եմ, սակայն արտաբերելու, այսինքն երգելու կամ նուագելու ատակ չեմ:

–  Պարզ է… կը հասկնամ, ես շատ պարտաւորութիւններ ունիմ ձեզի հանդէպ…

Այս եւ այլ խոստովանութիւններէ ետք, անդրադարձայ, որ  ոչ միայն զարտուղի բնաւորութեան տէր, իրաւ արուեստագէտի մը, այլ նաեւ զգայուն էգի մը հետ է, որ գործ ունիմ: Անմիջապէս յիշեցի Ֆրիտա Քահլոն, Փիաֆն ու Իզատորան, որոնց հանճարի ու խելագարութեան սահմանագիծը բարակ թել մըն էր… ընդամէնը: Ու համոզուեցայ, որ թէ՛ խորք ունեցող աղջիկ մըն է եւ թէ՛ կը տիրապետէ արտակարգ կարողութիւններու, որոնք ոչ միայն կը հետաքրքրեն զիս, այլ եւ կրնան կեանքս թարմացնել: Պահ մը մտածեցի, թէ արդեօք սխա՞լ կը վարուիմ հետը… Բայց ո՛չ, գոհ էի, որ անկեղծօրէն ամէն ինչ սկիզբէն ըսի իրեն:

Սիրելի՛ ընթերցող, զգացի, որ Անահիտը արդէն իսկ «տեղաւորուելու» մասին կը մտածէ: Անդրադարձայ նաեւ, որ բան մը չեմ հիւրասիրած անոր: Շեղելու համար զինք իր մտադրութենէն, մտերմաբար ըսի.

– Ուշ է արդէն, Անահիտ ջան: Ես սովորութիւն ունիմ քնանալէ առաջ պատառ մը բան ուտելու: Տես միրգ կայ սեղանին վրայ, ի՞նչ հիւրասիրեմ`  տա՞նձ, խնձո՞ր, նո՞ւռ…

–  Ատիկա իմ գործս է…

Ըսաւ ու տանտիրոջ նման ելաւ դանակ, պատառաքաղ, պնակներ բերաւ, նուռ մը կտրեց…  Յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեցին անոր երկար ու բարեձեւ մատները, որոնք իրենց նրբագեղութեամբ ու նազանի շարժումներով  էրոթիք բնոյթ ու տեսք ունէին:

Օ՜, գեղեցիկի հանդէպ տկարութիւն ունեցող իմ ընթերցող, Անահիտը այնքան վարժ ու ճկուն կերպով նռան հատիկները սկսաւ իրարմէ անջատել, որ կարծես թէ դաշնամուրի ստեղներուն վրայ կը նուագէր.. Ու երբ դիտել տուի, թէ իր վարսերէն ետք մատները եւս հրապուրիչ են ու ցանկայարոյց, ան մեղմացնելու համար տիրող լարուած կացութիւնը` ըսաւ.

– Նուռը հրաշք պտուղ է: Շատ կը սիրեմ, թէ՛ տեսքը գեղեցիկ է, թէ՛ համով է եւ թէ մանաւա՛նդ` չափազանց օգտակար… Բայց այս ժամուն ես չեմ կրնար ուտել: Կը զգամ, որ պիտի քնանաս… կրնա՞մ  նորէն գալ…

Սիրելի՛ ընթերցող, հակառակ ներքին մղումներուս` ինքնասիրութիւնս թոյլ չտուաւ, որ ըսեմ իրեն մնայ… Նոյնիսկ եթէ մնար, ես տկարացած պիտի ըլլայի իր դիմաց, ուստի քաղաքավարութեամբ ճամբու դրի…

Յաջորդ օրը չեկաւ: Քանի մը օրեր ետք, երեկոյեան «Կարմիր անկիւն» իջայ: Ան նստած առանձինը, ինքնիր ներաշխարհին մէջ սուզուած` կը նուագէր: Զինք չխանգարելու համար զգուշութեամբ ետեւը տեղաւորուեցայ ու նուագի ազդեցութեան տակ… երկար մնացի: Ես չզգացի, թէ ժամանակի տեւողութիւնը ինչպէ՛ս կրճատուեցաւ: Նուագը իր ուժգնութեան գագաթին հասցնելէ ու աւարտելէ ետք, երբ կը պատրաստուէի աննշմար ձեւով դուրս գալու, յանկարծ ոտքի ելաւ ու դէպի հանդիսատեսը դառնալով (որ միայն ես էի), խոնարհութիւն ըրաւ… Բնազդաբար ոտքի ելայ ու ծափահարեցի… Հիացած էի ու զինաթափ` իր  վարժ ու բարձր կատարողական մակարդակին դիմաց: Երբ մօտեցանք իրարու, ան ըսաւ.

– Ես քեզի համար կը նուագէի:

– Ինծի՞ համար, ինչպէ՞ս, գիտէի՞ր, որ հոս եմ:

–  Նախ զգացի, որ կու գաս կոր, մագնիսական դաշտդ շատ զօրաւոր է, ալիքները հեռուները կը տարածուին, սակայն ամէն մարդ չի կրնար որսալ զանոնք: Երբ մտար ներս, անմիջապէս փոխեցի երաժշտութիւնը… ու սկսայ նուագել քու ճաշակիդ համապատասխան… Այս կտորը լսա՞ծ էիր…

–  Ո՛չ, չէի լսած: Սակայն հիացած եմ ու կը շնորհաւորեմ քեզ…

–  Ասիկա Մահլերէն էր: Մահլերը բաւականին դժուար ընկալելի երաժիշտ է, բայց ես գիտէի, որ պիտի հաւնիս, որովհետեւ դուն արուեստի ուժականութեան հանդէպ տկարութիւն ունեցող մէկն ես: Վստահաբար պէտք է որ սիրես նաեւ` Պեթհովէն, Վակներ, Պրուկներ, ինչպէս նաեւ` Մոցարթ…

–  Մահլերին անունը նոր կը լսեմ: Այս իրիկուն երբ գաս… այս մասին կը խօսինք…

Ան խոր շունչ քաշեց ու նուաճում մը արձանագրած ըլլալու գոհունակութեամբ, իմաստալից ժպիտով մը ըսաւ.

– Երէկ գիշեր չեկայ պարզապէս քեզ չխանգարելու համար, որոշած էի այսօր գալ: Կէս գիշերին կու գամ… կ՛ըլլա՞յ…

Թէեւ Անահիտը սկզբունքի ու զօրաւոր անհատականութեան տէր կին մըն էր, սակայն կարգ մը պարագաներու ու հարցերու շուրջ պարզամիտ ըլլալու չափ դիւրահաւատ էր ու գրեթէ հիւմըրի զգացողութիւն չունէր:

 Երեւան, սեպտեմբեր 2024
(Շար. 1)

Նախորդը

Կամուրջ` Աւանդութենէն Դէպի Վաղուան Տեսլական

Յաջորդը

Տոմս. Սպիտակ Տունը Աճուրդի Հանուած Է…

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?